ՆՈՐ ՏԱՐԻՆ ՀԱՇՈՒԵՓԱ՞Կ, ԹԷ՞ ՆՈՐ ՍԿԻԶԲ

Մարդկութիւնը հաշուեփակով մը հրաժեշտ տուաւ նախկին «Նոր Տարուան» եւ նոր նախահաշիւով մը կը մեկնարկէ Նոր Տարին։ 2019-ն այլեւս «հին» մականուամբ կը բնորոշուի, իսկ 2020-ը անցաւ պատմութեան գիրկը՝ իրեն հետ տանելով ուրախ ու տխուր, գունեղ եւ գունատ, պայծառ ու մութ օրեր։ Օրերու այդ անցնելու ընթացքին սակայն, որպէս մարդ արարած, դո՛ւն եւս «անցար, կ՚անցնիս ու պիտի անցնիս»։ «Կ՚անցնիս» տարիքովդ, մանկութեամբդ, պատանեկութեամբդ, երիտասարդութեամբդ, ծերութեամբդ, համակ կեանքովդ, արարքներովդ, սովորութեամբդ ու նկարագրովդ…։

Իւրաքանչիւր անհատ առաւել կամ նուազ գիտակցութեամբ գործադրեց տուեալ սովորութիւնը կամ կարգը՝ հաշուեյարդարը։ Բնականաբար, տարիներու թաւալումին հետ կուտակումներ տեղի ունեցան, ոմանց հաշուական պատկերը կրկնապատկուած ներկայացաւ, գուցէ բազմապատկուած, դրական վերելքով կամ բացասական վայրէջքով մը, սակայն «ամէն ինչ որ սկիզբ ունի՝ վախճան ալ ունի»ի պարզագոյն տրամաբանութեամբ ընթացքը շարունակուեցաւ։ Սակայն դէպի ո՞ւր շարունակուեցաւ, ի՞նչն էր անոր վերջնակայանը եւ նպատակը։

2019-ին ի՞նչ ըրիր. յաջողութի՞ւն արձանագրեցիր, թէ՞ ձախորդութիւն ունեցար։ Կրցա՞ր նպատակներէդ մի քանին իրագործել, թէ՞ ոչ առաջին իսկ փորձարկումէդ ետք յուսահատեցար։ Աղքատի մը գաւաթ մը ջուր տուի՞ր կամ օգնեցի՞ր, բարիք կատարեցի՞ր, անկեղծօրէն մէկու մը դէմքին ժպտացի՞ր…։

Իրօք, ի՞նչ ըրինք։ Պահ մը եթէ կանգ առնենք եւ առանց կանխակալ կարծիքի ետեւ նայինք, պիտի տեսնենք, որ մեր ետին կան բազում յաջողութիւններ եւ ձախորդութիւններ, իրագործուած նպատակներ եւ անկատար երազանքներ, ուրախութիւն եւ տխրութիւն, պայքար եւ յուսախաբութիւն։

Երբեմն մեր նպատակները իրագործելու ժամանակ նեղութեանց, արգելքներու կը հանդիպինք, սակայն անմիջապէս կը յուսա-լըքւինք եւ «անբախտ» վանկարկումը մեր կեանքին նշանաբանը դարձնելով՝ մաքառելէ ճարահատ կը դադրինք։ Սակայն կը մոռնանք, որ կեանքը յարատեւ գործընթաց է, իսկ գործընթացը՝ յարատեւ պայքար կը պահանջէ։ Պայքարը քեզ երջանկութեան կ՚առաջնորդէ, սակայն պայքարելու եւ նպատակներդ կեանքի կոչելու համար՝ պէտք է զօրաւոր կամք ունենաս, որովհետեւ կամքը պայքարի զօրացուցիչ դեղն ու խթանիչ ուժն է։ Դժբախտ է այն մարդը, որ իր կամքը կ՚անդամալուծէ ու պայքարը կը դադրեցնէ։

