Խոհեր Մայրենի Լեզուի Մասին

Ծած­կա­գիր, դրոշմ հայ լե­զուին վրայ­
Ա­րեան մէջ մեր սուրբ, խնկա­հոտ բու­րում
Հ­րա­բուխն հա­յոց դուք վառ պա­հե­ցիք…­
Ա­րեան հոս­քով մեր ե­րակ­նե­րուն
Նոր ա­ւի­շով բորբ կը գո­յա­տե­ւէք…:
«Աս­տուա­ծա­յին մեր լե­զուին-կանչ ա­րար­չա­կան»
Մ.Պ.Ղ.

Լե­զուն մար­դոց հա­ղոր­դակ­ցու­թեան կա­րե­ւո­րա­գոյն մի­ջոցն է: Ա­նի­կա յա­ռա­ջա­ցած ըլ­լա­լով հա­սա­րա­կու­թեան մէջ ստեղ­ծուած անհ­րա­ժեշ­տու­թեան ստի­պո­ղա­կան պա­հան­ջով՝ իր գո­յու­թիւ­նը կը պահ­պա­նէ, քա­նի որ մար­դոց մի­ջեւ իբ­րեւ հա­ղոր­դակ­ցու­թեան մի­ջոց կը ծա­ռա­յէ: Ուր որ չկայ հա­ղոր­դակ­ցու­թիւն, այն­տեղ չկայ նաեւ լե­զու: Հա­սա­րա­կա­կան հա­ղոր­դակ­ցու­թիւ­նը լե­զուի ոչ միայն ծագ­ման, այ­լեւ գո­յու­թեան անհ­րա­ժեշտ պայ­մանն է: Լե­զուն կ՚ա­պա­հո­վէ հա­սա­րա­կու­թեան միաս­նա­կա­մու­թիւ­նը եւ ա­նոր ան­դամ­նե­րուն հա­մա­տեղ գոր­ծու­նէու­թիւ­նը: Իսկ որ­պէս­զի հա­սա­րա­կու­թեան ան­դամ­նե­րը կա­րե­նան ի­րա­րու հետ փո­խա­դարձ ըմբռն­ման հաս­նիլ, անհ­րա­ժեշտ է, որ լե­զուն ընդ­հա­նուր եւ միաս­նա­կան ըլ­լայ:

- Ի­րա­րու դրա­ցի ժո­ղո­վուրդ­ներն ու ազ­գե­րը մե­կու­սա­ցած չեն, ա­նոնք ի­րա­րու հետ փո­խա­դարձ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու եւ շփման մէջ են:

- Խօ­սիլ՝ կը նշա­նա­կէ մտա­ծել: Լաւ կը խօ­սի կամ կը գրէ ան, որ լաւ կը մտա­ծէ: Իսկ մտա­ծել՝ կը նշա­նա­կէ խօ­սիլ: Մար­դիկ կը մտա­ծեն՝ խօ­սե­լով ի­րենց մտքին մէջ: Մեր մտա­ւոր խօս­քը կը դառ­նայ գրա­ւոր խօսք, ներ­քին խօս­քը կը վե­րա­ծուի գի­րի:

Ներ­քին խօս­քը ան­հա­տա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն է:

Լե­զուն քե­րա­կա­նա­կան հա­մա­կարգ է, որ գո­յու­թիւն ու­նի իւ­րա­քան­չիւ­րի ու­ղե­ղին մէջ, նաեւ՝ ամ­բողջ հա­ւա­քա­կա­նու­թեան մտա­ծո­ղու­թեան մէջ: Լե­զուն իր լիա­կա­տար ամ­բող­ջա­կա­նու­թեամբ գո­յու­թիւն չու­նի ա­ռան­ձին-ա­ռան­ձին ան­հատ­նե­րու մտքին մէջ, հա­պա իբ­րեւ ամ­բող­ջու­թիւն գո­յու­թիւն ու­նի զան­գուա­ծի մտա­ծո­ղու­թեան մէջ: Ուր որ չկայ հա­սա­րա­կու­թիւն, այն­տեղ չկայ նաեւ լե­զու: Ո­րով­հե­տեւ լե­զուն հա­ղոր­դակ­ցու­թեան մի­ջոց է եւ ու­րիշ ձե­ւով չի կրնար հան­դէս գալ:
Հա­յոց լե­զուի գո­յու­թիւնն ու պահ­պա­նու­թիւ­նը պայ­մա­նա­ւո­րուած է ոչ միայն մեր՝ հա­յե­րուս գո­յու­թեամբ, այ­լեւ՝ մեր հա­յոց լե­զուի լիա­կա­տար գոր­ծա­ծու­թեամբ:

