ՏՆՏԵՍԱԳԷՏ ՌԱՖՖԻ ՔԵՆՏԻՐՃԵԱՆ. «ՍԱՐՖ-Ը ՍՈՒՐԻԱՅԷՆ ԴՈՒՐՍ ԱԼ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ԾԱՒԱԼԷ»
Մեր հարցումներուն կը պատասխանէ նախկին լիբանանահայ, ներկայիս ամերիկաբնակ Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան հիմանդրամի (ՍԱՐՖ) ատենապետ Ռաֆֆի Քենտիրճեան:
-Ինչպէս գիտենք՝ ՍԱՐՖ-ը հիմնուեցաւ Սուրիան հարուածող պատերազմի ամենաթէժ փուլին: Ի՞նչ սկզբուքով եւ նպատակներով կը գործէր ՍԱՐՖ-ը եւ այսօր ի՞նչ փոխուած է կազմակերպութեան նպատակներէն:
-ՍԱՐՖ-ը համահայկական կառոյց մըն է, որ կը գործէ Գալիֆորնիոյ մէջ եւ որուն տնօրէններու խորհուրդին մաս կը կազմեն երեք յարանուանութիւնները, կուսակցութիւնները, բարեսիրական կազմակերպութիւնները՝ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ), Հայ օգնութեան միութիւնը (ՀՕՄ) եւ AMAA-ը:
Իմ ծառայութիւնս ՍԱՐՖ-էն ներս սկսած է 2014 թուականին եւ ինձմէ առաջ հիմնադիր ատենապետը եղած է Պրն. Զաւէն Խանճեանը, որ ներկայիս AMAA-ի գործադիր տնօրէնն է, ապա՝ Ժան Թիթիզեանը, որ որպէս ՍԱՐՖ-ի ատենապետ ծառայած է 2014-2016 թուականներուն միջեւ, որմէ ետք մինչեւ այսօր ես ստանձնած են ատենապետութիւնը:
ՍԱՐՖ-ը հիմնուած է 2012 թուականին, Սուրիոյ պատերազմի ամենադաժան օրերուն, հիմնական նպատակ ունենալով օժանդակել սուրիահայութեան։ Այդ շրջանին ամենէն կարեւոր եւ անհրաժեշտ կարիքներն էին՝ սննդամթերքը, դեղօրայքը, վիրաւորներու բուժման ծախսերը, նաեւ զոհեր ունեցողներու պարագային, այդ զոհերու ընտանիքներուն օժանդակութիւնը, յուղարկաւորութեան ծախսերը հոգալը եւ զանազան անհրաժեշտ ծախսեր:
Այդ շրջանին նաեւ, ինչպէս գիտէք, ներքին գաղթ մը սկսած էր Հալէպէն ներս, երբ հայկական Նոր Գիւղի շրջանը ծանր հրթիռակոծման ենթարկուեցաւ եւ մարդիկ ստիպուած աւելի ապահով շրջաններ տեղափոխուեցան, երբեմն նոյնիսկ Հալէպէն դուրս, Լաթաքիա եւ այլ խաղաղ շրջաններ, հետեւաբար մենք անհրաժեշտութիւն համարեցինք վնասուած տուներու շտապ նորոգութիւնները, որպէսզի այդ տուները բնակելի դառնան եւ ընտանիքները ստիպուած չըլլան այլ տեղեր տեղափոխուիլ եւ հայկական շրջանները դատարկուին:
Անշուշտ, մենք Միացեալ Նահանգներէն պիտի չկարենայինք եւ ճիշդ ալ պիտի չըլլար այստեղէն տնօրինել այդ հարցերը, ուստի աշխատանքները իրականացնելու համար ՍԱՐՖ-ը կը համագործակցէր Հալէպի մէջ գործող «Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան մարմին»ին հետ: Ինչպէս գիտէք, Սուրիահայերու շտապ օգնութեան մարմինը գոյացած էր Սուրիոյ մէջ գործող տարբեր յարանուանութիւններու, կուսակցութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներէ՝ նախագահութեամբ Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի:
Իսկ թէ ինչ փոխուած է այս վերջին վեց-եօթ տարիներու ընթացքին մեր գործունէութեան եւ օգնութեան թիրախներուն կամ առաջնահերթութիւններուն առընթեր. նախ պէտք է նշեմ, որ այդ փոփոխութեան անկիւնադարձը եղաւ Հալէպի մէջ պատերազմական գործողութիւններու դադարը, որ տեղի ունեցաւ 2016 թուականի դեկտեմբերին։ Անկէ ետք Սուրիոյ մէջ գործող Սուրիահայերու շտապ օգնութեան մարմինը իր աշխատանքային ոճը եւ ուղղութիւնը փոխեց եւ ՍԱՐՖ-ը իր ուշադրութիւնը կեդրոնացուց գործատեղիներու վերանորոգման աշխատանքներուն վրայ։ Նպատակը յստակ էր՝ որպէսզի ժողովուրդը աշխատանքի լծուի, իր օրապահիկը վաստակելու հնարաւորութիւն ունենայ եւ ձեւով մը ինքն իր ծախսերը հոգայ: Այդ ձեւով միայն կարելի պիտի ըլլար մարդոց հնարաւորութիւն տալ, որպէսզի փորձեն իրենց բնականոն կեանքին վերադառնալ։
Ուրեմն, այս նպատակով, 2017 թուականի դեկտեմբերին Լոս Անճելըս հրաւիրեցինք Բերիոյ թեմի աառաջնորդ Տ. Շահան Արք. Սարգիսանը եւ յատուկ դրամահաւաք մը կազմակերպեցինք, որուն 200 հազար ամերիկեան տոլար հասոյթը յատկացուեցաւ Հալէպի մէջ գործատեղիներու վերաշինութեան: Շտապ օգնութեան մարմինը եւ անոր ենթայանձնախումբերը այժմ լծուած են այդ աշխատանքին, արձանագրութիւննր կ՚ընեն, կ՚երթան գործատեղիները եւ կը սերտեն որքան օգնութիւն պէտք է տը-րամադրուի եւ այլն, անշուշտ խօսքը հիմնայատակ քանդուած գործատեղիներու կամ մեծ գործարաններու մասին չէ, այլ աւելի փոքր գործատեղիներու մասին, որոնք կարելի է փոքր յատկացումով վերականգնել:
Միեւնոյն ժամանակ, ըսեմ, որ ՍԱՐՖ-ը Սուրիայէն դուրս ալ գործունէութիւն ունեցած է: 2015-2017 թուականներուն, երբ գաղթականներու մեծ հոսք եղաւ Սուրիայէն, յատ-կապէս Հալէպէն դէպի Երեւան, այդտեղ եւս օժանդակելու կարիք կար եւ մենք այլ կազմակերպութիւններու հետ միասին շուրջ չորսհարիւր ընտանիքի տան վարձքի ծախսերը հոգացինք: Այս հարցով մենք գործակցեցանք «Armenian Red-wood Project»ի հետ, որուն հիմնադիրն էր Ռաֆֆի Արտհալճեանը, այս գործունէութեան մաս կը կազմէր նաեւ UNHCR-ի Երեւանի գրասենեակը, Oxfam-ը, որ անգլիական բարեսիրական հաստատութիւն է եւ մեր Արեւմտեան Ամերիկայի շրջաններէն ներս Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ արեւմտեան թեմը: Այդպէսով, երկու-երեք տարուան ընթացքին շուրջ 600 հազար ամերիկեան տոլարի օգնութիւն ուղարկեցինք Հայաստան, որ, ինչպէս ըսի, տրամադրուեցաւ սուրիահայերու տան վարձքերուն:
2016 թուականի հոկտեմբերին ես անձամբ Երեւան գտնուեցայ յատուկ այս գործին համար եւ տեսակցութիւններ ունեցանք այն ընտանինքներուն հետ, որոնք մեր ծրագրէն օգտուած էին: Այցելեցինք նաեւ Արցախ, ուր եւս սուրիահայ ընտանիքներ հաստատուած էին, անշուշտ աւելի նուազ թիւով, եւ շատ ուրախալի էր, որ սուրիահայեր կը գտնուէին ազատագրուած Արցախի հողերուն վրայ եւ իրենց կեանքը այնտեղ կը շարունակեն:
Ըսեմ, որ 2012 թուականէն մինչեւ այսօր ՍԱՐՖ-ը սուրիահայերուն ըրած է մօտաւորապէս 2.5 միլիոն ամերիկեան տոլարի յատկացում, որուն առիւծի բաժինը հասած է Սուրիոյ, յատկապէս Հալէպի մէջ մնացած հայերուն, օգնութիւններ հասած են նաեւ Քեսապին, մանաւանդ իրենց ճգնաժամի ժամանակ, նաեւ Ճեզիրէի շրջանին, Գամիշլիին եւ այլն:
-Այսօր կը նկատենք, որ Սուրիոյ զանազան քաղաքներու՝ Հալէպի, Դամասկոսի, Լաթաքիոյ, ինչպէս նաեւ Քեսապի մէջ ապրող հայութեան հարցերու հանդէպ հետաքրքրութիւնը նուազած է: Ձեր կարծիքով՝ ի՞նչ են պատճառները եւ արդեօք այդ մէկը դուք ժխտական կը համարէ՞ք:
-Այդ մէկը՝ իմ կարծիքով՝ բնական մարդկային վերաբերմունք է: Այդպէս էր պարագան ոչ միայն Սուրիոյ մէջ, այլ նաեւ նոյն վերաբերմունքը տեսանք Արցախի պարագային: Երբ 2016 թուականին քառօրեայ պատերազմը եղաւ, աշխարհասփիւռ հայերը ոտքի ելան օժանդակելու Արցախին եւ իրենց բոլոր կարողութիւնները ի գործ դրին, սակայն քանի մը ամիս ետք, երբ այդ նոյն ահազանգային իրավիճակը չկար, մարդոց կեդրոնացումը շեղեցաւ Արցախէն եւ դարձան իրենց բնականոն վիճակին: Նոյնն ալ Սուրիոյ պարագային էր. պատերազմի ամենէն դժուար օրերուն այստեղ՝ Լոս Անճելըսի մէջ ամենօրեայ նիւթ էր Սուրիան, ըլլայ մամուլով, ձեռնարկներով, դրամահաւաքներով, մեծ աշխատանք կը տարուէր: Բայց այսօր բաղդատմամբ թէժ օրերուն, ժողովուրդը այլեւս լրատուուամիջոցներէն Սուրիոյ մասին չի լսեր այդքան, որքան որ կը լսէր անցեալին: Նաեւ մարդիկ աւելի շատ հետաքրքուած են շտապ կարիքներու օգնութեամբ, քան թէ վերաշինութեամբ կամ վերանորոգութեամբ: Մարդիկ կը կարծեն, որ պատերազմի դադրումով նաեւ կարիքները նուազած են: Անոնք կը մոռնան, որ պատերազմի թէժ օրերէն անմիջապէս ետք չէ, որ բնականոն վիճակ կը գտնէ գաղութի կեանքը եւ ատոր համար է, որ մենք՝ ՍԱՐՖ-ը, մեր աշխատանքները կը շարունակենք։ Պատճառներէն մէկն ալ այն է, որ բոլորը համոզուած չեն, թէ այդ գաղութը որքանով կրնայ գոյատեւել եւ ուրեմն կը տարակուսին, թէ արդեօք պէ՞տք է իր ներդրումը բերէ գաղութի մը, որ կրնայ երկար կեանք չունենալ:
-Իսկ ի՞նչ կը կարծէք, արդեօք այդ գաղութները ապագայ ունի՞ն: Եթէ այո, ի՞նչ պէտք է ընէ սփիւռքահայութիւնը, օժանդակելու համար, որպէսզի այդ գաղութները կանգուն մնան:
-Ապրած ըլլալով Լիբանանի պատերազմի տարիներուն եւ տեսած ըլլալով լիբանանահայութեան գաղթը, որ տեղի ունեցաւ եւ գաղութի ներկայ իրավիճակը՝ գիտեմ, որ Սուրիոյ մէջ ալ այնպէս չէ, որ ամբողջ գաղութը արմատախիլ պիտի ըլլայ, այլ պիտի մնայ գաղութ մը, որ պիտի կառչի իր արժէքներուն, եկեղեցիին եւ հաւատքին: Բայց նաեւ քաջ գիտենք, որ այդ գաղութը նոյնը պիտի չըլլայ, ինչ որ էր 2011 թուականի պատերազմէն առաջ. նախ՝ թիւի նուազումով, ինչպէս նաեւ կարելիութիւններով, որովհետեւ, ինչպէս գիտենք, հալէպահայութիւնը հզօր համայնք էր եւ հարուստ էր իր թիւով ու կառոյցներով: Եթէ իրապաշտ ձեւով մօտենանք հարցին, գաղութի յետպատերազմեան վիճակը նոյնը չէ եւ իրենք կը գիտակցին այդ մէկը ու կը գործեն իրենց ներկայ պայմաններուն մէջ:
Այստեղ նաեւ դեր կը խաղայ Հայաստանի իրավիճակը: Լիբանանի պատերազմի ընթացքին Հայաստանը անկախացած չէր եւ ուրեմն լիբանանահայութեան միակ գաղթի ուղղութիւնը Արեւմուտքն էր, դէպի Միացեալ Նահանգներ, Գանատա եւ այլն, բայց մենք այսօր նոր իրավիճակ մը ունինք, երբ սուրիահայը նաեւ գաղթեց հայրենիք եւ այս մէկը շատ դրական երեւոյթ է: Այս առումով Հայաստանի հզօրացումը եւ կեանքի պայմաններու բարելաւումը պիտի քաջալերէ այն սուրիահայերը, որոնք տակաւին Հալէպի մէջ են եւ կրնայ ըլլալ ազգականներ ալ ունին Հայաստանի մէջ, հետեւաբար աւելի դիւրաւ քաջալերուին եւ Հայաստան ներգաղթեն։
Այս մէկը մարտահրաւէր մըն էր հալէպահայ գաղութին, որ նախապէս գոյութիւն չունէր պատերազմէն առաջ. կրնամ ըսել հազուագիւտ էին այն անձերը, որոնք հայրենիք տեղափոխուած էին խաղաղ պայմաններու մէջ:
-Յաճախ խօսուած է, թէ միայն տագնապի օրերուն է, որ հայութիւնը կը համախմբուի, մէկ ուժ կը դառնայ, իսկ խաղաղութեան օրերուն դարձեալ կը տարտղնուի, կ՚օտարանայ: Արդեօք ժամանակը չէ եկած, որ սփիւռքի համար յատուկ հայեցակարգ մը մշակուի, որպէսզի տագնապի օրերէն առաջ նոյնիսկ հայութիւնը կարողանայ զատորոշել կարեւորագոյնը, կարեւորէն եւ ըստ այնմ ծրագիրներ ստեղծէ, որպէսզի ահազանգի պահուն խուճապի չմատնուի։
-Ես կը կարծեմ, որ տագնապի ժամանակ համախմբուիլը մարդկային յատկութիւն է, այդպէս է նաեւ մեր ընկերական կամ անձնական կեանքին մէջ: Երբ մեր բարեկամը կամ ընկերը տագնապի մէջ ըլլայ, ամէն օր կը հետեւինք, կը հարցնենք, կը հետաքրքրուինք իրմով, բայց երբ տագնապը հեռանայ՝ կը դադրինք ամէն օր իր մասին մտածելէ: Գալով Միջին Արեւելքին, ուր վտանգները ընդհանրապէս աւելի յաճախակի են եւ աւելի սուր, այո՛, կրնայ ըլլալ կարեւորութիւնը կայ այնտեղ գոնէ կառոյց մը ստեղծելու, որպէսզի երբ մարտահրաւէրներ մէջտեղ գան, մենք իրար չանցնինք: Այստեղ սակայն հարց է, թէ ինչքան երկար ժամանակ պիտի պահանջէ այդ տեսիլքը ունենալը եւ կարենալ իրագործելը:
Այստեղ մեծ դեր պէտք է ունենայ ոչ թէ միայն սփիւռքի կառոյցները, այլ նաեւ համագործակցութիւնը Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ, որովհետեւ, ինչպէս ականատես եղաք, երբ շուրջ 20 հազար սուրիահայեր ստիպուած եղան Հայաստան տեղափոխուելու, այդտեղ ալ դժուարութիւններ յառաջ եկան, որովհետեւ Հայաստանը պատրաստ չէր այդքան մեծ թիւով գաղթականներ ընդունելու։ Սակայն եթէ Հայաստանը որոշ ծրագիր ունենար այսպիսի պարագաներ ընդունելու կամ այսպիսի մարտահրաւէրներու առաջքը առնելու համար, սուրիահայերու ընդելուզման եւ կամ տնտեսական կեանքին մէջ մասնակցութեան հարցը շատ աւելի արագ ձեւով կրնար լուծուիլ:
Այնուամենայնիւ սակայն, չենք կրնար ուրանալ Հայաստանի իշխանութիւններուն որոշ օգնութիւնները, որոնք տրամադրուեցան սուրիահայութեան. ինչպէս՝ դպրոցական, առողջապահական, իրաւական եւ այլն։ Բայց եթէ աւելի կազմակերպուած ըլլայինք, թէ՛ սփիւռքով, թէ՛ Հայաստանով, կրնայինք շատ աւելի մեծ թիւով սուրիահայեր պահել Երեւանի մէջ եւ անոնց մեծ մասը չգաղթէր Ամերիկա, Եւրոպա կամ Գանատա:
Այս առումով, մեծ ուրախութիւն է մեզի համար, որ ՍԱՐՖ-ը իր ներդրումը ունեցաւ՝ մեր հայրենակիցներու մէկ մասը Հայաստան պահելու գործին մէջ, իր իրականացուցած տան վարձքեր տրամադրելու ծրագրի շնորհիւ: Շատ մը ընտանիքներ, եթէ այդ օգնութիւնը չստանային, օտար դեսպանատուներու դիմաց կանգնած պիտի ըլլային եւ իրենց ուղղութիւնը պիտի ըլլար արեւմտեան երկիրներ:
Գալով այն խօսքին, թէ արդեօք մենք պէտք չէ՞ հայեցակարգ մշակենք կամ յստակ ռազմավարութիւն ունենանք, յատկապէս կարգ մը գաղութներու նկատմամբ, որոնք ապագային կրնան վտանգի ենթարկուիլ, այդ մէկը կրնամ ըսել մեծ գանձատրման միջոցներու կը կարօտի եւ քանի որ այսօր անորոշ է եւ ապագայի մէջ է, մենք առաջնահերթութիւն չենք նկատեր այդ գործը: Բայց եւ այնպէս, ըսեմ, որ եթէ գայ այն պահը, երբ որեւէ գաղութ Միջին Արեւելքի մէջ վտանգուի, մենք կասկած չունինք, որ միւս բոլոր գաղութները, ինչպէս սուրիահայութեան պարագային, անմիջապէս կը կազմակերպուինք եւ գործի կ՚անցնինք: Ատիկա ըսել չէ սակայն, որ պէտք է բախտի ձգենք այդ ամէնը, բայց առայժմ, գոնէ ես չեմ տեսներ, որ մեր գաղութները պատրաստ են այդպիսի ռազմավարութիւն մշակելու:
-Ի՞նչ կարծիք ունիք Հայաստանի մէջ սփիւռքի նախարարութեան փակելու մասին։
-Ես չեմ համարեր, որ սփիւռքի հանդէպ քաղաքականութեան նոր հանգրուան սկսած է: Եւ եթէ խօսքը սփիւռքի որոշ գաղութներու մէջ ապագային հնարաւոր պատերազմական վիճակներու տագնապի լուծման մասին է, ես կը կարծեմ, որ այս պարագային հարցը անմիջապէս կապուած կ՚ըլլայ կառավարութեան օրակարգին հետ եւ ոչ թէ սոսկ մէկ նախարարութեան հետ։ Յըս-տակեցնելու համար ըսեմ, որ Սուրիոյ պատերազմի շրջանին Հայաստանէն ներս սփիւռքի նախարարութեան կողքին, տարբեր նախարարութիւններ, ինչպէս՝ պաշտպանութեան, առողջապահութեան, կրթութեան եւ այլ նախարարութիւններ, բոլորը սուրիահայութեան գաղթականութեան հարցերով կը զբաղէին եւ ես կը կարծեմ, որ նոյնը կ՚ըլլայ, եթէ, Աստուած չընէ, ուրիշ գաղութի մը մէջ ալ այդպիսի բան մը պատահի:
*
ՌԱՖՖԻ ՔԵՆՏԻՐՃԵԱՆ
Նախկին լիբանանահայ Ռաֆֆի Քենտիրճեան նախքան 2005 թուականին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ տեղափոխուիլը, Պէյրութի մէջ Աւագ տնտեսագէտ էր ՄԱԿ-ի (United Nations) գրասենեակին մէջ եւ խորհրդատու՝ Լիբանանի ելմտական նախարարին (Finance Minister): Միեւնոյն ատեն ան դասախօս էր Հայկազեան համալսարանէն ներս 2001-2005 թուականներուն։
Ան Պսակաւոր արուեստից տիտղոսը (Bachelor՚s of Art in Business Administration) ստացած էր Հայկազեան համալսարանէն, ապա ան արժանացած է մագիստրոսի տիտղոսի՝ Դրամատան ու գանձատրուման մասնագիտութեամբ (Master՚s in Money and Banking) Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանէն (American University of Beirut):
Իր ասպարէզի ընթացքին ան մասնակցած է բազմաթիւ միջազգային համաժողովներու եւ գիտաժողովներու՝ յատկապէս Համաշխարհային դրամատան (World Bank) եւ Համաշխարհային դրամական ֆոնտի՝ (International Monetary Fund) Ուաշինկթըն Տի. Սի.ի (Washington DC) մէջ եւ ՄԱԿ-ի (UN) կեդրոնէն ներս՝ Ժընեւ, ինչպէս նաեւ Վիեննայի եւ Լոնտոնի մէջ։
Ռաֆֆի Քենտիրճեան այժմ Merrill Lynch Wealth Management ընկերութեան գանձատրումներու աւագ խորհրդատուն է (First Vice President, Senior Financial Advisor): Ան նաեւ հայ համայնքի գործունեայ անդամ է եւ ներկայիս կը ծառայէ որպէս Սուրիահայ շտապ օգնութեան հիմնադրամի (Syrian Armenian Relief Fund - SARF) ատենապետ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան