ԳԱԲԻՆ

-Տատի՛կ, այս տարի բաւարար չափով մեծցա՞յ:

-Այո՛, ձագս: Չափենք հասակդ, որ տեսնենք:

Տատիկը թոռնուհին պատին մօտեցնելով, գլխավերեւէն հասակը չափեց եւ գծիկ մը աւելցուց պատին՝ նախորդող ուղղահայեաց գծիկներուն վրայ: Տատիկը կը զգար, որ թոռնուհիին այս հարցումին ետին թաքուն նպատակ մը կայ:

-Ուրեմն...,- ըսաւ Անուշ,- կը պատմե՞ս ինծի այդ խաղալիքին պատմութիւնը: Չէ՞ որ ըսիր, երբ մեծնամ, պիտի պատմես:

Եւ Անուշ ցուցամատիկով ցոյց տուաւ վերը, գիրքերով ծանրաբեռն դարակներէն մէկուն վրայ տեղադրուած սրճագոյն, կաւակազմ, կապոյտ մարմնով եւ թեւերով հրեշտակը:

-Շատ լաւ, կը պատմեմ:

Ըսաւ տատիկը եւ նայուածքը պատուհանէն դուրս սեւեռելով, ակնթարթ մը դիտեց երկինքէն մաղուող ձիւնի փաթիլները, որոնք կարծես կը կենդանացնէին իր մէջ ապրուած եւ անմոռանալի յուշ մը, եւ.

-Երկինքէն երեք խնձոր ինկաւ: Մէկը՝ պատմողին...,- կ՚ըսէր տատիկը, երբ.

-Միւսը մտիկ ընողին,- ընդհատեց Անուշ, ամէնօրեայ հեքիաթներուն սկիզբը կրկնուող արտայայտութիւնը շարունակելով:

-Իսկ միւսը՝ այս հրեշտակին,- շարունակեց մեծ մայրը տեղէն ելլելով եւ հրեշտակը բռնելով:

-Տատի՛կ, հրեշտակը կ՚ապրի՞, որ կարենայ խնձոր ուտել,- ըսաւ Անուշ զարմացած:

-Հարկա՛ւ, Անուշս, Գաբին կ՚ապրի:

-Գաբի՞:

-Այս հրեշտակին անունն է: «Գաբրիէլ» անունին կրճատը: Գաբրիէլը այն հրեշտակն է, որ Ս. Մարիամին աւետեց Աստուծոյ որդիին իրմէ ծնունդ առնելուն լուրը:

-Տատի՛կ, դուն հեքիաթներէն առա՛ջ միշտ կ՚ըսես՝ «Երկինքէն երեք խնձոր ինկաւ...»: Պատմելիքդ հեքիա՞թ մըն է:

Ութ տարեկանը բոլորած Անուշին մէջ աճում մը կը նկատուէր, հարցադրումները աւելի լուրջ, մտածուած արտաբերումներ էին, ինչ որ ուրախալի էր անշուշտ տիկ. Շուշանին համար:

-Պատմելիքս անհաւատալի իրականութիւն մըն է, հեքիաթէն քիչ մը տարբեր:

Ըսաւ տիկ. Շուշան եւ հնչիւնները մէկիկ-մէկիկ սպրդեցան վերապրումի յուզառատ զգացականութեամբ եւ թանկարժէք խորհուրդ մը, պատգամ մը փոխանցողի կերպարանքով:

*

Ատենին, երբ երիտասարդ էի, ռուսերէն լեզուի ուսուցչուհի էի: Հայրդ եւ հօրեղբայրդ պատանի էին: Շատ լաւ դասաւանդելուս համար, դպրոցին տնօրէնը ինծի առաջարկեց Յունաստանի Աթէնք քաղաքին մէջ ռուսերէն աւանդել: Ընդունեցի, քանի հոս՝ Հայաստանի մէջ, աշխատավարձը շատ քիչ էր, հազիւ կրնայի տունը պահել: Գիտես արդէն մեծ հայրդ շատ տարիներ առաջ հոգին աւանդեց (այսպէս կ՚ըսէր յաճախ տիկ. Շուշան ամուսինին մասին, չըսելու համար, որ ան տասնեակներով տարիներ առաջ ընտանիքը լքած եւ Ռուսաստան մեկնած է) եւ ես, ստիպուած տան ամբողջ ծախսը կրելով, կ՚աշխատէի, որպէսզի կարենամ հոգալ ընտանիքին բոլոր պէտքերը:

