ՆԵԹԱՆԻՅԱՀՈՒ «ՅԱՂԹԱՆԱԿ» ՄԸ ՏԱՐԱՒ ՍՊԻՏԱԿ ՏԱՆ ՄԷՋ
Իսրայէլի Վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ կատարած այցելութիւնը «կը պսակուէր» Նախագահ Տանըլտ Թրամփին հետ «սպասուած» հանդիպմամբ, որու աւարտին երկու ղեկավարները հանդէս կու գային մամլոյ «ազդեցիկ» ասուլիսով մը:
Նեթանիյահու, որ բաւական գոհունակ ժպիտով մը կը հեռանար Սպիտակ տունէն՝ կը յայտարարէր, որ Իսրայէլի պետութեան համար վճռորոշ ժամանակներ են, որովհետեւ «Արաբական շարք մը պետութիւններ Իսրայէլը նախկինին նման իրենց թշնամին չեն տեսներ, այլ բարեկամը»:
Իր կարգին, Տանըլտ Թրամփ, որ կը փորձէր «երկար սպասուած» խաղաղութեան համար «պայքարող» նախագահի պատկերով հանդէս գալ, մեծ սայթաքում մը կատարելով կը յայտարարէր. «Մեզի համար կարեւորը երկու կողմերուն կողմէ ընդունելի ծրագրի մը շուրջ համաձայնութիւնն է: Կարեւոր ալ չէ, որ ինչ ձեւաչափի տակ պիտի ըլլայ այդ խաղաղութիւնը՝ մէկ պետութեան կամ երկու պետութեան լուծումով»:
Թրամփ, որ իր այս խօսքով ջուրը կը նետէր Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Պիլ Քլինթընի կողմէ առաջ քաշուած եւ «երկու պետութեանց լուծում» ծրագիրը։ Կարծես թէ չէր ըմբռներ, թէ ինչ հակազդեցութիւններ կրնայ ունենալ իր բաւական «վտանգաւոր» յայտարարութիւնը:
Եթէ Միացեալ Նահանգներու նախագահին համար հիմնականը «խաղաղութեան կերտում»ն է, ապա ինչ ձեւաչափով պիտի ըլլայ ատիկա: Թրամփի ըրած յայտարարութիւններէն ետք Թել Աւիւի կառավարութեան հիմնական բաղկացուցիչ տարրերը Միացեալ Նահանգներու նախագահին «առաջարկ»ը կ՚ընկալէին որպէս յաղթանակ՝ իրենց հին-նոր պաղեստինեան «Արեւմտեան ափ»ը Իսրայէլին միացնելու, եւ մանաւանդ, պաղեստինեան համահաւասար պետութիւն մը ստեղծելու ծրագիրը վերջնականապէս «այրելով»:
Եղած զեկուցումներուն ամենէն ուշագրաւը «Իսրայէլեան տուն» կուսակցութեան նախագահ եւ Կրթութեան նախարար Նաֆթալի Պենէթի կատարած յայտարարութիւնն էր: Պենէթ, որ հիմնական ջատագովն է պաղեստինեան «Արեւմտեան ափ»ը Իսրայէլին միացնելու գաղափարին, թուիթըրեան գրառում մը կատարելով կը յոխորտար ու կ՚ըսէր. «Միացեալ Նահանգներու մէջ կատարուած յայտարարութիւնները մեր կողմէ երկար ժամանակէ ի վեր սպասուած զեկուցումներ էին ու յստակ է նաեւ, որ մենք՝ բոլորս մտած ենք նոր հանգրուան մը: Բոլորովին նո՛ր գաղափարներ եւ նոր քննարկումներ տեղի կ՚ունենան ու բացի Յորդանանէն եւ Կազզէէն, այլեւս երրորդ պաղեստինեան պետութեան մը կարիքը չկայ»։ Պենէթ այս գրառումով նոյնիսկ չէր սպասած իր կառավարութեան կողմէ կատարուելիք որեւէ պաշտօնական յայտարարութեան:
Իր կարգին, Պաղեստինի կառավարութիւնը բաւական «կշռադատուած» յայտարարութիւն մը ընելով արագօրէն կը հակազդէր Սպիտակ տան մէջ հնչած միտքերուն եւ կը յայտնէր, որ իրենց համար կայ մէկ լուծման ճանապարհ եւ այդ ճանապարհը «երկու պետութեանց լուծում»ն է:
Տակաւին չենք խօսիր պաղեստինեան «արմատական» հատուածներուն մասին, որոնք մինչեւ այս պահը կը նախընտրեն լուռ մնալ եւ չհակազդել ամերիկեան կողմին՝ յոյս ունենալով, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահին խօսքերը այդքան ալ «լուրջ» եւ վերջնական դիտարկումներ չեն:
Այս ընդհանուր պատկերին դիմաց հարկ է նաեւ մատնացոյց ընել «դիմադրական» նոր ճակատի մը ստեղծման ուրուագիծը: Այդ մասին առաջին անգամ նշում կը կատարէր Վարչապետ Նեթանիյահու:
Նախագահ Թրամփ, որ անակնկալի կը մատնուէր Նեթանիյահուի կատարած յայտարարութենէն, իր կարգին «կը խոստովանէր», թէ իրենք կ՚աշխատին պատրաստել «խաղաղութեան ծրագիր» մը, որուն բացի պաղեստինցիներէն եւ իսրայէլացիներէն, մաս պիտի կազմեն արաբական շարք մը «ազդեցիկ» տէրութիւններ:
