ՆՈՐ ՏԱՐԻ ՆՈՐ ՄԱՐԴ

Տօնական օրեր են դարձեալ: Մարդիկ իրարանցումի եւ պատրաստութիւններու մէջ են՝ դիմաւորելու համար Նոր տարին, այս անգամ արդէն 2020-ը:

Տարի մը եւս անցաւ մեր կեանքի պատմութեան էջերէն: Տարի մը, որ շատերու համար նոր ձեռքբերումներու եւ յաջողութիւններու տարի մը եղաւ, ուրիշներու համար՝ ձախորդութեան եւ դժուարութիւններու, ուրիշներ՝ հրաժեշտ տուին իրենց սիրելիներուն՝ ճանապարհելով դէպի միւս աշխարհ, ուրիշներ՝ հրաժեշտ տուին իրենց հարազատներուն դէպի ուրիշ երկիրներ, եւ այսպէս կարելի է երկարել շարքը: Այս բոլորին մէջ հետաքրքրականը այն է սակայն, որ հակառակ այս բոլոր իրողութիւններուն եւ անհատական գետնի վրայ կատարուած իրադարձութիւններուն, կեանքը կը շարունակէ իր բնականոն ընթացքը, առանց ուշադրութիւն դարձնելու այս բոլորին...:

Կեանքին բռնած այս իրողութիւնը մեզմէ իւրաքանչիւրիս հետեւեալ պատգամը կը փոխանցէ.

-Ո՜վ մարդ, դուն քեզ մի՛ կապեր այս աշխարհին: Քեզմէ առաջ շատեր եկան աշխատեցան, տքնեցան, յաջողութիւններու հասան, սակայն վերջաւորութեան ծաղիկի մը նման թոռմեցան ու անցան: Անցան՝ անվերադարձ: Անոնցմէ շատեր անցան, բայց իրենց այդ անցնելուն մէջ հետաքրքրական երեւոյթ մը զիս կլանեց, այն էր՝ որ անոնք ուրախութեամբ, ժպիտով, թարմացած, պայծառացած դէմքերով հրաժեշտ տուին ինծի, ըսելով.

-Շնորհակալ ենք տուած հնարաւորութիւններուդ համար, որով յաջողեցանք գտնել Ճշմարիտը եւ հիմա մեր աչքերը կը փակենք քու ժամանակաւոր տեսակիդ, այն բանալու համար՝ քու յաւիտենական տեսակիդ:

Արդարեւ, ի՞նչ է մարդ արարածին կեանքը, եթէ ոչ որոնումը Ճշմարիտին, Յաւիտենականին: Ճշմարիտին ու Յաւիտենականին որոնումը մեզմէ շատերէն կրնայ տարիներ ու տարիներ խլել, իսկ ուրիշներէ՝ որոշակի կարճ ժամանակ մը: Այս բոլորին մէջ էականը, սակայն, որոնումի ընթացքը չէ, այլ՝ որոնումին արդիւնքը: Եթէ յաջողինք մեր որոնումներուն մէջ ու յաջողինք հասնիլ, գտնել Ճշմարիտն ու Յաւիտենականը, ինքնըստինքեան մեր կեանքը նո՛ր ընթացք մը կ՚ունենայ, նո՛ր թափ մը կը ստանայ, որով անցեալը շատերուս համար կը մնայ քաղցրիկ յուշ մը, ուրիշներու համար՝ տանջող կսկսիծ մը, ուրիշներու համար մնայուն կերպով սթափեցնող աղաղակ մը, եւ այլն:

