ԶԱՊԷԼ ԵՍԱՅԵԱՆ. ԿԻՆ ԳՐՈՂԻ, ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆԻ ԵՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՈՐԾԻՉԻ ԱՌԻՆՔՆՈՂ ԿԵՐՊԱՐԸ

4 ­Փետ­րո­ւա­րին կը նշենք ծնուն­դը ­Զա­պէլ Ե­սա­յեա­նի (­Յով­հան­նէ­սեան, 1878-1943-?), որ իր մնա­յուն եւ բարձ­րա­դիր պա­տո­ւան­դա­նը ու­նի հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին յի­շո­ղու­թեան մէջ՝ իբ­րեւ ա­մենէն ա­ռինք­նող կեր­պար­նե­րէն մէ­կը գրո­ղի, մտա­ւո­րա­կա­նի եւ ազ­գա­յին գոր­ծի­չի վա­ւե­րա­կան վաս­տակ նո­ւա­ճած մե­ծա­նուն հայ կի­նե­րու փա­ղան­գին։

Հայ գրա­կա­նու­թեան եւ ընդ­հան­րա­պէս հայ մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան կա­նա­ցի շունչն ու դրոշ­մը խորհր­դան­շող ար­ժա­նա­ւոր հե­ղի­նա­կու­թիւն­նե­րէն է ­Զա­պէլ Ե­սա­յեան։

Հայ կնոջ խղճմտան­քի ձայ­նը ա­ռա­ւե­լա­գոյն հնչե­ղու­թեամբ լսե­լի դար­ձաւ ­Զա­պէլ Ե­սա­յեա­նի գրա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան մէջ եւ փայլք ու փառք ա­պա­հո­վեց գրո­ղին։ Ինչ­պէս որ մեծն Յա­կոբ Օ­շա­կան կը վկա­յէ՝ ««­Մեր գրա­կա­նու­թեան մէջ ա­մենէն կա­նա­ցի զգայ­նու­թիւնն է ա­նի­կա.- Քնք­­շու­թիւն, գո­րով, գութ, վա­յել­չու­թիւն եւ ճա­շակ։ Իր գոր­ծին ե­րեք մեծ կեդ­րոն­նե­րը կազ­մե­ցին ­Փա­րիզ, Պո­լիս, ­Հա­յաս­տան, ո­րոնց գոյ­նե­րը կը պա­հեն բնա­կա­նու­թիւն, որ­քան տե­ղա­կան հաս­տատ նկա­րա­գիր։ Զ. Ե­սա­յեա­նի մէջ հայ գրա­կա­նու­թեան ա­մենէն սխրա­լի շնորհ­նե­րը, կա­նա­ցի զգայ­նու­թեան ա­մե­նէն սրտա­յոյզ խռովք­նե­րը ու մեր ժո­ղո­վուր­դի հո­գիին ա­մենէն խո­րունկ սար­սուռ­նե­րը ի­րա­րու կը միա­նան։ Ա­նի­կա խղճմտանք մըն է, սիրտ մըն է, միտք մըն է, հա­ւա­սար ամ­րու­թեամբ ու ար­դա­րու­թեամբ։ ­Տի­կին Ե­սա­յեա­նի գոր­ծը ամ­բողջ մըն է։ Ա­նոր եր­կու մեծ բե­ւեռ­նե­րը՝ ան­հատ­նե­րու հո­գին եւ ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն հա­ւա­քա­կան զգայ­նու­թիւ­նը ընդ­միշտ նուա­ճո­ւած կը մնան ան­խոր­տա­կե­լի գոր­ծե­րու մէջ։ Զ. Ե­սա­յեան ա­րեւմ­տա­հայ գրա­կա­նու­թեան ա­մե­նէն ամ­բողջ յա­ջո­ղու­թիւնն է»։­

