ԿԵԱՆՔԻ ՀԱԿԱՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
2018 տարեթիւը ուրախութեամբ եւ մեծ յոյսերով դիմաւորած էինք մեր շատ մտերիմ ընտանեկան հարազատներուն հետ։ Ըստ իս, աշխարհի ամենաարժէքաւոր բանն է ընտանիքը եւ միշտ բախտաւոր նկատած եմ ես զիս, որովհետեւ մեր տունէն ներս յարատեւօրէն տիրած է ընտանեկան ջերմ մթնոլորտ մը։
2018 տարեթիւը դիմաւորեցինք մեր դռները լայն բացած ու մեծ յոյսերով։ Յետագայ ծրագրերու իրականացման, յաջողութեան, խաղաղութեան ու երջանկութեան տարին պիտի ըլլար։ Համալսարանական վերջին օրուան ու կեանքի ասպարէզի առաջին օրուան հասած էի։ Չորս տարուայ անդադար աշխատութեամբ՝ դիմագրաւելով բազմաթիւ նեղութիւններ, ի վերջոյ արժանացած էի յաջողութեան սանդուխներէն մի քիչ բարձրանալ։ Լաւ արդիւնաւորուած էր իմ, ու մա՛նաւանդ, ծնողքիս բոլոր զոհողութիւններն ու անմիջական ջանքերը։ Համալսարանական կրթութիւնը բոլորովին կը տարբերի նախնական ու լիսէի ուսումներէն։ Համալսարանական մը կ՚անդրադառնայ ու այլեւս գիտակցութիւնը կ՚ունենայ իր պարտականութիւններուն եւ զանոնք կը դասաւորէ առանց խոչընդոտներու, կը սորվի ճիշդը սխալէն զանազանել եւ առաւել աշխատութեամբ՝ ըլլալ իր ժողովուրդին օգտակար ու արժանի անձնաւորութիւն մը։
Անկոտրում կամքով հասած էի նպատակիս։ Շրջանաւարտութեանս օրը հասած էր։ Իրականութեան մէջ ստացածս թուղթի կտոր մըն էր, բայց ընտանիքի բոլոր անդամները ստացած էին իրենց ճիքերուն արդիւնքը եւ անոնց զգացումները տպաւորեցին զիս։ Ընտանիքս երբեք չէի տեսած այդքան խանդավառ, այդքան երջանիկ։ Հայրս, մանաւանդ, իր ակնարկով կպաւ իմ սիրտս։ Հայր մը խորհեցէք․ իր առողջութենէն իսկ զոհելով, իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ ամէն ինչ ըրած էր իր ընտանիքին ու նոյնիսկ իր բոլոր պարագաներուն համար։ Ան ունէր շատ լաւ արտայայտուելու կարողութիւն, սակայն այդ օրը կը դժուարանար իր մտածումները յայտնաբերել։ Աչքերը կարծես վերածուած էին աղբիւրի եւ արցունքները անդադար կը սահէին իր փափուկ այտերէն։
Փոքր տարիքէս ի վեր միշտ փափաքած էի ամէն ինչով նմանիլ հօրս․ ընել այն ինչ որ ան կ՚ընէր, խօսակցութեանս մէջ օգտագործել նոյն բառերն ու արտայայտութիւնները, գիտնալ այն ի՛նչ որ ան գիտէր… Ան միշտ ինքնուս եղած էր։ Հակառակ իր կարճատեւ կրթական կեանքին, միշտ կարելիութիւնը ունեցած էր բազմաթիւ նիւթերու շուրջ իր կարծիքներն ու գիտելիքները փոխանցելու։ Զանազան գիրքերու ու վաւերագրականներու շնորհիւ՝ ճոխացուցած էր իր գիտութիւնը։ Այնքա՜ն մեծ հաճոյք էր իրեն հետ զրուցել, որուն ժամանակին չէիք կրնար անդրադառնալ։
Ամառուան ամիսներուն անհամբերութեամբ կը սպասէի շաբաթավերջերուն, որպէսզի ամարանոց երթամ ու միանամ ընտանիքիս հետ։ Մեր սեղանը միշտ հարուստ էր համով ուտելիքներով ու կը սիրէինք զայն բաժնել ազգականներու ու բարեկամներու հետ։ Այս տարի յուլիսի երկրորդ շաբաթը նոյն առիթով գացի ամարանոց։ Մինչեւ ուշ գիշեր պարտէզը խօսակցելէ ետք շարժուեցանք դէպի ննջասենեակ։ Յաջորդ առաւօտ ժամը եօթին, կեանքի իրողութիւնը ապտակելով արթըն-ցուց զիս։ Մայրս մտատանջուած անկողինիս մօտեցաւ ու ըսաւ․ «Արթնցի՛ր, հայրդ շունչ չի կրնար առնել»։ Մտահոգուած մէկ մը անդին, մէկ մը ասդին կը վազվզէր, կը շոյէր հօրս ոտքերը։ Շտապօգնութիւնը հասաւ եւ քանի մը վայրկեան ետք հայրս փոխադրեցին հիւանդանոց։ Ժամանակը կարծէք չէր յառաջանար, բոլոր ոսկորներս կը դողային։ Դժուարութեամբ ոտքի վրայ կը կենայի։ Աշխարհի ամենամեծ լեռը վայրկեաններու մէջ սկսած էր տապալիլ եւ կրցածս միայն սպասելն էր։ Հիւանդանոցի պարտէզը լեցուն էր գոյնզգոյն ծաղիկներով ու ծառերով, սակայն այդ պահուն կեանքը ամբողջութեամբ դարձած էր դժոխքի՝ սեւ ու ճերմակ աշխարհի մը։
Ժամերը կ՚անցնէին դանդաղրօրէն։ Քանի մը ժամ ետք բժիշկը սկսաւ տեղեկութիւներ տալ հայրիկիս առողջական վիճակին մասին։ Մահաքունի մէջ էր, գիտակցութիւնը գոց էր, սրտին երկար ժամանակ անաշխատ մնալուն պատճառաւ։ Ինքնիրեն շունչ չէր կրնար առնել եւ կապուած էր մեքենաներու։ Դրան առջեւ կը սպասէինք ու միայն 5 վայրկեան թոյլ տուած էին բժիշկները, որպէսզի տեսնենք հայրս։ Ամէն օր առանց յետաձգելու կ՚ուղղուէինք դէպի հիւանդանոց, գոնէ պահ մը տեսնելու համար անոր փայլուն դէմքը։ Յոյս ունէի, պիտի արթննար։ Առողջական վիճակը օրէ օր կը լաւանար։ Մի քիչ աչքերը կը բանար եւ սկսած էր կամաց-կամաց գլուխը շարժել։ Քսան օր ետք սկսած էր առանց մեքենաներու կապուած ըլլալու շնչել ու ազատած էր այդ զազրելի սարքերէն։ Հերոս մըն էր ան եւ վստահ էի, պիտի ազատէր այս անելէն։ Սա փորձ մըն էր մեր ընտանիքի տեսակէտէ եւ միշտ ջանացինք այդ փորձէն յաջողութեամբ դուրս գալ։
Արեւոտ, պայծառ օր մըն էր։ Բժիշկը մեծ ակնկալութեամբ աւետիս մը տուաւ։ Հայրիկս շտապօգնութեան խնամքէն պիտի փոխադրուէր յատուկ սենեակ։ Հիւանդապահուհիի պաշտօնը մայրս, քոյրս եւ ես պիտի կատարէինք, մինչեւ որ հայրս առողջանար։ Հայրս բաւական նիհարցած էր։ Խօսելու կարողութիւնը դեռ չէր վերագտած, բայց զգացած ցաւերուն՝ աչքերուն խորքէն, դէմքէն կարելի էր ականատես ըլլալ։ Յատուկ սենեակ փոխադրուելէ միայն երեք շաբաթ ետք երակները սկսած էին պրկուիլ, այս պատճառով ալ դարմանումը դժուարացած էր։ Ըստ բժիշկներու բացատրութեան, դարմանման միակ ճամբան՝ ձեւը «փորթ» դնելն էր եւ գործողութեան պէտք է ենթարկուէր։