Աւետարանական հասկացողութեամբ Ճշմարիտն ու Յաւիտենականը մեր Տէր ու Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսն է, Ով Ի՛նքն իսկ այդ մասին յայտնեց՝ ըսելով. «Ե՛ս եմ ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը» (Յհ 14.6). իսկ ուրիշ տեղ մը կ՚ըսէ. «Ե՛ս եմ յարութիւնը եւ կեանքը: Ան որ Ինծի կը հաւատայ, թէպէտեւ մեռնի՝ պիտի ապրի: Իսկ ան որ ողջ է եւ Ինծի կը հաւատայ՝ երբեք պիտի չմեռնի» (Յհ 11.25): Արդարեւ մեր երկրաւոր կեանքին մէջ Ճանապարհը Միա՛կն է՝ Տէր Յիսուսը: Ճշմարտութիւնը Մէ՛կն է՝ Յիսուս Փրկիչը: Կեանքն ու կեանքի աղբիւրը Մէ՛կն է՝ մարդեղացած Աստուածորդին: Եթէ այդ Ճամբայով ընթանանք՝ ճշմարտութեան մէջ կը մնանք եւ ժամանակաւոր այս կեանքէն կ՚անցնինք յաւիտենական կեանքին, որովհետեւ՝ «ով որ Ինծի կը հաւատայ, թէպէտեւ մեռնի՝ պիտի ապրի», քանի որ՝ «Ե՛ս եմ յարութիւնը եւ կեանքը»:

Ճշմարիտն ու Յաւիտենականը գտնելէն ետք սակայն, մարդ պէտք է այլեւս ուշադիր ըլլայ իր ընթացքին, որպէսզի կեանքին յորձանուտները յանկարծ չհինցնեն զինք, չխամրեն զինք: Եւ ահա այստեղ է, որ հոգեւոր մարդուն համար Նոր տարին կը ստանայ իր ճիշդ եւ իրաւացի հասկացողութիւնը:

Դժբախտաբար այսօր Նոր տարին վերածուած է աշխարհիկ հաճոյքներն ու պահանջքները ամբողջացնելու կամ գոհացնելու դաշտ մը, մինչ այն խորքին մէջ այդպիսին չէ: Նոր տարին ո՛չ թէ մեր մարդկային սի՜ն փափաքներն ու հաճոյքները բաւարարելու եւ իրականցնելու առիթ մըն է, այլ՝ առիթ մը նորոգուելու, թարմանալու, ուրիշին ուրախութիւն պարգեւելով հոգեպէս հարստանալու, ի վերջոյ քայլ մը աւելիով առաջանալու եւ մօտենալու մեր Արարիչին:

Այդ աշխարհիկ հաճոյքներէն կամ ունայնութիւններէն մէկն է, բացուող տարին կենդանիի մը նուիրելու վատ սովորութիւնը, որ մեր ժողոուրդին զաւակները վերցուցած են այլ ազգերէ եւ դժբախտաբար կը փորձեն ատով ցոյց տալ, թէ իրենք յառաջադէմ ու ազատամիտ են: Բայց իրականին մէջ խաւարամտութեան ու տգիտութեան արդիւնք է առանց հասկնալու եւ առանց իմանալու օտարին ունեցածը վերցնել եւ փորձել սեփականացնել:

Տարին կենդանիի մը նուիրելու սովորութիւնը յատկապէս մեծ տարածում գտած է մեր Հայրենիքէն ներս, ուր տօնական օրերուն մարդիկ ամէն կերպով կ՚աշխատին, որպէսզի իրենց սեղաններուն վրայ ներկայ ըլլայ նաեւ կենդանին՝ որու նուիրուած է բացուող Նոր տարին, տետրակները կը հրատարակուին այդ կենդանիին պատկերներով՝ ինչպէս նաեւ պատի ու գրպանի օրացոյցներ, բաժակներ, ամաններ, եւ այլն, եւ այլն: Այս բոլորը խորքին մէջ ո՛չ թէ յառաջադիմութիւն է, այլ՝ ստրկամտութիւն եւ վաճառականութիւն: Մեզի համար՝ յատկապէս քրիստոնեաներուս այսինչ կամ այնինչ կենդանի տարի չկայ, այլ կայ մի միայն Աստուծոյ տարի: Բոլոր բացուող նոր տարիները մեզի համար պէտք է ըլլան Աստուծոյ տարի:

Լսենք, թէ Սաղմոսերգուն ի՛նչ կ՚ըսէ այս ուղղութեամբ. «Տէրը չի՛ փնտռեր մարդիկ՝ որոնք ձիուն զօրութեան կը վստահին, կամ կ՚ապաւինին իրենց արագաշարժ ըլլալուն։ Տէրը աստուածավախ մարդիկ կ՚ուզէ, մարդիկ՝ որոնք Իր սիրոյն կը վստահին» (Սղ 147.10-11): Շատ պարզ ու յստակ. մեր Տէրը ձիուն՝ ընդ որում եւ այլ անասուններու ապաւինող ու վստահող մարդիկ չի՛ փնտռեր, այլ՝ աստուածավախ մարդիկ է որ կը փնտռէ, որոնք գիտեն արժեւորել ու գնահատել Իր սէրը եւ այդ սիրոյն փոխարէն սիրով պատասխանել։ Միշտ նկատի պէտք է ունենանք, որ թէ՛ բանական արարածներս եւ թէ ալ անբանները նոյն Արարիչին ձեռագործներն ենք. մեր եւ անբաններուն միջեւ եղող միակ տարբերութիւնը այն է, որ մենք օժտուած ենք բանականութեամբ՝ մտածելու կարողութեամբ, իսկ անբանները՝ չունին այդ առաւելութիւնը, եւ բնականաբար մեզի հաւասար իսկ չեն, անոնք յանձնուած են մեր խնամքին, իսկ մենք ի՞նչ կ՚ընենք, մեր խնմաքին յանձնուած անբան անասուններուն յարգանք ու պատիւ կ՚ընծայենք, այնքան որ ամբողջ տարի մը անոնց կը նուիրենք... Պարզապէս անմտութիւն կարելի է որակել այս արարքը:

Շատեր կրնան ըսել, որ չինացիները կամ այլ ժողովուրդներ այդպէս կ՚ընեն: Այո՛, կ՚ընեն, բայց մէ՛կ տարբերութեամբ. անոնք չեն ճանչնար զՔրիստոս, Քրիստոսի դրոշմը չեն կրեր իրենց վրայ, մինչ մենք՝ Քրիստոսի Սուրբ Արիւնով գնուած ենք եւ Սուրբ Մկրտութեամբ մեր ճակատներուն վրայ կը կրենք Քրիստոսի Սուրբ Դրոշմը, որով որդեգիր զաւակները դարձանք Հօր Աստուծոյ: Այս իմացումը կամ գիտակցումը ունենալէ ետք, եթէ շարունակենք տարին անասուններու նուիրել, ատով պարզապէս անպատուած կ՚ըլլանք մեր Արարիչը եւ ուրացած՝ Անոր փրկագործութիւնը:

Տակաւին, փոխանակ զԱստուած փնտռելու, փոխանակ Աստուծոյ մօտենալու, փոխանակ մեր կեանքի իւրաքանչիւր տարին Աստուծոյ նուիրելու եւ Աստուծմով ապրելու, զայն կը նուիրենք ու կը կոչենք անբան անասունի մը անունով եւ չգիտեմ ինչ-ինչ երազներ ու յոյսեր կը կապենք այդ անասունին։ Այս մէկը փաստ մըն է, որ Մովսէսի ժամանակ ապրած մարդոցմէ ոչինչով կը տարբերինք. անոնք անապատին մէջ Ահարոնէն խնդրեցին, որ իրենց ձուլածոյ մը շինէ, որպէսզի երկրպագեն ու պաշտեն, անտեսելով աստուածներու Աստուածն ու տէրերու Տէրը։ Ահարոնը համակերպելով անոնց, անոնց իսկ նուիրած ոսկիներով մէջտեղ բերաւ ոսկեայ հորթը, որ մարդոց պաշտամունքի առարկան դարձաւ։ Անտեսանելին, Ամենակարողը թողլով, պաշտեցին Ահարոնի ձեռքով շինուած հորթը, զիրենք Եգիպտոսէն Հանողը ու փարաւոնէն Փրկողը թողլով, երկրպագեցին ոչնչացող ու անարժէք նիւթին։ Այսօր, մենք եւս նոյն ընթացքին մէջ ենք. զՔրիստոս՝ տեսանելի Օծեալը ձգելով, անբան անասուններու ետեւէ ինկած ենք, խաչին վրայ Իր Սուրբ Արեամբ մեզ Փրկողը թողած, մենք մեզ այդ անասուններուն կը կապենք, փոխանակ մենք մեզ կապելու՝ Անմահ եւ Յաւիտենական Թագաւորին։

