«ԱՂՋԻԿՍ ԱՅՍՕՐ ՄԵԶԻ ԴԱՐՁԱՒ»

Տղամարդը կու լա՞յ... Լացաւ ան, սրտին խորերէն լացաւ, հոգիին պոռթկումէն գոյացած կուտակները ալ անկարող էին ծպտուելու, կծկուելու, դերի մը մէջ պահուելու. իր կարողութենէն շատ վեր էր այս պատահածը: Ծպտե՞լ, պահե՞լ, անկարելի էր այլեւս, մանաւանդ երբ արեւելքի մէջ կոփուած, պահպանողական ընտանիքի մը մէջ հասակ առած մը ըլլայ մէկը: Մէկը անոնցմէ, որոնք ընտանիքին սրբութիւնն ու պատիւը ամէն ինչէն վեր կը դասեն, իսկ այս երկուքը իրենց նեղ ու լայն կարծուած կարծրատիպերով կ՚իշխեն ամբողջ կեանքի մը ընթացքին: Կեանք մը, որ կ՚ընթանար պատերազմին համն ու հոտը վերջերս լիովին վայելած ու տակաւին քաղաքին ապագային մասին լոյսի նշոյլ մը չնկատած, ընտանիքի փրկութեան ու ապահով երդիք մը ունենալու համար տուն ու կալուածներ ծախելով, այլ՝ թափելով զանոնք գումարի մը համար, դուրս սպրդեցաւ այդ աղիտալի քաղաքէն: Դուրս ու այդպէսով ապահովութիւն մը գտաւ կը կարծէր, սակայն ամէն ինչ շրջեցաւ ու ահա պոռթկումին զուգահեռ նոյնիսկ «երանի՜» կու տայ պատերազմի մէջ մնացողներուն: 

Աչքերուն չի հաւատար Յովակիմ ու դարձեալ հեռաձայնը կը հանէ գրպանէն ու մտիկ կ՚ընէ ղրկուած ձայնը, մի քանի անգամ ետեւ ետեւի, իւրաքանչիւր հնչիւն կաթիլ մը կը հոսեցնէ աչքէն, փողոցին մէջ անտես անկիւն մը ծուարած կը շարունակէ մտիկ ընել, արտասուել ու խոկալ: Տունէն դուրս ելած է, տնեցիներուն բան մը չզգացնելու համար եկեր տրտմութիւնը կը թափէ մայթի մը մութ անկիւնը: Բայց ինչո՞ւ կու լայ, չէ՞ որ ջնջած է իր մէկ հատիկ աղջիկը ընտանիքէն, հեռացուցած է զայն, հանած է ալ մտքէն իր կարծիքով..., ջնջած այն օրը, երբ քսաներեքամեայ աղջկան սիրտը բաբախեց առաջին իսկ հանդիպումին հակառակ սերի մը ներկայացուցիչին. հոգը չէր անոր ազգութիւնը, կրօնքը, երբեք, երբեք չմտածեց հետեւանքներուն մասին ու ներսը բանտուած պահպանողականութեան պատերէն դուրս սպրդած ապրումները համարձակ միջավայրի մը մէջ գտան իրենք զիրենք, այնպիսի համարձակութիւն մը, որ այս տարիքի տաքարիւնութիւնը կը թափէ, եռը կը խաղաղեցնէ:

Աշխատանքի պատճառով աղջիկը այլազգ վարպետի մը քով ընդունուած էր, երբ ընտանիքը առժամաբար որոշեց մնալ այդ քաղաքը հոնկէ զիրենք փախստական ճամբով Եւրոպաները փոխադրող մը գտնելու միտումով, ինչպէս նաեւ հասնելու համար երիտասարդ տղուն քով, որ դարձեալ փախստական նաւերու միջոցաւ յաջողած էր ուղարկել Եւրոպական ափեր: Երիտասարդը հազարաւորներու հետ ազատած էր կենաց մահու վտանգէն ու փրկուած Միջերկրականի խորը սուզուելէն, շատե՜ր սակայն չփրկուեցան...:

Վարպետը աչք տնկեց աղջկան առաջին իսկ յաճախած օրէն, որ իւրայատուկ գեղեցկութեամբ գրաւեց ուշադրութիւնը անոր ու կամաց-կամաց տեղի ունեցաւ անոնց մօտեցումը: Ամէն օր խոստումներ կը տեղար աղջկան գլխուն, խոստումներ, որոնք կը շլացնէին, կը բանային անոր փակ աչքերը ու ամէն օր կ՚աճէր անոր մէջ բան մը, որ ինք ալ չէր գիտեր ինչ ըլլալը. աճեցաւ ու հետզհետէ մոլութեան վերածուեցաւ: Տաք համբոյրներ, տղամարդու գիրկ ու մանաւանդ կիրքը զգաց, ապրեցաւ ան ու սկսաւ գործին ժամերը ուշացանել, տուն վերադարձի ժամերը յետաձգել, չէր ուզեր պոկուիլ անոր գիրկէն, սիրած էր այս ընթացքը, սիրած էր «ազատութիւնը», բանտախուցէն փախածի մը պէս կը զգար ինքզինք ու ո՞վ կ՚ուզէ խուցը վերադառնալ, «ազատութեան» համը քիմքին հասնելէն վերջ:

«Աղջիկդ այլազգ վարպետին հետ ձերբակալուեցաւ...» հարազատին ձայնը կը հնչէ հեռաձայնէն: Յովակիմ չ՚ուզեր հաւատալ ականջներուն, նորէն, նորէն մտիկ կ՚ընէ, թերեւս այդպէսով հնչիւն մը փոխուի ու սխալ լսած ըլլայ..., բայց՝ «ձեր-բա-կալ-ւե-ցաւ...» վանկերը ստոյգ շարուածքով կը սահին հեռաձայնէն հաստատելով եղելութեան իրականութիւնը: Անցեալն ու ներկան շաղախումով մը պաստառներ կը գծեն Յովակիմի մտահորիզոնին մէջ, ուր նորածին Յասմիկը մօրը գիրկը աւետիս մըն է, հրեշտակ մը աշխարհ եկած, ապա առաջին քայլը, առաջին թոթովանքը, դպրոցական տարազով մանկապարտէզի դրան մուտքին, երկրորդականէն վկայուիլը, գեղեցկուհի աղջկան ժպիտը ու... հիմա՛, հի՛մա օտարի մը գիրկը եւ ձերբակալւա՞ծ...:

Ինչպէ՞ս արտօնեցի, որ աշխատի, տունէն դուրս ելլէ, ինչպէ՞ս չխնայեցի զաւակս այդ օտար միջավայրին մէջ, կը մտմտայ ինքնիրեն Յովակիմ ու պատահածին մէջ ինքնիր մեղքը կ՚որոնէ, պատճառը՝ իր մէջ, հետեւանքը՝ աղջկան օտարին գիրկը մնալը եւ, ե՛ւ ձերբակալութի՛ւն...:

Կը յիշէ այն աղիտալի օրը, երբ զգացած էր աղջկան շեղումը, տեսած էր ալ զինք շէնքի աստիճաններուն վրայ վարպետին գիրկը մխրճուած, որմէ ետք աղջիկը այդ միջավայրէն հեռացնելու համար որոշած էր ընտանեօք Հայաստան փոխադրուիլ, աղջկան ընդվզումներուն ականջ չկախելով ստիպած էր որ յօժարի ու հագիստ շունչ մը քաշած էր այն օրը, երբ Երեւան հասած էր ընտանեօք: Միայն շաբաթ մը տեւած էր այդ հանգիստ կարծուած ընթացքը, շաբաթ մը, երբ աղջիկը տան մէկ սենեակին մէջ ինքզինք բանտարկած միայն կը խորհրդակցէր հեռաձայնով սիրելիին հետ, որուն կարօտը սկսած էր կրծել ներսը ու մոլութենէ մը խլուածի պէս խենթեցած էր. ոչ մայրը, ոչ հայրը, ոչ եղբայրը կրնային բառ մը փոխանակել հետը, կ՚ընդվզէր ու իսկոյն վէճի կը վերածուէր խօսակցութիւնը:

Ծնողքը լուռ տարած էր այս ընթացքը յուսալով, որ կը փոխուի, կը համակերպի նոր միջավայրին, կը մոռնայ հինը: Մայրը օր ու գիշեր կ՚աղօթէր ու ներում կը խընդ-րէր աղջկան համար, հայրը չէր համարձակեր աղջկան հետ խօսելու, որ յանկարծ ներուած չկարծէ ինքզինք: Այսպէս անցան դառն օրեր ու ահա շաբաթ մը ետք Յասմիկը չկար անկողինին մէջ, սենեակին մէջ, տան մէջ...: Մայրը խենթի պէս ապրանքները խուզարկեց, պահարաններուն իրարանցումէն հասկցաւ, որ աղջկան ապրանքներն ալ անհետացած են: Ու մի քանի ժամ ետք միայն մօր հեռաձայնին նամակ մը կը հասնի, ուր՝ «Ես իրեն վերադարձայ» գրուած է միայն: Աղջկան ուղարկած այս նամակը ամէն ինչ կը բացատրէ, վերադարձած է գիրկը անոր, գիրկը տաքարիւն երիտասարդին, գիրկը կիրքին, սէր կարծուածին:

Ու այն օրուընէ հայրը սրբեց աղջիկը ընտանիքէն, չէր արտօներ, որ նոյնիսկ բառ մը խօսուի իր մասին, յուշ մը վերապրուի..., արտաքուստ պահպանողակ նահապետն էր գերիշխողը, մինչ ներքուստ տառապանք մը կար ու կ՚աճէր, տառապանքին հետ հարցում մը կը մեծնար, կը լայննար: Հարցում մը որ նախ ինքնիրեն էր ուղղուած՝ «ի՞նչ սխալ գործեցի, որ այսպէս պատահեցաւ կեանքիս մէջ, ո՞ւր թերացայ, որ աղջիկս այսպէս վարուեցաւ մեզի հետ, ինչո՞ւ...», ապա՝ «արդեօք ի՞նչն էր որ այսքան մօտեցուց աղջիկս այն օտարին, մի քանի շաբթուան ընթացքին մոռցնել տուաւ ամէն ինչ ու տիրեց անոր, անխզելի կապ մը ստեղծեց, ի՞նչը, ի՞նչը...»:

Ահա այդ «ի՞նչը»երուն պատասխանը կը հասնի այս ձայնովը հարազատին, որ կը յայտնէ, թէ ձերբակալութեան պատճառը թմրամոլութիւնն է եւ թմրեցուցիչի ծրարներու գոյութիւնը աղջկան պայուսակին մէջ:

Լացաւ Յովակիմ, թափեց ներքին մաղձը փողոցի մութ անկիւններուն մէջ, տնեցիներն ալ իմացան եղածին մասին, դժուարութեամբ բայց մխիթարուեցան անոնք այսպէսով թերեւս այս ցեխոտ միջավայրէն հեռանալու դուռ մը բացուելու հեռանկարը դիտելով: Պատահածը սակայն շատ խոր ազդեցութիւն ունեցաւ ընտանիքի բոլոր անդամներուն վրայ: Յովակիմ նախկին շեշտուած առնականութեամբ տղամարդը չէր այլեւս, լռութիւնը գրկած նստած էր տան մէջ ու ինչ ալ դիտէր աչքերուն առջեւէն աղջկան պատճառած վէրքին տեսքը չէր հեռանար, բայց հեռաձայնը գրկած լուրի սպասման վիճակի մէջ էր անընդհատ, ոչ կրնար նոր գործի ճամբայ մը որոնել, ոչ մտածել Եւրոպա տանող ճանապարհի մը մասին:

Ահա թէ ինչու Յասմիկ անքակտելի կապով կպած էր վարպետին, «ազատութիւն» կոչուածը այս էր իր կարծիքով, որ բանտախուցերուն մէջ ահաւասիկ ամիսներէ ի վեր կը տառապի, տառապանք է այո, բայց, միեւնոյն ժամանակ մենութիւն մըն է նաեւ, որ կ՚օգնէ ինքնաճանաչման, ինքնասրբագրման մանաւանդ այս պարագային՝ բանտին մէջ, հապա ինչո՞ւ որդեգրուած են այս օրէնքները, սահմանուած են պատիժները...:

Ամիսներ անցան այն օրուընէ, Յասմիկին մայրը յաճախ հարազատներէն լուր կ՚առնէր աղջկան մասին, կարիքներուն համար դրամ կը ղրկէր, փաստաբան մըն ալ իր դատը ստանձնած կը պաշտպանէր Յասմիկը, սակայն այս հարցերը սպառիչ են, շատ երկար ժամանակի կը կարօտին: Յասմիկին մայրը յաճախ վարձակալած տան կողքի եկեղեցին կը մտնէր, երբեմն Սուրբ Պատարագի արարողութեան ալ ներկայ կը գտնուէր, երբեմն մինակ կը նստէր նստարանի մը վրայ ու ժամերով կ՚արտասուէր ու կը խորհրդակցէր Տիրոջ հետ, Իրեն յանձնելով աղջկան դատը: Յովակիմ գիտէր կնոջ ուր ըլլալը եւ յաճախ կ՚երթար եւ եկեղեցիէն միասին կը վերադառնային:

Ու Կաղանդ... ի՞նչ Կաղանդ այս տրամադրութեամբ՝ տղան Եւրոպա, աղջիկը բանտախուցին մէջ, իրենք տան կրտսերին հետ երեքով նստած, սեղանին վրայ բաներ մը շարած, տօնական օրը յիշեցնող միայն մոմեր կան սեղանին, հինգ մոմեր՝ ընտանիքի անդամներուն թիւով: Մայրը աղօթքը շրթներուն, թախիծը աչքերուն մէջ կը մռմռայ ու պնակները կը լեցնէ: Ձայն մը կը խզէ լռութիւնը ընտանեկան, մօր հեռախօսին զնգոցն է, որ կը հնչէ: Մայրը հարազատի մը շնորհաւորանքը կարծելով, անսիրտ հպումով մը կը բանայ հեռախօսը ու օտար թիւով ղրկուած նամակի մը նկարը կը նշմարէ: Արաբերէն լեզուով գրուած նամակին նկարը տեսնելուն պէս աչքերը կը փայլին կնոջ, կը ճանչնայ աղջկան ձեռագիրը, նախ յատակի տողը կը կարդայ, որ ստուգէ իր կարծիքը, ապա բարձրաձայն կ՚ընթերցէ աղջկան նամակը, խինդն ու տրտմութիւնը իրար անցած, արցունքը աչքերուն փայլքին խառնուելով.

«Շատ սիրելի մամ, պապ, եղբայր: Շատ կարօտցած եմ ձեզի: Հոս ես ինքզինքս մոռցուածի պէս կը զգամ, այսօր շատ դժուար է ինծի համար ձեզմէ հեռու ըլլալը: Գիտեմ, որ ասիկա պատիժ է ինծի, գիտեմ, որ արժանի եմ այս պատիժին, բայց կ՚ուզեմ նաեւ գիտնաք, որ ես ձեզ շատ նեղացուցի, աններելի են իմ գործած մեղքերս, իմ պատճառովս դուք շատ նեղութիւններ կրեցիք, որուն համար հիմա սրտանց ներողութիւն կը խնդրեմ հօրմէս, մա՛մ քեզմէ եւ եղբօրմէս: Գիտցէք որ անհամբեր եմ ձեզ տեսնելու, յուսամ շուտով վճիռիս համար սահմանուած պատիժը վերջ կը գտնէ ու կը վերադառնամ ձեր մօտ:

«Չէք կրնար երեւակայել որքան մինակ եմ, կարօտցած եմ ձեզ շատ, ու ձեզ շատ շատ կը սիրեմ:

«Ներեցէք ինծի

«Յասմիկ»

Բանտապահուհին նկատելով Յասմիկին տխրութիւնը առիթ տուած էր իրեն եւ արտօնած, որ իր հեռաձայնով ձեռագիր նամակի մը նկարը ղրկէ ծնողքին:

Մի քանի նախադասութիւն էր ընդամէնը, բայց այդքան արժէքաւոր, այդքան էական այդ պահուն համար, երբ ընտանիքը թախիծը գրկած նստած էր ու երեք անդամները աղերսներ կ՚արձակէին, նոյն բովանդակութիւնն ու իմաստը կրող աղերսներ, նոյն նպատակին ծառայող աղերսներ, որոնք ահա իսկոյն պատասխան ստացան. պատասխան մը, որ կը փոխանցէ հասունացումը աղջկան, ինքնագիտակցութիւնը, անդրադարձը իր արարքին, հոգ չէ թէ ինչ զոհողութիւններու գնով, սակայն անդրադարձ մըն է, զղջում նաեւ, որ գոյացած է ամիսներ շարունակ խորհելով, մտմտալով, ներում հայցելով:

Ընտանիքին տրամադրութիւնը կը փոխուի, անշունչ ժպիտներ կը գծուին անդամներուն դէմքին, ժպիտներուն հետ յոյսի նշոյլներ կ՚արձակուին. յոյս նախկին ընտանեկան անդորրը վերականգնելու: Տան նահապետը զգալով աղջկան զղջումը ու ինք եւս լուսաշող հեռանկարներ տեսնելով կը դիմէ կնոջ՝

-Այդ նամակը բաց ու դիր սեղանին, աղջիկս այսօր մեզի դարձաւ,- կ՚ըսէ ու կը ճաշակեն տարեգլխու սեղանին շարուած համեստ ճաշատեսակները:

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱ­ԶԱ­ՐԵԱՆ

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2018