- Ա­ռան­ձին մտա­հո­գու­թեան եւ յա­տուկ խօ­սակ­ցու­թեան նիւթ է մեր գոր­ծա­ծա­կան լե­զուի աղ­քա­տու­թիւ­նը, հա­յե­րէ­նի բա­ռամ­թեր­քէն կէս բուռ օգ­տուե­լու կա­մա­ւոր մու­րա­ցի­կու­թիւ­նը: Իսկ բա­ռե­րը կ՚ապ­րին ո՛չ բա­ռա­րան­նե­րու մէջ, ո՛չ ալ գիր­քե­րու: Բա­ռե­րուն կեան­քը ա­նոնց գոր­ծա­ծու­թեան մէջ է: Լե­զուն մտա­ծո­ղու­թիւն ըլ­լա­լով՝ նաեւ գոր­ծիք է, իսկ այդ գոր­ծի­քը կ՚ապ­րի, երբ կը բա­նեց­նենք «կ՚աշ­խատց­նենք», զայն հա­կա­ռակ պա­րա­գա­յին կը փտի կամ կը ժան­գո­տի: (Պա­րոյր Սե­ւակ):
Լե­զուն նաեւ վարք է:

Երբ մար­դիկ կը տե­ղա­փո­խուին մէկ մի­ջա­վայ­րէ դէ­պի ու­րիշ մի­ջա­վայր, ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին անզ­գա­լա­բար նաեւ կը փո­խուին ա­նոնց բա­ռամ­թերքն ու խօ­սե­լաո­ճը՝ յար­մա­րե­լով նո­րին:

Մեր զար­գաց­ման ա­ռա­ջին թշնա­մին այն է, երբ մենք մտա­ծենք, որ կը տի­րա­պե­տենք խօս­քի մշա­կոյ­թին:

Մար­դը լաւ խօ­սիլ կը սոր­վի իր ամ­բողջ կեան­քի տե­ւո­ղու­թեան, իսկ խօս­քի տի­րա­պե­տու­թեան ա­մե­նա­լաւ տա­րի­քը մա­նուկ ու պա­տա­նի հա­սակն է: Մա­նուկ­ներ ա­տակ են միա­ժա­մա­նակ տար­բեր լե­զու­ներ իւ­րաց­նե­լու: Մայ­րե­նիի լաւ ի­մա­ցու­թիւ­նը ձեռք կը ձգուի մա­նուկ հա­սա­կէն: Իսկ մենք՝ չա­փա­հաս­ներս պար­տա­ւոր ենք մեր ամ­բողջ կեան­քի տե­ւո­ղու­թեան կա­տա­րե­լա­գոր­ծել մեր գիտ­ցած հա­յե­րէ­նը:

- Աշ­խար­հի վրայ գո­յու­թիւն ու­նե­ցող եօ­թը հա­զար լե­զու­նե­րուն կէ­սը դա­տա­պար­տուած է ընդ­միշտ կորսուե­լու վտան­գին: Այս մտա­հո­գիչ կա­ցու­թեան մէջ կը գտնուի նաեւ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը՝ ոչ միայն իբ­րեւ գրա­ւոր, այլ մա­նա­ւանդ որ­պէս բա­նա­ւոր լե­զու, յատ­կա­պէս՝ եւ­րո­պա­կան ու ա­մե­րի­կեան եր­կիր­նե­րու մէջ հայ եր­դիք­նե­րու տակ, ուր հա­յե­րէ­նը խօ­սակ­ցա­կան լե­զու չէ այ­լեւս: Նոյ­նիսկ յա­րա­բե­րա­բար ա­ւե­լի բախ­տա­ւոր գա­ղութ­նե­րու մէջ, ուր հա­յա­խօս ե­րի­տա­սարդ­ներ գո­յու­թիւն ու­նին, խօ­սակ­ցա­կան ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նին վտանգ կը սպառ­նայ, որ մտա­հո­գիչ է:

Պա­րոյր Սե­ւակ կ՚ը­սէ. «Լե­զուի խնամ­քը ա­նոր ա­նա­ղար­տու­թիւ­նը, ա­նոր պահ­պա­նու­թիւնն ու պաշտ­պա­նու­թիւ­նը դրուած է մեր վրայ: Օ­տար հա­մալ­սա­րան­ներն ու ա­կա­դե­միա­նե­րը ի վի­ճա­կի չեն ը­նե­լու այն, ին­չը պար­տա­ւոր է ը­նել հայ­կա­կան հա­մալ­սա­րանն ու հայ­կա­կան ա­կա­դե­միան…