-Դժուար էր, չէ՞,- ընդմիջեց Անուշ:

-Անցան դժուար օրերը, ձագս,- պատասխանեց տիկ. Շուշան եւ շարունակեց:

Յունաստանը արեւոտ երկիր է, ծովափներով լեցուն, ունի բազմաթիւ կղզիներ, իսկ Աթէնքը՝ մայրաքաղաքն է, ինչպէս Երեւանը՝ Հայաստանի: Շատ գեղեցիկ եւ հարազատ միջավայր մը ունի, որ տարբեր է հոսկէ: Կլիմային ջերմութիւնը ունէին այդտեղի մարդիկը, շատ դիւրահաղորդ եւ ընկերային էին: Իսկ Ծովը հրաշալի էր, ալիքները՝ մեղմ, մայրամուտը՝ խաղաղ ու հանգստացնող: Շատ համեղ ձկնեղէններով, ծովամթերքով հարուստ երկիր մըն է Յունաստանը, ինչպէս նաեւ՝ պանիրներու առատ տեսականիով:

Այդ տարիներուն հոս՝ Երեւանի մէջ, Ամանորի շրջանը աննկատ կ՚անցնէր, այսինքն քաղաքը զարդարուած չէր ըլլար տօնածառով, Ամանորը խորհրդանշող զարդեղէններով: Մինչ Աթէնքի մէջ, ուր առաջին անգամ կը գտնուէի, այնքան գեղեցիկ զարդեր կային, այնքան ուշագրաւ, պսպղուն լոյսերով ողողած էին փողոցները, խանութները, տուները..., ամէն տեղ տօնական էր, Ս. Ծնունդին խորհուրդը կը զգացուէր: Շլացած էի:

Կաղանդը շատ մօտ էր, որոշած էի մնալ Աթէնքի մէջ եւ աւելորդ ծախս չընել Երեւան երթուդարձի տոմս մը առնելով, սակայն այդ յարդարանքը մէջս կարօտը բազմացուց եւ որոշեցի անակնկալ մը ընել ընտանիքիս եւ Ծնունդն ու Ամանորը անցընել զաւակներուս հետ:

Տոմսս ապահովեցի եւ երբ օր մը դասէն կը վերադառնայի, խաղալիքներու խանութի մը առջեւ կեցայ: Երկար-երկար դիտեցի ներսի գեղեցիկ խաղալիքները, տօնածառերը, լոյսերը եւ իսկոյն որոշեցի ներս մտնել ու քանի մը կտոր գնել, որպէսզի հետս Երեւան տանիմ:

Խանութին մէջ շատ աւելի գեղեցիկ էին խաղալիքները: Շուարած էի ո՞րը վերցնել՝ թափանցիկ ձիւնագնդիկներով ապակեայ գնդակնե՞րը, կարմիր երիզով ոսկեգոյն զանգակնե՞րը, սպիտակ մօրուքով, ժպտադէմ Կաղանդ պապուկնե՞րը, ծառերուն գագաթի փայլուն աստղե՞րը...

Նայուածքս սեւեռած կը զննէի չորս դիս: Ետիս դարակներ կային: Դարակներուն վրայ շարուած էին կաւակերտ խաղալիքներ՝ գեղեցիկ նախշերով զանգակներ, անուշիկ տնակներ, մսուրին մէջ տեղաւորուած մանուկ Յիսուսին արձանիկները, հագուածքի բոլոր մանրամասնութիւններով մոգերը, ոչխարները, Մայրիկ Աստուածածինը, Հայր Յովսէփը...

Վերի դարակին վրայ շարուած էին հրեշտակները՝ ձեռքերն ու ոտքերը կաւագոյն, իսկ մարմինները՝ հագուստներն ու թեւերը տարբեր գոյներով ներկուած: Մէկը՝ կապոյտ, միւսը ճերմակ, վարդագոյն... կապոյտը աչքիս փայլաւ, առի, գինը վճարեցի եւ շուտով դուրս ելայ:

Հրեշտակը ձեռքս բռնած, ուրախ-զուարթ սկսայ հեռանալ: Հազիւ մի քանի քայլ առած՝ կեցայ, յիշեցի, որ որոշած էի մի քանի խաղալիք գնել զաւակներս ուրախացնելու համար: Դարձայ, որպէսզի նոյն խանութը մտնեմ: Յանկարծ ձեռքէս ինկաւ հրեշտակս եւ գետնին վրայ մի քանի ոստում կատարեց, ինչպէս երբ խիճ մը կը նետես եւ կ՚ոստոստէ: Զարմանալի երեւոյթ մըն էր, բայց այդ ոստումները պատճառ դարձան, որ հեռանամ խանութին մօտէն եւ բռնեմ գետին ինկած, մէջքէն կիսուած հրեշտակս:

Երբ գետնէն վերցնելու համար ծռայ, ետիս իրարանցում մը նկատեցի եւ ապակեայ փեղկի մը փշրուելուն ձայնին ուշադրութիւն դարձնելով, նայեցայ, ի՞նչ տեսնեմ...

-Ի՞նչ, տատի՛կ...

Մեքենայ մը ուղղութիւնը շեղեր, եկեր եւ խաղալիքի խանութին փեղկին զարնուեր էր, երբ ես, դուրսը, մի քանի քայլ անդին, հրեշտակս գետնէն վերցնել կը ջանայի:

-Լաւ որ չդարձար, տատի՛կ:

-Այո՛, ձագուկս, բայց ես չդարձայ, քանի որ հրեշտակս, չեմ գիտեր ինչպէ՛ս, ձեռքէս ինկաւ: Տարօրինակ ցատկով հեռացուց զիս, փրկեց վտանգէն... Եւ ես հոն, կիսուած հրեշտակը ձեռքս ամուր բռնած, չէի գիտեր լա՞մ, թէ՝ խնդամ: Արցունքներս կը յորդէին, բայց կը ժպտէի:

-Ահա թէ ինչո՞ւ հրեշտակը կիսուած է, տա՛տ:

-Այո՛, բայց փակցուցած եմ Գաբին...

-Եւ ամէն տարի, պահ մը զայն լուռ դիտելէ ետք, կը դնես տօնածառին վրայ...

Անուշ նայեցաւ մեծ մօր ժպտադէմ հայեացքին, կարծես ստացած էր, այլ գրկբաց ընդունած՝ մեծ մօր պատգամը:

-Տօնածառը լարեցի՜, եկէ՛ք:

Լսուեցաւ ներսէն Անուշին մօր ձայնը:

-Տատի՛կ, հրեշտակդ տեղաւորելու պահն է:

Ըսաւ Անուշ մեծ մօր եւ ձեռքը բռնած գացին ներս, ուր տօնածառը յարդարելու խանդավառութիւնը կը տիրէր: Հայրը աւարտեց լոյսերուն տեղադրումը, միացուց լարը եւ պսպղուն ծառին վրայ մէկիկ-մէկիկ դրուեցան հին ու նոր, մեծ ու փոքր խաղալիքներ:

Անուշ չէր մասնակցեր, մեծ մօր ձեռքը բռնած, կեցած էր սենեակին սեմին: Կը սպասէր կարծես մեծ մօր յառաջանալուն:

Տիկ. Շուշան, սովորականին պէս, նայեցաւ հրեշտակին, ապա զայն յանձնեց Անուշին, որ ան տեղադրէ տօնածառին վրայ:

Անուշ հրեշտակը ձեռքը բռնած, պահ մը կեցաւ, ապա զայն տեղաւորեց ծառին այն հատուածը, ուր միշտ մեծ մայրը կը տեղաւորէր եւ վերադարձաւ մեծ մօր մօտ, եւ.

-Ի՞նչ փափաքեցար,- փսփսաց մեծ մայրը Անուշին ականջին:

-Փափաքեցայ, որ եղբայրս, գալ ամիս, երբ զինուորագրուի, անփորձանք տուն վերադառնայ եւ պատերազմը վերջ գտնէ,- փսփսալով պատասխանեց Անուշ:

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2021