ՊՈԼՍԱՀԱՅՈՑ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ԱՄԱՆՈՐԸ
Ահաւասիկ եկաւ Ամանորը։ Տօն, երբ բոլոր երազներն ու փափաքները ունակ են իրականանալու։ Ամանորի կախարդական գիշերը՝ դեկտեմբերի 31-ին մարդիկ ակամայ հոգւոյն խորքերուն մէջ՝ հրաշքներու, նորի, բարիի, ապագայի, երազներու հանդէպ ծածուկ պահուած փափաքներ կ՚ունենան ու վստահ կ՚ըլլան, թէ հենց այս գիշեր իրենց բոլոր ցանկութիւններն ու իղձերը կրնան իրականանալ յառաջիկայ տարի։ Ամէն անգամ անցեալի ստուերի տակ թողնելով հին տարին, մարդ արարածը նոր ճիգ ու եռանդով, նորածնի պէս անմեղ ու մաքուր՝ թարմ ուժերով կը փորձէ սկսիլ նոր տարիին։ Ամանորը կը նշանաւորուի տարեսկիզբով, բաց աստի ան յոյսի, հաւատի, սիրոյ, բոլոր բարի ու անկեղծ զգացումներու, սպասումներու արթնացման, վերարժեւորման շրջան մըն է։
Ամանորն ու Սուրբ Ծնունդը հայ ժողովուրդի ամենէն նուիրական ու սպասուած տօներն են։ Հայաստանի եւ ընդհանրապէս աշխարհասփիւռ հայութիւնը մասնաւոր ջերմութեամբ ու ոգեւորութեամբ կը մօտենան սա հրաշք տօնին։ Դարերու խորքէն եկող բազմաչարչար, սահմռկեցուցիչ անցեալի վիշտը հայեացքին մէջ դրոշմուած հայու տխուր աչքերէն՝ հէքեաթային ու կախարդական տօնին ժամանակաւորապէս տխրութիւնը կ՚անեանայ։ Հայը, պահ մը մոռնալով իր տխրահռչակ անցեալն ու ոչ կայուն ներկան, ամանօրեայ կախարդանքէն ազդուելով լիայոյս կ՚ըլլայ ապագայի հանդէպ։ Մեր ժողովուրդը թէ՛ հայրենիքի, թէ սփիւռքի մէջ ամէնուր բաւականին մանրակրկիտ կը պատրաստուի նոր տարիին։ Համայն հայութիւնը պահպանելով կարգ մը հայկական աւանդոյթներն ու սովորոյթները, բաց աստի համահաւասար քայլելով 21-րդ դարուն՝ հինի ու նորի միախառնում կը կատարէ եւ նորովի կը տօնէ Կաղանդը։ Այսօր կ՚ուզեմ պատմել, թէ աշխարհասփիւռ հայերէն՝ պոլսահայերը ինչպէս կը դիմաւորեն ու կը նշեն նոր տարին։
Պոլսահայերու օճախներէն ներս ամանօրեայ պատրաստութիւնները ձմրան առաջին օրուընէ՝ դեկտեմբերի մէկէն կը սկսին։ Նախապէս կը զարդարուի նոր տարուան խորհրդանիշը հանդիսացող եղեւինը։ Խանութներու ցուցափեղկերուն ու մուտքերուն տօնական տեսք կը հաղորդուի։ Զարկ կը տրուի նախատօնական առեւտուրին։ Պոլսահայերու մեծամասնութիւնը վերջին տարիներուն գեղեցիկ աւանդոյթի մը վերածած է Նոր տարուայ շեմին դէպի Յունաստան՝ Ալեքսանդրոփոլի, Քաւալա քաղաքները կատարուելիք նախատօնական առեւտրային երկօրեայ ճամբորդութիւնը։ Սա գեղեցիկ ու հետաքրքրական ճամբորդութիւն մըն է, որ կ՚ուղեկցուի տօնական բարձր տրամադրութեամբ, ապագայի հանդէպ մեծ սպասումներով։ Ի շնորհիւ կատարած առեւտուրի, պոլսահայերը իրենց տուները իրական հէքեաթի ու կախարդանքի կը վերածեն։ Ամէնուր գոյնզգոյն փայլող լոյսեր, կաղանդ պապուկներ, եղնիկներ, ձիւնեմարդեր, խաղալիքներ եւ այլն։ Փողոցէն անգամ անոնց տուները կը տարբերուին ինքնատիպ զարդարանքի շնորհիւ։ Հայկական վարժարաններէն ու հաստատութիւններէն ներս ամանօրեայ տօնավաճառներ կը կազմակերպուին։ Ամէնուր նախատօնական պատրաստութիւններ ու տրամադրութիւն կը տիրէ։ Դէպի պատմութեան գիրկը աճապարող հին տարուան վերջին օրերը տօնական եռուզեռին մէջ աննկատ կը սահին, ժամ առ ժամ իրենց տեղը զիջելով նոր տարիին։ Ահաւասիկ նոր տարիին՝ նոր կեանքին համրուըւած ժամեր կը մնայ։
Աշխարհով մէկ սփռուած հայութիւնը յարմարուելով իր ապրած տարածքաշրջանի պայմաններուն, ազդուելով տեղւոյն բարքերէն, աւանդութիւններէն ու սովորութիւններէն, կը սկսի օտարի պէս խորհիլ, սակայն կը շարունակէ զգալ ու սիրել՝ հայեցին։ Ինչպէս հայ նոր գրականութեան ու մանկավարժութեան հիմնադիր, մեծանուն գրող Խաչատուր Աբովեան «Վէրք Հայաստանի» վէպին մէջ ըսաւ. «Ինչ քաղցր, պատուական կերակուր էլ տաս երեխին, էլի իր մօր կաթը նրա համար շաքարից էլ է անուշ, մեղրից էլ»։ Մենք՝ հայերս ալ այդպիսին ենք, կը սիրենք, կը հրապուրուինք օտարի ունեցածով, սակայն, մերը՝ ուրիշ է։ Ամէն բանին կը փորձենք հայկական շունչ, մասնաւորապէս՝ ճաշատեսակներուն համ ու հոտ հաղորդել։ Նոյնիսկ կրնանք ըսել, թէ պահպանելով մեր ազգայինը, սփիւռքահայերու շնորհիւ մեր ունեցածը նորովի կը հարստացնենք ու կը մատուցենք։ Այսօր մենք ունինք Կաղանդ նշելու բազմապիսի տարբերակներ, համեմուած հայկականութեամբ։
Պոլսահայերու Ամանորը բաւականին կը տարբերի հայաստանեայցէն։
Ի տարբերութիւն Հայաստան ու Արցախ աշխարհներուն, ուր իւրաքանչիւր ընտանիք ձեւաւորուած գեղեցիկ աւանդոյթի մը համաձայն նոր տարին հանդերձ ընտանեօք կը դիմաւորէ սեփական յարկին տակ։ Պոլսահայերը կը գերադասեն Ամանորը դիմաւորել ազգականներու, ընկերներու, բարեկամներու շրջապատին մէջ։ Նոյնիսկ Իսթանպուլի հայերուն ստուար մէկ հատուածը կը նախընտրէ Ամանորը ընկերներու հետ միասին տօնել պանդոկի կամ ճաշարանի մը մէջ։ Հայկական երկու հանրապետութիւններուն մէջ տօնական երկու սեղան կը շտկուի։ Ճաշասեղանին կը դրուի՝ քանի մը տեսակ աղցաններ, թթուներ, կաղամբով տոլմայ, ձուկ, երշիկեղէն, պանիր ու տարբեր ուտեստներ. խմիչքներէն՝ գինի, օղի, հայկական քոնիաք ու շամփանիա։ Երկրորդ փոքր սեղանն ալ կը սարքուի քանի մը տեսակ կարկանդակներով, խմորեղէններով, պտուղի հիւթերով, պտուղներու առատ տեսականիով, չոր պտուղներով, տուրմերով ու շաքարներով։ Հայաստանցիներու սեղանները այքան խճողուած կ՚ըլլան, որ ուտելիքները այլեւս սեղանին չեն տեղաւորուիր։
Երեւանի մէջ տօնական սեղանի գլխաւոր ուտելիքը կը համարուի՝ խոզի զիստը։ Արցախցիներու ամանորեայ սեղանի զարդը կը համարուի՝ խոզի խորովածը։ Հայաստանի ու Արցախի մէջ կէսգիշերին՝ ժամը 12-ին սեղան կը նստին, իսթանպուլահայերը ամանորեայ սեղանի շուրջ կը հաւաքուին ժամը ութին կամ իննին։ Շտկուած սեղանները գեղարուեստական գլուխ գործոցներու կը նմանին։ Բոլոր ճաշատեսակներն ու ուտելիքները կը մատուցուին Կաղանդի վերաբերեալ յատուկ պնակներու մէջ։ Սեղանները նրբաոճ ու չափաւոր յարդարուած կ՚ըլլան։ Անմահական ուտելիքներու տեսքն ու մատուցման տարբերակն անգամ գեղագիտական հաճոյք կը պատճառէ։ Յատուկ սիրով ու ոգեւորութեամբ պատրաստուած ճաշատեսակները, իրենց մէջ պարունակելով հայկական համի ուժը՝ աննկարագրելի համեղ կ՚ըլլան։ Վստահաբար կրնանք ըսել, թէ պոլսահայերը ճաշ մատուցելով ճաշակ կը մատուցեն։