Պահ մը լսենք դարձեալ Աստուածաշունչը՝ թէ ի՛նչ կ՚ըսէ. «Ես եմ Եհովան, քու Աստուածդ, որ քեզ Եգիպտոսի երկրէն, ծառայութեան տունէն հանեցի։ Ինձմէ զատ ուրիշ աստուածներ չունենաս։ Դուն քեզի կուռք չշինես, ո՛չ վերը երկինքի մէջ, ո՛չ վարը երկրի վրայ, կամ երկրի տակի ջուրերուն մէջ եղած բաներուն մէկ նմանութիւնը. անոնց երկրպագութիւն չընես ու զանոնք չպաշտես. վասն զի Ես քու Տէր Աստուածդ նախանձոտ Աստուած եմ, որ կը հատուցանեմ հայրերուն անօրէնութիւնը որդիներուն, մինչեւ անոնց երրորդ ու չորրորդ ազգը՝ որ կ՚ատեն զիս եւ կ՚ողորմիմ անոնց մինչեւ հազար ազգը՝ որ կը սիրեն զիս ու Իմ պատուիրանքներս կը պահեն» (Ելք 20.2-5). տասը պատուիրաններէն առաջինը, որ այնքան դիւրահասկանալի եւ դիւրըմբռնելի է, սակայն որովհետեւ զԱստուած չե՛նք ճանչնար ու Աստուծմէ հեռացած ենք մեր մեղքերուն պատճառով, աւելին՝ քանի որ Աստուածաշունչ չենք կարդար, բնականաբար եւ այսքան յստակ պատուէրը չենք կրնար ճիշդ ձեւով ընկալել ու հասկնալ։ Աստուած նախանձոտ Աստուած է եւ երբ Անոր յատկացուելիք պատիւն ու փառքը ուրիշին յատկացուի, բնականաբար անհետեւանք չի՛ մնար այդ արարքը, հետեւաբար զգուշանանք եւ զգաստանանք ու փոխանակ տարիները այսինչ կամ այնինչ անասունին անունով կոչելու, իւրաքանչիւր տարի կոչենք ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՏԱՐԻ եւ զայն յատկացնենք մի միայն Աստուծոյ։ Աստուծմով ապրինք, Աստուծմով շնչենք, Աստուծմով գործենք եւ Աստուծմով ընթանանք, հաւատալով որ եթէ Ամենաբարին Աստուած մեր մէջ ներկայ է, ոչ մէկ բանի կարիք կը զգանք, ընդհակառակը մեր ունեցածէն կու տանք, որովհետեւ Աստուծոյ հաւատարիմ զաւակը չի՛ կրնար իր Ծնողէն տարբեր ըլլալ, այսինքն՝ ողորմած, բարեսէր, գթառատ։

Պետրոս Շանշեանց իր «Ուսումն պարտուց» գիրքին մէջ, խօսելով՝ թէ ինչո՞ւ Աստուած տասնաբանեայի առաջին պատուիրանով կ՚արգիլէ մեզի ուրիշ աստուածներ չունենալ, այսպիսի բացատրութիւն մը կու տայ. «Երբ կը հաւատանք եւ կ՚ընդունինք այս ամենէն մեծ ճշմարտութիւնը, որ կայ միայն մէ՛կ Աստուած, աշխարհի Ստեղծիչ ու Նախախնամող, որ միայն իրաւունք ունի պաշտուելու եւ յարգուելու, այնուհետեւ ուրիշ ստեղծուածներ պաշտել՝ կը նշանակէ մեծագոյն յանցանք գործել, կը նշանակէ անարգել Աստուածութիւնը, Անոր մեծութիւնը արարածներուն հաւասարեցնել եւ արարչական պատիւ չտալ: Հեթանոսները յստակ օրինակ մըն են մեզի համար, թէ մինչեւ ի՞նչ աստիճանի մարդիկ կրնան ապականիլ եւ անպիտան դառնալ, ճշմարիտ Աստուածը ձգելով եւ կուռքերուն պաշտամունք մատուցելով: Այս պատճառով է, որ Պօղոս առաքեալը կը պատուիրէ միա՛յն Աստուծոյ պաշտամունք ընծայել. “Չըլլա՛յ որ ոեւէ մէկը իր կեղծ խոնարհութեամբ, հրեշտակներուն ընծայուած պաշտամունքով...” (Կղ 2.18): “Քու Տէր Աստ-ւածդ պէտք է պաշտես եւ միայն Անո՛ր ծառայես” (Մտ 4.10): “Երբ Պետրոս տուն կը մտնէր, Կոռնելիոս զայն դիմաւորեց եւ անոր առջեւ խոնարհութիւն ընելով երկըր-պագութիւն ըրաւ: Պետրոս զայն ոտքի հանեց, ըսելով.

