ՅԱՇՈՒԵՅԱՐԴԱՐ
Մարդկային ընկերութենէն ներս սովորութիւն է, որ իւրաքանչիւր տարեվերջին կատարեն հաշուեյարդար մը՝ տեսնելու, թէ անցեալ տարուան ընթացքին ի՛նչ յաջողութիւններու հասած են, ո՛ւր թերացած են, ի՛նչ ձախողումներ ունեցած են, որպէսզի ըստ այդմ սկսին իրենց նոր տարին՝ նոր ծրագիրներով, նոր տեսլականով, միշտ հաւատարիմ եւ ամուր կանգնած մնալով իրենց ունեցած արմատներուն վրայ, այլ խօսքով՝ սկզբունքներուն եւ նպատակներուն:
Այս Նոր տարուան բացառիկի գրութիւնս որոշեցի վերնագրել «Հաշուեյարդար»՝ փորձելով ակնարկ մը նետել յունուար 2023-ին սկսած մեր գրութիւններու նոր շարքին՝ «Ակնարկ»ին: Ակնարկ մը նետելուն նպատակն է՝ տեսնել, թէ անցեալ երկու տարիներու ընթացքին ի՜նչ ակնարկներ ունեցած ենք:
Մեր այս հաշուեյարդարին արդիւնքներուն ամփոփումը եւ քննադատութիւնն ու գնահատանքը կը յանձնենք ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մեր սիրելի եւ թանկագին ընթերցողներուն:
***
* Յունուար 2023-ին, «2018-ի գարնանային խաբեբայութիւնը» վերնագրեալ մեր գրութեան մէջ հետեւեալը արձանագրած ենք, ինչ որ կարծէք տակաւին ազդու է մեր օրերուն համար եւս, որովհետեւ շատ բան չէ փոխուած, ընդհակառակն, ա՛լ աւելի խորացած է վիճակը.
- Քառասունչորսօրեայ պատերազմը թէժացած կիրքերը ա՛լ աւելի բորբոքեց, միւս կողմէ այդ պատերազմն ալ առիթ հանդիսացաւ մեր երկրի ճակատագիրը որոշող խաղացողներուն համար ա՛լ աւելի խառնելու վիճակը, ա՛լ աւելի բարդացնելու ստեղծուած այս խառնիճաղանճէն դուրս գալու հնարաւորութիւնը:
Շուտով հինգերորդ տարին պիտի թեւակոխենք 2018-ի գարնանային խաբեբայութեան. հինգ տարիներ, որոնք անցեալ շուրջ երեսուն տարիներու ընթացքին այսպէս կամ այնպէս կառուցուած հայրենիքի հիմքերը խորքերէն խախտեցին եւ այսօր հակառակ կարծեցեալ «դրական» շարժառիթներուն, իրականութեան մէջ, անդունդի եզրին կանգնած ենք եւ սեւ ամպերը տակաւին չեն հեռացած մեր Մայր հայրենիքին երկնակամարէն:
Թէ ի՞նչ պէտք է ընել, պարզ ու յստակ է, պէտք է ազգովին համախմբուինք ազգայնամէտ, պետականամէտ եւ հայաստանամէտ գաղափարներու շուրջ, որպէսզի առաջին հերթին մեզմէ թօթափենք մեզի պարտադրուած թէ՛ ֆիզիքական, թէ՛ մտաւոր եւ թէ ալ բարոյական ստրկութիւնը, դառնանք ազատ նախ եւ առաջ մենք մեր ներսիդին, որպէսզի կարենանք կառուցել հզօր եւ բարօր Հայաստան, այլապէս, եթէ շարունակենք ստրուկի հոգեբանութեամբ շարժիլ, ապա անդունդն ի վար գլորուիլը շատ ալ հեռու չի՛ թուիր…
Զգաստանալ է պէտք:
Իրապաշտ դառնալ է պէտք:
* Մարտ 2023-ին «Պայքարո՞ղ, թէ յարմարող ժողովուրդ» մեր գրութեան մէջ այսպէս գրած էինք.