«Պի­տի նա­յինք մեր լե­զուին ոչ միայն այն պատ­ճա­ռով, որ ան մեր մայ­րե­նին է, այլ նաեւ՝ այն բա­նին հա­մար, որ ան իր չորս գրա­կան լե­զու­նե­րու եւ վեց տաս­նեակ բար­բառ­նե­րու ան­չա­փե­լի հարս­տու­թեան դրա­մագ­լու­խը մե­զի պա­հե­լով՝ պար­տա­ւոր է մարդ­կու­թեան փո­խան­ցել շա­հոյ­թը»:

Մեր ժո­ղո­վուր­դը ապ­րած եւ գո­յա­տե­ւած է, ո­րով­հե­տեւ ա­մե­նադ­ժուար դա­րե­րու մէջ ան­գամ պահ­պա­նած է ի՛ր լե­զուն, իսկ լե­զուն ալ պահ­պա­նած է՝ իր ժո­ղո­վուր­դը:

Անգ­լիա­ցի մեծ բա­նաս­տեղծ Լորտ Պայրն հա­յե­րէն ու­սում­նա­սի­րած է Մխի­թա­րեան­նե­րու մօտ եւ ը­սած՝ «Ճոխ է հա­յոց լե­զուն եւ ա­ռա­տօ­րէն կը վար­ձատ­րէ ու­սում­նա­սի­րո­ղը»:
Հին հա­յե­րէ­նին մէջ լե­զուն միաս­նա­կան էր, ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի ու ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նի տար­բե­րու­թիւն­ներ չկա­յին: Գրա­բա­րի մէջ, ինչ­պէս նաեւ մի­ջին հա­յե­րէ­նի մէջ, որ որ­պէս գրա­կան լե­զու օգ­տա­գոր­ծուած էր 10-17-րդ դա­րե­րու ըն­թաց­քին, տար­բե­րու­թիւն­ներ չկա­յին: Մի­ջին հա­յե­րէ­նը բազ­մա­տարր եւ հա­րուստ լե­զու էր, որ օգ­տա­գոր­ծած են Ներ­սէս Շնոր­հա­լին, Ֆրի­կը, Կոս­տան­դին Երզն­կա­ցին, Նա­հա­պետ Քու­չա­կը, Վար­դան Այ­գեկ­ցին եւ շատ ու­րիշ­ներ: Այս հե­ղի­նակ­նե­րուն հա­մար ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նով կամ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նով գրե­լու հարց չկար:

18-րդ եւ յատ­կա­պէս 19-րդ դա­րե­րուն սկսան ձե­ւա­ւո­րուիլ մեր լե­զուին ա­րեւմ­տա­հայ եւ ա­րե­ւե­լա­հայ ճիւ­ղե­րը՝ իբ­րեւ գրա­կան լե­զու­ներ: Իսկ 19-րդ դա­րու կէ­սե­րուն ար­դէն իսկ ու­նէինք եր­կու գրա­կան լե­զուա­ճիւ­ղեր:

Հա­յե­րէ­նը ու­նի մօ­տա­ւո­րա­պէս 50 բար­բառ: Ա­նոնց մէկ մա­սը ՝պատ­մա­կան Հա­յաս­տա­նի ա­րեւմ­տեան գա­ւառ­նե­րու բար­բառ­ներն են, մե­ծա­մաս­նու­թեամբ կը պատ­կա­նին ԿԸ ճիւ­ղին, իսկ ա­րե­ւե­լեան բար­բառ­նե­րը «ո­րոնց մէջ է նաեւ ժա­մա­նա­կա­կից ա­րե­ւե­լա­հայ գրա­կան լե­զուի հիմ­քը կազ­մող Ա­րա­րա­տեան կամ Ե­րե­ւա­նի բար­բա­ռը», կը պատ­կա­նի ՈՒՄ ճիւ­ղին: Ու­րեմն բա­յին ներ­կայ ժա­մա­նա­կը «ա­մենէն գոր­ծա­ծա­կա­նը բո­լոր լե­զու­նե­րուն մէջ», կը կազ­մուի Ում վեր­ջա­ւո­րու­թիւ­նը կազ­մող ան­կա­տար դեր­բա­յով եւ օ­ժան­դակ բա­յով՝ ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նի պա­րա­գա­յին, իսկ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի պա­րա­գա­յին՝ ԿԸ մաս­նի­կով:

Կան նաեւ ու­րիշ տար­բե­րու­թիւն­ներ, ո­րոնք բնաւ ար­գելք չեն հան­դի­սա­նար, որ մենք զի­րար հասկ­նանք: Կան հնչիւ­նա­բա­նա­կան տար­բե­րու­թիւն­ներ՝ բա­ղա­ձայն­նե­րու հա­մա­կար­գե­րու տար­բե­րու­թեամբ:

Եր­կու լե­զուա­ճիւ­ղերն ալ ու­նին ի­րենց ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւն­ներն ու նրբու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք կը հա-րըս­տաց­նեն մեր լե­զուն:

Եր­կու լե­զուա­ճիւ­ղե­րը կը պահ­պա­նուին տար­բեր պայ­ման­նե­րու տակ: Ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նը կը վա­յե­լէ Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կան ա­ջակ­ցու­թիւ­նը: Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը եւս պէտք ու­նի յա­տուկ հո­գա­ծու­թեան եւ սփիւռ­քը իր գոյնզ­գոյն շեր­տե­րով ան­կա­րող է ը­նե­լու այդ մէ­կը: Ա­նոնք նոյն ըն­տա­նի­քի եր­կու գլխա­ւոր ան­դամ­ներն են, եւ մէ­կը միւ­սով կ՚ար­ժե­ւո­րուի: Կա­րե­լի չէ ան­տե­սել ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը, եւ ան կա­րի­քը ու­նի պե­տա­կան հո­գա­ծու­թեան:

Լե­զուա­բան­նե­րու կար­ծի­քով, ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը մօտ է գրա­բա­րին՝ իր շա­րա­հիւ­սու­թեամբ, իսկ ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նը՝ իր ար­տա­սա­նու­թեամբ:

Կան զու­գա­հեռ բա­ռեր, ո­րոնք տար­բեր նա­խա­սի­րու­թեամբ կը կի­րար­կուին եր­կու ճիւ­ղե­րուն մէջ, ինչ­պէս՝ փոքր-պզտիկ, սի­րուն-ա­ղուոր, խանդ-նա­խանձ, ազ­գա­նուն-մա­կա­նուն, վաղ-կա­նուխ, ցուրտ-պաղ, հա­րե­ւան-դրա­ցի, ծրար-պա­հա­րան, հիւ­րա­նոց-պան­դոկ, րո­պէ-վայր­կեան, ձգել-քա­շել… եւ այլն,­
Ըստ Լե­ւոն Հախ­վեր­դեա­նի, ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը ա­ւե­լի բա­րե­հունչ է եւ ա­ւե­լի նուրբ, բայց եւ՝ գրքա­յին, ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նը ա­ւե­լի կո­պիտ է, բայց՝ ա­ւե­լի հո­ղե­ղէն: Ա­ռա­ջի­նը ա­ւե­լի լաւ մշա­կուած է գե­ղա­գէ­տօ­րէն, երկ­րոր­դը՝ գա­ղա­փա­րա­պէս:

«Գա­լով ան­յի­շե­լի ժա­մա­նակ­նե­րէն, անց­նե­լով բա­զում դա­րե­րու մէ­ջէն, շփուե­լով բազ­մա­թիւ ազ­գե­րու լե­զու­նե­րուն հետ՝ հա­յոց լե­զուն իւ­րա­տե­սակ հան­րա­գի­տա­րան է ան­յի­շե­լի ժա­մա­նակ­նե­րու, բա­զում դա­րե­րու եւ բազ­մա­թիւ այլ ազ­գե­րու: Այս­պէս դա­տե­լով՝ մեր լե­զուն միայն մե­զի չի պատ­կա­նիր, այ­լեւ աշ­խար­հին. ան միայն մեր սրբու­թիւ­նը չէ, այ­լեւ՝ մա­սուն­քը՝ հա­նուր մարդ­կու­թեան»: (Պա­րոյր Սե­ւակ):

