ԵՐԳԻ ՄԸ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ

 

«I WILL ALWAYS LOVE YOU» («ԿԸ ՍԻՐԵՄ ՔԵԶ ՅԱՒԻՏԵԱՆ») ՈՒԻԹՆԻ ՀԻՒՍԹՈՆ

Սիրոյ մասին աւելի քնքոյշ երգ դժուար է երեւակայել։ Ան առաջին իսկ բառէն, առաջին հնչիւնէն մարդուս հոգին կը լեցնէ քնքշութեամբ եւ ջերմութեամբ։ Երգի իւրաքանչիւր բառէն սէր կը ծորի։ Կը թուի, թէ յարատեւ սիրելու աւելի ամուր երդում մը դժուար է գտնել՝ «Կը սիրեմ քեզ յաւիտեան»: Սակայն երգի ենթագիրը խորքին մէջ բացարձակապէս այլ է։ Ան ոչ թէ յաւերժ սիրելու խոստում է, այլ հեռացումի խօսքեր․ «Կը հեռանամ՝ գիտնալով, որ մէն մի քայլիս քեզ միշտ պիտի յիշեմ… քեզ պիտի սիրեմ յաւերժ…»:

Անոնք, որ լսած են երգը Ուիթնի Հիւսթոնի կատարմամբ, կը կարծեն, թէ գրուած է «Թիկնապահը» ֆիլմին համար, եւ առաջինը կատարած է նոյնինքն Հիւսթոնը։ Խորքին մէջ երգը ստեղծուած է շատ աւելի կանուխ՝ 1974 թուականին, եւ մինչ «Թիկնապահը» ֆիլմին մէջ հնչելը, ան 1982 թուականին հնչած է «Թեքսասի ամենահաճելի հասարակաց տունը» ֆիլմին մէջ, իսկ երգը կատարած է ամերիկացի քաունթրի ոճի երգչուհի Տոլլի Փարթոն։

Երգի հեղինակը Տոլլին է։ Ան երգը գրած է՝ սիրեցեալին ըսելու համար այն ամէնը, ինչ որ բառերով երկար ժամանակ չէ կրցած արտայայտել։ «Ես գիտէի, որ հեռանալու օրս մօտ է։ Ես յստակ որոշում կայացուցած էի սկսելու իմ անհատական ասպարէզիս, իսկ այդ պիտի ընէի՝ հեռանալով Փորթեր Ուակոների հեռուստայայտագիրէն, ուր միասին կ՚աշխատէինք, եւ ուր, իմ խոստումիս համաձայն, մնացի եօթ տարի, թէպէտ հինգ խոստացած էի։ Մենք անընդհատ կը վիճէինք, որովհետեւ շատ նման էինք իրարու: Երկուքս ալ շատ յամառ էինք։ Ամէն անգամ երբ կը փորձէի իրեն ըսել որոշումիս մասին, ան կը սկսէր հակառակիլ եւ վիճիլ՝ հեռանալով խօսակցութեան կէսէն, անաւարտ ձգելով ըսելիքս։ Այս ամէնը կը նեղացնէր զիս ամէն անգամ, եւ որոշեցի զինքը ստիպել, որ զիս լսէ այն տարբերակով, որով ամենալաւը կրնամ. երգի միջոցով։ Այսպէսով ես գրեցի երգը։

«Հետս կը վերցնեմ լոկ յուշերը մեր, լար մը կը խնդրեմ։ Մենք լաւ գիտենք երկուքս ալ, որ ես չեմ ան, որ պէտք է քեզի...»։

«Այն փաստը, որ կը մեկնիմ, դեռ չի նշանակեր, որ քեզ պիտի չսիրեմ։ Ես կը սիրեմ քեզ, բայց կը հեռանամ՝ յուսալով, որ կեանքը աւելի բարեհաճ կը գտնուի քեզի հանդէպ…», ըստ էութեան այս էր ըսելիքս երգին մէջ։ Երբ Փորթերը լսեց երգս, ըսաւ, որ թոյլ կու տայ երթամ, պայմանով որ համաձայնիմ, որ երգի արտադրութեամբ զբաղի ինքը։ Այդպէս ալ ըրինք։ Իսկ թէ ի՛նչ եղաւ յաջորդիւ, բոլորդ գիտէք», հարցազրոյցներէն մէկուն ժամանակ ըսած է Տոլլին։

