ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԸ ՈՒՆԵՑԱՒ ԵՐԿՈՒ ՆԱԽԱՐԱՐ

ԱՄԵՆԱԿԱՐԵՒՈՐԸ՝ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՕՆՆ Է

Լիբանանեան լուրերուն հետեւողներուս համար յառաջիկայ օրերը պիտի ըլլան ոչ-սովորական։ Այն իմաստով, որ ամբողջ ինն ամիս լրատուական ծառայութիւններուն համար թիւ մէկ նիւթը հանդիսացող կառավարութեան կազմութեան տագնապը կը հասնէր իր աւարտին։

Այսպէս, մինչ հինգշաբթի երեկոյեան ժամերէն սկսեալ լրատուական ծառայութիւններ, որոնք կամաց-կամաց կը սկսէին նոր կառավարութեան կազմութեան լուրին նախանշանները տալ, երկրի վարչապետ Սաատ Հարիրի կը կատարէր Թուիթըրի ուշագրաւ գրառում մը, ինչ որ ձեւով մը «ներողամտութեան հայց» էր ուղղուած՝ յատկապէս լիբանանցի երիտասարդներուն։

Հարիրի կը յայտնէր, որ կառավարութեան տագնապը հասած է իր աւարտին ու հիմա «գործի ժամանակ»ն է։

Մինչ զանազան երկիրներու մէջ կառավարութիւն կազմելու օրակարգը կը համարուի երկիրը ղեկավարելու միտուած «սովորական» գործընթաց մը, նոյնը չէ պարագան Միջին Արեւելքի «գողտրիկ աստպետ»ին՝ Լիբանանի համար։

Խնդիրը միայն կապ չունի Լիբանանի համայնքային երկիր մը ըլլալու բաւական «խանգարող» եւ բարդ դրոյթին հետ, այլ ունի տարբեր խորքայնութեան հասնող քաղաքական դրդապատճառներ։

Մինչ վաղ եօթանասունականներուն Լիբանան յայտնուած էր Պաղ պատերազմի երկու սրածայր արանքներուն միջեւ, այսօր կայ նոր դրութիւն մը։

Խօսքը յատկապէս Թեհրան-Ռիատ լուռ հակամարտութեան մասին է, որ ներկայիս եւ յուրախութիւն լիբանանցի ժողովուրդին, կ՚ընթանայ սոսկ քաղաքական հարթակի վրայ։

Անշուշտ միայն վերոնշեալ ուժերը ազդեցութիւն չունին Լիբանանի մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն վրայ։ Բայց եւ այնպէս, սիւննի-շիի երանգաւորումով կերպարանք ստացած Ռիատ-Թեհրան հակամարտութիւնը ամենէն ազդուն է։

Շատեր հարց պիտի տան. եթէ այդպէս է, ապա ի՞նչ բան վարչապետ Սաատ Հարիրին մղեց՝ ինն երկար ամիսներ սպասելէ եւ սպասցնելէ ետք յանկարծ իրականութիւն դարձնել նոր կառավարութիւն մը կազմելու գործընթացը։

Այս հարցումին զուգահեռ աւելի քան յստակ է, որ Լիբանանի մէջ կառավարութիւն մը գոյացնելու գործընթացը միայն «տեղական» առանցքներու, իրականութիւններու կամ զարգացումներու լոյսին տակ աճող եւ մարմին դարձող երեւոյթ մը չէ, այլեւ անոր մէջ կան մանաւանդ արտաքին գործօնները, որոնց ացզդեցութիւնը շատ աւելի մեծ է, քան ըսենք երկրի համայնքներուն միջեւ տարուող մրցապայքարն ու շահերու բախման ընդհանուր վիճակը։

Այս հանգամանքը նկատի առնելէ ետք մեզի համար պարզ կը դառնայ, որ Սաատ Հարիրիի կառավարութիւն կազմելու վերաբերեալ յաջողութեամբ պսակուած ճիգերը անպայմանօրէն կապ ունին վերջին ամիսներուն տեղի ունեցած շրջանային կարեւոր եւ բաւական ուշագրաւ իրադարձութիւններուն հետ, որոնց մասին պիտի անդրադառնամ այս գրութեան երկրորդ մասով։

ՊԷՅՐՈՒԹԸ՝ «ՄԱՔՈՒՐ» ՏԱՐՐԱԼՈՒԾԱՐԱՆ ՄԸ

Յայտնագործութիւն ըրած պիտի չըլլամ, եթէ ըսեմ, որ վերջին երեսուն-քառասուն տարիներուն Լիբանանը դարձած է Միջին Արեւելքի աւազանին շուրջ «պտտուող» եւ մարմին ստացող քաղաքականութեան գլխաւոր հարթակ։

Եթէ անցեալին Պէյրութի համար «կը կռուէին» Միացեալ Նահանգները (ուղղակիօրէն) եւ Խորհրդային Միութիւնը (անուղղակի գործիքակազմով), այսօր Լիբանանի համար «պայքար տուող» կողմերն են Ռիատը եւ Թեհրանը։

Եթէ Թեհրանի պարագային իրավիճակը կապ ունի նաեւ շրջանային մեծ խմորումներուն հետ, ապա սէուտցիք մեծ ճիգ կը գործադրեն «նեղ դրութեան» մատնելու՝ շատերուն համար իրանեան «ֆորթփոստ» համարուող Պէյրութը։

Այսինքն այստեղ կայ երկու առանցք։ Առաջինը՝ կապ ունի «Հիզպուլլահ»ի կողմէ յառաջ քշուած հակաիսրայէլեան պայքարին հետ, իսկ երկրորդը՝ այդ կուսակցութեան դէմ գոյութիւն ունեցող համասիւննիական պայքարին հետ։

Անշուշտ այս իրավիճակը երկար տարիներու կեանք չունի։ Եւ ան աւելիով կը շեշտուէր Լիբանանի նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութենէն անմիջապէս ետք։ Հարիրի այդ օրերուն կը կատարէր բոլոր կողմերը իրար մօտեցնողի եւ նոյնիսկ հակառակորդները իրարու հետ խօսակցելու առիթ տուողի դերը։

Այդ օրերուն կա՞ր, գոյութիւն ունէ՞ր սիւննի-շիի «հակամարտութիւն»ը. այո՛, ի հարկէ կար։ Այդ օրերուն կա՞ր, գոյութիւն ունէ՞ր «Հիզպուլլահ»ի հանդէպ «հասկնալի» վերապահութիւն մը. այո՛, կար, գոյութիւն ունէր։ Եւ այդ իրավիճակներուն առընթեր կար, գոյութիւն ունէր Ռաֆիք Հարիրիի նման մեծ հեղինակութիւն ունեցող վարչապետ մը, որ կը կարողանար ոչ միայն կողմերը ի մի բերել, այլեւ բանալ երկխօսութեան ճանապարհներ ու միով բանիւ կողմերուն բացատրել, որ իրենք «պէտք են» իրարու եւ կարող են միասին աշխատիլ, ապրիլ եւ ստեղծագործել։ Ու շատ հաւանական է նաեւ, որ վարչապետ Ռաֆիք Հարիրին այդ պատճառով է, որ թիրախ դարձաւ անարգ ոճիրի։ Ան սպաննուեցաւ օր ցերեկով, պատճառ դառնալով քաղաքական մեծ պայթումի մը, որուն հետեւանքները ցարդ չեն վերացած։

Հարիրիի կերպարը ներկայացնելէ անդին յստակ է նաեւ, որ Լիբանան դեռ երկար ժամանակ պիտի շարունակէ մնալ շրջանի գլխաւոր «քաղաքական տարրալուծարան»ը, այլ խօսքով բախումներու, շահերու, ազդեցութիւններու եւ ճակատումներու հիմնական հանդիսավայրը։ Ճիշդ է, որ այսօր այդ բախումները եւ «ճակատումներ»ը կ՚ընթանան, տեղի կ՚ունենան քաղաքական հարթակի վրայ, սակայն այնուամենայնիւ այս իրավիճակը կրնայ կտրուկ փոփոխութեան ենթարկուիլ եւ ստեղծել «պատերազմական» իրավիճակ։

Ի՞ՆՉ ԿԸ ԿԱՏԱՐՈՒԻ «ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՃԱԿԱՏ»ԻՆ ՎՐԱՅ

