ՊԱՔՈՒ ԴԱՐՁԵԱԼ ՆԱԽԱՅԱՐՁԱԿ. ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ ԿԵՐՏԵԼՈՒ ՈՐԵՒԷ ՀԵՌԱՆԿԱՐ ԵՐԵՒԵԼԻ ՉԷ

Այն ժա­մե­րուն, երբ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան «տա­րին ամ­փո­փող մամ­լոյ ա­սու­լիս» կու տար, Ատր­պէյ­ճա­նի բա­նա­կի ջո­կատ­ներ Ղա­րա­բա­ղի հիւ­սի­սա­յին սահ­ման­նե­րու (Թա­լիշ) ուղ­ղու­թեամբ ներ­թա­փանց­ման փորձ կը կա­տա­րէին: Ատր­պէյ­ճա­նա­կան ոտնձ­գու­թիւ­նը կը բա­խէր հայ­կա­կան սահ­մա­նա­պահ զօր­քե­րու հա­մա­պա­տաս­խան քայ­լե­րուն, ո­րոնց ար­դիւն­քով գրո­հող կող­մը ետ կը մղուէր, առ­նուազն տա­լով մէկ վի­րա­ւոր: Այս բո­լո­րին ա­ռըն­թեր ա­մե­նէն «զգա­յա­ցունց» տե­ղե­կու­թիւ­նը կը հան­դի­սա­նար ատր­պէյ­ճան­ցի զի­նուոր Էլ­նուր Հիւ­սէյին­զա­տէին (1995, Պար­տա) գե­րի իյ­նա­լը: Պա­քու հա­կակշ­ռե­լու հա­մար ընդ­հա­նուր ի­րադ­րու­թիւ­նը՝ կը յայ­տա­րա­րէր, որ սահ­մա­նա­խախ­տու­մը ոչ մէկ կապ ու­նի բա­նա­կին հետ եւ ան հա­ւա­նա­բար «մո­լո­րած» է:

Ատր­պէյ­ճա­նա­կան կող­մին գլտո­րած «հէ­քեաթ»ը շատ կարճ կեանք կ՚ու­նե­նար: Դէպ­քէն մէկ օր վերջ, Հա­յաս­տա­նի լրա­տուա­կան ցան­ցի յա­ռա­ջա­տար կայ­քե­րը ի­րենց գլխա­ւոր է­ջե­րուն կը տե­ղադ­րէին կարճ տե­սա­նիւթ մը (ատր­պէյ­ճա­նական թրքե­րէ­նով), ուր գե­րե­վա­րուած զի­նուո­րին մայ­րը կը յայտ­նէր, որ իր զա­ւա­կը բա­նա­կին մէջ կը ծա­ռա­յէ (տե­սա­նիւ­թը առ­նուած էր Istipress.com կայ­քէն):

Դէպ­քին ամ­բող­ջա­կան տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը ցարդ չեն յայ­տա­րա­րուած, բայց յստակ է, որ ե­ղա­ծը ար­դիւնք է կազ­մա­կեր­պուած աշ­խա­տան­քի եւ այդ ոտնձգու­թեան մաս­նա­կից­նե­րը ոչ միայն բա­նա­կի ան­դամ զի­նուոր­ներ են, այլ ա­նոնք շատ հա­ւա­նա­բար մաս­նա­յա­տուկ ջո­կատ­նե­րու մաս կազ­մող բա­նա­կա­յին­ներ: Ա­մէն պա­րա­գա­յի այս խնդրին շուրջ շատ բան պի­տի յստա­կե­նայ, երբ Ղա­րա­բա­ղի պատ­կան մար­մին­նե­րը ամ­բող­ջա­կան տե­ղե­կու­թիւն­ներ հրա­պա­րա­կեն դէպ­քին, ինչ­պէս նաեւ ա­նոր ծալ­քե­րուն մա­սին:

Հա­յաս­տա­նի սահ­մա­նա­յին Տա­ւուշ մար­զի Չի­նա­րի գիւ­ղի սահ­մա­նին ուղ­ղու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցած յար­ձա­կու­մէն (Դեկ­տեմ­բեր, 2016) ի վեր ե­ղա­ծը պէտք է հա­մա­րել երկ­րորդ գլխա­ւոր դէպք Հա­յաս­տան-Ատր­պէյ­ճան ու յատ­կա­պէս Ղա­րա­բաղ-Ատր­պէյ­ճան սահ­մա­նա­յին գօ­տիին վրայ:

Թա­լի­շի ուղ­ղու­թեամբ կա­տա­րուած այս դա­տա­պար­տե­լի ա­րար­քը կը կա­-տա­րուէր եր­կու նպա­տակ­նե­րով:

ա. Յար­ձա­կու­մը կու գար շօ­շա­փել հայ­կա­կան սահ­մա­նա­պահ զօր­քե­րուն զգօ­նու­թեան աս­տի­ճա­նը:

բ. Կը մի­տէր վա­խի եւ սար­սա­փի մթնո­լորտ ստեղ­ծել ան­ցեալ տա­րուան ապ­րի­լեան քա­ռօ­րեա­յի հե­տե­ւան­քով շրջա­նէն հե­ռա­ցած ու օ­րերս վե­րա­դար­ձած թա­լիշ­ցի­նե­րուն, ո­րոնք մեծ ճի­գեր կ՚ի­րա­կա­նաց­նեն վե­րա­կա­ռու­ցե­լու հա­մար բա­ւա­կան ծանր վնաս­նե­րու են­թար­կուած գիւ­ղը:

Պա­քուի հա­մար Թա­լի­շը կը շա­րու­նա­կէ մնալ կա­րե­ւոր թի­րախ։ Շատ հա­ւա­նա­բար այս մօ­տե­ցու­մով ամ­րագ­րուած է, որ Ատր­պէյ­ճա­նի զի­նուո­րա­կան ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը վճռած էր ան­գամ մը եւս «ճեղ­քել» Թա­լի­շի ճա­կա­տը:

Բաց աս­տի, Պա­քուի կող­մէ կա­տա­րուած այս քայ­լը կը փոր­ձէր ա­մէն գնով հայ­կա­կան կող­մին յի­շեց­նել, որ ղա­րա­բա­ղեան հիմ­նախն­դի­րը զի­նուո­րա­կան ընտ­րանք­նե­րով լու­ծե­լու ե­ղա­նա­կը «հիմ­նա­կան օ­րա­կարգ» է:

Սա­կայն խա­ղը կը շրջուէր, շնոր­հիւ հայ­կա­կան բա­նա­կի ա­րագ եւ կտրուկ քայ­լե­րուն ու Պա­քուն մղե­լու վե­րա­տե­սու­թեան են­թար­կել՝ հայ­կա­կան բա­նա­կի դիր­քե­րուն ուղ­ղու­թեամբ ներ­թա­փանց­ման փոր­ձեր կա­տա­րե­լու իր ամ­բողջ գոր­ծե­լաո­ճը:

Ղա­րա­բա­ղի Նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հա­կեա­նի մամ­լոյ խօս­նա­կին՝ Դա­ւիթ Պա­պա­յեա­նի կար­ծի­քով, Ատր­պէյ­ճան շատ ա­րագ կրնայ «լու­ծել» իր գե­րե­վա­րուած զի­նուո­րին խնդի­րը: Դա­ւիթ Պա­պա­յեան այս մա­սին «Հայ­կա­կան Ժա­մա­նակ» օ­րա­թեր­թին ը­սած է. «Ա­նոնք հրա­­ժա­րուած են այդ զի­նուո­րէն եւ ա­սի­կա ֆա­շիզ­մի դրսե­ւո­րում է: Ա­նոնք այդ­պէս կը վա­րուին ոչ միայն հա­րե­ւա­նի, այլ նաեւ ի­րենց սե­փա­կան քա­ղա­քա­ցիի նկատ­մամբ: Ա­նոնք հրա­ժա­րուած են զի­նուո­րէն, հայ­րե­նի­քի պաշտ­պա­նէն, զայն ներ­կա­յա­ցու­ցած են որ­պէս զօ­րաց­րուած անձ­նա­ւո­րու­թիւն, ե­րի­տա­սարդ մը, որ կը խախ­տէր զի­նուո­րա­կան կա­նոն­նե­րը: Փաս­տօ­րէն, ա­լիե­ւեան կլա­նին պէտք են միայն զո­հուած հե­րոս­ներ»:

Պա­պա­յեա­նի գե­րե­վա­րուած զի­նուո­րը «ու­րա­ցում»ի ո­ճին մա­սին կա­տա­րած դի­տար­կու­մը, բնա­կա­նա­բար ու­նի իր նա­խա­պատ­մու­թիւ­նը: Այ­սինքն ա­ռա­ջին ան­գա­մը չէ, որ Պա­քու այս «խաղ»էն դուրս ել­լե­լու հա­մար այս խար­դա­ւան­քին կը դի­մէ: Այլ խօս­քով՝ այս նեղ կա­ցու­թե­նէն դուրս գա­լու հա­մար, Պա­քուին հա­մար եր­բեք դժուար չէ «ծա­խել» իր զի­նուո­րը: Այս ա­ռու­մով է նաեւ, որ յա­տուկ նշա­նա­կու­թիւն կը ստա­նան Դա­ւիթ Պա­պա­յեա­նի խօս­քե­րը, ըստ ո­րոնց ներ­կայ պա­հու դրու­թեամբ Էլ­նուր Հիւ­սէ­յին­զա­տէի հա­մար ա­մե­նէն ա­պա­հով տե­ղը Ղա­րա­բաղն է:

Ղա­րա­բա­ղի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն հա­մար ալ ոչ մէկ պա­րա­գա­յի նման գե­րի­ներ «պա­հե­լու» հար­ցը շա­հա­ւէտ խնդիր է: Այ­սինքն ղա­րա­բաղ­ցիք չեն, որ գրոհ եւ սադ­րանք կը կազ­մա­կեր­պեն, այլ հեր­թա­կան ան­գամ հա­կա­ռա­կոր­դը այդ ո­ճը կի­րա­րե­լով կը փոր­ձէ նոր միա­ւոր­ներ կու­տա­կել:

Ներ­կայ պա­հու դրու­թեամբ Պա­քու Ղա­րա­բա­ղի հար­ցին շուրջ խա­ղաղ ճա­նա­պար­հով լու­ծում­ներ մէջ­տեղ բե­րե­լու հո­գե­վի­ճա­կին մէջ չէ: Ու այս մօ­տե­ցու­մով շար­ժող վար­չա­մե­քե­նա­յին հա­մար ալ, իր հա­րիւր կամ նոյ­նիսկ հա­զար զինուոր­նե­րու դա­գաղ­նե­րը ոչ մէկ կա­րե­ւո­րու­թիւն ու­նին: Հա­կա­ռա­կորդ կող­մին հա­մար հար­ցը «մար­մանդ» կրա­կի վրայ «վառ» եւ խա­ղաղ բնակ­չու­թիւ­նը պա­տե­րազ­մի սոս­կում­նե­րուն եւ ու­րուա­կա­նին մէջ պա­հելն է:

Ճիշդ ձե­ւա­կեր­պու­մը պա­տե­րազ­մի ա­հը չէ, այլ պա­տե­րազ­մի ու­րուա­կա­նը: Ու այս բո­լո­րին դի­մաց ղա­րա­բաղ­ցի ժո­ղո­վուր­դին անն­կուն կամ­քը եւ իր պա­պե­նա­կան հո­ղե­րուն վրայ ա­մէն գնով կեան­քը շա­րու­նա­կե­լու վճ­ռա­կա­մու­թիւ­նը: Տխու­րը եւ ցաւց­նո­ղը Ղա­րա­բա­ղը խա­ղաղ պայ­ման­նե­րու մէջ զար­գաց­նե­լու հեռ­անկ­ար­նե­րը հե­ռաց­նե­լուն մէջ է: Ու Պա­քու ա­մէն ա­ռի­թով իր նոյն պա­տե­րազ­մա­սէր ե­րե­սը ցոյց տա­լով՝ ոչ միայն խո­ցե­լի կը դարձ­նէ իր՝ ա­ռանց ա­տոր ալ խո­ցուած ե­րե­սը, այլ ա­ւե­լիով կը հե­ռաց­նէ միաս­նա­բար խա­ղա­ղու­թիւն կեր­տե­լու բո­լոր ճա­նա­պարհ­նե­րը: Ղա­րա­բաղ­ցիք շատ լաւ կը գի­տակ­ցին այս մէ­կը: Ա­նոնց հա­մար խա­ղա­ղու­թեան եւ պա­տե­րազ­մի եր­կու ձիե­րը միա­սին կը վա­զեն: Այդ ձիե­րը հա­ւա­սա­րա­զօր ուժ ու­նին: Մինչ խա­ղա­ղու­թիւ­նը, խա­ղա­ղու­թեամբ ապ­րե­լու ընտ­րան­քը դժուա­րա­գոյն ընտ­րու­թիւն մըն է, ան­դին Պա­քուի ընտ­րած ճա­նա­պար­հը կը խօ­սի բա­ցար­ձակ թու­լու­թեան եւ ան­հե­ռա­տես քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մը մա­սին:

Խա­ղա­ղու­թեան նիւ­թը անց­նող մի քա­նի ա­միս­նե­րուն քննարկ­ման մեծ լսա­րան ա­պա­հո­վեց մա­նա­ւանդ Հա­յաս­տա­նի ա­ռա­ջին նա­խա­գա­հի յայտ­նի ե­լոյ­թէն վերջ: Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­կան ընտ­րա­նիին հա­մար ալ խա­ղա­ղու­թիւն կեր­տե­լու դրոյ­թը մեր­ժե­լի ըն­թացք մը չէ։ Այս խօս­քին ա­մե­նէն վառ ա­պա­ցոյ­ցը Եդուարդ Նալ­պան­տեա­նի վեր­ջին մամ­լոյ ա­սուլի­սին հնչած միտքն է այն մա­սին, թէ Հա­յաս­տան բա­նակ­ցու­թեան գոր­ծըն­թաց­նե­րէն յոգ­նե­լու եւ տե­ղի տա­լու ո­րե­ւէ ի­րա­ւունք չու­նի, այն­քան ժա­մա­նակ, երբ ղա­րա­բա­ղեան հիմ­նա­հար­ցը խա­ղաղ մի­ջոց­նե­րով լու­ծե­լէ բա­ցի այլ ելք մը չու­նի:

Բա­ցի այս բո­լո­րէն, ա­մե­նէն մտա­հո­գի­չը մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան ար­դէն իսկ ձե­ւա­կան դար­ձած ար­ձա­գանգ­ներն են: Դա­տա­պար­տու­մի խօս­քե­րէն, հրա­­դա­դա­րը կա­յուն եւ ա­մուր պա­հե­լու յոր­դոր­նե­րէն ան­դին մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թիւ­նը չի մտա­ծեր «լիար­ժէք» կեր­պով ձեռ­նա­մուխ ըլ­լալ ղա­րա­բա­ղեան հիմ­նախնդ­րի լուծ­ման կապակցութեամբ: Ե­թէ անց­նող Ապ­րի­լի դէպ­քե­րէն ետք բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցին հետ կա­պուած ո­րոշ աշ­խու­ժու­թիւն մը առ­կայ էր, այ­սօր ակն­յայտ է ար­դէն, որ Ղա­րա­բա­ղը չի գտնուիր Հա­րա­ւա­յին Կով­կա­սի հար­ցե­րուն մէջ «խօսք ու­նե­ցող» կող­մե­րու սե­ղա­նին: Այս վի­ճա­կը իր ժխտա­կան ար­ձա­գանգ­նե­րը կ՚ու­նե­նայ եր­կու եր­կիր­նե­րուն՝ Հա­յաս­տա­նին ու Ատր­պէյ­ճա­նին հա­մար: Այս մօ­տե­ցու­մէն ան­դին կայ նաեւ այն վար­կա­ծը, թէ Պա­քուի հա­մար Ղա­րա­բա­ղի հար­ցին ան­լոյծ պա­հուի­լը մշտա­կան վա­ռե­լա­նիւթ է, ա­ռանց ա­նոր ալ քա­ղա­քա­կան ու տնտե­սա­կան մեծ հար­ցե­րու առ­ջեւ կանգ­նած Ա­լիե­ւի իշ­խանա­կար­գին հա­մար:

Եւ այս պատ­կե­րին վրայ յստակ կը դառ­նայ, որ հայ­կա­կան կող­մը ու­նի մէկ ճա­նա­պարհ, որն է ա­մէն գնով ամ­րաց­նել իր սահ­մա­նա­յին եզ­րա­գի­ծին անվ­տան­գու­թիւ­նը եւ յա­ւե­լեալ ազ­գա­յին միաս­նա­կա­նու­թիւն ա­պա­հո­վել հայ­կա­կան բա­նա­կին շուրջ:

Ու­ժեղ բա­նակ­նե­րը խա­ղա­ղու­թիւն պար­տադ­րե­լու մե­ծա­գոյն գրա­ւա­կանն են, մա­նա­ւանդ այս պա­րա­գա­յին, երբ հակա­ռա­կոր­դին հա­մար խա­ղա­ղու­թիւն կեր­տե­լու ընտ­րան­քը բա­ցա­կա­յող ազ­դակ է:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ե­րե­ւան

Շաբաթ, Փետրուար 4, 2017