Ա. Ն. ՆԱԶԱՐ
«Պայքար» շաբաթաթերթի (Նոր Շրջան) առաջին այս թիւով կը հրատարակենք ՌԱԿ պաշտօնաթերթին առաջին խմբագրին՝ Արմենակ Ն. Նազարի կենսագրութիւնը: 1899 թուականին Գարեգին Չիթճեան եւ Մխօ Շահէն Նիւ Եորքի մէջ կը հրատարակեն «Ձայն Հայրենեաց» անունով թերթը, որ Հայկակ Էկինեան փոխանցած էր իրենց: Թերթը Նիւ Եորքէն կը փոխադրուի Ուստր եւ ապա՝ Պոստոն, որ սկսած էր դառնալ ամերիկահայութեան առաջնորդութիւն տուող կարեւոր օրրանը:
Մխօ Շահէնի հեռանալէն ետք, Չիթճեան թերթը դարձուցած էր Վերակազմեալ Հնչակեան Կուսակցութեան պաշտօնաթերթ: Կուսակցութեան պառակտումներու եւ «Ձայն Հայրենեաց»ի դադարումին պատճառով վերակազմեալները Պոստոնի մէջ կը հիմնեն «Ազգ» շաբաթաթերթը, զայն նկատելով «Ձայն Հայրենեաց»ի շարունակութիւնը: Թերթը 1908 թուականին լոյս կը տեսնէ որպէս պաշտօնաթերթ Հայ Սահմանադրական-Ռամկավար Կուսակցութեան Ամերիկայի Շրջանակի:
1911 թուականին, մինչ այդ, Պոստոնի մէջ լոյս կը տեսնէ վերակազմեալ հնչակեաններու «Պահակ» շաբաթաթերթը, որ 1921 թուականին միանալով «Ազգ»ին եւ ժամանակ մը «Ազգ-Պահակ» միացեալ անունով լոյս տեսնելէ ետք, 1923 թուականին կը դառնայ «Պայքար», Ա. Ն. Նազարը ունենալով խմբագիր, մինչեւ 1936 թուականը:
Ամերիկայի Շրջանի պաշտօնաթերթ «Պայքար» օրաթերթը 1982 թուականին կը վերածուի շաբաթաթերթի, իսկ 1993 թուականին՝ ամսագրի: 1995 թուականին կը փոխադրուի Երեւան, ուր լոյս կը տեսնէ մինչեւ 1998 թուականը իբրեւ եռամսեայ:
18 տարուան ընդմիջումէ ետք «Պայքար» դարձեալ կը ներկայանայ իր հաւատարիմ ընթերցողներուն եւ հանրութեան, որպէս պաշտօնաթերթ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան:
*
ՆԱԶԱՐԷԹԵԱՆ ԳԵՐԴԱՍՏԱՆԸ ԵՒ ԻՐ ՄԱՆԿՈՒԹԻՒՆԸ
Արմենակ իբրեւ ազնուական հայ կը սերի Այնթապի հանրածանօթ Նազար Նազարէթեան գերդաստանէն: Ան թոռն էր Պարսկաստանի հիւպատոս՝ Նազար աղային (Քարա Նազարին): Անոր հայրը՝ Նիկողոս աղա, որ իսկական տաղանդ մըն էր ճարտարապետական մարզին մէջ, որուն ստեղծագործութիւններէն էր Այնթապի Ս. Աստուածածին եկեղեցին, որ իր իւրայատուկ ճարտարապետութեան համար բոլոր այցելողներու հիացմունքին առարկան դարձած է:
Նիկողոս աղա եկեղեցական այդ կոթողի կառուցման համար անհրաժեշտ նկատուող գումարին մեծ մասամբ գանձած էր թուրքերէն: Ըստ իր յիշատակումներուն, «երկու թուրքեր իրաւարարական վիճաբանութիւն կ՚ունենային: Անոնք փոխանակ դատարան դիմելու, կու գային Նիկողոս աղային մօտ եւ անկէ արդարու-թիւն կը հայցէին:
Մինչ այդ, Նիկողոս աղան առիթը յարմար նկատելով, կ՚առաջարկէր անոնց. «նախ սա մեր որբուկին (նոր շինուող եկեղեցին) բաժին հանեցէք, ապա նայիմ ձեր գործին»: Եւ այսպիսով իւրաքանչիւրէն 100-200 ոսկի կը գանձէր, խնդրոյն տարողութեան համեմատ:
Արմենակ իր ուսումը կը պարտի միայն Այնթապի Վարդանեան կրթարանին, որուն առաջին շրջանաւարտներէն եղած է 1885 թուականին Վահան Քիւրքճեանի տնօրէնութեան շրջանին: Ան թէեւ միայն Վարդանեան կրթարանէն շրջանաւարտ, բայց բացառիկ հմտութիւն ձեռք բերած էր ինքնաշխատութեամբ՝ ազգային եկեղեցական եւ ընդհանուր ազգաց պատմութիւններուն, մատենագրութեան, գրականութեան եւ այլ յարակից գիտութեանց մէջ: Քաղաքական մարզին մէջ մանաւանդ, իր մասին կը վիպէին թէ՝ որեւէ պատերազմի մը սկզբնաւորութեան կրնար գուշակել, թէ այդ պատերազմին ելքը ո՛ւր եւ ինչպէ՞ս պիտի յանգէր:
ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԱՆՔ ՄՈՒՏՔ ԿԸ ԳՈՐԾԷ ՈՒՍՈՒՑՉԱԿԱՆ ԱՍՊԱՐԷԶՈՎ
Հակառակ գիւղատէր հարուստ հօր մը զաւակը ըլլալուն, Արմենակ կեանքին առաքելութիւն կը համարէր ուսուցչական ասպարէզը, ուստի կը պաշտօնավարէ նո՛յն կրթարանին մէջ ստանձնելով տնօրէնութեան պաշտօնը, զոր կը վարէ կատարեալ ձեռնհասութեամբ, մինչեւ 1909: Նոյն տարին, Համիտեան ջարդերու օրերուն, որպէս ամբոխավար ազգային կը ճաշակէ բանտային կեանքի փորձառութիւնը եւ 1895 թուականի ջարդերէն ետք ժամանակաւորապէս կը հաստատուի Հալէպ: Հոն կ՚ամուսնանայ Օր. Կիւլէնիա Մինասեանի հետ եւ կը բախտաւորուի չորս զաւակներով. երկու մանչ եւ երկու աղջիկ: 1909 թուականէն վերջ՝ յուսալքուած կը թողու Այնթապը եւ 1910 թուականին կը գաղթէ Միացեալ Նահանգներ:
ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ԽՄԲԱԳԻՐ «ԱԶԳ»Ի ԵՒ «ՊԱՅՔԱՐ»Ի
Լրագրական եւ հրապարակագրական իր առաջին քայլերը առած էր ծննդավայրին մէջ աշխատակցելով Պոլսոյ «Բիւզանդիոն»ին:
Նահանգային Վարչութիւնը կանխորոշ հասկացողութեամբ առաջին առիթով կը հրաւիրէ Նազարը Հայ Սահմանադիր Ռամկավար Կուսակցութեան Ամերիկայի պաշտօնաթերթ «Ազգ»ի խմբագրութեան պաշտօնին, որ Սուրէն Պարթեւեանի Հայրենիք մեկնումով, կարճ ատեն մը վարած էին Երուանդ Ճիւհէրեանն ու Գէորգ Սարաֆեանը: Ան ազգօգուտ խմբագրականներով եւ հրապարակագրի խիզախ կարողութիւններով կը նպաստէ թէ՛ ամերիկահայ գաղութին մէջ հանրային կարծիքի ուժեղացման եւ թէ կ՚առաջնորդէ ընկերները առաւել հաւատքով ու գիտակցութեամբ փարելու կուսակցութեան:
Պոլսէն մինչեւ ներքին գաւառներ դաշնակցականներ Երիտասարդ թուրքերու հետ սերտ «եղբայրակցած» էին եւ միշտ ըմբոստ ու հակառակ դիրք բռնած հանդէպ ազգային իշխանութեանց, խոչնըդոտելով ներքին ազգային շատ մը հարցերը: Դաշնակցութիւնը կռթնած իթթիհատականներու, գիտակցօրէն կը խանգարէին ազգին ներքին ներդաշնակութիւնը:
Ռամկավար մամուլին ու առաջնորդներուն կը մնար պայքարիլ այս ներքին «չարիք»ին դէմ, բարձր պահելով ազգային իշխանութեանց հեղինակութիւնը եւ պաշտպանել նուիրական դարաւոր իրաւունքներն ու աւանդութիւնները: Միւս կողմէն թրքական վաղահաս վտանգները դիմագրաւել, ազգային ինքնապաշտպանութեան գործին նուիրուիլ եւ այդ նպատակներուն յատկացնել նիւթական եւ բարոյական ամէն միջոց: Ա. Նազար իր առաջնորդող խմբագրականներով կը ձեռնարկէ փաստացի քննադատութեան եւ կը խարազանէ գործակալ ազգային ղեկավարներու ընթացքը, ինչպէս նաեւ քսան տարուան հայ ժողովուրդին հաւատքի շահատակումները, եղբայրասպան ոճիրները, «յեղափոխական» պիտակով իւրացուած հսկայ գումարները, եւ վերջապէս թուրքերու հետ կայացած դաւադրական գաղտնի համաձայնութիւնը:
Նազար «Ազգ»ի խմբագրական աշխատանքը կը տանի մինչեւ 1921, երբ ՌԱԿ-ի միութեամբ լոյս կը տեսնէ «Պայքար»ը, որուն խմբագրութեան կը հրաւիրուի Նազար: Կը մնայ որպէս խմբագրապետ «Պայքար»ին մինչեւ 1936 թուականը, որմէ ետք ան մինչեւ իր խոր ծերութիւնն ու մահը կը շարունակէր աշխատակցիլ իր սիրելի թերթին՝ աշխատակցութիւններ ղրկելով իր տունէն: Հրաչ Երուանդ կը յաջորդէր նստիլ խմբագրապետի այդ աթոռին:
Շուտով կը դառնայ յարգուած անուն մը ամերիկահայ կեանքի իրականութենէն ներս եւ յատկապէս Պոստոնի հայաշատ շրջանակին: Ան ինքնին հաստատութիւն մը դարձած էր հայաշատ այս ոստանէն ներս, խորհրդանիշ մը՝ խտացուած որոշ սկզբունքներու, գաղափարներու եւ տեսիլքներու:
Նազար հայ ազատագրական շարժումին համոզուած եւ հետեւողական ջատագովներէն հանդիսացաւ: Իր ջերմեռանդ հայրենասիրութիւնն ու բռնութեան դէմ մարտնչումի սրբազան կիրքը հրապարակագրական էջերէն յորդեցնելով՝ ապրեցուց տպաւորիչ վէպի մը մէջ, «Մի՛ լար»:
Վերոյիշեալ ասպարէզներու մէջ ցոյց տուած ձեռնհասութիւններէն շատ աւելի գերիվեր կը հանդիսանայ որպէս հրապարակագիր ցոյց տուած իր կարողութիւնը, որուն կենդանի վկաներն են «Պայքար»ի ընթերցողները: Այդ թերթին սիւնակներուն մէջ կը փորձէր մօտ քառասուն տարիներէ ի վեր, ինչպէս նաեւ այլ ռամկավար ազատական թերթերու մէջ, որոնք յաճախ արտատպելով կը հրամցնէին իրենց ընթերցողներուն անոր շատ մը շահեկան եւ ուշագրաւ գրութիւնները: Իր յօդուածներուն մէջ ա՛յնքան յաջողապէս յուզուած կ՚ըլլային ազգային, քաղաքական, կուսակցական, կրօնական, եկեղեցական եւ այլ հարցեր, որոնք մասնաւոր կերպով կը փնտռուէին ընթերցողներու կողմէ:
1917-1918-ին Բաբգէն Եպսկ. Կիւլէսէրեանի (հետագային կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ) հետ կը հրատարակէ Պոստոնի «Տաւրոս» շաբաթաթերթը:
Նազար պատրաստած է նաեւ 1930-31 թուականներուն «Պայքար» բացառիկը՝ հանդէս ազգային, գրական եւ տնտեսական: Եօթ տարի գրած է նաեւ «Հայաստանի Կոչնակ» թերթի խմբագրականները իր կեանքի վերջալոյսի տարիներուն:
ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՅՍՏԱԿ ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆԸ
Անդամակցած է Հնչակեան Կուսակցութեան, սակայն մերժելով անոր ընկերվարական գաղափարախօսութիւնը, յարած է սահմանադրական ռամկավարութեան:
Երիտասարդ օրերէն մինչեւ իր ալեւոր ծերութիւնը, ան մնացած է խանդավառ, հաւատաւոր պաշտպան Հայ Յեղափոխութեան շարժումի ա՛յն ծրագրուած, լուռ ու ծածուկ ձեւին, որ կիրարկուեցան նախ Արմենական կազմակերպութեան ու ապա՝ ՌԱԿ-ը բաղկացնող կազմակերպութիւններու կողմէ, խստօրէն քննադատելով ուրիշ հոսանքներու ցուցադրական վնասաբեր ձեռնարկները:
Հայոց եւ ընդհանուր ազգաց պատմութեան վրայ կեդրոնացուցած ըլլալով իր ուշադրութիւնը, իր հրապարակագրական եւ խմբագրական առաքելութեան գլխաւոր նպատակ ըրած էր, քաղաքական իրատեսութեամբ, հայոց օտար ազգերու հետ ունեցած փորձառութենէն դասեր քաղել: Ազգային հիասթափութեանց ու պարտութիւններուն դէպքերն ու պատճառները ազդեցին իր կեանքին վրայ: Արմենակ Նազարի երկարամեայ խմբագրութեան նիւթը կազմած են այս պատմագրական ճշմարտութիւնները:
Իր տարեկիցներու սերունդին ամենէն արդիական ու յանդուգն մտածողը եղաւ ան, ազատական ռամկավարութեան այնպիսի ամբողջական ըմբռնումով մը, որ ամէն նոր գաղափարի ու ընկերային յեղաշրջումի պատճառներն ու հետեւանքները որոնելու, ճանչնալու ու դատելու ընդունակ կը դարձնէր զինք, ազատ ու անաչառ եզրակացութեանց յանգելու բացառիկ կարողութեամբ մը: Ըսելիքը կորովի գրիչով կ՚ըսէր, չէր բաղձար որ ընթերցողները միտքը գուշակեն: Եւ այս պատճառով ալ դարձած էր շատ ժողովրդական խմբագիր մը:
Մշտական կապի մէջ եղած է Եգիպտոսի ռամկավարներուն եւ յատկապէս՝ Միհրան Տամատեանի հետ եւ անոնց ցուցմունքներով ալ քաջալերած է նիւեորքաբնակ Ռուբէն Հերեանը նետուելու քաղաքական լուրջ ասպարէզ (Բրիտանական դիւանագիտական շրջանակէն ներս), որուն պիտի յաջորդէր Հերեանի այնքա՛ն շնորհալի եւ ազգանպաստ գործը՝ որբահաւաքի աշխատանքը արաբական անապատներէն ու Կիլիկիայէն:
Հայաստանի ջանքերը տնտեսական եւ մշակութային զարգացման համար իր սիրտը հրճուանքով կը լեցնէին: Համոզուած էր, թէ գալիք կէս դարու ընթացքին «Հայաստանի մէջ պիտի ստեղծուի ազգային այնպիսի արժէքաւոր մշակոյթ մը, որուն նմանը տեսնուած չէր ո՛չ Արշակունեաց եւ ոչ ալ Բագրատունեաց թագաւորութեան շրջանին»:
Չէր սխալած:
Երբ Վերակազմեալ Հնչակեան Կուսակցութիւնը, որ ի վերջոյ Ազատական անունը տուած էր ինքզինքին, եւ Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումէն յետոյ ծնունդ առած Հայ Սահմանադրական Ռամկավար Կուսակցութիւնը որոշեցին միանալ եւ կազմեցին ՌԱԿ-ը: Նազար միացումը ցանկացող եւ անոր իրականացումին սատարող գործիչներէն մին եղաւ:
Քաղաքական մարզէն ներս, Նազարի ցոյց տուած հմտութիւնը իրեն հօրենական ժառանգն էր: Անոր հայրը՝ Նիկողոս աղա, «իր մատներուն վրայ կը խաղցնէր» Այնթապի բոլոր պետական մարդիկը: Այն քայմաքամը, որ յանդգնէր իրեն դէմ երթալ կամ հայատեաց ընթացք մը բռնած ըլլար, քանի մը օրէն Պոլիսէն հրահանգ կը ստանար ընթացքը փոխելու, եւ կամ պաշտօնանկ ըլլալու:
Ա. Ն. Նազար այդպիսի՛ քաղաքագէտ հօր մը զաւակը ըլլալուն փաստը ցոյց տուած է շարունակ՝ ռամկավար ազատական ժողովներու մէջ, լսարաններու բեմե-րէն եւ թերթերու սիւնակներէն: Անոր խօսքերը յաւիտենական ճշմարտութիւններ ցոլացնող պատգամներ էին: Նազար վարած է կուսակցական պատասխանատու պաշտօններ եւս: Այդ օրերուն համատարած երեւոյթ էր ամերիկահայ կուսակցական իրականութենէն ներս բաղդատական մը դնել Կիլիկիայէն եւ Խարբերդէն ներգաղթածներու միջեւ: Եթէ Հրաչ Երուանդ խարբերդցիներու պաշտպան «հայրիկ»ն էր, ապա Ա. Ն. Նազար կիլիկեցիներու ջատագովը:
Կը մահանայ Նոյեմբեր 20, 1950 թուականին Պոստոն, Ուելզլի Հիլզի մէջ: Կինը՝ Կիւլենիա, որ կրթանուէր հայուհի մըն էր եւ ՌԱԿ-ի հաւատաւոր անդամուհին, կը մահանայ Փետրուար 15, 1962 թուականին:
Ան իր կեանքի ամբողջ տեւողութեան ինքզինք նուիրաբերեց, վարկ ապահովելով ՌԱԿ-ին ու ամերիկահայ կազմաւորուող գաղութին: Նազար մնաց անմոռաց դէմք մը հայ հասարակական կեանքէն ներս, գրաւելով կարեւոր անկիւն մըն ալ կուսակցութեան տարեգրութեան մէջ: ՌԱԿ Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութիւնը ընդ միշտ պահելու բազմավաստակ ընկերոջ բարի յիշատակը Պոստոնի Արանց ակումբը մկրտեց «Ա. Նազար» անունով:
ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