Այս «խաղաղութեան ծրագրին» մասին եղած յայտարարութենէն անմիջապէս ետք արաբական աշխարհի ականաւոր վերլուծաբաններ խօսուածներուն մասին կարճ մեկնաբանութիւն մը տալով կը յայտնէին, թէ կազմուելիք «ճակատ»ին հիմնական թիրախը պիտի ըլլայ Իրանի Իսլամական Պետութիւնը եւ այդ երկրի քաղաքականութենէն եւ գործունէութենէն դժգոհ բոլոր կողմերը տեղ պիտի ունենան նորաստեղծ «ճակատ»ին մէջ:
Այստեղ հարկ է յիշեցնել, որ Թրամփի նախագահութեան առաջին օրէն սկսեալ երկիրը սկսաւ «կարծր» դիրքորոշումով հանդէս գալ Թեհրանի նկատմամբ:
Նախագահ Թրամփի նախընտրական խօսքերուն մէջ ալ Թեհրանի հանդէպ դրական շեշտադրումներ չկային, բայց հիմա նոր փուլ մըն է եւ երեւելի է նաեւ, որ Միացեալ Նահանգներ ամէն գնով պիտի փորձէ ճնշումի ենթարկել Իրանը:
Այս դիրքորոշումին լոյսին տակ ու հակառակ Թեհրանի կողմէ հնչող եւ Միացեալ Նահանգներու դերը կասկածի տակ դնող յայտարարութիւններուն՝ Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանին լծուած է աւելի կարեւոր գործի մը: Ան 16 Փետրուարին միօրեայ այցով կը հանգրուանէր Քուէյթ, ապա Օման: Թեհրան, որուն առաջնորդներուն համար բացայայտուած գաղտնիք է Իսրայէլ-արաբական աշխարհ հետզհետէ աճ արձանագրող կապը, նպատակ դրած են ամէն գնով Ծոցի արաբական երկիրներուն հետ «լեզու գտնել»ու քաղաքականութեան մը, որուն նախնական արդիւնքները երեւան կրնան գալ յառաջիկայ շրջանին:
Վերադառնալով Իսրայէլ-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութեանց, հարկ է յիշեցնել, որ նախկին նախագահ Պարաք Օպամայի պաշտօնավարութեան վերջին հանգրուանին այդ կապերը ապրեցան բաւական լարուած իրավիճակ մը:
Խնդիրը այն էր, որ Օպամա հակառակ տարբեր թղթածրարներու վերաբերեալ իր ունեցած «յարափոփոխ» կեցուածքներուն՝ մնաց անզիջող Իսրայէլի պետութեան վերաբնակեցման քաղաքականութեան առընթեր:
Մինչ Օպամայի համար վերաբնակեցման վայրեր կառուցելու Թել Աւիւի միտումները կտրականապէս մերժելի էին, ներկայ նախագահ Թրամփ մասնաւորապէս այդ խնդրին առընչութեամբ նոյն «կտրական» կեցուածքներով հանդէս չի գար:
Ճիշդ է նաեւ, որ այս հարցերուն առընթեր ցարդ շատ վաղ է վերջնական եզրակացութիւններու յանգիլ։ Բայց եւ այնպէս իր պաշտօնավարութեան առաջին իսկ օրէն Թրամփի վարչակազմին համար առաջնային դարձած է կարգի բերել Իսրայէլի հետ բաւական «վնասներ» կրած յարաբերութիւնները:
Յստակ է նաեւ, որ Թեհրանի եւ մանաւանդ լիբանանեան «Հիզպուլլահ»ի դէմ «պատիժներ» տնօրինելու ու զանոնք «թշնամի էութիւններ» համարելու միտումներն ալ ջուր կը լեցնեն Նեթանիյահուի կառավարութեան ջրաղացին:
Իսրայէլ ի զօրու չէ նոր պատերազմի սկսիլ «Հիզպուլլահ»ի դէմ ու այս առումով յստակ է նաեւ, որ այդ պետութեան համար գերագոյն նպատակ դարձած է՝
ա.- Կտրել Թեհրան-Դամասկոս-«Հիզպուլլահ» զինուորական մատակարարման բոլոր ճանապարհները:
բ.- Ստեղծել շրջանային դաշինք՝ Իրանի դէմ, որուն պիտի անդամակցին «Իսրայէլը այլեւս թշնամի տէրութիւն մը չէ» յայտարարող բոլոր արաբական երկիրները:
գ.- Եւ վերջին՝ լարուածութեան գագաթնակէտին հասցնել Ուաշինկթըն-Թեհրան «կապեր»ը եւ հնարաւորինս «պատժական» տնօրինումներ «ապահովել» Թեհրանի դէմ:
Եթէ այս բոլոր հիմնահարցերը դնենք սեղանին վրայ, ապա յստակ պիտի դառնայ, որ Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ կատարուած յայտարարութիւնները «դրական ցնցուղ» են Նեթանիյահուին համար։ Ան ունի ներքաղաքական բաւական բարդ հարցեր ու «արտաքին թշնամի»ի դէմ անոր բանալիք պայքարները լաւագոյն միջոց կրնան հանդիսանալ զինք դուրս բերելու համար երկրին մէջ իր դէմ օր ըստ օրէ մեծցող բողոքի մթնոլորտէն:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան