ԳԻՐՔԸ

Ի՞նչ կ՚ընես հոս, մինակ. այս ցուրտին, բուքին, ձիւնին տակ ծուարած ես քարին վրայ: Ո՞վ բերած, քեզ թողած է հոս: Քե՞զ... եւ ինչպէ՞ս կարողացաւ հետդ այսպէս վարուիլ:

Ի՛նչ դարու մէջ ենք: Ամէն ինչ փոխուած է, փոխարինուած է կարծես ուրիշ, նոյնանման, բայց արագ միջոցով մը: Արագութի՜ւն, այո՛, բայց ինչպէ՞ս, ինչպէ՞ս կրնան քեզ արագ միջոցով մը փոխարինել: Քեզ պէտք է գրկել, շնչել հին բոյրը էջերուդ, բոյրին հետ կուլ տալ անոնց մէջ թաքնուած խորհուրդները մի առ մի, կաթիլ առ կաթիլ ու մերթ ընդ մերթ շշնջալ, տողերուդ մէջ պահուած զգացումներուն ազդեցութենէն խօսիլ ալ հետդ, զմայլիլ այն գրիչին կարողութեան, տքնանքին, շնորհքին, որմէ դուն աշխարհ եկած ես:

Հայրս կ՚ըսէր՝ «Չկայ գիրք մը, որ կարեւոր կրնայ չըլլալ: Բոլոր գիրքերը ընթեռնելի են, բոլորին մէջ ալ սորվելիք միտքեր կան, նոյնիսկ՝ մանկական հեքիաթներուն»,- այսպէս ըսաւ ան, երբ օր մը իր կարդացած գիրքը քննադատեցի, ըսելով որ կրնար աւելի լաւը կարդալով ժամանակը զբաղեցնել. անմիտ խօսք մըն էր պարզապէս, պատանիի մը բերնէն հոսող անմիտ նախադասութիւն մը, որ կեանքի մասին շատ քիչ բան գիտէ. խօսք մըն էր, որմէ ետք մեր միջեւ սկսաւ կարդացուած գիրքերու մասին մեր հասկցած միտքերուն վերլուծութիւնը, մեր հասկցած մակարդակով, բայց շա՜տ հաճելի խորհրդակցութեան մը դուռ էր մեզի՝ հօր եւ դստեր, համար: Իսկ երբ մայրս ձեռքս նոր գիրք մը նշմարէր, կ՚ըսէր՝ «Նորէ՛ն գիրք բերած ես, դեռ հօրդ ձեռքինը չվերջացաւ. ձգէ՛ քիչ մը երեսը տեսնենք, ամբողջ օրը այդ անկիւնէն չի շարժիր, գիրքը ձեռքը նստած կը կարդայ հա կը կարդայ»,- ո՞վ մտիկ կ՚ընէր մօրս գանգատները, մենք իրարու աչք կ՚ընէինք այս պարագաներուն ու անշուշտ մեր գիտցածէն ետ չէինք մնար...:

Նստիմ ես ալ քովդ, հանեմ քեզ այս հասարակ տոպրակէն, որ միայն աղբ թափելու կրնայ ծառայել, որուն արժանի տեսած են քեզի...:

Հաստափոր, հին գիրք մըն է, կողքը ելլելու աստիճան գործածուած, որ օգտագործուած ըլլալու հանգամանքը ցոյց կու տայ. ուրախալի է հարկաւ այդ առումով՝ հինը գործածած, նորը ահաւասիկ դուրս դրած է զայն, թերեւս տան նորոգութեան պատճառով, թերեւս գրադարանին մէջ հին գիրքերը չէ ուզած որ մնան, միայն նորերով է որ գրադարանը կը փայլի կարծած ըլլալու է..., բայց ինչ ալ ըլլայ պատճառը սխալած է տէրը այս գիրքին, ըստ իս, գոնէ տանէր ու գրախանութի մը տիրոջ յանձնէր...:

Եթէ գրագէտը իմանար, որ, օր մը իր ստեղծագործութիւնը այս վիճակին պիտի յայտնուէր, կը գրէ՞ր արդեօք: Այո՛, անշուշտ որ կը գրէր. ինք առաքելութիւն մըն է, որ կ՚ընէ իր կեանքին ընթացքին, մեր գրողներէն շատե՜ր իրենց ստեղծագործութիւնները գիրքի մը մէջ տեսնելու բախտաւորութիւնը չեն ունեցած, շա՜տ շատեր հռչակ չեն վայելած ու նոյնիսկ հալածուած են, աքսորուած...:

Անոյշ բոյր մը կը տարածուի, երբ գիրքին էջերը բութամատի եւ ցուցամատի միջեւ արագ թերթումով կը սահին, ու բութամատը կը կեցնէ երբեմն, երբ աչքին երեւին մատիտներու հարուածներով շրջանակներ էջերուն վրայ կամ էջերուն անկիններուն ծալքեր նշմարուին: Գիրքը քանի մը անգամ ուսումնասիրուած ըլլալու է, դեղին էջերուն վրայ տեղ-տեղ շրջանակներու մէջ առնուած պարբերութիւնները կը վկայեն այդ մէկը:

Բայց ինչո՞ւ թափել, արդեօք համացա՞նցն է պատճառը, ուր ոեւէ հեղինակի անունին պրպտումին հետեւանքով կարելի է գտնել անոր հրատարակութիւնները, նոյնիսկ թերթերու մէջ լոյս տեսած հրատարակութիւնները կարելի է գտնել ու կարդալ դիւրութեամբ, բայց անիկա կրնա՞յ փոխարինել իսկական գիրքին: Գիրքը շօշափելով կարդալու հաճոյքին ոչ մէկ բան կրնայ փոխարինել: Բայց հոս ընթերցասէր է ժողովուրդը, գրադարանները միշտ լեցուն են. կը կարդանք յաճախ, որ գիրքերը, մանաւանդ թարգմանական հրատարակութիւնները, շուտ կը սպառին. գրախանութներ կան, որ նոյնիսկ լաւագոյն տասնեակ կազմած են ընթերցուած գիրքերու ցանկերով, որոնք ամէն ամիս կը փոխուին ու մրցակցութեան մէջ կը մտնեն ընթերցուած գիրքերը:

Նորէն չեմ կրնար հասկնալ այսպիսի գիրք մը թափելուն պատճառը. գիրք մը, որ տասնամեակներ շարունակ աղբիւր ծառայած է հայոց պատմութիւնը ուսումնասիրողներուն. գիրք մը, որ տարիներու քրտնաջան աշխատանք խլած է հեղինակէն, աշխատանք մը, որ վաւերականութիւնը ունի եւ պիտի շարունակէ ունենալ հայ իրականութեան մէջ, հայոց պատմութիւն ուսանողներուն դասագիրք աղբիւր ալ կը ծառայէ անշուշտ, թերեւս հոս նշուած պարբերութիւնները ուսանողներ ըրած ըլլան, ո՞վ գիտէ...

Եկո՛ւր, բարեկամս, եկո՛ւր, գրկեմ քեզ, նորոգեմ ու տեղաւորեմ վարձակալած տանս գրադարնին մէջ. արդէն տասնեակէ մը աւելի գիրք ունիմ նոր գրադարանիս մէջ, դուն ալ կ՚ըլլաս զարդ մը անոնց միջեւ, թերեւս բարեկամանաս ալ իրենց. նոր են բոլորը, բայց առանց հինին նորը ի՞նչ կ՚արժէ:

Եկուր, երթանք տաքուկ տունս, չես գիտեր, թերեւս հոս մնամ ու ձեր ճակատագիրն ալ հետս կապեմ, չըլլաք Հալէպի հարիւրաւոր գիրքերով զարդարուն գրադարանի գիրքերուս պէս, որոնք ահաւասիկ լքուած են, փոշեծածկ, ցեցը կերած ըլլայ թերեւս անոնց էջերը...: Ի՛նչ ալ ըլլայ, քեզ հիմա տաքուկ տունս տանիմ, մնացեալը ձգենք ժամանակին:

Գիրքը Լէոյի «Հայոց Պատմութիւն» Բ. հատորն է:

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Ուրբաթ, Յունուար 4, 2019