- Սարսափելին, սակայն, այս բոլորը չէ, սարսափելին մեր ժողովուրդի մտածելակերպն է, որ պայքարի դրօշակէն հրաժարած է եւ անոր տեղ բարձրացուցած է յարմարելու, ենթարկուելու դրօշակը: Արդարեւ, այսօր, մեր ժողովուրդի զաւակներուն ճնշող մեծամասնութեան մօտ կը գործէ այն տրամաբանութիւնը, թէ այն ինչ, որ կը կատարուի կամ կատարուեցաւ տարիներ առաջ, շատ բնական է եւ այդպէս ալ պիտի ըլլար, այսինքն՝ Արցախը մերը չէր եւ անոր տէրը եկաւ ու իր հողերուն վերատիրացաւ… Ի՜նչ կարիք կայ այդքան աղմուկ բարձրացնելու, ձգեցէք ամէն ինչ իր հունով թող ընթանայ, որպէսզի ի վերջոյ կարենանք խաղաղ ապրիլ… Մեր ժողովուրդին զաւակները այս ու նմանատիպ արտայայտութիւններ կ՚ունենան, երբ մեր հակառակորդի արեան ծարաւը տակաւին չէ յագեցած եւ օր օրի կ՚ահագնանայ սպառնալիքը նոր մատաղագործութեան մը՝ այս անգամ ո՛չ թէ Արցախի, այլ Հայաստանի հողին վրայ, մեր դռներուն ու պատուհաններուն մօտիկ…
Եթէ պահ մը փորձենք հասկնալ, թէ մեր ժողովուրդը ե՞րբ այս աստիճանի յարմարուող ու ենթարկուող դարձած է, դժուար թէ պատասխան գտնենք կամ համարձակինք հաստատում կատարել, որովհետեւ այդպիսով անարգած կ՚ըլլանք յիշատակը մեր լուսաւոր տղաներուն, որոնք հեռու ամէն տեսակի քաղաքական պիղծ ու նանիր հաշիւներէ՝ իրենց կեանքը որպէս անուշաբոյր խունկ զոհ մատուցեցին հայրենիքի նուիրական սեղանին վրայ…
Ընթերցողը այս տողերը կարդալէ ետք, եթէ թեթեւ ակնարկ մը նետէ մեր այսօրուան իրականութեան, արդէն շուրջ երկու տարիներ ետք վերոնշեալ տողերու գրուելէն, ապա իր մօտ համոզում պիտի գոյանայ, թէ այսօր եւս մեր ժողովուրդը կը շարունակէ յարմարողի դիրքերէն հանդէս գալ. իրողութիւն մը, որ կը սպառնայ մեր ժողովուրդի գոյութեան…:
* Յունիս 2023-ին ստորագրած ենք «Ո՛չ ոք իր տեղն է» խորագիրը կրող գրութիւն մը: Խորագիրը որոշ նկարագրական մը կու տայ գրութեան բովանդակութեան մասին: Այսօր բան փոխուա՞ծ է. բնականաբար ոչ. Փաստը՝ ամէն օր կատարուող փոփոխութիւններն ու նոր նշանակումները գլխաւորաբար Հայաստանի մէջ, նաեւ՝ սփիւռքի մեր տարբեր գաղթօճախներուն մէջ: Կարդա՛նք.
- Պահ մը նայինք մենք մեզի եւ մեր չորսդին: Հարց տանք մենք մեզի.
- Այսօր քանի՞ հոգի իր տեղն է, այլ խօսքով՝ քանի՞ հոգի իր առաքելութեան, իր կոչումին համապատասխան ընթացքի մէջ է:
Ամենէն բարձր պաշտօններէն սկսած, մինչեւ ամենէն փոքր պաշտօններ զբաղեցնող մարդոց մեծամասնութիւնը, իրենց զբաղեցուցած պաշտօններուն գլուխ անցած են ժողովրդական յայտնի արտայայտութեամբ՝ ԽԾԲ-ի մը միջոցով կամ միջամտութեամբ:
ԽԾԲ
Խ՝ խնամի
Ծ՝ ծանօթ
Բ՝ բարեկամ
Պահ մը միայն եթէ ուշադրութեամբ մեր չորս կողմը քննենք, ապա պիտի համոզուինք վերը ըսուածին, թէ պաշտօն զբաղեցնողներուն մեծամասնութիւնը այդ տրամաբանութեամբ յայտնուած է պաշտօնի մը գլուխին, ուսուցիչ-տնօրէնէն սկսած, անցնելով բժիշկ-բոյժքոյրի, խմբագիր-լրագրողի, հոգեւորական-հոգեբանի, փաստաբան-իրաւաբանի, նախարար-քաղաքապետի եւ շարքը կարելի է երկարել:
Արդի՞ւնքը…
Մտէք որեւէ մէկ դպրոց, որեւէ մէկ հիւանդանոց, որեւէ մէկ եկեղեցի, որեւէ մէկ պետական կառոյց, որեւէ մէկ հաստատութիւն, որեւէ մէկ կուսակցութիւն, որեւէ մէկ խմբագրութիւն… առանց ԽԾԲ-ի եւ ականատես պիտի դառնաք տգիտութեան եւ անկրթութեան այնպիսի երեւոյթներու ու դէպքերու, որոնք ամօթէն բացի ո՛չինչ կու տան մեզի՝ որպէս ազգ, ժողովուրդ ու պետութիւն:
* Յուլիս 2023-ին գրած մեր մէկ գրութեան՝ «Եկեղեցին սրբավա՞յր, Աստուծոյ տո՞ւն, թէ մարմիններու ցուցադրութեան վայր»ի մէջ, անդրադարձ կատարած ենք եկեղեցիէն ներս մեր անպատշաճ հագուկապին ու պահուածքին: Այսօր, դժբախտաբար, այդ երեւոյթը եւս օր օրի կը խորանայ: Կը կարդանք.
- Եկեղեցին պոռնկանոց չէ, եկեղեցին ցուցադրութեան սրահ չէ, եկեղեցին նկարուելու արուեստանոց չէ, եկեղեցին ինքնահաստատուելու եւ կայանալու վայր չէ, եկեղեցին ձեր կիրքերը բաւարարելու կամ ձեր քմահաճոյքները յագեցնելու վայր չէ, եկեղեցին անասնանոց չէ, եկեղեցին բաղնիք կամ լողաւազան չէ…
Ո՛չ, եկեղեցին այս բոլորը չէ…
Եկեղեցին Աստուծոյ տունն է, ուր Աստուծոյ զաւակները կու գան հանդիպելու իրենց հօր հետ:
Եկեղեցին հաւատացեալներու հաւաքն է, ժողովն է:
Եկեղեցին սրբավայր է, ուր յաղթական ու զինուորագրեալ եկեղեցիները իրարու կը հանդիպին ու միասնաբար զԱստուած կը փառաբանեն:
Եկեղեցին այն վայրն է, ուր մարդ հիւանդոտ կը մտնէ եւ դուրս կու գայ բժշկուած:
Եկեղեցին այն վայրն է, ուր մարդ անօթի ու ծարաւ կը մտնէ եւ դուրս կու գայ յագեցած:
Եկեղեցին այն վայրն է, ուր մարդ կոտրուած սիրտով ու յուսահատած ներս կը մտնէ եւ դուրս կու գայ մխիթարուած ու սիրտով զօրացած:
Եկեղեցին այն վայրն է, ուր մարդ ներս կը մտնէ ճնշուած ու նեղուած եւ դուրս կու գայ թեթեւցած ու ուրախացած:
Մէկ խօսքով՝ եկեղեցին այն վայրն է, ուր մարդ իր բոլոր խնդիրներուն, նեղութիւններուն, դժուարութիւններուն, յուսախաբութիւններուն, հիւանդութիւններուն, ձախողումներուն, միեւնոյն ժամանակ, նաեւ յաջողութիւններուն, ուրախութիւններուն, նուաճումներուն համապատասխան յագեցում ու պատասխան կը գտնէ եւ անկէ դուրս կու գայ թեթեւցած, զօրացած, հաւատքով, յոյսով ու սիրով վահանուած, կամքով ամրացած, բուժուած, կարեւորը մարդ գիտակցի իր գտնուած վայրին եւ համապատասխան մօտեցում ու վերաբերմունք ցուցաբերէ:
* Փետրուար 2024-ին «Եթէ լռել գիտնայինք…» մեր յօդուածին մէջ ի միջի այլոց գրած ենք.
