ՄԵՐ ՀՈՂԸ ԱՐԻՒՆ ՏԵՍԱՒ, ԲԱՅՑ ԱՏԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԵՐԲԵՔ ՉՅԱՆԳԵՑԱՒ

«Նոր» բառը միշտ կ՚ենթադրէ նորութիւն մը, որ իր հետ կը բերէ նոր յոյսեր, յոյզեր, երազներ, ապագային իրագործուող ծրագիրներ...։ Սակայն երբ հոգիդ խռոված է, երբ շրջապատդ լեցուն է տարտամ վիճակի մէջ գտնուող մարդոցմով, երբ երկիրդ արտաքնապէս անկայուն է, ներքնապէս քայքայուած է, երբ ներքին «որդ»եր կը փորձեն սեպ խրել քու ժողովուրդիդ մէջ, երբ մութ ուժեր կը յանդգնին հայ ազգութեանդ բազկերակը կտրել, երբ հանրութիւնը հոգեպէս բարոյալքուած է ու անճիտուած, ահա այն ատեն «նոր» բառը կը դառնայ լուսանցքային ու «անտեսուած»։

2020 տարին համայն մարդկութեան համար եղաւ աղէտարար, պատուհասով, դժբախտութիւններով ու դառնութիւններով լի տարի մը։ Պսակաձեւ համաճարակը, անկայուն տնտեսական իրավիճակը, արգելակումները, սահմանափակումները մարդ արարածս դարձուցին ինքնամլացած ու ինքնակղզիացած։ Աշակերտներ կարօտը մնացին իրենց դպրոցական կեանքին, համալսարանականներ չկրցան լիարժէք ստանալ իրենց փոխանցուածը, զուարճանքները, հանրային հաւաքոյթները, թատրոնները, մարդկային փոխյարաբերական կեանքը պահ մը կասեցուեցան ու ցայսօր դժբախտաբար այդպէս կը շարունակեն յամենալ...։

Իսկ մեր հայրենիքի՞ն համար։ Ուրկէ՞ սկսիլ, ո՞ր մէկը մատնացոյց ընել ու թուարկել. դժբախտութիւննե՞րը, տնտեսական վայրէ՞ջքը, վարակեալներու ու մահացածներու թուաքանա՞կը, մեր քաջարի հերոսներու արիւնո՛վ ազատագրուած հողերու թշնամիին կողմէ բռնազաւթո՞ւմը, ռազմագերիներու անյայտ ճակատագի՞րը, անհետ կորածներու անթաղ մարմիններու յայտնաբերո՞ւմը։ Հարցումներու շարանը իրօք շատ երկար է։

Պատմութիւնը դարձեալ ինքզինք կրկնեց։ Պահ մը ձեր հայեացքը սեւեռեցէք մեր Արցախին։ Աւերակ է, մահ, փլուզում, տուներու հրկիզում, բայց ոչ հայու ոգիի բնաջնջում։ Մահասարսուռ խորշակը դարձեալ փչեց մեր Արցախեան պապենական հողերուն վրայ։ Յաճախ ան իր մահաբեր շունչը արձակած էր հայկական հողին եւ անոր վրայ ապրող ու կենսագործող ժողովուրդին վրայ։ Ահա այսօր, դժբախտաբար, դարձեալ իր դառնաշունչ այցելութեամբ տուները վերածուած են փլատակի, եկեղեցիները՝ աւերակի, ծառերը՝ խանձողի, արտերը՝ կոխոտուած խոտի, իսկ բնակչութիւնը՝ անտուն։ Ո՞ւր երթալ, որո՞ւն դիմել, որմէ՞ օգնութիւն հայցել...։

Աներդիք հայը դարձեալ կը վերաշինէ իր տունը, իր ճակտի քրտինքով աղն ու հացը անպակաս կ՚ընէ իր սուրբ օճախէն եւ վստահաբար իր ընտանիքի սիրոյ կրակը առկայծ կը պահէ։ Սա կասկածէ վեր է։ Հայ ժողովուրդը եղած է հաւատքով կռանուած, յոյսով ապրող ու շինող ժողովուրդ մը, բայց երբեմն ներքին «որդ»եր քայքայած են, խարխլայծ են այդ սիրոյ ու միասնականութեան ոգին։ Վայ եկեր է մեզի, եթէ մեր իսկ երկրին մէջ ԱՏԵԼՈՒԹԵԱՆ ԳԵՐԻՆ դառնանք։

Այո՛, ատելավառ խօսքեր ու լուտանքներ կը հնչեն ամէնուր, իսկ յոխորտացող դատարկ գլուխներ, բանգէտ գիտոսիկներ ու բարբաջող լեզուներ հրապարակ իջած են եւ «Ամէն գլուխէ ձայն մը կը հանեն»։ Որո՞ւն հաւատալ. աթոռատենչի՞ն, աթոռին կառչողի՞ն։ Եկէք, «մատը դնենք վէրքին վրայ»։

Անողոք մրցակցութեամբ, ընչաքաղցութեամբ, փառասիրութեամբ, շռայլութեամբ ու զեղխութեամբ յատկանշուած նորօրեայ ժամանակներու մէջ է որ կ՚ապրինք, ուր մարդիկ կամայ թէ ակամայ բաժնուած են երկու անհաւասար խումբերու. առաջինը՝ ծայրագոյնս յղփացած բայց անկուշտ, փառատենչ եւ իշխանատենչ ախորժակներ սնանող փոքրամասնութիւն մը։ Իսկ երկրորդը՝ անճարութեան մատնուած, ստրկամտական ամենակուլ հոսանքին անձնատուր եղած, հետեւակ եւ ենթակայ զանգուածներու հսկայ բանակ մը։ Բացարձակ մեծամասնութիւն կազմող այս վերջին խումբը, յանուն փողի եւ պաշտօնի, պատրաստ է ամէն զիջողութեան, անգամ նուաստացման ու վարկազրկման, որպէսզի կարողանայ իր ներկայ դիրքերը պահպանել՝ միանգամայն շարունակելով մեղադրելի իր ընթացքը, տակաւ նորանոր պատուանդաններ նուաճելու, իր գալիքն ու սեփական ընտանիքի գոյերթը ապահովելու եւ «կեանքի քաշքշուքը տեւականացնելու համար»։ Ընչաքաղցութիւն ընչաքաղցութեանց…։

Իսկ մեր հայրնիքը՞։ Այսօր, հայաստանեան թէ սփիւռքեան հանրային-հասարակական կեա՛նքն է, որ կը քայքայուի մեր աչքերուն առջեւ, իսկ մենք անտարբերութեամբ կը դիտենք համազգային նուիրականութեանց խախտումն ու փլուզումը: Եթէ ժողովուրդի մը կեանքին մէջ օրէնք, հանրային կարծիք եւ հաւաքական հակակաշիռ կը պակսին ու մարդիկ ուս թօթուելով կ՚անցնին, կասկածէ դուրս է, որ կամապաշտ օրինական խախտումները կը բազմանան ու կը դառնան հանապազօրեայ հաւաքական կեանքի այլանդակութիւն: Ժողովուրդը պէտք չէ լռէ ի տես ապաբարոյ այս ընթացքին։ Լռութիւնը ոսկի չէ այս պարագային, այլ՝ մեղսակցութիւն: Երբ դիրքի, աթոռի չարաշահում կայ, անհրաժեշտ է խօսիլ այդ մասին եւ հանգամանօրէն հաշիւ պահաջել, եթէ անշուշտ կը փափաքինք ազգաշէն գործ մը կատարել։ Եթէ առօրեայ մեր կեանքէն բխող հրատապ հարցերուն անյապաղ լուծումը չկանխենք, ապա քանի մը կեղեքիչներու պատճառաւ այդ հարցերը կը մնան անլոյծ եւ մեր ազգը կը տկարացնեն ու կը սպառեն թէ՛ հոգեպէս եւ թէ ֆիզիքապէս:

Միշտ մտաբերէ, որ քեզ քննադատողներն ու ուղղութիւն տուողները ճշմարիտ բարեկամներդ են, որոնք ոչ թէ աթոռիդ շուրջ կը շրջագային եւ «դուն ես, դուն ես» յանկերգով, լորձնաշուրթն գովաբանութիւններով քեզ «կը պանծացնեն ու կը փառաբանեն», այլ կը փորձեն ղեկավարած կազմակերպութիւնդ յարատեւականացնել ու վերելք արձանագրել։ Համոզուէ՛, որ կուրօրէն կողքիդ չկեցողները, տեսակէտներդ չբաժնեկցողները եւ չկրկնողները հակառակորդներդ կամ չարիքդ կամեցողներ չեն։ Ընդհակառակը, երբեմն անառարկելիօրէն ճիշդ կարծածդ կրնայ սխալ ըլլալ, իսկ յաճախ ալ բոլորովին թերի եւ անօգտակար դասածդ՝ պիտանի ու նպատակայարմար։ Երբ կ՚աշխատիս՝ բնականաբար պիտի սխալիս։ Բայց երբ հարցը կը վերաբերի մեր քաջարի հերոսներու արեամբ ջրդեղուած հողերուն, այն ատեն իրաւունք չունիս սխալելու, սխալդ ուրիշին վերագրելու եւ արդարացման ուղի փնտռելու։ Աչքերդ բաց եւ ընդունէ ճշմարտութիւնը։

Ի՞նչն է սակայն այս բոլորին ետին կանգնող գլխաւորագոյն շարժառիթը։ Շատ պարզ. ատելութիւնը, սիրոյ բացակայութիւնը, անհանդուրժողականութիւնը եւ անմիասնականութիւնը։ Ատելութիւն-ախտն է, որ այս օրերուն դժբախտաբար բոյն դրած է Հայաստանի մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն սրտին ու հոգւոյն մէջ, որուն պատճառով ալ փոխադարձ սէրն ու յարգանքը վերացած են, վստահութիւնը՝ խախտուած, խաղաղութիւնը՝ չքացած։ Իսկ ատելութեան ծնունդ տուող ախտերը՝ նախանձը, անվստահութիւնը, քինախնդրութիւնը, չարախօսութիւնն ու չարամտութիւնը արմատախլած են մեր հոգւոյն մէջ սերմանուած աստուածադիր առաքինութիւններն ու աստուածատուր շնորհքները։ Հայ-քրիստոնեան կոչուած է իր շրջապատին մէջ աղ ու լոյս դառնալու՝ սիրոյ, ուրախութեան, արդարութեան եւ խաղաղութեան օրինակը հանդիսանալով իր շրջապատին մէջ։ Յիշենք Քրիստոսի խօսքը. «Նոր պատուիրան մը կու տամ ձեզի.- Սիրեցէ՛ք իրար։ Ինչպէս որ Ես ձեզ սիրեցի՝ դուք ալ իրար սիրեցէք։ Ձեր իրար սիրելով է որ մարդիկ պիտի գիտնան, թէ Դուք իմ աշակերտներս էք» (Յհ 13.34-35)։

Սիրելի՛ ընթերցող, Նոր տարի է եւ բոլոր մարդոց նման դուն ալ կ՚ուզես Ամանորը դիմաւորել մեծ խնդութեամբ ու տրամադրութեամբ եւ բացուող 2021 տարին սկսիլ նոր յոյսերով ու նպատակներով, բայց...։ Ինչպէ՞ս տօնել «Նոր տարին», երբ հայրենիքիդ մէկ մասը կորսնցուցած ես, երբ մեր պապենական հողը անցնող ամիսներու ընթացքին արիւն տեսաւ, սակայն ատելութիւնը տակաւին չյանգեցաւ։ Ի՞նչ ընել. հայ ազգին վայել չէ յուսալքութիւնը, այլ «պարտ է մեզ յամենայն յուսալ եւ աղօթել»։

Յոյսը մեր կեանքի գոյերթի ու յարատեւութեան բանալին է։ Մեր մեծագոյն Յոյս-Լոյսը Քրիստոս Ի՛նքն է, որ մեր կեանքին ամենադժխեմ պահերուն իբրեւ Լոյս կը յայտնուի եւ մեր մտավախութիւնները կը փարատէ ու կը սփոփէ մեզ։ Անյոյս մարդը յաճախ կը մոռնայ, որ խաւարի մէջ անտարակոյս լոյսի նշոյլ մը գոյութիւն ունի, իսկ երբ կը տեսնէ այդ աննշան, պսպղացող լոյսը՝ իր յուսալքուած, մոլորած ու տրտում վիճակէն կը վերականգնի եւ խաւարած սիրտը կը լուսաւորուի։ Միշտ մտաբերէ, որ ամէն խաւարի մէջ լոյս կայ, իսկ ամէն լոյսի մէջ՝ յոյս։

Աշխարհի ալեկոծ ծովուն մէջ նաւարկելու ժամանակ երբ յոյսով «Բարի Նաւապետ»ին դիմես, Ան վստահաբար քեզ դէպի խաղաղ նաւահանգիստ կ՚առաջնորդէ։ Երբ Աստուծոյ հանդէպ յոյսով լեցուած ես՝ տրտմութեան, տխրութեան, դժուարութեան եւ դառնութեան ժամանակ ժայռի վրայ շինուած տան նման անխորտակելի կը մնաս (Հմմտ. Մտ 7)։ Առ այդ, յոյսո՛վ ապրինք, որքան ալ մութ, պղտոր եւ անորոշ երեւին մեր կեանքի օրերը։ Պօղոս առաքեալ կը քաջալերէ մեզ, որ Աստուած բարիին գործակից է (Հմմտ. Հռ 8.28) եւ «Յոյսը երբեք ամօթով չի ձգեր» (Հռ 5.5)։

Թող որ 2021 տարին մեր Հայրենիքին եւ հայերուս համար ըլլայ խաղաղութեամբ, հանդուրժողութեամբ, հաւատքով, յոյսով, սիրով եւ միասնականութեամբ ոգիով առլի տարի մը։

Բարեբեր Նոր տարի եւ Ս. Ծնունդ։

ԱԼԷՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2020