ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ԼԵԶՈՒՆ

ՄՈՒՏՔ

Հա­յաս­տա­նեայց Ե­կե­ղեց­ւոյ բա­րե­կար­գու­թեան խնդրին մէջ պաշ­տա­մուն­քի լե­զուն դա­սա­կան գրա­բա­րէն դէ­պի աշ­խար­հա­բար թարգ­մա­նու­թիւն ե­ղած է մնա­յուն հարց մը՝ մօտ հա­րիւր տա­րի­նե­րէ ի վեր։ Յա­ճախ թե­լադ­րուած է, որ գրա­բա­րը ան­հասկ­նա­լի ըլ­լա­լով հա­ւա­տա­ցեա­լին չէր կրնար ծա­ռա­յել որ­պէս հա­ղոր­դա­կան մի­ջոց Ս. Գիր­քը եւ ա­նոր վրայ հիմ­նուած ժա­մա­պաշ­տու­թիւ­նը հասկ­նա­լի դարձ­նե­լու։ Հե­տե­ւա­բար, ան­­-ցեա­լին նոյ­նիսկ ա­ռա­ջար­կե­ցին ա­ղօթք­ներն ու շա­րա­կան­նե­րը թարգ­մա­նա­բար պար­զա­բա­նել աշ­խար­հա­բա­րի օգ­տա­գոր­ծու­մով։

Հար­ցը սա­կայն շատ ա­ւե­լի բարդ է։ Այդ մա­սին նա­հա­տակ Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կոս Տ.Տ. Խո­րէն Ա. Մու­րատ­բէ­կեան 1937 թուա­կա­նին «Զե­կու­ցում» կրճա­տեալ ա­նու­նին տակ Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ բա­րեկար­գու­թեան յա­տուկ ծա­ւա­լուն թղթած­րա­րով լե­զուի հարցն ալ կա­րե­ւո­րու­թեամբ ա­ռա­ջադ­րած էր ա­ղօթք­նե­րու, ա­ւե­տա­րա­նա­կան ըն­թեր­ցում­նե­րու եւ ա­րա­րո­ղա­կար­գե­րու մա­տուց­ման մէջ։ Հար­ցը բարդ է, ո­րով­հե­տեւ միայն թարգ­մա­նու­թեամբ պի­տի չլու­ծուէին լե­զուա­կան եւ մեկ­նա­բա­նա­կան հար­ցե­րը, ո­րոնք նոյ­նիսկ, ընդ­հա­կա­ռա­կը, պի­տի եղ­ծէին բնա­գիր­նե­րուն ի­մաստն ու ա­նոնց ար­տա­յայ­տած աս­տուա­ծա­բա­նու­թիւ­նը։

ԲՆԱ­ԳԻՐ­ՆԵ­ՐՈՒ ՆԵՐ­ՔԻՆ ՊԱ­ՀԱՆ­ՋԸ

Ե­կե­ղե­ցա­կան պաշ­տա­մուն­քա­յին բնա­գիր­նե­րու պա­րա­գա­յին մեր առ­ջեւ պի­տի ցցուին աս­տուա­ծաբա­նա­կան եզ­րե­րու եւ շա­րա­կան­նե­րու յա­տուկ ե­րաժշտու­թեան ան­կա­րե­լի թարգ­մա­նու­թիւն­նե­րը։ Սկիզ­բէն վճռա­պէս ի­մա­նա­լու ենք, որ Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ շա­րա­կան­նե­րը անհ­պե­լի են, քա­նի որ ա­նոնց գրա­բար լե­զուին վրայ է որ ե­րա­ժաշ­տու­թիւ­նը հիմ­նուած է եւ ան­կա­րե­լի է եր­գել ո­րե­ւէ շա­րա­կան տար­բեր լե­զուով՝ սկսեալ աշ­խար­հա­բա­րէն։ Ե­թէ փոր­ձենք նոյ­նիսկ, պար­զա­պէս այդ շա­րա­կան­նե­րը եր­գած չենք ըլ­լար, այլ միայն զա­նոնք հեգ­նան­քի ա­ռար­կայ դար­ձու­ցած կ՚ըլ­լանք։ Այդ մա­սին ոչ մէկ խօսք։ Իսկ ե­թէ որ­պէս ու­սուց­ման կերպ պի­տի թարգ­մա­նենք զա­նոնք դա­սա­գիր­քի ձե­ւով, այդ ան­շուշտ կա­րե­լի է եւ ու­սա­նե­լի որ­պէս բնա­գիր միայն, եւ ոչ որ­պէս երգ։ Դա­սա­պա­հե­րը տար­բեր են եւ պաշ­տա­մուն­քը տար­բեր է հիմ­նո­վին։

Ա­ռա­ւել եւս անց­նող դա­րուն գաղ­թաշ­խար­հի պատ­կե­րը բո­լո­րո­վին տար­բեր նկա­րա­գիր ստա­ցաւ, նոյ­նիսկ աշ­խար­հա­բա­րը սուրբ գրա­կան եւ ար­տա­սա­նե­լի ա­ղօթք­նե­րու պա­րա­գա­յին «ան­գործա­ծե­լի» ե­ղաւ, տե­ղա­կան լե­զու­նե­րու պար­տադրան­քին տակ։ Չմոռ­նանք նաեւ, որ աշ­խար­հա­բար լսող հա­ւա­տա­ցեա­լը պէտք է նաեւ կա­րե­նայ հասկ­նալ աշ­խար­հա­բա­րը։ Շատ լաւ գի­տենք, որ մեր ներ­կայ դա­րուն աշ­խար­հա­բարն ալ տե­ղա­կան լե­զու­նե­րու վե­րա­ծե­լով է որ հասկ­նա­լի կը դառ­նան ըն­թեր­ցում­ներն ու շա­րա­կան­նե­րը, եւ հե­տե­ւա­բար գրա­բա­րէն մեծ ոս­տում մը կա­տա­րե­լով, ի հար­կին, անգ­լե­րէն կամ ֆրան­սե­րէն լե­զու­նե­րով մա­սամբ միայն կը կա­տա­րենք մեր պաշ­տա­մուն­քը։

Ս. ՊԱ­ՏԱ­ՐԱ­ԳԸ՝ ԳՐԱ­ԲԱՐ ԵՒ ԼՐԻՒ Ա­ՌԱՆՑ ԲԱ­ՑԱ­ՌՈՒ­ԹԵԱՆ

Այս պա­րա­գան սա­կայն շատ զգա­յուն ըլ­լա­լով իր սահ­ման­նե­րը պէտք է ու­նե­նայ։ Մինչ­դեռ մէկ կող­մէն ան­կա­րե­լի պէտք է ըլ­լայ Սուրբ Պա­տա­րա­գը գրա­բա­րէն տար­բեր ո­րե­ւէ լե­զուով կա­տա­րել, միւս կող­մէ սա­կայն թարգ­մա­նուած եւ հրա­տա­րա­կուած բազ­մա­թիւ պա­տա­րա­գա­մա­տոյց գիր­քեր պի­տի ծա­ռա­յեն ու­սուց­ման միայն, եւ ո՛չ ա­նոր կա­տա­րու­մին։ Դա­սա­գիր­քը տար­բեր է այս պա-­րա­գա­յին Խորհր­դա­տետ­րէն, որ սրբա­զան գիրքն է Ս. Պա­տա­րա­գի մա­տուց­ման։ Ա­րեւմ­տեան լե­զու­նե­րը հարկ ե­ղած ենք օգ­տա­գոր­ծել որ­պէս մի­ջոց­ներ եւ ոչ նպա­տակ, որ­պէս­զի ա­ռանց եղ­ծե­լու Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ իս­կու­թիւնն ու նկա­րա­գի­րը, յա­ջոր­դա­կան սե­րունդ­ներ գաղ­թաշ­խար­հի մէջ չհե­ռա­նան ի­րենց մայ­րե­նի ե­կե­ղե­ցիէն։

