ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԲԱՐՔԵՐ
ԽՈՒԼ ԵՐԵԽԱՅԻ ՄԸ ՈԴԻՍԱԿԱՆԸ…
Այս պատմութիւնը մեզի կու գայ Մասաչուսեց նահանգի Նիւթըն քաղաքէն։ Այդ քաղաքի բնակիչներէն Ռաֆի եւ Կլենտա Սեվից ամոլը կը ծնի խուլ ու համր դուստր մը Սեմենթա անունով (տես նկարը), որ հիմա երկու տարեկան է։
Կլենտա՝ Սեմենթայի մայրը, կ՚ըսէ, թէ սա առաջին անգամն է որ ինքն ու ամուսինը փորձառութիւնը կ՚ունենան խուլ եւ համր անձ մը տեսնելու, որ, այս պարագային, իրենց դուստրն է։
Երբ Սեվիցները յաճախ կը ճեմեն իրենց տան մօտակայքը, դրացիները կը տեսնեն, թէ անոնք ձեռքի շարժումներով (sign language) կը խօսէին իրարու հետ։ Ուստի կ՚անդրադառնան, թէ երեխան խուլ եւ համր ըլլալու է։
Գթալով անմեղ երեխայի ոդիսականին եւ ուզելով, որ իրենք ալ ձեւով մը յարաբերին Սեմենթայի հետ՝ կ՚որոշեն ամերիկեան նշանալեզուի (American Sign Language) դասեր առնել։ Ուստի կը վարձեն ուսուցիչ մը եւ կը սկսին դասընթացքի, որ տեղի կ՚ունենայ գիշերները՝ շաբաթը մէկ անգամ։
Զարմանալիօրէն վերոյիշեալ դասընթացքին կը մասնակցին աւելի քան 20 հոգի Նիւթըն քաղաքի բնակիչներէն, որպէսզի այդ լեզուն սորվելով կարենան յարաբերութիւն մշակել իրենց դրացի խուլ եւ համր Սեմենթային հետ…
Ամերիկեան ասացուածքը կ՚ըսէ. «It takes a village to raise a child»: Այսինքն՝ ամբողջ գիւղ մը անհրաժեշտ է, որ երեխայ մը մեծցնէ։ Եւ ահա փաստացի օրինակը, այդ ասացուածքի կիրարկման մէջ։
Հիմա երբ դրացիները հանդիպին Սեմենթային իրենց ընտանեկան պտոյտներուն, անոնք կը բարեւեն զինք եւ մտերմիկ զրոյցով մը վերահասու կը դառնան անոր առօրեային:
Մայրը կ՚ըսէ, թէ «պիտի տեսնէք Սեմենթայի ուրախութիւնը, երբ դրացիները իրեն հասկնալի լեզուով հետը կը խօսին»: Հոս պէտք է աւելցնել, որ Սեմենթա համարձակ է եւ շատ մարդամօտ։ Իսկ հիմա որ զինք հասկցողներ կան, անոր ուրախութիւնը անսահման է՝ հասկնալի պատճառներով։
ՄԱՐԴԱՍԻՐՈՒԹԵԱՄԲ ԵՒ ՄԱՍԱՄԲ ՆՈՐԻՆ…
Այս պատմութիւնը մեզի կու գայ Վիրճինիա նահանգի Ալեքսանտրիա քաղաքէն։ Այդ քաղաքի Մկրտչական (Baptist) եկեղեցւոյ մէկ օրինակելի առաքելութիւնն է, որուն մասին կ՚ուզեմ խօսիլ մեր ընթերցասէր հասարակութեան հետ։
Արդարեւ, այդ եկեղեցւոյ հովիւը՝ Տքթ. Հաուըրտ-Ճան Ուեսլին, մղիչ ուժը հանդիսացած է 100 հազար տոլարի հանգանակութեան մը, որ ամբողջովին տրամադ-րըւած է 34 ուսանողներու դպրոցական պարտքը վճարելու։ Անոնք յունուար ամ-սըւան ընթացքին ծոմապահութեամբ եւ աղօթքներով գոյացուցած են այդ գումարը։ Առ ի գիտութիւն ըսեմ, որ վերոյիշեալ եկեղեցին ունի 8 հազար անդամ։
Հիմա նայինք, թէ որո՛նք են այդ կրթաթոշակներէն օգտուողները։ Առաջին առթիւ կ՚ուզեմ ներկայացնել 25 տարեկան Մայա Թամսընը (տես նկարը), որ մայր է 6 տարեկան զաւակի մը եւ կ՚ուսանի մայրաքաղաք Ուաշինկթընի Հաուըրտ համալսարանը։ Անոր տրուած է 2.500, որ վճարելով ան պիտի կարենայ շրջանաւարտ ըլլալ եւ վկայականը ստանալ։
Փեռի Ռալընս 22 տարեկան ուսանողուհի մըն է, որ եկեղեցւոյ կրթաթոշակէն ստացած է 8 հազար տոլար։ Ուրիշ մը, որ օգտուած է այդ կրթաթոշակէն, 58 տարեկան է եւ 8 զաւակներու մայր, որուն անունը չէ բացայայտուած։ Ան հիմա որոշած է վերադառնալ դպրոց եւ ուսումը շարունակել։
Այս է իսկական եկեղեցւոյ մը առաքելութիւնը, օգնել իր զաւակներուն՝ անոնց դպրոցական պարտքերը վճարելով, որպէսզի կարենան անոնք աշխատիլ եւ իրենց ընտանիքներու ապրուստը ապահովել։
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