Մենք պար­տա­ւոր ենք փայ­փա­յել ու սի­րել մեր լե­զուն, դո­ղալ ա­նոր վրայ: Հա­յե­րէ­նի ճիշդ գոր­ծա­ծու­թիւնն ու ու­սու­ցու­մը կը սկսի տու­նէն, հայ մօր նուի­րա­կան պար­տա­կա­նու­թիւ­նը պէտք է ըլ­լայ դո­ղալ ու գուր­գու­րալ մայ­րե­նիին վրայ: Ա­պա դպրոց, ե­կե­ղե­ցի, ա­կումբ ու­նին հսկայ պար­տա­ւո­րու­թիւն­ներ… Մենք հպար­տու­թեամբ պէտք է խօ­սինք մեր լե­զուով: Մեզ հայ պա­հող մե­ծա­գոյն ազ­դա­կը մեր լե­զուն է: Պէտք է հասկ­նանք, որ իբ­րեւ հա­յեր՝ մեր ժա­ռան­գու­թեան մե­ծա­գոյն գան­ձը մեր լե­զուն է, որ կրնայ զա­տո­րո­շել մեզ ու­րիշ­նե­րէն եւ կնքել մեզ իւ­րա­յա­տուկ ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թեամբ եւ դրոշ­մով: Մեր լե­զուն հա­րուստ է, բայց մեր լե­զուի բա­ռա­պա­շա­րը պէտք է օգ­տա­գոր­ծենք, որ­պէս­զի կա­րե­նանք հարս­տա­նալ մեր լե­զուով: Մեր լե­զուն ճկուն է: Ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նը հասկ­նա­լի է ա­րեւմը-տա­հա­յե­րուն հա­մար, իսկ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը՝ ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րուն հա­մար: Իւ­րա­քան­չիւր գի­տա­կից հայ պար­տա­ւոր է հա­ւա­սա­րա­պէս դո­ղալ եր­կու ճիւ­ղե­րուն վրայ:

Իւ­րա­քան­չիւր լե­զու կը զար­գա­նայ եւ կը գե­ղեց­կա­նայ, ոչ թէ պա­տա­հա­կան, այլ խե­լա­ցի փո­խա­ռու­թիւն­նե­րով: Մեր լե­զուն, միայն՝ մտա­ծուած, հա­յե­ցի եւ նո­րա­կազմ բա­ռե­րով պէտք է ճո­խա­նայ եւ հարս­տա­նայ ա­ռօ­րեայ նո­րու­թիւն­նե­րուն հետ հա­մա­հունչ քայլ պա­հե­լու հա­մար:

Հա­յե­րէ­նը ու­նի բա­ռա­կազ­մու­թեան՝ նոր բարդ բա­ռեր կազ­մե­լու ա­ռա­ւե­լու­թիւ­նը, ին­չը ա­ռիթ կու տայ մե­զի, որ կա­րե­նանք նոր բա­ռեր կազ­մել հա­յե­րէն ար­մատ­նե­րով ու բա­ռե­րով: Ստի­պուած չենք օ­տար բա­ռեր ներ­մու­ծե­լու հա­յոց լե­զուի բա­ռա­գան­ձէն ներս՝ մեր գե­ղե­ցիկ բա­ռա­պա­շա­րը ա­ղա­ւա­ղե­լով:

Օ­տար բա­ռե­րու ներ­մու­ծու­մը կամ գոր­ծա­ծու­թիւ­նը հա­յե­րէն նա­խա­դա­սու­թիւն­նե­րուն մէջ՝ կիրթ եւ զար­գա­ցած ըլ­լա­լու նշան չէ, ընդ­հա­կա­ռա՛­կը, քաղ­քե­նիու­թիւն է ա­նի­կա:
Ժո­ղո­վուրդ մը չի կրնար գո­յա­տե­ւել ա­ռանց մայ­րե­նի լե­զուի, դպրո­ցի, գի­րի ու գրա­կա­նու­թեան: Որ­պէս ազգ՝ իր բո­լոր զա­ւակ­նե­րով պի­տի գո­յա­տե­ւենք, ե­թէ ու­նե­նանք գի­տակ­ցու­թիւ­նը՝ մեր մայ­րե­նի լե­զուին, ա­նով խօ­սե­լու կա­րե­ւո­րու­թեան, մեր գիր ու գրա­կա­նու­թեան անհ­րա­ժեշ­տու­թեան:

«Լե­զուն ի­րաւ գանձ մըն է, զոր չի կրնար փո­խա­րի­նել աշ­խար­հի ոչ մէկ հարս­տու­թիւն: Իր մայ­րե­նի լե­զուն վատ գիտ­ցող մար­դը կէս մարդ է, չգիտ­ցո­ղը՝ թշուառ, ծա­ռէն ին­կած տե­րեւ մը, որ կը տա­տա­նի ա­մէն պա­տա­հա­կան քա­միէ»:

(Ս­տե­փան Զօ­րեան)

ՄԱ­ՐԻԱ­ՆԱ ՊԵՐ­ԹԻԶ­ԼԵԱՆ-ՂԱ­ԶԱ­ՐԵԱՆ

Հա­լէպ,
22 Փետ­րուար 2017

Շաբաթ, Մարտ 4, 2017