Քա­հա­նա­ներ ի­րենց կո­չու­մին վրայ հաս­տատ Ս. Պա­տա­րա­գը ան­պայ­ման կա­տա­րե­լու են գրա­բար բնագ­րով միայն եւ լրիւ ա­րա­րո­ղա­կար­գով։ Որ­քան ող­բա­լի է, երբ ո­մանք կրճա­տե­լու միտ­քով զանց կ՚առ­նեն Ս. Պա­տա­րա­գի բաց­ման «Խոր­հուրդ Խո­րին» հո­գեզ­մայլ շա­րա­կա­նը, կ՚ան­տե­սեն ի­րենց ան­ձին հո­գե­ւոր պատ­րաս­տու­թիւ­նը՝ լուա­ցու­մով եւ խոս­տո­վա­նան­քով, զանց կ՚առ­նեն թա­փօ­րը, եւ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը կը զրկեն անձ­նա­կան օրհ­նու­թիւն ստա­նա­լէ՝ խունկով եւ խա­չա­համ­բոյ­րով։ Կը տես­նենք եւ հիաս­թափ կ՚ըլ­լանք երբ պա­տա­րա­գի­չը, ան­պատ­րաստ, ա­ճա­պա­րան­քով, ծած­կեալ խո­րա­նի ե­տին պա­հուը­տած, յան­կարծ «Օրհ­նեա Տէր»ով ե­րե­ւան կ՚ել­լէ։ Իսկ ա­նոնք ո­րոնք Ս. Պա­տա­րա­գի ա­ղօթք­նե­րը մա­սամբ անգ­լե­րէն կ՚ար­տա­սա­նեն, կ՚ա­ղար­տեն ա­մէն ինչ որ Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ յա­տուկ է։

ՈՐ­ՔԱՆ ՄԵ­ՂԱԴ­ՐԵ­ԼԻ Է ԿՐՃԱՏ­ՄԱՆ ԱՅՍ ՔՄԱ­ՀԱ­ՃՈՅ­ՔԸ

«Կա­նուխ ժա­մե­րուն մարդ չի գար ե­կե­ղե­ցի այնպէս որ», կ՚ը­սեն ան­փոյթ քա­հա­նա­նե­րէն ո­մանք, «Օր­հեա՛ Տէր»էն կը սկսինք», ինք­զինք­նին կա­նո­նին եւ օ­րէն­քին տէ­րը կար­ծե­լով։ Այդ­պէս մտա­ծող­նե­րուն ը­սե­լու ենք, որ երբ չես կա­տա­րեր կա­նո­նա­կան կար­գը, մար­դիկ գիտ­նա­լով կա­նուխ չեն գար, կամ եր­բեք չեն գար, եւ դուն հո­գե­ւոր դաս­տիա­րա­կպա­տաս­խա­նա­տու ա­նոնց ուշ գա­լուն։ Ին­չո՛ւ հա­մար մի քա­նի ե­կե­ղե­ցի­ներ, ո­րոնք հա­ւա­տա­րիմ կեր­պով կը կա­տա­րեն մուտ­քի կա­նո­նա­կան կար­գը, ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ներ­կայ կ՚ու­նե­նան նուա­զա­գոյ­նը մէկ քա­ռոր­դը հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն։ Մե­ղադ­րե­լի է երբ Պա­տա­րա­գի ըն­ծա­նե­րու մա­տու­ցու­մը կը պատ­րաս­տուի վա­րա­գոյ­րի ե­տին մի քա­նի վայր­կեան­նե­րու ըն­թաց­քին «ան­պատ­րաստ» քա­հա­նա­յին կող­մէ։ Աս­տուա­ծա­բա­նա­կան եւ պաշ­տա­մուն­քա­յին խոր ի­մաստ ու­նի Ըն­ծա­յից Պատ­րաս­տու­թիւ­նը։ Քրիս­տո­սի Մար­դե­ղու­թեան խոր­հուրդն է որ փա­կեալ խո­րա­նով կ՚ըն­ծա­յա­բե­րուի, եւ վա­րա­գոյ­րը երբ կը բա­ցուի, Քրիս­տոս կը յայտ­նուի եւ Ս. Խո­րա­նէն իջ­նե­լով Տի­րոջ աշ­խարհ շրջի­լը կը խորհր­դան­շէ։ Ինչ­պէս զեղ­չել այս բո­լո­րը եւ ինչ հա­մար­ձա­կու­թեամբ զրկել հա­ւա­տա­ցե­լոց իս­կա­կան ներ­կա­յու­թիւ­նը որ­պէս Ե­կե­ղե­ցի՝ Մար­մի­նը Քրիս­տո­սի։