- Ա՛յ, եթէ մեր ներկայ իշխանաւորները քիչ մը լռել գիտնային եւ դիմացինը լսելու ընդունակութիւնը ունենային, ապա վստահաբար մեր ներկայ իրավիճակը այսպիսին չէր ըլլար: Մենք այսքան դժուար ու վտանգաւոր հանգրուանի չէինք հասներ: Մենք այսօր յիմար թէզի մը առջեւ չէինք վիճիր, գիտնալու կամ որոշելու համար Հայո՞ց պատմութիւն թէ՞ Հայաստանի պատմութիւն պէտք է կոչենք մեր պատմութեան դասագիրքերը:
«Զորն ասեմ զորն խոստովանիմ…»:
Չեմ գիտեր, պիտի գա՞յ այն օրը, երբ ա՛յս կամ եկող իշխանութիւնները լռելու ընդունակութիւնը՝ որպէս զէնք պիտի ունենան կամ ոչ: Վստահ եմ, թէ մեր առջեւ ծառացած բազմաթիւ դժուարութիւններու եւ անլուծելի թուացող խնդիրները լուծելու թիւ մէկ բանալին լռե՛լ գիտնալն է, որուն անմիջապէս կը յաջորդէ դիմացինը լսելու ընդունակութիւնը:
* Ապրիլ 2024-ին ««Շոու»ի վարպետ-մասնագէտը հոգեւորականները «շոու»ի մէջ կը մեղադրէ» գրութեան մէջ անդրադարձած էինք գործող վարչապետին հոգեւորականներու հասցէին կատարած ցեխարձակումներուն: Դժբախտաբար, այսօր եւս, վարչապետը տեղի անտեղի կը շարունակէ վիրաւորել եւ ցեխարձակել հայ հոգեւորականները: Կարդա՛նք.
- Շարքը կարելի է երկարել տակաւին պրն. վարչապետ stand up-եան «շոու» ծրագիրներուն: Այսքանով բաւարարուինք սակայն:
Աւելի լաւ պիտի ըլլայ նախքան հայ հոգեւորականներուն «շոու»ի մէջ մեղադրելը, գոնէ մէկ անգամ վարչապետը յիշէ իր ըրած «շոու»…ն, կը ներէք՝ «շոու»ները, որոնք շա՜տ շատ են: Դիւրին է մարդոց քարկոծելն ու ցեխարձակելը, բայց ծանր է, երբ այդ կ՚ընես անտեսելով ու մոռնալով, որ քու տունդ հայելիով շինուած է եւ զայն փշրելը երկվայրկեաններու հարց է: Յետոյ, ամօթն ալ լաւ բան է, ի վերջոյ, ընդունինք կամ մերժենք, ուզենք կամ չուզենք, մեր երկրի առաջին դէմքն էք, գոնէ այս փաստը յարգեցէք…
Պատարագի մասին չե՛մ անդրադառնար, որովհետեւ իմաստ չունի սրբութեան մասին խօսիլ, սրբութիւն չընդունող ու չճանչցող մարդոց: Հետեւաբար, աւարտենք Աւետարանի թելադրութեամբ. «Որեւէ սրբութիւն շուներուն մի՛ տաք. ձեր մարգարիտներն ալ խոզերուն առջեւ մի՛ նետէք. որպէսզի չըլլայ թէ զանոնք կոխկռտեն եւ դառնան ձեր վրայ յարձակին» (Մտ 7.6)։
* Մայիս 2024-ին, մանկավարժ Անոյշ Նշանեանին ձօնուած՝ «Օրինակելի եւ տիպար մանկավարժը» գրութեան մէջ, հետեւեալը արձանագրած ենք.
- Այսօր, գաղտնիք չէ, որ մանկավարժի մը գործը ահաւոր շատ դժուարացած է, տարբեր պատճառներով: Վարչատնտեսական (պէտք եղած նիւթական գնահատական չի՛ տրուիր), ծնողներու անտարբերութիւնը (իրենց զաւակները անկիրթ դարձնելով՝ «եթէ ուսուցիչդ բան ըսէ, չլռես, տակը չմնաս, անպայման պատասխանէ, ան ո՞վ է որ քեզի բան ըսէ»), դպրոցի տնօրէնութեան վերաբերմունքը (դարձեալ գաղտնիք չէ, որ այսօր տնօրէններու մեծամասնութիւնը տնօրէն են պարզապէս անունով, մինչ իրականութեան մէջ շա՜տ հեռու են տնօրէն ըլլալէ):
Այս բոլորը կարծէք Անոյշ Նշանեանին համար երկրորդական, երրորդական եթէ ոչ տասներորդական են, որովհետեւ իր նուիրումը, իր անձնուրացութիւնը կը խօսին իր իւրայատկութեան, իւրօրինակութեան եւ ինքնատիպութեան մասին: Իր մօտեցումը երեխաներուն նկատմամբ, իր ջերմ եւ եզակի վերաբերմունքը իւրաքանչիւր աշակերտի նկատմամբ շա՜տ բան կը խօսին իր մասին, որով վերը թուարկածս յատկանիշներուն փաստը՝ Նշանեանի՛ իսկ կենդանի գործն է:
Այսօր աշակերտներուն ներաշխարհէն ներս մտնելը, զանոնք հասկնալը շա՜տ դժուար դարձած է, որովհետեւ ամէն օր փոփոխութեան ենթարկուող մեր ընկերութիւնը՝ ամէն օր իր հետ կը բերէ նոր «նուէր» մը, որով աշակերտները դիւրութեամբ կը կլանուին: Եւ եթէ ծնողները զգաստ ու սթափ չըլլան, շատ դիւրութեամբ իրենց զաւակները կուլ կ՚երթան ներկայ ընկերութեան յորձանուտին մէջ: Դժբախտաբար, ներկայիս ծնողներէն շատերը այդ «նուէր»ները որպէս յառաջդիմութիւն կ՚ընկալեն եւ խայծը կուլ տալով, դեռ մանուկ հասակէն իրենց զաւակներուն դեռ եւս խոպան ներաշխարհը անջրդի կը դարձնեն:
Ծնողներու կողքին ուսուցիչները/մանկավարժները մեծ դեր ու պարտականութիւն ունին: Եթէ մանկավարժներն ալ իրենց տեղը չըլլան, ապա կարելի է ըսել, որ տուեալ սերունդէն որեւէ բան ակնկալել անիմաստ կ՚ըլլայ, քանի որ եթէ սերմը լաւ չէ՛ ցանուած, առաւել եւս լաւ չէ՛ խնամուած ու մշակուած, ապա անիմաստ է առողջ եւ հիւթալի պտուղ սպասելը։ Արտաքնապէս պտուղը կրնայ հաճելի թուիլ, բայց ներքնապէս փճացած ու անհամ կ՚ըլլայ:
Անոյշ Նշանեանը, արդարեւ, այսօր այն քիչ մանկավարժներէն է, որ յաջողած է գտնել բանալին՝ իր աշակերտներուն ներաշխարհէն ներս մտնելու, հասկնալու անոնց ներաշխարհը, ծնողներուն կողմէ շաղ տուած սերմերը գտնելու, խնամելու եւ ըստ արժանւոյն աճեցնելու: Իւրաքանչիւր աշակերտի ներաշխարհէն ներս մտնելով՝ ան կարողացած է անոնց մէջ կերտել ուսումի ու գիտութեան նկատմամբ սիրոյ զգացումը: Սէր, որ ո՛չ թէ պարտադրանքէ յառաջացած է, այլ՝ անկեղծ զգացումներէ բխած: Սէր, որ ո՛չ թէ ժամանակաւոր բնոյթ կը կրէ, այլ՝ երկար տարիներ՝ չըսելու համար ամբողջ կեանք մը, ընկերակից պիտի ըլլայ իր աշակերտներուն:
* Օգոստոս 2024-ին, «Համակերպելու դարաշրջան» գրութեան մէջ, գրած ենք.
- Աստուած մեզ չէ՛ ստեղծած համակերպելու ամէն ինչի հետ, ընդհակառակն, Աստուած մեզի բանականութիւն տուած է, որպէսզի կարենանք ճիշդն ու սխալը, բարին ու չարը զանազանել եւ ըստ այդմ որոշումներ կայացնել: Իսկ մենք ի՞նչ կ՚ընենք այսօր. ո՛չինչ, որովհետեւ կորնցուցած ենք այդ զգացողութիւնը, խեղաթիւրած ենք մեզի տրուած բանականութիւնը եւ սեփական մտածելակերպէ զրկուած ենք: Վերածուած ենք ոչխարներու հօտի մը, որ կ՚առաջնորդուի իր լսած զանգակին ձայնով, առանց մէկ անգամ իսկ իր գլուխը բարձրացնելու եւ նայելու, թէ դէպի ո՞ւր կ՚երթայ:
Ոմանք պիտի հակառակին ըսելով, որ վերը նշածս իրողութիւնը կը վերաբերի հոգեւոր կեանքով ապրողներուն, որոնք իրենք զիրենք ենթակայ դարձուցած են Աստուծոյ եւ սեփական կամք չունին: Չարաչար կը սխալին այդպէս մտածողները: Այդ մտածումը արդիւնք է համակերպելու ախտին, որու մէջ ինկած են անոնք: Ճշմարիտ ազատութիւնը Աստուծոյ եւ անոր պատուիրանները գործադրելուն մէջ կը կայանայ:
Աստուած այս աշխարհը չէ՛ ստեղծած եւ զայն մեր խնամքին չէ՛ յանձնած, որպէսզի վերջաւորութեան մեզ պատժէ կամ դատապարտէ, ընդհակառակն, Աստուած այս բոլորը տուած է մեզի, որպէսզի վայելենք, մեր կեանքը ապրինք: Եթէ այդպէս ըլլար, ապա Աստուած անարդար պիտի ըլլար, ինչը քա՜ւ լիցի մեզի այդպէս մտածել: Աստուած պարզապէս մեր դիմաց դրած է նաեւ այն բոլոր պայմաններն ու միջոցները այս աշխարհը եւ մեզի տրուած կեանքը լաւագոյնս ապրելու եւ վայելելու համար։ Եթէ ճիշդ ընտրութիւն կատարենք, ապա աշխարհիկ «ազատութիւն»ները չեն հետաքրքրեր մեզ, որովհետեւ իրականին ներկայութեամբ կեղծը անիմաստ է: Ինչպէս երբ աշխատանքի պիտի ընդունուինք որեւէ մէկ ընկերութենէ կամ հաստատութենէ ներս, նախ մեզի տուեալ կառոյցին պայմանները կը ներկայացուին եւ եթէ մենք համաձայնինք, նոր միայն պայմանագիր կը կնքենք, այդպէս ալ է Աստուծոյ հետ մեր պարագան: Աստուած Աստուածաշունչին մէջ Իր պայմաններն ու օրէնքները արձանագրած ու փոխանցած է մեզի, գործադրելն ու անոնցմով ապրիլը մեզի կը մնայ: Եւ ինչպէս երբ մեր համաձայնութիւնը տանք որեւէ մէկ ընկերութենէ կամ հաստատութենէ ներս աշխատելու համար, այդպիսով գերի չե՛նք դառնար, մեր ազատութիւնը չի՛ կաշկանդուիր, որովհետեւ մենք ինքնակամ ընդունած ենք այդ բոլորը, նոյնն է նաեւ Աստուծոյ հետ մեր յարաբերութեան պարագան: Աստուած ո՛չ մէկ բան կը պարտադրէ մեզի, ընդհակառակն, մեզ ձգած է մեր ազատութեան:
Հետեւաբար, յարգը գիտնանք մեզի ձրիաբար շնորհուած ազատութեան, որպէսզի համակերպող չըլլանք, այլ՝ թելադրող, թելադրող՝ անշուշտ, հոգեւոր ու բարոյական առումով:
***
Այսքանով բաւարարուինք՝ ձգելով որ մեր սիրելի ընթերցողները իրենք քննադատութիւն կատարեն կամ խորհրդածեն վերը մեր մէջբերած հատուածներուն մասին:
Այստեղ, վերջին մէկ երկու տողը կրկնելով՝ «Հետեւաբար, յարգը գիտնանք մեզի ձրիաբար շնորհուած ազատութեան, որպէսզի համակերպող չըլլանք, այլ՝ թելադրող, թելադրող՝ անշուշտ, հոգեւոր ու բարոյական առումով»՝ մաղթեմ մեր սիրելի ընթերցողներուն բարի Նոր տարի։ Կը յուսամ, թէ մեզմէ իւրաքանչիւրը կը կարենայ յարգը գիտնալ իրեն տրուած ազատութեան, յարգը գիտնալ եւ գիտակցութիւնը ունենալ իրեն տրուած կոչումին եւ գործադրել զայն՝ յանուն աւելի բարօր մարդկային ընկերութեան մը:
Յուսանք եւ աղօթենք, որ 2025 թուականը մեր ժողովուրդին եւ համայն մարդկութեան համար դառնայ բարեբեր տարի մը, հեռու եւ զերծ մարդկային սպանդներէ, բնական աղէտներէ, այլեւայլ փորձանքներէ:
Մայրիկ Աստուածածինին դիմելով՝ խնդրենք Աստուծոյ Միածինէն ըսելով. «Աղաչեա՛ վասն մեր զառ ի քէն զմարմնացեալն Աստուած, զի լռեսցին պատերազմունք, դադարեսցին յարձակմունք թշնամեաց, տնկեսցի սէր եւ արդարութիւն ի յերկրի. աղաչեմք: Մայր սուրբ բարեխօսեա՛»։ (Աղաչէ՛ մեզի համար քեզմէ մարմնացած Աստուծոյ մօտ, որպէսզի պատերազմները լռեն (դադրին), թշնամիին յարձակումները դադրին, երկրի մէջ սէր եւ արդարութիւն տնկուի, կ՚աղաչենք: Մայր սուրբ, բարեխօսէ՛):
Բարի Նոր տարի:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հայաստան
Հարթակ
- 01/03/2025