Պոլսահայերու տօնական սեղանի ճաշացանկին կարեւորագոյն մաս կը կազմեն՝ օտար ծագում ունեցող, այսօր այլեւս հայկականացուած, հայու քիմքի համին հաճելի ձիթաիւղով տոլման, հին հայկական նախուտեստներէն՝ թոփիկը, անուշապուրը եւ չէօրէքը։ Նոր տարուայ շեմին քանի մը օր շարունակ Պոլսոյ հայահոծ թաղամասերը անուշաբոյր չէօրէք կը հոտին։ Բաց աստի, տօնական սեղանին կը դրուի երկու-երեք տեսակ աղցան, պանիր, երշիկեղէն, պէօրէք, թոփիկ, տերեւով տոլմայ, որպէս գլխաւոր ուտելիք կը մատուցուի հնդկահաւ, որուն փորը լեցուած կ՚ըլլայ եղինձով, խմիչքներէն՝ օղի եւ գինի։ Սովորոյթի համաձայն, Իսթանպուլի հայերը նոր տարին՝ ժամը 12-ը կը թեւակոխեն չոր պտուղի մը սեղանի շուրջ, որ կը խորհրդանշէ գալիք տարուան բերրիութիւնն ու առատութիւնը։ Սեղանը կը յատկանշուի՝ գլխաւորութեամբ անուշապուրի, չոր պտուղներու հարուստ տեսականիով՝ նուշ, պիստակ, ընկոյզ, չամիչ, չիր, ծիրան, արմաւ եւ ինչե՜ր, ինչեր… ինչպէս նաեւ տեսակ-տեսակ պտուղներ չէօրէք, որուն մէջ պահուած կ՚ըլլայ իր մը։ Իր բաժնին մէջ ով որ գտնէ այդ իրը, տարին իրեն համար պիտի ըլլայ բախտաբեր։
Հին տարիին մնացին վայրկեաններ։ Ժամացոյցի սլաքները սրընթաց կը մօտենան սպասուած ժամուն։ Ժամը ուղիղ 12-ին, ամէն մարդ մտքին մէջ փափաք մը պահելով՝ որոտընդոստ ծափահարութիւններով կը դիմաւորէ նոր տարին։ Զաւեշտալի աւանդոյթի մը համաձայն, քուրթուլուշաբնակ հայեր նոր տարին դիմաւորած ատեն, ժամը 12-ին, պատուհաններէն կը նետեն հին ապակեղէններ, մեծաւ մասամբ սպասքները՝ պնակ, գաւաթ եւ այլ իրեր։ Խորհուրդը այն է, թէ հինէն ազատի, որպէսզի տեղը նորը գայ։ Այնուհետեւ զիրար ողջագուրուելով բարեմաղթանքներով շաղախուած իրարու Կաղանդը կը շնորհաւորեն. մաղթելով, որ բարի տարի ըլլայ ու Աստուած գալ տարուան արժանացնէ։
Մօտեցաւ ամենէն սպասուծ պահը՝ Կաղանդի ծառի տակ հաւաքուած նուէրներու բացման արարողութիւնը, որ շատ սիրելի է մասնաւորապէս երեխաներու համար։ Քանզի կաղանդ պապուկը գիտէ, թէ ո՛ր տունի մէջ անուշիկ տղաք կան, անպայման նուէրներով անոնց կ՚այցելէ։ Երբ այլեւս բոլոր շնորհաւորանքները հնչած են, նուէրներն ալ բացուած, կարգը կը հասնի զուարճանքին։ Չոր պտուղի սեղանի շուրջ բոլորուած ներկաները կը սկսին պզտիկ դրամներով «թոմպալա» խաղալ։ Խաղի ընթացքը շատ զուարճալի ու ոգեւորուածութեամբ լի կ՚անցնի։ Խաղի ընթացքը շատ զուարճալի ու ոգեւորոածութեամբ լի կ՚ընթանայ մինչեւ ուշ գիշեր։
Ահաւասիկ Նոր տարին՝ բարի պարիկի մը պէս թեւածեց երկիր մոլորակը. բի՜ւր յոյս ու հաւատ ներշնչելով մարդկութեան։
Ես ալ վերջաւորութեան կ՚ուզեմ շնորհաւորել համայն հայութեան Ամանորն ու Սուրբ Ծնունդը։ Մեծագոյն մախթանքս է, որպէսզի 2019 թուականը Հայաստան ու Արցախ աշխարհներուն համար ըլլայ խաղաղութեան, նորանոր յաջողութիւններու ու ձեռքբերումներու տարի։ Իսկ աշխարհասփիւռ հայութիւնը օրէ օր աւելի անքակտելի կապերով կապուի մայր հայրենիքին, որպէսզի միահամուռ ջանքերով օր մը կարողանանք մեր ու մեր ապագայ սերունդներու աչքերէն մէկընդմիշտ անէացնել դարերէ ի վեր ժառանգութիւն ստացած հայու վիշտն ու խորարմատ տխրութիւնը։
Կը բաւէ՛ այսչափ փորձութիւններն ու փորձանքները։ Այլեւս հայու աչքերը թո՛ղ խնդան։ Ու Հայկ Նահապետի սիրասուն զաւակները միասնական, բռունցք մը դարձած՝ հաշտ ու համերաշխ թո՛ղ ապրին մեր բոլորի երազած Նայիրեան աշխարհի՝ երկիր դրախտավայրի մէջ։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