4 հոկտեմբերին տունէն կանուխ ելայ։ Եկեղեցին մոմ մը վառեցի, աղօթեցի ու Աստուծմէ հօրս առողջութիւն խնդրեցի։ Վստահ էի, թէ կեանքին մեր առջեւ դրած այս փորձը պիտի աւարտէինք հօրս փրկութեամբ ու առողջութեամբ։ Աղօթելէ ետք քրոջս հեռաձայնեցի եւ իմացայ, թէ հայրս կտոր մը ջուր կլլած էր ինքնիրեն։ 2018 տարեթիւը պիտի ըլլար դարձակէտը մեր ընտանիքին՝ մանաւանդ հայրիկիս տեսակէտէ։
Նոյն օրուան տեւողութեան կրկին փորձեցի զանգել քրոջս. չպատասխանեց։ Մայրիկիս փորձեցի հեռաձայնել. ցաւագին ձայնով պատասխանեց ու բերնէն ելած ոչ մէկ բառը կրցայ ունկնդրել եւ զանազանել։ Աշխարհս փլած էր։ Գործողութեան ընթացքը լաւ չէր անցներ. դժուարացայ ընդունիլ։ Երազներս պիտի իրականանային եւ հայրս մեզ իր փայլուն ու պայծառ դէմքէն պիտի չզրկէր։
Գործատեղիէն անմիջապէս ելայ ու գացի զարմիկիս տունը։ Հօրաքոյրս ու հօրեղբայրս ալ հոն էին։ Միասնաբար ուղեւորուեցանք դէպի հիւանդանոց։ Ճամբան հաղորդագրութիւն մը ստացայ մեր դրացիէն․ «Գլուխդ ողջ մնայ»։ Զարմիկս անմիջապէս առաւ հեռաձայնս ու զիս համոզեց, թէ հայրիկիս վիճակը պիտի լաւանայ։
Հազիւ 5 ժամ ետք հասանք տուն։ Երբ դռնէն ներս մտայ, միայն տեսայ մայրս ու հարցում մը ուղղեցի անոր․ «Ըսէ՛ մայր, հայրս լա՞ւ է»։ Դեղնած էր ու տժգունած պատասխանեց․ «Հայրդ շատ լաւ է»։ Բառերը մէկ անգամէն թափեցան անոր շրթներէն։ Հեռուէն քոյրս ձեռքը երկարեց եւ գրեց զիս. «Մեր հայրիկը դրախտ մեկնեցաւ, այլեւս ոչ եւս է ան»։
Ծանր, շատ ծանր կորուստ մըն էր։ Կեանքը միշտ մարդուն կը բերէ հակասութիւններ, մեր ընտանիքին ալ ըրաւ նոյնը։ Հասկցայ, թէ կեանքը, օրերը առաւել եւս պիտի դժուարանային։ Համալսարանի շրջանաւարտութիւնս եւ հօրս մահը զուգադիպած էին նոյն տարուան։ Թէ՛ խանդավառութիւնը եւ թէ ցաւը եկան միանգամայն։ Գիտեմ, տոկալ, դիմադրել պէտք է եւ ժամանակը պիտի մխիթարէ ու բուժէ ամէն վէրք։ Մինչեւ վերջ մեծ ճիգ թափած եմ ընտանիքիս վայել զաւակ մը ըլլալու համար։ Յառաջիկային նոյնպէս պիտի շարունակեմ ընտանիքիս եւ ազգիս վայելել ու միշտ վառ պահել, նաեւ՝ արդարացնել իմ շատ սիրելի հայրիկիս յիշատակը։ Գիտեմ կեանքը իմ առջեւ պիտի բանայ նոր հորիզոններ, ես միշտ պիտի յառաջանամ հօրս ցոյց տուած ճանապարհով. ըլլալ ուղղամիտ, բարի, հասկացող, հաղորդական, ճշմարտախօս, բարեհամբոյր…
Կեանքը մանրամասնօրէն կը փոխուի երբ հրաժեշտ կու տանք մեր սիրելիներուն։ 2018 թուականին ես ալ այդ դժբախտութիւնը ունեցայ։ Սակայն պէտք չէ յուսահատուիլ ու պէտք է լաւատես ըլլալ եւ թոյլ չտալ տկարութեան, թէ իր ծանրութեամբ ճնշէ ձեր կեանքը։ Մի՛ տարակուսիք, միշտ լաւին, արդարին հետեւելու։
Յուսամ 2019-ը բոլոր մարդկութեան համար ըլլայ երջանկութեան, խաղաղութեան ու առողջութեան տարին։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