Ուղեղացնցում
Բնական պայմաններու մէջ ուղեղը գանկին մէջ կը մնայ անշարժ: Ան կը շարժի արտաքին հարուածի մը պատճառով. այլ խօսքով, ան կը ցնցուի եւ տեղի կ՚ունենայ ուղեղային անբնական գործունէութիւն: Ուղեղի այս շարժումը կամ ցնցումը կը կոչուի «ուղեղացնցում» (concussion):
Ուղեղացնցումը տեղի կ՚ունենայ, երբ գլուխը անակնկալօրէն կը ցնցուի արտաքին հարուածի մը պատճառով եւ կամ անակնկալ, ակամայ եւ անգիտակից թեթեւ կամ ուժգին շարժումով մը:
Գլուխը հարուածի կ՚ենթարկուի ուրիշ անձի մը կողմէ, եւ կամ ենթական ինքը անուշադրութեամբ իր գլուխը կը հարուածէ, օրինակ՝ գլուխը կը զարնէ պատի մը եւ կամ ապակեայ փեղկի մը: Իսկ գլխու անակնկալ շարժում-ցնցումը տեղի կ՚ունենայ ընդհանրապէս ինքաշարժ վարելու ընթացքին եւ այդ՝ արկածի մը պատճառով: Նմանօրինակ գլխու ցնցում կրնայ պատահիլ լողալու եւ լողաւազանի կամ ծովու մէջ սուզուելու ընթացքին, ինչպէս նաեւ՝ իյնալով եւ մարզական զանազան խաղերու ընթացքին, յատկապէս՝ ոտնագնդակախաղի եւ կռփամարտի ընթացքին:
Ուղեղացնցումին պատճառով ուղեղը կը շարժի առջեւ, ետեւ եւ կամ կողմնակի՝ ըստ գլխուն տրուած հարուածին եւ կամ գլխու շարժումի ուղղութեան: Կը պատահին ուղեղային արիւնահոսութիւն, արիւնակոյտ, ուղեղային ուռուածութիւն եւ ուղեղային վնաս:
Ուղեղացնցումի տեսակներ
Ուղեղացնցումը կը պատահի որեւէ մէկ տարիքի եւ երկու սեռերուն մօտ:
Ուղեղացնցումը ընդհանրապէս մահացու չէ, սակայն կ՚առաջացնէ զանազան տեսակի ախտանշաններ, որոնք կրնան ըլլալ մեղմ կամ զօրաւոր, սուր-անմիջական կամ ուշ՝ օրեր, շաբաթներ կամ ամիսներ ետք եւ կարճատեւ կամ երկարատեւ: Այս ախտանշանները կախեալ են ուղեղացնցումի պատճառի ուժգնութենէն, ուղեղին վնասուելու աստիճանէն եւ ենթակային իրավիճակէն:
Սուր-զօրաւոր ախտանշանները առողջական լուրջ վիճակի մը արտայայտութիւններն են, որոնք կը կարօտին բժշկական շտապ միջամտութեան եւ դարմանումի:
Ուղեղացնցումի ախտանշաններէն են հետեւեալները՝ անգիտակցութիւն-գիտակցութեան կորուստ, յիշողութեան խանգարում, մոռացկոտութիւն, գլխապտոյտ, գլխացաւ, մարմնական անհաւասարակշռութիւն, նողկանք, փսխունք, երկտեսութիւն, ձայնի եւ լոյսի դիւրազգացութիւն եւ գրգիռներու դանդաղ հակազդեցութիւն:
Ուղեղացնցում ունեցող երախան կամ մանուկը կու լայ եւ կը ճչայ, երբ գլուխը կը շարժէ, լաւ չի քնանար եւ կամ շատ երկար կը քնանայ, շարունակ կը փսխէ: Արթուն մանուկը անտարբեր կ՚ըլլայ իր խաղալիքներուն հանդէպ, կ՚ըլլայ ջղագրգիռ, կ՚ունենայ մոռացկոտութեան նշաններ եւ պատասխանելու դժուարութիւն կամ դանդաղանք: Քալող երախան կրնայ ունենալ քալելու դժուարութիւն եւ քալած միջոցին շարունակ կ՚իյնայ իր մարմնի անհաւասարակշռութեան պատճառով:
Ուղեղացնցում ունեցողը շուտով դիմելու է բժիշկի մը եւ կամ անոր հետ գտնուող անձը զայն ուղղելու է բժիշկի մը:
Ուղեղացնցում ունեցող անհատը շտապ օգնութեան կը կարօտի, երբ ան՝ անգիտակից է, քիթի եւ կամ ականջի արիւնահոսութիւն ունի, աչքի բիբերը տարբեր մեծութիւն ունին, անբնական աչքերու շարժումներ ունի, շուարած եւ շփոթած վիճակի մէջ է, կրկնովի կը փսխէ, չի կրնար քալել եւ կամ դժուար կը քալէ ու մկանային յստակ տկարութիւն ունի:
Ուղեղացնցումի ախտաճանաչումին համար նկատի կ՚առնուին ենթակային առողջական իրավիճակը եւ անոր ունեցած ախտանշանները: Անշուշտ կը կատարուի բժշկական եւ մասնաւորապէս նեարդային մանրակրկիտ քննութիւն: Անգիտակից հիւանդը կ՚ենթարկուի ուղեղային մագնիսարձագանգային (MRI) եւ համակարգչային շերտագրական (CT scan) նկարումի, ինչպէս նաեւ՝ ուղեղագրութեան (EEG) եւ տեսողութեան ու լսողութեան քննութիւններու:
Ուղեղացնցումի դարմանումը կախեալ է ենթակային ունեցած ախտանշաններէն եւ ուղեղային վնասուածքէն:
Արթուն եւ գիտակից հիւանդները պէտք է ըլլան բժշկական հսկողութեան տակ՝ տան կամ հիւանդանոցի մէջ: Առաջին 24 ժամերու ընթացքին կը թելադրուի կատարեալ ֆիզիքական եւ մտային հանգիստ 2-3 օր: Ենթական պէտք է քնանայ, սակայն ամէն 2-3 ժամը մէյ մը իր մօտ գտնուող անձը պէտք է արթնցնէ զայն, որպէսզի վստահ ըլլանք, որ ենթական մահաքունի չէ գացած, հարցումներու կը պատասխանէ ճշգրտօրէն, շուարած վիճակ չունի եւ անբնական որեւէ մէկ ախտանշան չունի: Ֆիզիքական եւ մտային հանգիստը խիստ կարեւոր է, որպէսզի ուղեղը ինքզինք գտնէ եւ ապաքինումը ըլլայ աւելի շուտ: Մարզանքը, ալքոլը եւ ինքնաշարժ վարելը արգիլուած են այս հանգիստի օրերուն: Գլխացաւի համար կը տրուին ցաւազերծող դեղեր:
Ուղեղային արիւնահոսութեան եւ ուռուածութեան, (edema) ինչպէս նաեւ գանկային կոտրուածքի պարագային շտապ գործողութիւն մը պարտաւորիչ կը դառնայ:
Ուղեղացնցում ունեցողներուն մեծամասնութիւնը վիրաբուժական գործողութեան պէտք չ՚ունենար:
Յետապաքինման շրջանին որոշ թիւով հիւանդներ շաբաթներով եւ կամ ամիսներով կ՚ունենան զգացական հարցեր եւ դժուարութիւններ, մտային եւ ֆիզիքական որոշ տկարութիւններ եւ թերութիւններ:
Ուղեղացնցումի պարագաներուն մէկ մասը կարելի է կանխարգիլել, օրինակ՝ հեծիկ քշողները գործածելու են յատուկ գլխարկներ, որոնք կը պաշտպանեն գլուխը հարուածներէ եւ ցնցումներէ։ Մարզական խաղերու ընթացքին յարգուելու են խաղի օրէնքները եւ գործածուելու են պաշտպանողական յատուկ սարքեր՝ տարբեր խաղերու համար: Ինքնաշարժ վարելու ժամանակ աթոռագօտին միշտ գործածուելու է:
Ուղեղացնցումի ենթարկուած անձը կրնայ ունենալ բարդութիւններ, ինչպէս՝ մնայուն գլխացաւ եւ լուսնոտութիւն:
ՏՔԹ. ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