Դուն ծնած ես ապրելու եւ նպատակի մը համար։ Մի՛ ապրիր կեանքդ, որովհետեւ պարզապէս ծնած ես։ Մի՛ քալեր այն ճանապարհէն, որուն ընդմէջէն կեանքը քեզ կ՚ուղղէ դէպի օտարոտի վայրեր՝ քեզ ընկլուզելու եւ երեսի վրայ ձգելու համար։ Ընդհակառակը, դուն տար կեանքը դէպի այն ճամբան, որմէ դուն ու խիղճդ կ՚ուզէք ընթանալ։ Ի՞նչ է ընտրած ուղիդ. յուսահատութեա՞ն, պարտութեա՞ն, երկչոտութեա՞ն, յանձնուելո՞ւ ուղին, թէ՞ ոչ պայքարելու, արարելու, չպար-տըւելու եւ դարձեալ փորձելու ուղին։ Ի՛նչ ալ ըլլան պարագաներն ու պայմանները, երբեք մի՛ յանձնուիր, այլ նեղութեան պահուդ լոյս մը փնտռէ, որովհետեւ հոն ուր պայքար կայ, այնտեղ նպատակասլացութիւն կայ։

Գիտե՞ս, որ կեանքը իսկապէս անցողիկ է։ Կ՚արժէ՞ գնայուն արժէքներուն արժէք տալ, իսկ մնայունը չարժեւորել ու յօդս ցնդել։ Կ՚արժէ՞ կարօտաբաղձ հոգիներուն սիրտերը կտրել եւ անտեսել, փոխանակ պտղունց մը սիրով անոնց ցաւերը ամոքելու։ Ինչո՞ւ այսքան տագնապ եւ դժբախտութիւն՝ մարդոց ձեռքով, երբ բոլոր մարդիկ հաւասարապէս քաջ գիտեն, թէ վախճան մը ունին եւ անոր կը դիմեն քայլ առ քայլ, րոպէ առ րոպէ։ Ինչո՞ւ այսքան ոճիր եւ սպանութիւն, փլուզում ու աւերածութիւն անհատ թէ հաւաքական մարդոց կողմէ մարդոց հանդէպ, երբ մեռնիլ կայ եւ նոյն հասարակաց անխուսափելի վախճանը դարանի մը նման կը սպասէ բոլորին եւ բոլորն ալ անխտիր օր մը հող պիտի իջնեն ու փոշիանան։ Հարցումներու շարանը շա՜տ երկար է։

Այսօր կ՚ապրինք կորուստը գերագոյն Նպատակակէտին, որմէ կեանքին ծիածանող նպատակները պիտի յառաջանային՝ երջանկութեամբ գունազարդելու մարդկութեան կեանքը երկրի վրայ եւ ո՛չ թէ այլանդակուած պատկերը մարդկութեան պիտի փորձէինք կեղծել ու շպարելով գունաւորել՝ խորապէս մեր ձախորդութիւնը ծածկելու համար։ Ընդհակառակը, մարդը իր նպատակներու այլազանութիւնը պիտի կարենար անցընել աստուածային պրիսմակէն՝ հասնելու անստուեր ու անմար Լոյսին՝ հրաշալի ամբողջ ստեղծագործութեան անփոփոխ ու անփոխարինելի Նպատակակէտին՝ Աստուծոյ։

Մեր հաւատքի գիրքին՝ Աստուածաշունչ Մատեանին պատգամները մեզի կը սորվեցնեն, թէ Աստուծոյ ճշմարիտ նպատակը մեզ վերստին ծնիլն է՝ որպէս Իր նոր ստեղծագործութեան առաջին պտուղները (Հմմտ. Յկ 1.18)։ Արդ, նպատակին իրագործման համար «Աստուած երբեմն մեզ կը ցաւցնէ՝ ապաշխարութեան միջոցաւ փրկութեան առաջնորդելու նպատակով» (Բ.Կր 7.10)։ Մեր կեանքի նպատակը պէտք չէ ըլլայ մարդոց «հաճութիւնը շահիլ» (Հմմտ. Բ.Կր 5.12), այլ՝ Աստուծոյ աչքին մեծնալ կամ հարստանալ (Հմմտ. Ղկ 12.21)։ Քրիստոնէական ու Հայ Եկեղեցւոյ գլխաւոր նպատակն է, Պօղոս Առաքեալին հետեւողութեամբ, մեզի «ճանչցնել Յիսուսը՝ Քրիստոսը, այսինքն նոյնինքն խաչուած Փրկիչը» (Ա.Կր 2.2)։ Քրիստոնեայ ու հայ մարդուն նպատակն է՝ Տէր Յիսուս Քրիստոսը ճանչնալը (Հմմտ. Փլպ 3.8,10), որուն հասնելու եւ հասկնալու համար Առաքեալը «ամէն ինչ» թողուց (Հմմտ. Փլպ 3.8) եւ ձգտեցաւ եկատարելապէս Անոր. միանալ (Հմմտ. Փլպ 3.9)։ Թէեւ ինքզինք եկատարելութեան հասած. չի նը-կատեր, սակայն եհասնելու կը ձգտի. (Հմմտ. Փլպ 3.12-13), այդ պատճառով կը յայտարարէ պաշտօնապէս, թէ «ուշադիր կերպով կը վազեմ դէպի նպատակակէտը» (Փլպ 3.14)։

Իմաստուն մը ըսած է. «Երեք բան երբեք ետ չեն վերադառնար՝ ժամանակը, խօսքերը եւ հնարաւորութիւնները: Երեք բան պէտք չէ կորսնցնել՝ հանգստութիւնը, յոյսը եւ պատիւը: Երեք բան մարդուն կեանքին մէջ ամենէն արժէքաւոր յատկութիւններն են՝ սէրը, համոզումն ու վստահութիւնը: Երեք բան մեր կեանքին մէջ անյուսալի են՝ իշխանութիւնը, յաջողութիւնը եւ կարողութիւնը: Երեք բան մարդս կը բնորոշեն՝ աշխատանքը, ազնուութիւնն ու ձեռքբերումները: Երեք բան դժուար է ըսել՝ «կը սիրեմ», «ներէ» եւ եօգնէ»։ Երեք բան մարդ արարածը կը քայքայեն՝ գինին, գոռոզութիւնը եւ բարկութիւնը»: Վերոթուարկեալները կրնայ ըլլալ կորսնցնես առ յաւէտ, բայց Երկնաւոր Հայրդ միշտ գրկաբաց ու ակնդէտ տուն դարձիդ կը սպասէ։

Սիրելի՛ ընթերցող, մարդ արարածը յաճախ իր կեանքը անդառնալիօրէն, անմիտ շռայլութեամբ կը վատնէ ու ժամանակը վասն ոչինչի կը մսխէ. կ՚ապրի՝ ապրելու սիրոյն, կը սիրէ՝ ատելավառ հայեացքներով, կը խօսի՝ խօսելու սիրոյն, կը գործէ՝ գործելու սիրոյն, կը սիրէ՝ շահադիտական հաշիւներու համար, յուդայաշունչ համբոյրով կը գիրկընդխառնուի՝ յետին նպատակներու համար, կ՚ընկերանայ՝ բացթողումդ յայտնաբերելու եւ ապա քեզ երեսի վրայ ձգելու համար։ Նմանօրինակ երեւոյթներով իր կեանքը խճճած մարդը երբեմն առանց գիտակցելու ճղճիմ յարաբերութիւններու «միջանցքներու» մէջ կը վազվզէ՝ ինքզինք «ճիշդ ու սխալ» վանկարկումներու մէջ դեգերելով։

Ապրէ՛ կեանքդ, անկեղծ եղիր նախ քո՛ւ անձիդ եւ ապա՝ շրջապատիդ նկատմամբ։ Թերութիւններդ, սխալներդ եւ թուլութիւններդ ընդունէ, «photoshop»ի եւ այլ արհեստագիտական ու ձեւական ծրագիրներով դուն քեզ մի՛ դիմափոխեր, այլ Նոր Տարուայ այս սեմին մակերեսայինէն դէպի խորքը գնա՛, ձեւականութիւնը թօթափէ քու վրայէդ եւ մանկական նկարագրիդ սպիտակ շղարշը նախկին իր վիճակին բեր, որպէսզի սիրով տոգորուած նկարագրովդ՝ քաղցրացնես դառնացած սիրտերը, հեզութեամբդ՝ հպարտ հոգիները խոնարհութեան բերես, իսկ ազնուութեամբդ կեղծաւորներուն դիմակները երեւան հանես։

Նոր Տարի է, առ այդ, դուն քեզ վերանորոգէ եւ «նոր մարդ» դարձիր…

ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2019