ԿԱՅԾՈՌԻԿՆԵՐ
Ա.
Ինչ որ կը յիշեմ ֆրանսերէն լեզուի քերականութենէն, գրեթէ ամէն օրէնք ունի իր բացառութիւնները: Ե՛ւ կեանքի մէջ տարածուած միտքերու, ընկերային թէ փիլիսոփայական, ընդհանուր օրինաչափութիւններ կան, ի հարկէ կան նաեւ անոնց կողքին բացառութիւններ, նայած նիւթին, երկրին, ժողովուրդին կամ պարագաներուն: Վերջ ի վերջոյ ամէն մարդ իր երգը պիտի երգէ, իսկ ընթերցողը՝ ի՛րը: Հրամցնենք օրինակ մը ճաբոնական չափածոյէն.
«Հօր նման դաժան է աշունը:
Մօր նման աշունը՝ բարի
Անօթեւան որդու համար»:
Իրապէ՞ս:
Ինչո՞ւ: Միթէ հայրը անսի՞րտ է, չունի՞ զգացում, սէր, գուրգուրանք, մանաւանդ երբ որդին «անօթեւան» է: Եթէ հեղինակը հայ ըլլար, պիտի մէջբերէի Դ. Դեմիրճեանի «Հայուն չափը չափազանցն է» գրութիւնը, որ, իր կարգին, վիճելի է, քանի որ հաւասարակշռութեան օրէնքով իրարմով պայմանաւորուած իրականութիւններ են, որ մէկ չափազանցութիւն ծնունդ կու տայ ա՛յլ չափազանցութեան, եւ պէտք չէ հայուն վիզին փաթթել սոյն իրականութիւնը: Դառնալով չափածոյին՝ թերեւս ոմանց համար ճիշդ հակառակը կրնայ ըլլալ, նայած մօր նկարագրին ու մօտեցումին: Վերջապէս մարդ արարածը ծնունդ է, եւ ամէն ոք իր տեսակն է:
Կայ հարցում մը. մարդ ի՞նք կ՚ընտրէ իր կեանքը, թէ կը քշուի անտես ուժէ մը (մխայյար թէ՝ մսայյար): Ես ալ կը պատասխանեմ շուարած (մհայյար): Պատասխան մը գտած չեմ, որոնումները տակաւին արդիւնք մը չտուին, բայց յստակ է, որ մարդ ինչ որ է, ծնունդ է մեծ մասամբ, այսինքն՝ ութսուն տոկոս, իսկ մնացեալը՝ շրջանակին ու դաստիարակութեան արդիւնք: Ի հարկէ, կարելի չէ թուաբանական ճշգրտութիւն ունենալ նման պարագաներու:
Գանք մեր նիւթին: Ինչո՞ւ հայրը «դաժան» պիտի ըլլայ, իսկ մայրը՝ «բարի»: Ճաբոնակա՞ն…
Վերջապէս կարելի չէ քարացած օրէնքի ենթարկել մարդ արարածը, երբ մեծամասնութեամբ հեղուկ է:
Բ.
Մարդ արարածը կը տարբերի այլ կենդանիներէ իր հնարամտութեամբ, որ արդիւնք է իր կազմաբանութեան, ի հարկէ: Հնարքները բազմաթիւ են ու անթիւ: Անոնցմէ աղթարքը, որ կը բացայայտէ, թէ մարդ ունի կախուածութիւն իբր թէ աստղերէն, անոնց շարժումներէն կամ պտոյտներէն եւ այլն, միայն «մասնագէտ»ներ կրնան կարդալ եւ ոչ թէ հասարակ մահկանացուները: Ինչեւէ: Մարդու տարատեսակութեան կամ խառնուածքային վիճակի բացատրութիւնը վերջերս զիջած է ծիներու, ու աղթարքը ձեւով մը եղած է ոմանց համար «պարապ վախտի խաղալիք»: Ըսինք ծիներու, սակայն կայ նաեւ դաստիարակութիւնը:
Սիրած եմ ստոյիկեան վարդապետութիւնը: Սենեկա իր նամակներէն մէկուն մէջ կ՚ըսէ. «Եթէ սիրուիլ կ՚ուզես, սիրէ՛»: Որքան ճիշդ կը թուի առաջին հայեացքով: Ի հարկէ, սիրուելու առաջին պայմանը սիրելն է, սակայն եթէ ենթական ԻՆՔՆԱՍԻՐԱՀԱՐՈՒԾՈՒԹԵԱՆ հիւանդութենէ կը տառապի, որուն ՆԱՐՍԻՍԻՍՏ կոչած են հին յոյները, արդէն ինքնիրմով լիացած ըլլալով՝ ոչ մէկուն սիրոյն կարիքը կը զգայ եւ ոչ ալ սիրելու: Ընդհակառակը՝ ի՛նքն է որ կ՚որոշէ իր սիրուիլն ու սիրելը, այլ խօսքով՝ ԱՄԷՆ ԲԱՆ Է ԱՄԷՆ ԲԱՆԻ ՄԷՋ: Ալ ի՜նչ խօսք սիրել-սիրուելու մասին: Դժբախտաբար այս միայն անհատի սահմաններուն մէջ չի պարփակուիր, այլ, ինչու չէ, ընտանիքի, միութեան, կուսակցութեան եւ ժողովուրդներու: Ուստի, ի՛նչ պիտակի տակ ալ ծուարին իբրեւ համաշխարհային սիրոյ վարդապետութիւններ, ընդունելի պիտի չըլլան համընդհանուրին համար:
Գ.
Սոկրատին հարցուցեր են, թէ ի՞նչ է գեղեցկութիւնը: «Կոյրերուն հարց տուէք» եղեր է պատասխանը: Այս ինծի հարց եղաւ: Բախտի բերմամբ գտնուեցայ կոյրերու (աչազուրկ) խումբի մը մէջ, որոնք զանազան տարիքի էին: Թէեւ ամչկոտութեամբ, երիտասարդուհիի մը հարց տուի. «Ի՞նչ է գեղեցկութիւնը» (մինչ այդ սիրտս կը տրոփէր): «Ա՜խ, ինծի՞ կը հարցնես այդ հարցումը» եղաւ պատասխանը: Ներողութիւն խնդրեցի, սակայն քիչ ետք ըսի ես ինծի. «Եկո՛ւր, տարիքոտի մը հարցուր», եւ այդպէս ալ եղաւ: Պատասխանեց, որ «գեղեցկութիւնը հոգեկան ազնուութեան ու մարդկային յարաբերութեան մէջ է»: Գոհացած էի նախ պատասխան մը ունենալուս, երկրորդ՝ յարաբերութիւն մը ըրած ըլլալուս համար:
Պատասխան մը, որ տարիներ ետք պիտի կարդայի, թէ Սոկրատ իր ժամանակին հրապուրուած է ոչ թէ արտաքին, ֆիզիքական շնորհալիութեամբ, այլ մտքի փայլատակութեամբ ու նկարագրով («Յուշեր», Քսենոֆօն):
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
«Զարթօնք», Լիբանան