Ա­ռան­ձին ընդգ­ծու­մի ար­ժա­նի է նաեւ ու մա­նա­ւա՛նդ ­Զա­պէլ Ե­սա­յեան մարդ-քա­ղա­քա­ցիի կեր­պա­րը, որ ա­ռա­ւե­լա­գոյն հա­րա­զա­տու­թեամբ մարմ­նա­ւո­րեց մէկ ծայ­րա­յե­ղու­թե­նէն միւ­սը շատ ա­րագ ան­ցում կա­տա­րող կա­նա­ցի հո­գե­խառ­նու­թիւ­նը։ Այս ա­ռու­մով կը բա­ւէ նշել, որ մին­չեւ 1920-ի ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան կոր­ծա­նումն ու հա­յոց նո­րաս­տեղծ պե­տա­կա­նու­թեան խորհր­դայ­նա­ցու­մը, ­Զա­պէլ Ե­սա­յեան մտա­ւո­րա­կանն ու ազ­գա­յին գոր­ծի­չը նո­ւի­րո­ւե­ցաւ Աս­տու­ծոյ, իսկ այ­նու­հե­տեւ՝ ծա­ռա­յեց ­Կայ­սեր, ո­րուն սա­կայն (եւ բա­րա­ցու­ցա­կա­նօ­րէն) անխ­նայ հա­րո­ւա­ծին «ար­ժա­նա­ցաւ» ­Զա­պէլ Ե­սա­յեան առ ի «ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն»… 1937-ի ստա­լի­նեան մաք­րա­գոր­ծում­նե­րուն զոհ եր­թա­լով եւ ան­յայտ վախ­ճան մը ու­նե­նա­լով։

Պոլ­սոյ Ս­­կիւ­տար թա­ղա­մա­սին մէջ ապ­րող ­Յով­հան­նէ­սեան­նե­րու բա­րե­կե­ցիկ յար­կին տակ ծնաւ ­Զա­պէլ՝ 139 տա­րի ա­ռաջ։ ­Տար­րա­կան կրթու­թիւ­նը ստա­ցաւ ­Պոլ­սոյ Ս. ­Խաչ վար­ժա­րա­նին մէջ եւ 1895-ին գնաց ­Փա­րիզ՝ բարձ­րա­գոյն ուս­ման հե­տե­ւե­լու հա­մար։ ­Յա­ճա­խեց ­Սոր­պո­նի հա­մալ­սա­րա­նը, բազ­մա­կող­մա­նի զար­գաց­ման տի­րա­ցաւ գրա­կա­նու­թեան եւ փի­լի­սո­փա­յու­թեան մէջ եւ ու­սու­մը ա­ւար­տեց փայ­լուն ար­դիւն­քով։ ­Փա­րի­զի մէջ ալ ա­մուս­նա­ցաւ նկա­րիչ ­Տիգ­րան Ե­սա­յեա­նի հետ եւ գրա­կան աս­պա­րէզ մուտք գոր­ծեց ­Զա­պէլ Ե­սա­յեան ստո­րագ­րու­թեամբ։

Մին­չեւ 1908-ի Օս­մա­նեան Սահ­մա­նադ­րու­թեան հռչա­կու­մը, ­Փա­րիզ ապ­րե­լով եւ ստեղ­ծա­գոր­ծե­լով՝ ­Զա­պէլ Ե­սա­յեան իր ա­ռա­ջին գոր­ծե­րը լոյս ըն­ծա­յեց Ար­շակ ­Չօ­պա­նեա­նի «Ծա­ղիկ» եւ «Ա­նա­հիտ» գրա­կան հան­դէս­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ ֆրան­սա­կան պար­բե­րա­կան­նե­րու մէջ։ Այդ շրջա­նի իր եր­կու ու­շագ­րաւ գոր­ծերն են «Ս­­պաս­ման սրա­հին մէջ» (1903) եւ «Շ­­նորհ­քով մար­դիկ» (1907) վէ­պե­րը։

Իր մշա­կո­ւած ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նով, պարզ ու հա­ղոր­դա­կան, այ­լեւ խո­րազ­գած ո­ճով ու ազ­գա­յին, քա­ղա­քա­կան եւ հա­սա­րա­կա­կան, յատ­կա­պէս կա­նանց ի­րա­ւունք­նե­րու եւ ա­զա­տագ­րու­մին առ ի պաշտ­պա­նու­թիւն խի­զախ պատ­գա­մով՝ ­Զա­պէլ Ե­սա­յեան ար­դէն ու­շադ­րու­թիւն գրա­ւած հե­ղի­նակ էր, երբ Սահ­մա­նադ­րու­թեան հռչա­կու­մէն ետք վե­րա­դար­ձաւ Պո­լիս եւ լծո­ւե­ցաւ գրա­կան թէ հա­սա­րա­կա­կան աշ­խոյժ գոր­ծու­նէու­թեան։

Շռն­­դա­լից ազ­դե­ցու­թիւն գոր­ծեց 1909-ին լոյս տե­սած իր «­Կեղծ հան­ճար­ներ» վէ­պը, ո­րուն մէջ անխ­նայ հեգ­նան­քի նշա­ւակ դար­ձուց այ­լա­պէս հայ գրա­կա­նու­թեան իւ­րօ­րի­նակ ու տա­րօ­րի­նակ հսկա­նե­րէն ­Տի­րան Չ­­րա­քեա­նը՝ ԻՆՏ­ՐԱն։ Այդ շրջա­նէն իսկ զգա­լի դար­ձաւ հա­կա­սա­կա­նու­թիւ­նը ­Զա­պէլ Ե­սա­յեան Ե­ՐԵ­ՒՈՅ­Թին. որ­քան սի­րե­լի եւ հա­րա­զատ էր վի­պա­գի­րը, այն­քան յա­ւակ­նոտ եւ ինք­նա­կեդ­րոն էր մարդ-քա­ղա­քա­ցին։

1909-ին, Ա­տա­նա­յի կո­տո­րած­նե­րուն ա­ռի­թով, ­Զա­պէլ Ե­սա­յեան մաս կազ­մեց պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րու Քն­­նիչ յանձ­նա­խում­բին։ ­Մօ­տէն ի­րա­զեկ դար­ձաւ ոչ միայն հա­յոց ող­բեր­գու­թեան, այ­լեւ՝ ընդ­հան­րա­պէս ­Կի­լի­կիոյ հա­յու­թեան մեծ տա­ռա­պան­քին։ Այդ ամ­բող­ջը գրա­կա­նօ­րէն յա­ւեր­ժու­թեան յանձ­նեց 1911-ին լոյս տե­սած իր «Ա­ւե­րակ­նե­րու մէջ» վէ­պով, որ կը նկա­տո­ւի իր կա­րե­ւո­րա­գոյն գոր­ծե­րէն մէ­կը։ Ե­ղեռ­նի նա­խօ­րեա­կին, ­Պոլ­սոյ հայ կեան­քին եւ յատ­կա­պէս գրա­կան-մշա­կու­թա­յին մեծ զար­թօն­քին գլխա­ւոր դրօ­շա­կիր­նե­րէն ե­ղաւ ­Զա­պէլ Ե­սա­յեան։ ­Գե­ղա­պաշտ սե­րուն­դի յա­ռա­ջա­պահ­նե­րէն էր, միա­ժա­մա­նակ՝ Պոլ­սոյ «Ա­զա­տա­մարտ»ի է­ջե­րէն հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման կա­րե­ւոր պատ­գա­մա­բեր­նե­րէն ա­մենէն դիւ­րա­հա­ղոր­դը եւ ժո­ղովր­դա­կա­նը։ ­Զա­պէլ Ե­սա­յեան ան­ցաւ Պուլ­կա­րիա։ ­Հոն­կէ՝ ­Սեւ ծո­վի վրա­յով ան­ցաւ ­Թիֆ­լիզ, ուր շա­րու­նա­կեց իր աշ­խոյժ գոր­ծու­նէու­թիւ­նը թէ՛ գրա­կան-ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան, թէ՛ ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան բնա­գա­ւառ­նե­րու մէջ։ Այդ շրջա­նին կա­րե­ւոր աշ­խա­տակ­ցու­թիւն բե­րաւ ­Ռու­բէն ­Դար­բի­նեա­նի խմբագ­րած «­Գործ» հան­դէ­սին։ Այդ շրջա­նին գրեց ­Սե­բաս­տա­ցի ­Մու­րա­տի սեւ-ծո­վեան հե­րո­սա­կան ճամ­բոր­դու­թեան նո­ւի­րո­ւած յու­շա­վէ­պը։ 1919-ին, երբ վերս­տին հաս­տա­տո­ւած էր ­Փա­րիզ, մաս կազ­մեց ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան պա­տուի­րա­կու­թեան եւ իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րաւ Խա­ղա­ղու­թեան հա­մար գու­մա­րո­ւած խորհր­դա­ժո­ղով­նե­րուն։

