ԹՈՒՄԱՆԵԱՆ ԻՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՀԵՏ
Բոլոր հայ գրողները սիրելի են մեր ժողովուրդին համար, մանաւանդ անոնք՝ որոնք ունեցած են եղերական վախճան: Սակայն բոլորը չէ որ մեզի կանգնիլ կու տան խոհի մը դիմաց՝ մղելու մեզ ոգեկոչման ու հանդիսութեան: Յովհաննէս Թումանեան այն սակաւաթիւններէն է - թերեւս նաեւ՝ եզակի - որ ամէն օր մեզի հետ է. մեր առօրեային մէջ, մեր խոհերուն, արարքներուն եւ խենդութիւններուն ու խնդութիւններուն մէջ: Ան շօշափելի ներկայութիւն մըն է իր իւրօրինակ կեանքով, իր մտածումներով, իր կենցաղով եւ իր անսահման զուարթախոհութեամբ: Կեանքը զինք հարուածած է բազմակողմանի կերպով, բայց նաեւ անոր շնորհած է անսահման իմաստութիւնը իր վէրքերը բալասանելու երգիծանքի եւ հիւմըրի ազնիւ միւռոնով: Թումանեան այն գրողն է, որ աշխարհի բոլոր քաղաքներուն մէջ իբրեւ բարի եւ օրհնաբեր մեծ հայրը (պապիկ) հայ երեխային ձեռքէն բռնած կ՚առաջնորդէ դէպի մանկապարտէզ՝ իր «Շունն ու կատուն» ալ միասին: Եւ ան այն իմաստուն հրեշտակապետն է, որ ստոյիկութեամբ հայը կ՚առաջնորդէ իր յաւերժական անդորրի ճակատագրին: Այս տարի հայրենիքի մէջ կը նշուի Թումանեան մարդուն ու բանաստեղծին ծննդեան 150-ամեակը: Բայց Թումանեան թիւերով չէ որ կը մտնէ հայոց պատմութեան մէջ: Կարծէք ան Սասունցի Դաւիթէն իսկ առաջ կը քալէր մեր պատմութեան մէջ: Սփիւռքը, իր հերթին կը նշէ Թումանեանի յոբելեանը այն չափով, որ տակաւին առողջ մնացած է ուծացումէ:
Մեր արեւելահայ եւ արեւմտահայ հատուածներուն միջեւ գոյութիւն ունին գործնական եւ հոգեբանական պատնէշներ, իրար չկարենալ հասկնալու, իրարու փոխադարձ արժէքները չկարենալ գնահատելու: Թումանեան կարծէք վեր մնացած է այդ ցանկապատերէն եւ «Ամենայն Հայոց Բանաստեղծ»ի ինքնատուր կոչումը որ ծագում առած է Ամենայն Հայոց Գէորգ Ե. Կաթողիկոսին հետ ունեցած վէճի մը ընթացքին, հայ գաղթականներու ճակատագրին շուրջ, կարծէք թէ բնականօրէն կցուած պիտի ըլլար իր անունին ու համբաւին, նոյնիսկ եթէ ինք հռչակած չըլլար զայն: (…) Անոր կեանքը եկաւ ու անցաւ իր հէքեաթներուն նման եւ անոնց նման ալ մնաց ժողովուրդի կեանքին եւ յիշողութեան մէջ: Ամենէն աւելի ինքն է, Թումանեանը, որ այդքան յատկանշականօրէն սահմանած է բանաստեղծին դերը, որ պիտի ըլլայ իր ժողովուրդին հետ եւ ... ոչ ամբոխին: Այսքան պարզ մեծութեամբ միայն Թումանեան կրնար բնութագրել բանաստեղծին դերը: Թումանեան կիսաւարտ ու թերաւարտ թողուցած է իր ուսումնառութիւնը դեռ Թիֆլիզի Ներսիսեան վարժարանը չաւարտած. սակայն, Չարենցի իսկ բացատրութեամբ ան բաժակ խբած է Հոմերոսներու եւ Կէօթէներուն հետ: Ինքնազարգացումը, ինքնամղումը, ինքնասրբացումը եղած են աստուածատուր տուեալներ՝ օժտելու համար բանաստեղծը տաղանդներով ու մանաւանդ՝ մարդկայնականութեամբ: Թումանեանը ինքնակոչ մարգարէ մը եղած է 1905 հայ-թաթարական կռիւներու խաղաղատար միջնորդ մը դառնալու. իր հոգիին մէջ չէ գտնուած պուտ մը ատելութիւն՝ նոյնիսկ թաթարներու նկատմամբ,
որովհետեւ ան հաւատացողն էր ազգերու փրկարար համակեցութեան: Նոյնպէս, 1921-ի Փետրուարեան ապստամբութեան օրերուն երբ հայութիւնը վերածուած էր իրերատեաց երկու գաղափարական հակընդդէմ հատուածներու՝ Թումանեան գնդակներու տարափին տակ դիմած է երկու ճակատներուն խաղաղութեան կոչով: Ան բնազդով յառած էր զօրավար Անդրանիկին, իրեն պէս թերաւարտ, կամ նոյնիսկ անուս՝ բայց իր մարզին մէջ՝ հանճարեղ եւ առաջարկած էր իր տասը զաւակները յանձնել Անդրանիկին իբրեւ կամաւոր: Եւ ասիկա թատրոն չէր, բեմադրութիւն չէր, կեղծ ազգասիրութիւն չէր, այլ մատուցում հայ զինուորական ու քաղաքական հերոսի պատարագեալ առաքելութեան: Այս նուիրումը կը խորհրդանշէ երկու բան. որ ան բնազդօրէն կը հաւատար Անդրանիկի քաղաքական ողջախոհութեան եւ երկրորդ՝ անսահման սէր կը տածէր ան արեւմտահայ զանգուածին նկատմամբ, որուն զոհեց իր անդրանիկ զաւակը՝ Արդիկը Վանի ինքնապաշտպանութեան օրերուն եւ ապա ան իր բանաստեղծի կոչումէն անդին՝ նուիրուեցաւ արեւմտահայ արմատախիլ գաղթականներու ճակատագրին եւ անոնց վէրքերու ամոքումին: Թումանեանի քերթողութիւնը, իր կեանքին նման կարկաչահոս աղբիւր մը հանդիսացաւ Լոռիի այն աշխարհամասին մէջ, ուր լեռները աչքերը կիտած իրար կը նային, ինչպէս նաեւ այդ լեռներէն շատ անդին, ուր հայ ժողովուրդը կ՚ապրէր ու կ՚ապրի: Անոր գրականութիւնը այսօր ալ, հարիւր տարի վերջ կը կենսաւորէ մեր գոյութիւնը, առանց արեւմտահայի եւ արեւելահայի բաժանումներու ու պիտակումներու: Իր քերթողութիւնը ունի բանաստեղծութիւններ, չափածոյ պատմումներ, քառեակներ եւ գրական այլ սեռի արտադրութիւններ, բոլորն ալ հայկականութեան միւռոնի կաթսային մէջ հասունցած եւ մեր լեռներու ծաղիկներով բուրումնաւէտուած: Իր «Լուսաւորչի կանթեղը» իր պարզութեամբ հպարտօրէն կը կանգնի Թէքէեանի «Կանթեղ»ին դիմաց: Իր առակները իմաստութեան բեկորներ են եւ իր պատմուածքները՝ կենցաղային դասեր, բացի հանդիսանալէ գրական բիւրահեղացումներ: Մարդիկ զարմացած հարց կու տան թէ ինչո՞ւ Երեւանի օփերայի շէնքին առջեւ կանգնած է Թումանեանի արձանը եւ ոչ երաժիշտի մը: Բայց երբ կը խորհիք անոր ստեղծագործութիւններուն մասին կը տեսնէք, թէ ան հանդիսացած է մեր գրականութեան Կոմիտասը եւ հազար ու մէկ լարերով կապուած է մեր երաժշտութեան ակունքներուն: Իր չափածոյ հէքեաթներէն երկուքը՝ «Անուշ» եւ «Թմկաբերդի առում»ը վերածուած են անմահ օփերաներու, Արմէն Տիգրանեանի եւ Ալեքսանտր Սպենդիարեանի կողմէ («Ալմաստ»): Յետոյ իր բանաստեղծութիւններէն շատերը («Գանձեր ունեմ, հազար գանձեր») ներշնչած են հայ երգահանները համապատասխան երգեր յօրինելու եւ Թումանեանի հանճարը աւելի եւս ժողովրդականացնելու: Թումանեանը օրինաւոր քաղաքացին է մեր ժողովուրդի բոլոր հատուածներու գրականութեան: Անոր լուսաւոր հանճարը արեւային այնպիսի պայթումով յայտնուած է, որ իր գրականութիւնը թարգմանութիւններով տարածուած է նաեւ տարբեր ազգերու մօտ: Այնքան դիպուկ էր Վրաստանի նախարարին խօսքը Թումանեանի թիֆլիզեան 150-ամեակին առիթով՝ երբ կ՚ըսէր, թէ հայ ազգը պատիւ ըրած է Վրաստանին այսպիսի հանճարեղ քաղաքացի մը նուիրելու: Ինչպէս կը տեսնուի՝ Թումանեանը նաեւ մեր ազգին դիմագիծն է, յաւերժական ժպիտով, անկոտրում լաւատեսութեամբ, կեանքի հանճարեղ ընկալումով եւ յաւերժի մատուցումով: Երանի Թումանեանի կեանքն ու գրականութիւնը մնայուն դասեր դառնային մեր ազգին՝ միշտ ... ամբոխէն վեր մնալու:
Խմբագրական՝ «Պայքար»ի, Պոսթոն