Ո՞ՒՐ Կ՚ԵՐԹԱՆՔ ԵՒ Ո՞ՒՐ Կ՚ՈՒԶԵՆՔ ԵՐԹԱԼ…

Դարձեալ Նոր տարի է։ 2018-ի վրայ տարածուած 365 օրերը մեր ետին թողելով, կը դիմաւորենք 2019 տարին՝ նոր յոյզերով, երազանքներով եւ բարեմաղթանքներով։ Տարեսկիզբին, երբ ամէն ինչ նոր կը թուի ըլլալ, իսկ մենք լաւատեսութեամբ լիացած ու հոգեպէս դրական, ուրախ եւ խանդավառութեամբ լեցուն սրտով բարեմաղթութիւններ կը շռայլենք իրարու, յաճախ կը մոռնանք մերձաւոր տարուան օրերուն մեր անյաջողութիւնները եւ զանոնք մեր ետին ձգելով՝ կը շարունակենք նո՛յն յանկերգով կրկնել նոյն սխալներն ու տարեվերջին կը սկսինք զարմանալ մենք մեր ու մեր ըրածներուն վրայ։ Ներքնապէս չենք ընդունիր ու կը մերժենք մեր կատարած կամայ-ակամայ սխալները, բայց հեզ համակերպումի մը ու նահանջող հաշտուողականութեամբ մը, ինքնամոռացութեամբ կը շարունակենք պարապ շրջանակի մեր շուրջպարը։ Ընթերցողներէն ոմանք կրնան գանգատիլ «յոռետես մուտքով առաջնորդող» մեր գրութեան համար, սակայն իրատեսութիւնը ինքնասրբագրութեան դժուարին, բայց երախտարժան գործընթացն է։

Տարեգլուխը լրջանալու երկնատուր շնորհք պարգեւող լուրջ պահն է։ Եկէ՛ք լրջանանք եւ հարցաքննենք մեր անհատական ու մանաւանդ հաւաքական կեանքի ընթացքին առընչութեամբ։ Ո՞ւր կ՚երթանք եւ ո՞ւր կ՚ուզենք երթալ։ Իբրեւ մարդ կ՚ապրի՞նք, մարդաբար կը գործե՞նք, մարդկօրէն կը վերաբերի՞նք, բարիին հետամուտ կը դառնա՞նք…։ Այս բոլորի մասին մտածելը, խօսիլը շատ դիւրին է, բայց զանոնք կեանքի կոչելու ժամանակը եւ պատասխանատուութիւնը ունի՞նք։ Այս տարեփակին եւ Նոր տարուայ շեմին կ՚ուզենք մեր խորհրդածութիւնը երկու կէտերու վրայ կեդրոնացնել.

Ա) Տրուած ժամանակը չմսխել, այլ զայն արժեւորել. Ժամանակին ինքնակոչ տիրակալը՝ մարդը դժբախտաբար զայն տարբեր նպատակներու համար կը չարաշահէ ու կը գործածէ։ Այսպէս, ոմանք իրենց անցաւոր կեանքին մէջ անանց ապրումներուն աւելի կարեւորութիւն կ՚ընծայեն՝ դառնալով ժառանգորդ յաւիտենականութեան։ Իսկ ուրիշներ «կեր, արբ եւ ուրախ լեր», «հագուէ, շքուէ ու պտտէ», «շաղակրատէ, զրաբանէ ու բամբասէ» կենցաղակերպերով՝ իրենց կեանքը վերածած են հաճոյաձիգ վայելքներով ցոփ կեանքի մը։ Կան մարդիկ, որոնց կեանքի կիզակէտը իրենց ժամանակը արժեւորելն ու արդիւնաւորելն է՝ յօգուտ իրենց անձին եւ շրջապատին։ Իսկ մարդիկ ալ կան, որոնք իրենց ժամանակը անցընելու սիրոյն` զայն անմտաբար կը սպաննեն։ Վերջապէս, անձեր ալ կան, որոնց օրերը, տարիները, ժամանակը, կեանքը շա՜տ երկար կը թուին, որովհետեւ իրենց կեանքը «հիմնած են» ունայնութեանց եւ դատարկութեանց վրայ։ Մինչդեռ աշխատունակ մարդուն համար ժամանակը շուտ կ՚անցնի եւ անոր արագ թռչիլն անգամ չի զգար, նման այն երկրագործին, որ առանց ետեւը նայելու շարունակ կ՚աշխատի, կը հերկէ, կը վարէ, եւ ժամանակ մը ետք կը տեսնէ, թէ ամէն դժուարութիւն հարթուած է եւ աշխատութիւնը աւարտած՝ շնորհիւ իր յարատեւ ջանադրութեան։

Լսուած խօսք է, թէ «Ժամանակը ոսկի է»։ «Լոզունգ» դարձած այս խօսքը «զբաղուած» մարդոց մնայուն «խաղաքարտ»ն է։ Ի տարբերութիւն դրամին. ժամանակը կարելի չէ կուտակել՝ ապագային օգտագործելու նպատակով։ Ոչ ոք կրնայ ժամանակը տնտեսել՝ եթէ զայն չօգտագործէ։ Ժամանակը արագահոս գետի նման է, որ վարարուն առաջ կ՚ընթանայ։ Կարելի չէ զայն կանգնեցնել եւ կամ՝ անոր ամէն մէկ կաթիլը օգտագործել։ Նախնադարուն մարդիկ գետերու ափերուն մօտ ջրանիւներ կը կառուցէին՝ անոնց միջոցաւ հոսող ջուրէն ուժ ստանալու եւ իրենց սղոցամեքենաները, աղացաքարերը եւ մուրճերը բանեցնելու համար։ Այդպէս ալ ժամանակը։ Չես կրնար «ամբարել» զայն, բայց կրնաս օգտագործել՝ կեանքդ իմաստաւորելով եւ արժեւորելով։ Իսկ եթէ քեզի տրամադրուած ժամանակը չգործածես՝ ան միանգամընդմիշտ պիտի անցնի, բայց անոր զուգընթաց՝ դուն ալ պիտի «անցնիս»։ Պիտի «անցնիս» տարիքովդ, արարքներովդ, սովորութեամբդ, նկարագրովդ, սակայն յետոյ պիտի յիշուի՞ս։ Ժամանակին մէջ յիշուելու համար, պէտք է «ներդրում» կատարես՝ դուն քեզ բարի գործերով զսպանակելով, մարդավայել արարքներ դրսեւորելով եւ բարոյական արժէքներու համահունչ կեանք մը ապրելով։ Պերլինկ ժամանակը կը բնութագրէ՝ ըսելով. «Ժամանակը հոյակապ ուսուցիչ է, սակայն, ցաւօք, ան իր աշակերտներուն ծերութեամբ կը սպառնայ»։

Բ) Պատասխանատուութեամբ ապրիլ. մեր շրջապատին մէջ անպատասխանատուութեամբ ապրող (եթէ ապրուած այդ եղանակին կարելի է «ապրիլ» ըսել) մարդիկ կան, որոնք չարին սերմերը լոյս աչքով կը սերմանեն ամէնուրեք եւ իրենց անհատական, ընտանեկան, ընկերային ձախորդութիւնները պարտկելու համար, լաւապէս գործող ու գործնապէս յաջողած մարդոց հասցէին կը շպրտեն խօսքեր ու միայն խօսքեր, որոնք օր մը անոնց պիտի վերադառնան աղերսաբեր մրրիկին ու տօթակէզ փոթորիկին հետ։ Երբեք ականջ մի՛ տար այդպիսի սնոտիապաշտ մարդոց խօսքերուն, այլ «մէկ կողմէն լսէ եւ միւս ականջէդ հանէ», անտեսէ եւ նպատակասլաց կեանքդ շարունակէ ապրիլ։

Պատասխանատու ըլլալ կը նշանակէ գիտակցօրէն եւ ազատօրէն գործել՝ յանձնառու ըլլալով իւրաքանչիւր արտասանուած խօսքին ու մանաւանդ կատարուած արարքներու հետեւանքներուն։ Սոփեստութիւն չնկատուի եթէ ըսենք, որ անպատասխանատուութիւն գոյութիւն չունի, անպատասխանատու անձին խօսքն ու գործն ալ պատասխանատուութեան կը կանչուին, սակայն հոս յոռի կեցուածքի ու վերաբերմունքի արժէք ունին, մինչ մեր ակնկալած եւ բացատրել փորձած պատասխանատուութիւնը ո՛չ միայն դրական հետեւանքներ ունենալն է, այլ ու մանաւանդ՝ բարի տրամադրութեամբ կամ դիտաւորութեամբ մտածուած, ծրագրուած եւ գործադրութեան դրուող արարքին ետին կանգնող ազնուական անձնաւորութեան վերապահուած իրականութիւնն է։ Այս իմաստով, պարտինք ամէնքս յիշել, որ պատասխանատու ենք մեր անձին (խղճին) առջեւ, նոյնպէս ու հաւանաբար աւելիով՝ մեր նմանին դիմաց, բայց յատկապէս ու գերազանցապէս մեզ ստեղծող Արարիչ Աստուծոյ հանդէպ։

Այսօրուան ընկերութեան մէջ եթէ բարոյական սկզբունքները խախտած են, ատիկա չի նշանակեր, որ սկզբունքները իրենք անարժէք կամ վատարժէք են, այլ զանոնք մերժողները։ Յիշենք, որ բարոյական հասկացողութիւն կամ գիտակցութիւն ունեցող որեւէ հաւաքականութիւն (կրօնական, գաղափարական, ընկերային թէ քաղաքական) չի կրնար գողութեան կամ ոճրագործութեան նման երեւոյթներուն տալ բարոյական դրական արժէք համաշխարհային ու համամարդկային տարողութեամբ։ Ասկէ կրնանք հետեւցնել, որ անպատասխանատուութեամբ ապրողը անբարոյական անձնաւորութիւն մըն է, երբ անտարբերութեամբ թէ խառնակչութեամբ կ՚ապրի իր պատկանած ընկերութեան մէջ։

Սիրելի՛ ընթերցող, ժամանակը ջուրի նման կու գայ ու կ՚երթայ։ Ջուրը դէպի երկինք կը շոգիանայ, ամպերուն մէջ կը մեռնի ու կը չքանայ, եւ ապա անձրեւին հետ միասին կը վերածնի ու կը վերադառնայ որպէս գետ ու առու, աղբիւր եւ լիճ, ծով ու ովկիանոս։ Նոյնպէս ժամանակի հոսանքին մէջ ապրող արարածդ, գիտակցութեանդ զօրութեամբը եւ կարողութեամբդ կը զգաս յորձանուտին հոսունութիւնը։ Դո՛ւն ես, որ այդ ահեղավազ հոսանքին մէջ կը բռնես մնայնութիւն մը՝ հետք մը դրոշմելով ժամանակին վրայ, որ կը փրկէ ժամանակը մահուան մագիլներէն ու կը յանձնէ զայն պատմութեան՝ մարդկութեան կենդանի յիշողութեան։

Հետք մը թողա՞ծ ես կեանքիդ ժամանակին մէջ, թէ՞ ոչ «ժամանակ չունիմ» յանկերգով փախուստ տուած ես պատասխանատուութիւններէդ եւ պարտաւորութիւններէդ։ Նոր տարին լաւագոյն առիթն է նոր էջ մը բանալու, անցեալի սխալներէդ դասեր քաղելու եւ նորոգ վճռակամութեամբդ նպատակներ իրագործելու եւ կեանքդ ապրելու։ Նոր տարուայ իւրաքանչիւր օրդ, ժամանակդ իմաստաւորէ՛ եւ պտղաբե՛ր դարձուր…

* * *

Նոր տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան կենսախայտ զոյգ տօներուն առթիւ կը մաղթենք, որ Ամենակալը Իր երկնային խաղաղութիւնը պարգեւէ աշխարհին ու մեր ժողովուրդին. թող Իր հովանիին տակ անսասան պահէ հայոց աշխարհը՝ Հայաստանն ու Սփիւռքը. թող Իր իսկ հիմնած հաւատքի մեր տունը՝ Հայոց Եկեղեցին Քրիստոսի սիրոյ ջերմութեամբ լեցնէ, որպէսզի Իր օրհնութեան լոյսը լուսաւորէ մեր ողջ էութիւնը եւ ճառագայթէ համայն մարդկութեան մէջ։

Շնորհքով ու խնդութեամբ լեցուն պայ-ծառակերպող Նոր տարի եւ Ս. Ծնունդ։

ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2018