Նոյն այս շրջա­նին ­Զա­պէլ Ե­սա­յեան ապ­րե­ցաւ իր կեան­քին մե­ծա­գոյն շրջա­դար­ձը։ ­Նախ՝ ամ­բող­ջա­պէս հիաս­թա­փո­ւե­ցաւ եւ­րո­պա­կան դի­ւա­նա­գի­տու­թե­նէն եւ մե­ծա­պե­տա­կան շա­հա­մո­լու­թե­նէն, ինչ որ պոլ­շե­ւի­կեան «ա­րե­ւա­ծագ»ին նկատ­մամբ թիւ­րա­հա­ւա­տու­թեան մղեց զինք։ ­Բայց նաեւ թունդ դա­ւա­նա­փո­խու­թիւն ու­նե­ցաւ՝ գի­նիէն դար­ձած քա­ցա­խի պէս… ոչ միայն կռնակ դար­ձուց ե­րէ­կի իր պաշ­տա­մուն­քին ա­ռար­կան ե­ղող ար­ժէք­նե­րուն, այ­լեւ՝ կա­տա­ղի եւ մաղ­ձոտ պայ­քար բա­ցաւ ա­նոնց դէմ։ ­Միայն մէկ օ­րի­նակ տա­լու հա­մար կ­­՚ար­ժէ ա­ռանձ­նաց­նել Ա­ւե­տիս Ա­հա­րո­նեա­նի նկատ­մամբ ­Զա­պէլ Ե­սա­յեա­նի… «սրտա­փո­խու­թիւն»ը։ «­Հայ գրա­կա­նու­թեան թուխ Ա­րա­մազդ» հռչա­կու­մը Ա­հա­րո­նեան ստա­ցած էր նոյ­նինքն ­Զա­պէլ Ե­սա­յեա­նէն, 1910-ա­կան­նե­րուն, իսկ 1926-ին - ար­դէն խորհր­դա­յին հա­կա­դաշ­նակ­ցա­կան ա­տե­լու­թեան անձ­նա­տուր դար­ձած - ­Զա­պէլ Ե­սա­յեան միայն հեգ­նան­քի եւ ար­գա­հա­տան­քի ար­ժա­նի կը նկա­տէր միեւ­նոյն Ա­հա­րո­նեա­նին՝ ­Հայ­կա­կան Ա­զա­տա­մար­տի մե­ծա­գոյն եր­գի­չին։

Իր վե­րի­վայ­րում­նե­րով հան­դերձ՝ ­Զա­պէլ Ե­սա­յեան հայ ժո­ղո­վուր­դին կտա­կեց գրա­կան-մտա­ւո­րա­կան հա­րուստ ժա­ռան­գու­թիւն մը, որ ներշնչ­ման աղ­բիւր կը շա­րու­նա­կէ մնալ հա­յոց սե­րունդ­նե­րուն։

Ա­ւե­լի՛ն. սփիւռ­քեան հան­գիստ կեան­քէն հրա­ժա­րե­լով ­Հա­յաս­տան հաս­տա­տո­ւե­լու իր ընտ­րան­քով՝ Զա­պէլ Ե­սա­յեան նաեւ իբ­րեւ ազ­գա­յին-հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ օ­րի­նա­կե­լի դար­ձաւ։ Այդ­պէ՛ս էր, որ 17 ­Դեկ­տեմ­բեր 1934-ին, Ե­րե­ւա­նէն Ա­ւե­տիք Ի­սա­հա­կեա­նի ուղ­ղո­ւած նա­մա­կի մը մէջ, ­Զա­պէլ Ե­սա­յեան ջեր­մա­գին կը յոր­դո­րէր այդ ժա­մա­նակ դեռ ար­տա­սահ­ման ապ­րող Ի­սա­հա­կեա­նին, այ­լեւ՝ ընդ­հան­րա­պէս սփիւռ­քի իր գրչեղ­բայր­նե­րուն, որ այ­լեւս վե­րա­դառ­նան ­Հա­յաս­տան, ուր կը կեր­տո­ւի հայ ժո­ղո­վուր­դին լու­սա­ւոր գա­լի­քը։

Ող­բեր­գա­կա­նօ­րէն, ­Զա­պէլ Ե­սա­յեան միայն ե­րեք տա­րի կրցաւ վա­յե­լել բերկ­րան­քը հայ­րե­նի հո­ղին. Ս­­տա­լի­նեան հա­լա­ծանք­նե­րու շրջա­նին, 1937-ին, ­Զա­պէլ Ե­սա­յեան իր կար­գին ձեր­բա­կա­լո­ւե­ցաւ եւ աք­սո­րո­ւե­ցաւ…
­Տա­ղան­դա­ւոր գրո­ղի եւ հա­մար­ձա­կա­խօս մտա­ւո­րա­կա­նի հայ կա­նա­ցի դէմ­քը վախ­ճա­նե­ցաւ աք­սո­րի մէջ, ո­րոշ աղ­բիւր­նե­րու հա­մա­ձայն՝ 1943 թո­ւականին։

ՆԱՐԱԶԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Շաբաթ, Փետրուար 4, 2017