1974 թուականի յունիս 6-ին թողարկուելով՝ երգը Միացեալ Նահանգներու մէջ անմիջապէս գլխաւորեց քաունթրի երգերու հիթ-շքերթը։ Երգի վերաթողարկումին համար Տոլլիին դիմած են բազմաթիւ յայտնի կատարողներ, որոնցմէ մէկն էր Էլվիս Փրեսլին։ Սակայն Տոլլին մերժած է Փրեսլին՝ անոր արտադրիչին առաջարկած պայմաններուն պատճառով։ Երբ իրեն հարցուցին, թէ ինչպէ՛ս կրցած է մերժել Էլվիսը, Տոլլին պատասխանած է, որ այս երգը իր միակ արժէքաւոր բանն է, ինչ որ իրմէ պիտի ժառանգէ իր ընտանիքը, իսկ անոնք կ՚ուզէին գնել երգի հեղինակային իրաւունքները։

«Թիկնապահը» ֆիլմին մէջ երգը կը յայտնուի երջանիկ պատահականութեան շնորհիւ։ Ֆիլմին արտադրիչը՝ Քեվին Քոսները, ծրագրած էր ընդգրկել մէկ այլ երգ մը, սակայն շուտով կը պարզէ, որ իր ընտրած երգը արդէն օգտագործուած է ուրիշ ֆիլմի մը մէջ։ Երկար փնտռտուքէ ետք իր ընտրութիւնը կանգ կ՚առնէ այս երգին վրայ։ Տոլլին կը յիշէ․ «Քեվինը զանգեց ինծի, ես իրեն ուղարկեցի երգը։ Անցաւ որոշ ժամանակ, որեւէ արձագանգ չստացայ։ Երբ երգը առաջին անգամ Ուիթնիի կատարմամբ հնչեց ռատիոյով, ես ինքնաշարժի ղեկին էի։ Սկիզբը չճանչցայ։ Ան կը սկսէր «If I, should stay…» մասով։ Երբ հնչեց «I will always love you» հատուածը, քիչ մնաց վթարի ենթարկէի ինքնաշարժը։

Ուիթնիի կատարմամբ երգը գլխաւորած է աւելի քան 20 տարբեր հիթ-շքերթներ։ Թողարկուելէ ետք վաճառուած է 4.5 միլիոն օրինակ, յետագային ալ 2 միլիոն օրինակ՝ թուային տեսքով։ 1994 թուականին Ուիթնին երգին համար ստացաւ երկու «Կրեմի» մրցանակ՝ «Տարուան ձայնագրութիւն» եւ «Կանացի լաւագոյն փոփ-կատարում» անուանակարգերուն մէջ։

Ուիթնի Հիւսթոնի կատարմամբ երգի գլխապտոյտ յաջողութիւններէն ետք դեղին մամուլին մէջ սկսան լուրեր շրջանառուիլ, թէ երկու երգչուհիները վիճած են իրարու հետ։ Լուրը սկսաւ հերքուիլ, երբ Ուիթնին համերգներուն եւ հեռուստահեռարձակումներուն ժամանակ շնորհակալութիւն կը յայտնէր Տոլլիին հիասքանչ երգին համար, իսկ Տոլլին ալ իր հերթին բացայայտօրէն կ՚ուրախանար Ուիթնիի կատարմամբ երգի անհաւանական յաջողութիւններով եւ անկէ կուտակուող հասոյթով։ Երբ Հիւսթոն մահացաւ, Տոլլի անոր հասցէին յիշատակի իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Ես մէկն եմ այն հազարաւորներէն, որոնց սիրտը այսօր կոտրուեցաւ Ուիթնիի մահով։ Միշտ զինքը կը յիշեմ երախտիքով եւ սրտի թրթիռով ՝ երգիս անզուգական կատարողութեան համար։ Եւ հիմա ամբողջ սրտով քեզի կ՚ըսեմ, Ուիթնի, ես կը սիրեմ քեզ յաւիտեան»։

Ուիթնիի մահէն ետք շատ երգիչներ երգեցին երգը իր յիշատակին։ Անոնց կարգին էին Ճենիֆըր Հատսընը, Պէյոնսէն, Ճեսսիքա Սանչեսը եւ այլք։ Երգը հետաքրքրական է անով, որ արդէն չորս տասնամեակէ կը շարունակէ մնալ արդիական։ Զայն կը կատարեն եւ կը լսեն նաեւ այսօրուան երիտասարդները։ Պատճառներէն մէկը, անշուշտ, Ուիթնիի անզուգական մեկնաբանութիւնն էր: Ի հարկէ, չմոռնանք հեղինակին մասին, որ ընդամէնը մի քանի պարզ տողի մէջ կրցաւ այդքան կեանք, այդքան զգացում, այդքան քնքշութիւն եւ այդքան սէր դնել։     

«Ես քեզի կը մաղթեմ ուրախութիւն եւ երջանկութիւն,

Բայց այս ամենէն աւելի, քեզի սէր կը կամենամ…»

«…ԵՍ ԿԸ ՍԻՐԵՄ ՔԵԶ ՅԱՒԻՏԵԱՆ…»:

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

«Զարթօնք», Լիբանան

Երկուշաբթի, Մարտ 4, 2019