ԱՐԵՒԵԼՔ ԹԷ ԱՐԵՒՄՈՒՏՔ, ԴԷՊԻ Ո՞ՒՐ

Տեւականօրէն եւ ամէն բնագաւառէ ներս ժողովուրդներու մեծամասնութիւնը՝ մանաւանդ Միջին Արեւելքի մէջ, իր պատկերացումները եւ աշխարհի ընդունումը տեսած է Արեւելք-Արեւմուտքի բաժանարար գիծերու, տարբերութիւններու եւ այդ շարուածքի, ուղղուածութեան ընտրութեան ընդմէջէն: Դժուար է յստակ բնորոշել՝ երբ սկսած է Արեւելք-Արեւմուտք գծագրումը եւ ո՞ր ուժը, ժողովուրդը, կայսրութիւնը առաջինը կատարած է այդ բանը, բայց, տեսականօրէն կրնանք հակուած ըլլալ այն միտքին, թէ որեւէ կազմուող պետութիւն Արեւելքի կամ Արեւմուտքի մէջ, երբ սկսած է կայանալ եւ ընդլայնիլ ու հողային կամ մշակութային նուաճումներու անցնիլ՝ իր տարածուելու հակառակ կողմը կոչած է Արեւելք կամ Արեւմուտք: Հիմա ինչո՞ւ Հիւսիս-Հարաւի պարագային չէ եղած նոյն քաղաքական ու քաղաքարկրթական բաժանումը, կարծեմ պարզ պատճառներէն մէկը աշխարհի քարտէսի ու համաշխարհային եւ միջազգային տեղաւորման կամ մարդկային տեղափոխութիւններուն առաւելաբար Արեւելք-Արեւմուտք ձեւաբովանդակութիւն ըլլալուն մէջ է:

Աշխարհի քաղաքական պատմութիւնը գերակայօրէն կրնայ համարուիլ նաեւ զանազան դարաշրջաններու ընթացքին Արեւելք-Արեւմուտք բախման ու փոխադարձ ընդարձակման-ձեւաւորման պատմութիւն: Այդ բախումը կամ անոր ներկայացուած եղանակը ո՞ւր հասցուցած է մարդութիւնը եւ ի՞նչ հեռանկարներ կրնայ ստեղծել նոր կամ ներկայ ժամանակներու միջազգային յարաբերութիւններու ընդմէջէն։ Նոյն հիմակուայ Արեւելք-Արեւմուտք կապը կամ բախումը ընդհանուր քաղաքական, ընկերային, տնտեսական վիճակներուն վրայ ինչպէ՞ս կրնայ ազդել՝ կարծեմ հիմնական հարցերէն մէկն է:

Խորհրդային Միութեան քայքայումէն ետք Արեւելք-Արեւմուտք դասական պայքարի շատ մը ձեւեր չմնացին եւ ներկայ շրջանին Չինաստանի եւ Ռուսաստանի վերակազմուող մրցակցութիւնը Արեւմուտք կոչուած պլոքին հետ կը դժուարանանք դիմակայութիւն կամ սուր պաղ պատերազմ մը կոչելու եւ յայտնապէս դժուար ալ գալիք շրջանին այդ մեծ ընդհարման վերածուի շատ մը պատճառներէ ելնելով: Նոյնինքն Արեւմուտք կոչուած պլոքը, որը առաւելաբար կ՚ընդգրգէր ազատ աշխարհն ու դրամատիրական ու հարուստ երկիները կամ այսպէս կոչուած՝ ոսկեայ միլիառը, արդէն կը փոխէ իր աշխարհագրական ու քաղաքակրթական կառուցուածքը եւ նոյնիսկ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, Սինկափուրը եւ ափրիկեան շարք մը երկիրներ արդէն իսկ այդ անջրպետին մէջ են։ Աւելիով յստակ ճանչնալու համար «Արեւմուտք» հասկացողութիւնը ներկայիս՝ պէտք է նկատել, որ այն չի գար նոյն «հին Արեւմուտք»էն, այլ կու գայ «նոր Արեւելքէն» կամ կազմաւորուող ուժերէն եւ այդ Արեւմուտքին հետ թշնամութիւն ու դիմակայութիւն փափաքողներէն: եթէ Արեւելքի մէջ տեւաբար կար այդ հին աշխարհաքաղաքական ու քաղաքարթական մօտեցումը, թէ որեւէ ինքզինք պարտադրող ուժ պէտք է բախուի եւ ձեռբազատուի Արեւմուտքի՝ այսպէս կոչուած գաղութատիրական հետքերէն, որպէսզի ստեղծէ նոր աշխարհ մը, բայց հոս կայ մեծ խնդրականութիւն մը դեռ հին Արեւելք-Արեւմուտք բախմումէն ելած։

Հիմակուայ Արեւմուտքը նուաճուելու ենթակայ չէ, քանի այդ դասական հին Արեւմուտքը չէ, իսկ զուտ աշխարհագրական հիմքով հոնտեղէն եկած արհեստագիտութիւնը տասնեակ տարիներով առաջ է դեռ ինքզինք Արեւելք համարող եւ իր յաճախակի արդար դատին համար պայքարող Արեւելքէն:

Հիմա փորձենք նայիլ ո՞ր տարածաշրջաններուն մէջ դեռ մնացորդը կայ Արեւմուտքի եւ անորոշ Արեւելքի պայքարին: Կրնանք նշել արաբական աշխարհը, Թուրքիան, Խորհրդային Միութենէն դուրս եկած երկիրները եւ կարգ մը ափրիկեան, ասիական ու լատինամերիկեան երկիրներ, որոնք արտաքին կամ ներքին հակամարտութիւններ ունին:

Ներկայ աշխարհին մէջ արեւմտամէտութիւն կամ արեւելամէտութիւն հասկացողութիւններ շատ չկան։ Միայն նշմարելի է քաղաքականօրէն Արեւմուտք համարուած երկիրներուն եւ անոնց քաղաքականութեան հանդէպ (ոչ ժողովուրդներուն) ատելութիւն եւ հասկնակի կրնայ սեպուիլ այս մէկը։ Որովհետեւ եթէ նկատի առնենք հակամարտող ու տառապող երկիրներու իրավիճակները եւ քաղաքական դասակարգումէն եւ տարբերակումներէն անդին՝ նոյնիսկ եթէ փորձենք դիտել Արեւելք-Արեւմուրք մրցակցութիւնն ու թէժացող կամ մարող պայքարը նոյն որեւէ առումով, ապա կը նկատենք, որ նախկին դարերուն մէջ կրօնական հէնքով կայսրութիւնները երբ վերածուած են տիրակալ ու տիրապետող աշխարհագրական մեծ ուժի, անոնք վերջնականապէս ներկայացուցած են Արեւելքը կամ Արեւմուտքը։ Ուստի հաւանաբար արդար է համարել, որ արեւմտականացումն ու արեւելացումը քաղաքական հէնքով ընդլայմումի ճամբուն յառաջացած ու տարազաւորուող կամ եզրոյթաբանուող հասկացողութիւն է:

Իսկ երբ փորձենք հասկնալ ներկայ աշխարհի երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն քով արհեստածին կամ ինքնեկ յառաջացած «արեւմտեան կամ արեւելեան» հակումն ու կախուածութիւնը, ակնաբախ կը դառնայ այդ ժողովուրդներու զարգացածութեան աստիճանը եւ աշխարհագրութիւնը, նաեւ անոնց մօտ ձեւակերպուող պատճառա-հետեւանքանին իրողութիւնը «արեւելք ու արեւմուտքին» հանդէպ: Հայուն քով այդ ուրիշ է՝ թուրքէն կամ արաբէն կամ հրեայէն եւ ուրիշներու պարագային ալ տարբեր։ Իսկ պետութիւններու մակարդակով, նոյն Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան եւ ընկալումնրուն մէջ Արեւելքը ուրիշ բան մըն է՝ քան Հայաստանինը եւ այդպէս շարունակ: Իսկ փորձելու համար հասկնալ Արեւելք-Արեւմուտք բաժանման կամ հակադրման հասկացողութեան ներկայիս երեւող իրավիճաները, կրնանք օրինակները նշել։

1. ՆԱԹՕ-ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ ԴԻՄԱԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԱՅԴԿԷ ԲԽԱԾ ԱՇԽԱՐՀԱԳՐԱԿԱՆ ՈՒ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԻՐԱՎԻՃԱԿՆԵՐԸ

Այս դիամակայութեան մէջ ամենաշատ տուժողն են Խորհրդային Միութենէն վերջ անկախացած երկիրները. ինչպէս՝ Ռուսաստան, Ուքրանիա, Հայաստան, Վրաստան: Միւս երկիրները, որոնք դեռ նոյնպէս ունին ձեւով կը Արեւելք-Արեւմուտք կողմնորոշում պարզելու հարց, հիմնուած են ազգային դատի սատարման վրայ ու յաջողութեան հասնելու համար առընչուած են այդ դիմակայութեան հետ:

2. ԱՄՆ-ՉԻՆԱՍՏԱՆ ԵՆԹԱԴՐԵԱԼ ԴԻՄԱԿԱՅՈՒԹԻՒՆ, ՈՐԸ ԿԸ ԴՐՍԵՒՈՐՈՒԻ ԱՌԱՒԵԼԱՊԷՍ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՈԼՈՐՏՈՎ

 Շատ հաւանաբար այս դիմակայութիւնը տեսանելի ապագային չվերածուի քաղաքական ու անվտանգային բախումի՝ Չինաստանի որդեգրած զգուշաւոր քաղաքականութեան պատճառով, ինչ որ ցոյց կու տայ անոր անկարողութեան մեծ դիմակայութիւն մը յառաջացնելու: Այս աւելի թեթեւ դիմակայութենէն շատ ազդուող երկիրներ ու ժողովուրդներ չկան նոյնիքն Չինաստանէն ու քիչ մըն ալ ԱՄՆ-էն հեռու: Միջազգային տնտեսութիւնը ինչքան ալ այս երկու երկիրներուն որոշումներէն ու յարաբերութեանց տեսակէն ազդուի, ցայսօր այդ կապերը, հակասութիւնները կամ համադրումները շատ աղէտաբեր արդիւնքներու չեն տարած միւս երկիներն ու ժողովուրդները:

3. ՊԱՐԶ ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ, ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ-ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԵՒ ԱՐԺԷՔԱՅԻՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԵՐՈՎ ԴՐՍԵՒՈՐՈՒԱԾ ԱՐԵՒԼՔ-ԱՐԵՒՄՈՒՏՔ ԴԻՄԱԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ

Այս դիմակայութիւնը կամ աւելի մեղմ ըսած՝ հակասութիւնը առաւելաբար կը դրսեւորուի ներկայ ժամանակներուն մէջ Իսլամ-Արեւմուտք կամ Իսլամ-աշխարհ հակադրութիւնով մը, որ յստակ ու համապարփակ ձեւ մը տակաւին չէ ստացած, բայց սերմերը ունի։ Աճի ու արժեհամակարգային ընկալումներու ընդմէջէն ատակ է վերածուելու քաղաքական ու աշխարհագրական մեծ բախումի մը եւ այդ բախումը կրնայ սահմանագծուիլ նոյն Արեւելք-Արեւմուտք ձեւով: Թէ ո՞ր պետութիւնը կամ նոյնիսկ կազմաւորումը կամ համատարած ուժն ու կազմակերպութիւնը պիտի դառնայ ղեկավարը Արեւելքին՝ Արեւմուտք կոչուածին դէմ գալիք բախման համար։ Ապագայի միջազգային յարաբերութիւնները, մշակութային, ժողովրդագրական եւ տեղ մըն ալ տնտեսական ու ընկերային իրողութիւնները կրնան որոշիչ ըլլալ այստեղ:

Պարզ ժողովուրդներն ու փոքր պետութիւնները Միջին Արեւելքի եւ Ասիոյ մէջ (բացի Իսրայէլէն, որ հարթած է դիմակայման հարցերը Արեւելք-Արեւմուտքին եւ չունի կողմնորոշման խնդիրներ, այլ իր մարմնացուցած օրինակով, նոյնինքն ենթադրեալ բախումը Արեւելք-Արեւմուտքի կ՚արժեզրկէ) կրնան մնալ յարող ու այսպէս ըսած՝ ներքաշուած կամայ թէ ակամայ որեւէ հակասութեան կամ դիմակայութեան եւ ընտրանքի մը մէջ, նոյնինքն կրօնական ու մշակութային-ընկերային ալ մակարդակներով եւ անոնցմէ բխած հետեւանքներով։ Նոյն այդ ժողովուրդներն ու երկիրները կը դառնան բախման պարարտ հող:

Նկատեկի է, որ ներկայ ժամանակներուն մէջ Արեւելք հասկացողութիւնը (իր բառացի կամ բովանդակային իմաստով) համակարգի ու կազմութեան վերածելու յաւակնող ուժերը դեռ չունին այդ կարողականութիւնը նոյն Արեւմուտք կոչուածին դէմ առնելու: Եւ Խորհրդային Միութեան քայքայումէն վերջ կը թուի, թէ ձեւաւորուած ու ձեւաւորուող լուրջ դիմակայող ու մրցակից ուժ չկայ Արեւելքի մէջ, անշուշտ, առանց անտեսելու Ռուսաստանն ու Չինաստանը: Բայց այս վերջինները դեռ երկար ճամբայ ունին անցնելու, եթէ Արեւմուտքը մնայ (հակառակ ինչպէս յիշեցինք վերը այդպիսի գունդ ու ճակատ ինքնաբերաբար, աշխարհի բաց ու զարգացող ֆոնին վրայ, շատ չմնաց եւ գալիքին շատ հաւանական է, որ աւելիով Արեւելք կոչուածն ալ չմնայ, ինչքան ալ այն ուզէ հակադրուիլ Արեւմուտքին կամ մասնաւորաբար՝ ԱՄՆ-ին):

Ամէն նորամուտի՝ հասարակութիւնները, ժողովուրդները, երկիրները, դաշինքները, կազմակերպութիւններ, հասնելով ընտանինքներուն եւ անհատներուն՝ իրենց պատկերացումներն ու փափաքները, ծրագիրներն ու նպատակները կը բաժնեն գաղտնի կամ բացայայտօրէն: Եւ ինչքան ալ տարբեր ըլլան այդ ծրագիրներն ու փափաքները եւ ընդունելի կամ ոչ, ընդհանուր-համատարած ու պարզ անհատական եւ հաւաքական մշտական փափաք մը կայ, որ անխուսափելիօրէն ինքզինք կը պարտադրէ։ Ինչքան ալ հաւանաբար չուզեն կամ դրժեն զայն կարգ մը կողմեր եւ ուժեր, այդ մէկը խաղաղութեան փափաքն է, որ մարդկութեան մեծամասնութիւնը կը բոլորէ։ Անոր կազմաւորման, հասնումին ու վերջնական հաստատման համար ստեղծուած են փոքր ու մեծ կազմակերութիւններ եւ մղուած են փոքր ու մեծ պատերազմներ։ Իսկ կրօնական, ընկերային ու մշակութային պայքարները, ազնուօրէն կամ ոչ, իրենց ուղղութիւնն ու թիրախը ճշդած են այդ ամենակալ ու ամենակարող ու բաղձալի «խաղաղութեամբ»:

Շատ մը վերլուծաբաններ ու պատմանաբաններ կ՚ըսեն, որ մեր ժամանակները յարաբերաբար ամենախաղաղ ժամանակներն են՝ նկատի առած ՄԱԿ-ի կազմութիւնը եւ անցած դարերու ահռելի պատերազմները ու բարօրութեան ու կեանքի տեւողութեան կարճութիւնը եւ շատ մը ուրիշ ցուցանիշներ: Հիմա այդպէս է կամ ոչ, պարզ ու միջին մարդուն ամէնօրեայ նախնական հարցումը կամ հարցադրումը աւելի խաղաղ, զարգացած ու բարօր աշխարհ մը ունենալու շուրջ է։ Սա բնականաբար կախեալ է աշխարհաքաղաքանութենէն եւ անոր բերելիք լուծումներէն եւ պատասխաններէն: Եւ հոս հարցը հետեւեալն է. ո՞ր համակարգով կ՚ապահովուին աշխարհի խաղաղութիւնն ու մարդուն անվտանգութիւնը, բարօրութիւնը։ Այդ միաբեւեռ, երկբեւեռ կամ բազմաբեւեռ աշխա՞րհն է: Դժուար է գտնել վերջնական պատասխան մը, բայց երեւելի է, որ բոլոր համակարգերուն կարգախօսը ու գոնէ յայտարարուած նպատակը խաղաղութիւնն է: Մեր ժամանակներուն մէջ Արեւելք-Արեւմուտք մեղմ կամ սուր պայքարը պարզ մարդուն ու փոքր ժողովուրդներուն ու պետութիւններուն ի՞նչ հնարաւորութիւններ կամ աղէտներ կրնայ բանալ։ Սա մեծ հարց մըն է։ Եթէ փորձենք պատասխանել, կարծեմ՝ շատ չեն շահիր պզտիկ պետութիւնները, որոնք անվտանգային հարցեր ունին այդ դիմակայութիւններէն կախեալ։ Արդի աշխարհի կազմուածքի ճարտարապետութիւնը ու յարաբերական արդարականութիւնը ո՞ւր կը կայանայ կամ կը դրսեւորուի։ Նորէն առկայ տուեալներով առաջին կարգին կը կարծենք, թէ տակաւին կրնայ ապահովել ԱՄՆ-ը, ետքը Ռուսաստանն ու միւս երկիրները:

Յաճախ անհամադրելի կը թուին մարդկային իրաւունքներն ու ժողովրդավարութիւնը՝ տեւաբար բնաջնջումի վտանգները տեսնող ժողովուրդներուն ու պետութիւններուն քով։ Իրականացուելիք անվտանգութեան համակարգերուն առումով անոնք անվերջ փնտռտուքներու մէջ են։ Այդ պետութիւնները հաւանաբար տեսնեն ուրիշ զինուորական ու անբողջատիրական համակարգներու կամ պլոքներու մէջ իրենց գոյակցումն ու բարգաւաճումը՝ վախնալով դրացի բռնատիրական համակարգերէն։ Բայց ինչ որ ալ ըլլայ աշխարհի կարգն ու եկող տարուան կամ տարիներուն ձեւաւորուելիք համակարգը, միշտ ալ նորին ձգտումը ու նոր խմորումներու եւ լուծումներու մարմանջը կը մնայ մարդկային ընկերութիւններուն եւ բոլոր պետութիւններուն համար բաղձալի:

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2021