Ինն ամիսներ տեւած քաղաքական պայքարին մէջ հայութիւնը անմասն չմնաց։ Տնտեսական-քաղաքական միաւոր հանդիսացող լիբանանահայութիւնը օրերս կազմուած կառավարութեան մէջ ունեցաւ նախարարական երկու աթոռ։ Վերջին տարիներուն Լիբանանի մէջ կազմուած կառավարութիւնները ընդհանրապէս կը բաղկանային երեսուն նախարարներէ ու այդ կառավարութեանց մէջ հայութիւնը կը ներկայացուէր մէկ նախարարով։ Եղած են շրջաններ, երբ հայութիւնը ունեցած է երկու նախարար, որոնք կը ներկայացնեն հայութեան քաղաքական գլխաւոր եւ աւանդական հոսանքները։ Խօսքը՝ ՀՅԴ-ի, ՍԴՀԿ-ի եւ ՌԱԿ-ի մասին է։ Ուշագրաւ է նաեւ, որ մինչ ՀՅԴ-ն յառած եղած է 8 մարտի քաղաքական ուժերուն, անդին միւս երկուքը դաշնակցած են վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիին ու ապա անոր որդւոյն՝ Սաատ Հարիրիին հետ։

Այս իրավիճակը կը տեւէր մինչեւ անցեալ մայիս, երբ տեղի ունեցած երեսփոխանական ընտրութիւններուն ի յայտ կու գար, թէ մինչեւ այդ թուականը առկայ քաղաքական դաշինքները այդքան ալ կայուն եւ մշտական չեն։

Ընտրութեանց արդիւնքները ծանր կ՚ըլլային՝ ՍԴՀԿ-ին եւ ՌԱԿ-ին համար, որոնք զանազան ազդակներու բերումով կը կրէին մեծ պարտութիւն եւ դուրս կը մնային երկրի խորհրդարանէն։ Անշուշտ ընտրական նոր օրինագիծը կ՚ունենար ժխտական մեծ դեր, որ սակայն միակ պատճառը չէր, որ երկու հայկական ուժերը դուրս կը մնային խորհդարանէն։

Ինչ կը վերաբերի ՀՅԴ-ին, որ ընտրութեանց կարեւոր յաջողութիւն կ՚արձանագրէր, կուսակցութիւնը կը շարունակէր պահպանել իր դաշինքը, այս պարագային մանաւանդ երկրի նախագահ զօրավար Միշել Աունին ու անոր փեսային՝ Ժըպրան Պասիլին հետ (արտաքին գործոց նախարար եւ Աունի հիմնադրած «Ազգային ազատ հոսանք»ի առաջնորդ)։ Այս հանգամանքը մեծապէս կ՚օգնէր, որ Դաշնակցութիւնը զբաղեցնէ իր արժանի դիրքը օրերս կազմուած կառավարութեան մէջ։

Խօսելով նոր կազմուած կառավարութեան մէջ եղող երկրորդ հայ նախարարին մասին՝ ապա նշեմ, որ Ռիչըրտ Գույումճեան կառավարութեան մաս կը կազմէր որպէս անդամը «Լիբանանեան ուժեր» քրիստոնէական-աջ թեքումով կուսակցութեան. բան մը, որուն մասին առնուազն կրնամ ըսել՝ նորութիւն էր։

Այս փուլին հեռու մնալով հայութեան ներկայացուցչութեան ընդհանուր դրոյթին եւ այդ ներկայացուցչութիւնը արժանավայել կերպով իրականացնելու մասին խօսելէ, հարկ կը համարեմ նշել, որ Լիբանանի մէջ ապրող հայութիւնը կարիքն ունի մեծ ուշադրութեան եւ խօսքերէ անդին կարիքն ունի իրական եւ օգտակար ծրագիրներու, որոնց վերաբերեալ հայազգի երկու նախարարներն ալ վստահօրէն ընելիք ունին։ Նախարար Կիտանեան, որ արդէն երկրորդ անգամն ըլլալով կը ստանձնէ զբօսաշրջութեան նախարարի դերը՝ յաջողութեամբ անցած է իր քննութիւնը, իսկ երկրորդ նախարարը՝ Ռիչարտ Գույումճեան ստանձնած է այնքան կարեւոր՝ ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնը։ Նախարարութիւն մը, որ թելադրական ու անհրաժեշտ տալիքներ ունի նաեւ լիբանանահայ համայնքի զաւակներուն, որոնք լիբանանցի մեծամասնութեան նման յայտնուած են ընկերային-տնտեսական բաւականին սուր տագնապներու մէջ։

Մաղթենք յաջողութիւն մեր երկու նախարարներուն։

​ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Փետրուար 4, 2019