ԾԻ­ՍԱ­ԿԱՆ ՄԱ­ՏԵԱՆ­ՆԵ­ՐԸ

Գլխա­ւո­րա­բար հինգ են ա­նոնք. Աս­տուա­ծա­շունչ Մա­տեան, Ժա­մա­գիրք, Շա­րակ­նոց, Պա­տարա­գա­մա­տոյց, Մաշ­տոց, Ճա­շոց եւ Տա­ղա­րան։ Իւ­րա­քան­չիւ­րը իր տե­ղը ու­նի օ­րա­կան եւ տա­րե­կան պաշ­տա­մուն­քի եր­կայն­քին­՝ ըստ բո­վան­դա­կու­թեան։ Աս­տուա­ծա­շուն­չէն է որ կը քա­ղենք ա­մե­նօ­րեայ ըն­թեր­ցում­նե­րը՝ Հին եւ Նոր Կտա­կա­րան­նե­րէն, ո­րոնց կը յա­ջոր­դէ Հա­ւա­տոյ Հան­գա­նա­կը։ Մաշ­տո­ցը ե­կե­ղեց­ւոյ Խոր­հուրդ­նե­րու մա­տա­կա­րար­ման ան­ձեռնմ­խե­լի գիրքն է։ Քա­հա­նա­յին առ­ձեռն մա­տեանն է ան, ո­րով կը կա­տա­րէ Մկրտու­թեան, Դրոշ­մի, Պսա­կի եւ Հա­ղոր­դու­թեան եւ մնա­ցեալ միւս բո­լոր խոր­հուրդ­նե­րը, ա­ռա­ւել ննջե­ցեալ­նե­րու Յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան ու Թաղ­ման Կար­գը՝ դար­ձեալ ըն­դու­նուած գրա­բար լե­զուով։ Հայ Ե­կե­ղե­ցին կը հա­ւա­տայ, որ գրա­բա­րով ար­տա­սա­նուած բա­նա­ձե­ւե­րը միայն վա­ւե­րա­կան են ու ազ­դե­ցիկ։ Ա­մէն պա­րա­գա­յի ան­փո­խա­րի­նե­լի են գրա­բար օրհ­նու­թիւն­ներն ու բա­նա­ձե­ւում­նե­րը, ո­րոնց ան­մի­ջա­պէս կրնայ յա­ջոր­դել թարգ­մա­նու­թեանց մի­ջո­ցը՝ ստա­նա­լէ ետք գրա­բա­րի վերջ­նա­կան կնի­քը։

Ժա­մա­գիր­քը ա­մե­նէն գոր­ծա­ծե­լին է օ­րա­կան ժա­մա­պաշ­տու­թեան հա­մար, իսկ Ճա­շո­ցը մե­ծա­գոյն հա­տորն է Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, ուր կան Ս. Գրքի գրե­թէ լրիւ բո­վան­դա­կու­թիւ­նը, ըստ օ­րուան տօ­նին կամ յի­շա­տա­կին, ինչ­պէս նաեւ ա­րա­րո­ղա­կար­գե­րու ամ­բող­ջա­կան միա­ւոր­նե­րը, ինչ­պէս Ջրօրհ­նէ­քի, Խա­չա­հան­գիս­տի, Ոտն­լուա­յի, Խա­ղո­ղօրհ­նէ­քի, Խաչ­վե­րա­ցի Թա­փօ­րին եւ այլ կար­գե­րու, հայ եւ ուղ­ղա­փառ ե­կե­ղե­ցա­կան հայ­րե­րու ըն­դար­ձակ ա­ղօթք­նե­րով միա­սին։ Ճա­շո­ցը գրե­թէ ան­գոր­ծա­ծե­լի է այժմ, եւ սա­կայն ե­կե­ղե­ցի­ներ պրակ­նե­րու վե­րա­ծե­լով յի­շեալ ա­րա­րո­ղա­կար­գե­րը ըստ ա­ւուր պատ­շա­ճի առ­ձեռն կը գոր­ծա­ծեն զա­նոնք, գրա­բա­րով, աշ­խար­հա­բա­րով եւ տե­ղա­կան այլ լե­զու­նե­րով, միշտ նկա­տի ու­նե­նա­լով որ Պա­տա­րա­գա­մա­տոյց գիր­քը բա­ցա­ռու­թիւն կազ­մե­լով բո­լո­րո­վին ան­կախ կը մնայ եւ տար­բե­րակ չի կրնար հան­դի­սա­նալ այ­լա­լե­զու գոր­ծա­ծու­թեամբ։

ՄԵՐ ՏԵ­ՍՈՒ­ԹԻՒ­ՆԸ

Հայ Ե­կե­ղե­ցին իր իս­կու­թեա­նը մէջ հայ­կա­կան հաս­տա­տու­թիւն մըն է, եւ ե­թէ աշ­խար­հա­բար լե­զուն պի­տի որ­դեգ­րենք որ­պէս օ­ժան­դակ եւ ոչ որ­պէս փո­խա­րի­նող գրա­բա­րին, բա­րե­կար­գու­թեան ո­գիին հա­մա­ձայն քայլ մը ա­ռած կ՚ըլ­լանք։ Նոյն հաս­կա­ցո­ղու­թեամբ ա­րեւմ­տեան եր­կիր­նե­րուն մէջ՝ Եւ­րո­պա, Ա­մե­րի­կա­ներ, Աւստ­րա­լիա, ուր ան­պայ­ման գոր­ծա­ծուե­լու են տե­ղա­կան լե­զու­նե­րը որ­պէս ու­սա­նե­լի մի­ջոց­ներ, եւ ի հար­կին որ­պէս գոր­ծադ­րե­լի՝ յատ­կա­պէս պսա­կադ­րու­թեան եւ անձ­նա­կան ա­ղօթք­նե­րու պա­րա­գա­նե­րուն։ Հոս եւս շատ զգոյշ ըլ­լա­լու ենք, որ զա­նոնք իբր օ­րի­նակ չգոր­ծա­ծենք Ս. Պա­տա­րա­գի բնագ­րին եւ մա­տուց­ման հա­մար։ Ս. Պա­տա­րա­գը հա­սա­րա­կաց Խոր­հուրդն է հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու միա­ցե­ալ պաշ­տա­մուն­քին հա­մար, եւ ո՛չ անձ­նա­կան, ինչ­պէս են Խոր­հուրդ­նե­րը։ Պա­տա­րա­գա­մա­տոյ­ցը վեր է ա­մէն բա­նէ եւ հարկ անհ­րա­ժեշտ է ա­նոր մա­տու­ցու­մը կա­տա­րել լրիւ ա­ւան­դա­կան լե­զուով եւ կեր­պով։ Հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու պարտ­քը եւս անհ­րա­ժեշտ է, սեր­տել եւ յա­րա­տեւ մաս­նակ­ցիլ ա­րա­րո­ղու­թեանց, եւ ոչ թէ ա­ռար­կա­յա­կան կե­ցուածք որ­դեգ­րել եւ գան­գա­տիլ, թէ բան չեն հասկ­նար կա­տա­րուա­ծէն։

ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Կլէյն­տէլ

«Պայքար», Պոսթոն

Շաբաթ, Մարտ 4, 2017