-Ոտքի՛ ել. ես ինքս ալ մարդ եմ” (Գրծ 10.25-26)». եւ «Ի վերջոյ, կ՚արգիլէ նաեւ արդի հեթանոսութիւնը, որ թէեւ հինին նման կոպիտ եւ վայրագ չէ, բայց դարձեալ դատապարտութեան արժանի է, որովհետեւ մեր սիրտը, որ միայն Աստուծոյ կը պատկանի, արարածին կու տանք. արարածը Արարիչէն աւելի կը սիրենք եւ մեր յոյսն ու հաւատքը փոխանակ Արարիչին՝ արարածի վրայ կը դնենք: Այս եւս տեսակ մը կռապաշտութիւն է, որ նոյնպէս դադապարտելի է Աստուծոյ առջեւ. “Հետեւաբար մեռցուցէ՛ք ձեր մէջ երկրաւոր ցանկութիւնները, այսինքն՝ ձեզմէ դուրս վանեցէք պոռնկութիւնը, պղծութիւնը, կիրքը, չար ցանկութիւնը եւ ագահութիւնը, ինչ որ կռապաշտութիւն է” (Կղ 3.5): “Անոնց վերջը կորուստ է, որովհետեւ իրենց աստուածը իրենց փորն է: Ամօթալի բաներով կը հպարտանան եւ միայն երկրաւոր բաներու մասին կը խորհին” (Փլպ 3.19)»:

Մենք բոլորս ալ անցորդներ ենք այս աշխարհին մէջ. այսօր կանք, վաղը կրնայ ըլլալ, որ արդէն իսկ չըլլանք: Եթէ այս մասին կը մտածենք ու կը գիտակցինք այս ճշմարտութեան, հետեւաբար պէտք է մեր կեանքի օրերը չվատնենք անտարբերութեամբ ու անհոգութեամբ: Շատեր կ՚ըսեն.

-Լաւ ի՛նչ է որ, եղած չեղածը մէկ օր է, վայելենք, ամբողջ տարին կը վազենք, կը յոգնինք, կը տանջուինք, այս մէկ օրն ալ քիչ մը այդ մթնոլորտէն հեռանանք ու «ուրախանանք»:

Արդար եւ իրաւ:

Բայց միայն այդ օ՞րն է, որ մարդ պէտք է վայելէ իր հանգիստը եւ ուրախ զգայ: Չէ՞ որ տարուան իւրաքանչիւր օրը գոհունակ սիրտ ունեցող մարդուն համար նոր տարի է: Պայմա՞ն է, որ այդ 365-րդ օրուան սպասէ մարդ, որպէսզի ուրախանայ, հանգստանայ, վայելէ:

Հանգիստը, ուրախութիւնն ու վայելքը մարդուն ներաշխարհէն կու գան, այլ խօսքով՝ եթէ մարդ ներքնապէս խաղաղ է, գոհունակ, շնորհակալ, այդ բոլորը ինքնաբերաբար կու գան, իսկ հակառակ պարագային, Նոր տարուան օրը ի՛նչքան ալ մեր սեղանները լեցուն եւ ճոխ ըլլան, ի՛նչքան ալ մեր գացած ճաշարաններուն տոմսերը սուղ ըլլան, ի՛նչքան ալ մեր գացած օտար երկրի մէջ Նոր տարին դիմաւորելը «հետաքրքրական» ըլլայ, այդ բոլորը թերի ու պակասաւոր կը մնան, երբ մարդուն ներաշխարհը հանգիստ չէ, երբ մարդ այդ բոլորին կողքին, իր ունեցածէն մասնիկ մը չի՛ հաներ իր նմանին, որ այդ բոլորին կարիքը կամ սպասումը չէ՛, որ ունի, այլ կտոր մը չոր հացի եւ բարեացակամ վերաբերմունքի: Ուրիշին ուրախութիւն պարգեւելով, ուրիշին ուրախութեամբ ուրախանալովն է, որ մարդ պիտի հասնի ներքին երջանկութեան ու գոհունակութեան:

Կրնա՞նք գէթ մէկ երեխայ ուրախացնել նոր տարուան գիշերը, ա՛յդ իսկ է մեծագոյն հաճոյքը մեր նոր տարուան:

Կրնա՞նք գէթ մէկ կարօտեալի սեղանակից դառնալ նոր տարուան գիշերը, ա՛յդ իսկ կը դառնայ երեւի մեր կեանքի ամենէն հաճելի սեղանն ու սեղանակիցը:

Կրնա՞նք գէթ մէկ հիւանդի այցելել նոր տարուան գիշերը՝ փորձելով զինք մխիթարել ու քաջալերել, ա՛յդ իսկ է մեր հոգիներուն մխիթարութիւնը:

Կարելի է շարքը երկարել: Իսկ եթէ չենք կրնար վերոյիշեալներէն մէկը իրականցնել, գոնէ նոր տարին մեր Երկնաւոր Հօր Տան՝ Սուրբ Եկեղեցիին մէջ դիմաւորենք, որպէսզի Անոր օրհնութիւններով ու շնորհներով լեցուած ու զօրացած ուրախութեամբ եւ գոհունակութեամբ դիմաւորենք բացուող նոր տարին, յուսալով, որ ամբողջ տարին Անոր օրհնութիւններն ու շնորհները անպակաս մնան մեզմէ իւրաքանչիւրէն:

Մարդ, ուրեմն, ներքնապէս խաղաղ պիտի ըլլայ, որպէսզի կարողանայ լիովին ճաշակել վայելքն ու հանգիստը, եւ՝ ուրախութիւնը: Իսկ լիովին այդ բոլորը ճաշակելու համար, մարդ կարիքը ունի մնայուն նորոգման՝ հոգեպէս ու բարոյապէս, եւ այս առումով Նոր տարին այն բացառիկ առիթն է, որով մարդ իր անձնական մտորումներով եւ խորհրդածութիւններով կրնայ ինքզինք լաւապէս եւ ճիշդ կերպով քննել ու հասկնալ, թէ ինք ի՛նչ ըրած է իր կեանքի ընթացքին:

Նոր տարին, արդարեւ, ո՛չ թէ միայն կերուխումի եւ ուրախութեան առիթ է, այլեւ՝ նորոգուելու, վերաթարմանալու եւ իր կեանքի ընթացքին որդեգրած ուղղութեան վերարժեւորումին ու վերագնահատումին:

Կ՚ուզե՞նք ուրախ ըլլալ, ճանապարհը մէկն է՝ նորոգուիլ:

Կ՚ուզե՞նք հանգիստ ըլլալ, դարձեալ ճանապարհը մէկն է՝ նորոգուիլ:

Կ՚ուզե՞նք վայելել մեր կեանքը, դարձեալ եւ դարձեալ ճանապարհը մէկն է՝ նորոգուիլ:

Իսկ այդ նորոգումը կու գայ մեր վարուելակերպէն ու վերաբերմունքէն: Այդ նորոգումը կու գայ մեր ընկալումներէն եւ սկզբունքներէն: Ի վերջոյ այդ նորոգումը ո՛չ թէ հինին, ունեցածին ժխտումն ու օտարացումն է, ո՛չ, այլ՝ այդ հինն ու ունեցածը վերանորոգելն է, ծաղկեցնելն ու պտղաբեր դարձնելն է: Իսկ հինը կը նորոգուի այն ժամանակ, երբ կը սկսինք ուրիշով ապրիլ, այսինքն՝ ուրիշին համար ապրիլ, այլ խօսքով՝ մեր նմանին համար ապրիլ, որով զԱստուած տեսնելու արժանի կը դառնանք, ըստ այնմ. «Մեր ձեռքն է զԱստուած տեսնելն ու չտեսնելը։ Եթէ այստեղ տեսնենք զԻնք աղքատներուն մէջ եւ քաղցրութեամբ խնամենք՝ քաղցածներուն կերակրելով, ծարաւներուն ջուր տալով, մերկ մարդիկը հագուեցնելով, անտուններուն օթեւան տալով, հիւանդներուն այցելելով ու բանտարկուածները ազատելով, հետեւաբար հանդերձեալ կեանքին մէջ ալ կը կարողանանք տեսնել զԻնք եւ լսել Անոր քաղցր ձայնը. “Եկէ՛ք Հօրս կողմէ օրհնեալներ, եւ ժառանգեցէք այն արքայութիւնը, որ ձեզի համար աշխարհի սկիզբէն պատրաստուած է” (Մտ 25.34), որուն թող բոլորս ալ արժանանանք, մեր Տէր եւ Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի շնորհով եւ մարդասիրութեամբ» (Սարգիս Շնորհալի Վրդ.):

Նոր տարին դիմաւորենք Սաղմոսերգուին բառերով դիմելով մեր Արարիչին ու ըսելով.

«Մաքուր սի՛րտ մը հաստատէ մէջս, ո՜վ Աստուած, նոր եւ ուղիղ հոգի՛ դիր իմ ներսիդիս» (Սղ 51.10), որովհետեւ՝ «ով մարդ, եթէ սիրտդ չմաքրես՝ Տիրոջ թագաւորութեան մէջ մաս չունիս։ Լսէ՛, ով աշխարհասէր, երկրային հաճոյքներու եւ անցաւոր գանձերու պրպտումները երջանկութիւն չեն շնորհեր քեզի, եթէ սիրտդ չլուաս։ Լսէ՛, նաեւ դո՛ւն, ո՛վ քրիստոնեայ, քու քրիստոնեայ անունդ, յաճախ եկեղեցի երթալդ եւ կատարած արտաքին արարողութիւններդ անօգուտ կ՚անցնին, եթէ սիրտդ չլուաս եւ չսրբուիս» (Գէորգ Չէօրէքճեան Կաթողիկոս):

Ի վերջոյ, լսենք լուսահոգի Զարեհ Արքեպիսկոպոս Ազնաւորեանի քաղցրահամ խօսքը Նոր տարին դիմաւորելու մասին, որ կ՚ըսէ.

«Նոր տարուան առիթով փոխանակ ամենազգի նիւթական բարիքներ հայցելու Աստուծմէ, խնդրեցէք որ ձեր կեանքի հնութիւնը նորութեան փոխակերպուի կեանքի նոր աւիշով, թարմութեամբ։

Հաւատքի վստահութիւնը ուզեցէք Աստուծմէ, ո՛վ մարդիկ. թող այդ վստահութիւնը լեցնէ ձեր սիրտերը, որովհետեւ անիկա խաղաղութիւն կը բերէ միտքերուն։

Սէր ուզեցէք Աստուծմէ, ո՛վ մարդիկ. որովհետեւ սէրն է միայն որ կեանքի մէջ կը զգացնէ, թէ դուք լեցուն էք, լեցուն այնքան՝ որ չէք կրնար չպարպուիլ, չէք կրնար ձեր զեղուն բաժակէն չհրամցնել ու չխմցնել նաեւ ուրիշներուն։

Աստուծմէ երջանկութիւն ուզեցէք, ո՛վ մարդիկ. ա՛յն երջանկութիւնը սակայն, որ բարեգործութեամբ կու գայ։ Ուզեցէք որ Աստ-ւած ձեր քայլերը բարեգործութեան ճամբուն ուղղէ, եւ այն ատեն ձեր երջանկութիւնը ինքնին կու գայ՝ ձե՛ր պարգեւելովը եւ ձեր բաշխելովը։ Եթէ դուք չբաշխէք, չէք կրնար այդ ուրախութիւնը ունենալ։

Եւ, սորվինք բոլորս, որ եթէ մենք չծրագրենք մեր կեանքը, չօգնենք մենք մեզի եւ չլեցնենք մեր կեանքը, չենք կրնար Աստուծոյ օրհնութիւնը հայցել մեր կեանքին վրայ։

Այս մտածումներով ձեզի կը մաղթենք նորոգուած, հաւատակամ, յուսալից ու սիրազեղ կեանք մը, լի բարօրութեամբ եւ երջանկութեամբ։

Շնորհաւոր Նոր տարի եւ Սուրբ Ծնունդ բոլորիդ»:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2019