«ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԱՅՔԱՐ» (ՊԱԻՍԻՈՍ ԱԹՈՍԱՑԻ)

ՄՂՔԵՐԸ ԶԳԱԼԸ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԶԳԱՑՈՒՄԸ ԿԸ ՇԱՐԺԷ

ԹԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԽՈՍՏՈՎԱՆԻԼ

-Ո՜վ Ռոնտա. Անպա Իսահակը կ՚ըսէ, թէ երբ կ՚աղօթենք, պէտք է զգանք որ երեխաներ ենք:

-Այո՛. սակայն վատ երեխաներու նման: Պէտք է խոստովանիս, որ կը տխրեցնես երկնային Հայրդ եւ այդ պատճառով կու լաս, եւ այդ ժամանակ աստուածային գութը պիտի զգաս: Սխալ է ըսել. «Որովհետեւ երեխայ եմ, Աստուած պէտք է սիրէ զիս, նոյնիսկ եթէ սխալներ գործեցի՝ պէտք է ներէ ինծի»:

-Ո՜վ Ռոնտա. մտահոգուեցայ, երբ կարդացի, թէ Սուրբ Գրիգոր Նիւսացին կ՚ըսէ. «Որպէսզի զԱստուած “մեր Հայրը” կոչենք, պէտք է անիքնասիրութեան հասնինք, այլապէս, մեր դիմումը խեղկատակութիւն եւ անարգանք կ՚ըլլայ»:

-Ո՜վ օրհնած, մի՛ նեղուիր: Ինչ ոչ Սուրբը ըսած է ուղղուած է անոնց, որոնք մեղաւոր եւ ո՛չ ուղղիղ կեանքվ կ՚ապրին: Իսկ մարդ եթէ մեղանչեց, եւ իր մէջ յանցանքի խոր զգացում արթնցաւ, ապա կրնայ զԱստուած «Հայր» կոչել:

-Ո՜վ Ռոնտա. կը զգամ, թէ Աստուծոյ նկատմամբ ճիշդ [վերաբերմունք] չունիմ, եւ այս բանը կը ցաւցնէ զիս:

-Այն պահուն երբ կը զգաս, որ այդպիսին ես, խոնարհութեամբ ըսէ. «Աստուածս, ես մեղաւոր եմ». Աստուած կը ներէ, կ՚օգնէ ու շնորհքներ [կու տայ]: Եթէ մահը քեզ այդպիսի վիճակի մէջ գտաւ, ապա պիտի փրկուիս, քանի որ կը խոստովանիս որ լաւ չես, ու կը պայքարիս: Սատանայական վիճակի -Աստուած չընէ- մէջ չես: Այստեղ՝ վանքին մէջ, բոլոր քոյրերը -Աստուծոյ օգնականութեամբ- զղջումի կեանք կ՚ապրին: Տակաւին, հոգեւոր մարդը -ինչպէս գիտես- աստուածային շնորհքը կը ստանայ երբ կը զգայ, թէ աննախանձելի վիճակի մէջ է, որովհետեւ այդ զացումը կը լուայ հոգիին խորքերը: Իսկ երբ մէկը ցաւով կը խոստովանի, թէ՝ «ես մեղաւոր եմ…» կ՚ուրախանամ, քանի որ երբ իր սխալները կը խոստովանի՝ կ՚ազատագրուի անոնցմէ:

Անգամ մը, մարդ մը գտայ, որ անմարդաբնակ քոլէճի մը մէջ կ՚ապրէր կատուներու եւ շուներու հետ: Չէր համարձակեր կրակ վառելու՝ տաքնալու համար, վախնալով որ կրակ կ՚առնէ ամբողջ վայրը: Ցաւեցայ ու նեղուեցայ իրեն համար, սակայն ան ըսաւ ինծի. «Ո՜վ վանական, մի՛ նեղուիր. ես պէտք է ցաւիմ ու չարչարուիմ. եթէ գիտնաս թէ ինչ ըրած եմ, ապա պիտի տխրիս ինծի համար. այս վայրը յարմար է ինծի համար եւ շատ լաւ է»: Այն ատեն ես ինծի հարցուցի. կրնա՞յ ըլլալ, որ Աստուած նման մարդու մը չգթայ՝ ինչ ալ ըլլան իր մեղքերը զորս գործած է: 1994-ին, երբ հիւանդանոցն էի, եկաւ կին մը, որուն ձեռքերը ասեղի ծակոցներով լեցուած էին եւ շատ վատ վիճակի մէջ էր. ըսաւ՝ թէ ո՛չ մէկ լաւ բան ունի. եւ թերեւս այս հիւանդութեան պատճառով որ պատահեցաւ իրեն, Աստուած կը գթայ իրեն ու զինք դրախտ կը փոխադրէ: Խոստովանեցաւ, թէ այս ու այն բաները գործած է…, եւ սկսաւ իր բազմաթիւ ու ծանր մեղքերը թուել: Այդ ի՜նչ մանրակրկիտ աշխատանք տարած էր ինքն իր վրայ, մինչեւ որ կրցած է իր բոլոր տկարութիւնները յայտնաբերել: Նման պարագայ ուրիշ մարդու մօտ չեմ տեսած:

-Ո՜վ Ռոնտա. լսեցի որ մէկը կ՚ըսէր. «Կը կարծեմ, թէ Յիսուս գթութեամբ պիտի դատէ մարդիկը». այս միտքը ճի՞շդ է:

-Մարդ եթէ նուաստացման աստիճանի խոնարհի ու խոստովանի իր մեղքերը եւ խոր կերպով զգայ իր մեծ սխալը, ապա Յիսուս իր հետ մեղմութեամբ կը վարուի, կը ներէ անոր ու կ՚ըսէ. «Զաւակս, ասկէ ետք այդ բանին մասին մի՛ մտածեր. ամէն ինչ վերջացած է»: Իսկ եթէ չզգայ իր յանցանքը, կարծելով որ Յիսուս զինք գթութեամբ ու ողորմութեամբ պիտի դատէ, ապա այդ բանին մէջ մե՜ծ վտանգ կայ: Յիսուս մեղաւորներուն կը վարձատրէ՞:

Մեր անձերը լաւ ճանչնալը Աստուծոյ զգացումները կը շարժէ եւ մեզի աստուածային օգնականութիւն ու դրախտային ուրախութիւն կը պարգեւէ: Եւ Աստուած մեզմէ այս ճանաչումը կը պահանջէ, որպէսզի օգնէ մեզի:

-Ո՜վ Ռոնտա. խօսցար մեր անձերը «լաւ ճանչնալու» մասին, «գէշ ճանաչո՞ւմ» ալ կայ:

-Այո՛. մարդ կրնայ սխալ ճանաչում ունենայ իր մասին, որով ինքզինք կ՚արդարացնէ եւ իր միտքը կը հանգստացնէ: Այդ պատճառով, երբ մարդուն ինքզինք ճանչնալուն եւ իր սխալը խոստովանելու մասին կը խօսիմ, ապա ըսել կ՚ուզեմ, թէ կայ շատ պարզ փորձ մը հոգեւորապէս լաւնալու համար: Օրինակ մը տամ քեզի. ես քեզի հինգ հազար տիրհամ պարտական եմ, ու երբ կը տեսնեմ քեզ կ՚ըսեմ. ես քեզի այս գումարը պարտական եմ, սակայն այդ պարտքը փակելը զիս չի՛ մտահոգեր: Պարզապէս կը խոստովանիմ, թէ պարտք մը ունիմ: Որոշ ժամանակ ետք դարձեալ նոյն խօսքը կը կրկնեմ, առանց հոգալու պարտք փակելու մասին: Այս վերաբերմունքը խոստովանիլ չի՛ նշանակեր, քանի որ մարդ երբ իրապէս կը խոստովանի, թէ իր վրայ պարտք կայ, ապա քուն չ՚ունենար եւ միջոցի մը մասին կը մտածէ՝ իր պարտքը տալու համար: Կարեւորը, դիմացինը խօսակցութեան կերպէն ու վերաբերմունքէն հասկնայ, թէ ինք իրապէս մտահոգուած է պարտքով ու զայն փակելով:

ԶԳԱԼ ՍԽԱԼ ՎԻՃԱԿԸ ԵՒ ՅԱՌԱՋԱՆԱԼ ՊԱՅՔԱՐԻՆ ՄԷՋ

-Ո՜վ Ռոնտա. ճի՞շդ է թէ մարդ մը, որ իր պայքարին մէջ լաւ ընթացք չունի, ինքն իրեն խօսի ըսելով՝ «Դուն այսպիսին ես ու այսպիսին ալ պիտի մնաս, քեզմէ աւելի լաւ բան մը պիտի չսպասեմ»:

-Եթէ անոր հետ այս կերպով ապրիմ, ապա՝ կը կորսուի: Կրնայ ինքզինքը համոզել, որ դրախտ մտնելու հրաւիրուածները յայտնի են ու կը մտնեն, հետեւեաբար ինչո՞ւ պայքար: Սակայն, այդ մարդը մտածա՞ծ է, թէ սուրբերը բարի պայքարը [պատերազմը] մղած են, որով սրբացած են: Իսկ ինք կ՚ակնկալէ ինքն իրմէ, որ յառաջանայ եւ իր քմահաճոյքներէն ազատագրուի առանց պայքարի: Եթէ հաւատաց այդ բանին, ապա պիտի նմանի այն ծերունիին, որ ուզեց թութ ուտել, որով թութի ծառի մը տակ նստաւ ու բերանը բացաւ՝ սպասելով պտուղներէն մէկուն իյնալուն իր բերանին մէջ:

-Սակայն ինչպէ՞ս հասկնամ, որ հոգեւոր յառաջընթաց ունիմ:

-Եթէ մեղաւոր վիճակդ կը զգաս, ապա իմացիր որ հոգեւոր յառաջընթաց ունիս: Եւ ինչքան որ մեղքերդ աւելի մեծ կերպով նկատես, ապա աւելի մեծ զգացումներ ձեռք կը ձգես վիճակիդ մասին ու կը յառաջանաս:

-Ո՜վ Ռոնտա. կրնա՞յ պատահիլ, որ մարդ իր սխալը գիտակցի, սակայն չյառաջանայ:

-Մարդ երբ կը գիտակցի իր սխալին ու դարձեալ կը մեղանչէ -ակամայ- այս բանը կը փաստէ, որ հպարտութիւն կայ, կամ մղում դէպի հպարտութիւն, եւ այս պարագային Աստուած չ՚օգներ այդպիսիին յառաջանալու համար:

Մարդուն զգալը իր սխալ վիճակին՝ հսկայ ուժ է եւ բարձր տրամադրութեան [ազդակ].  ինքն իրմէ կը զզուի, որով կը խոնարհի եւ իւրաքանչիւր բարի գործ Աստուծոյ արդարութեան եւ իր եղբայրներու կը վերագրէ, եւ մեծ բաւարարութիւն կը զգայ: Աստուած կը սիրէ մեղաւորները, որոնք իրենց սխալ վիճակի մասին կը խոստովանին ու խոնարհութեամբ կը զղջան. այս բանը շատ աւելին է, քան անոնք որոնք կը պայքարին՝ առանց իրենց սխալ վիճակը խոստովանելու եւ զղջալու:

ԽՈՆԱՐՀՈՒԹԵԱՄԲ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՈՂՈՐՄՈՒԹԻՒՆԸ ԽՆԴՐԵՆՔ ՄԵՐ ԱՆՁԵՐԸ ՈՒՂՂԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

-Ո՜վ Ռոնտա. հայրերը կ՚ըսեն. «Զղջումը այն է, որ մարդ որոշէ անցեալին մեղքերը չգործել ու չվերադառնալ անոնց, եւ անոնց համար տխրի»: Ասիկա կը նշանակէ, որ պէտք է միշտ յիշէ՞ զանոնք:

-Ո՛չ. պէտք չէ իւրաքանչիւր վիճակ առանձինն յիշէ: Ըսուածը այն է, որ աստուածային զգացում ծնի իր մէջ՝ իր սխալ վիճակին համար: Պէտք է մտածէ իր մեղքերուն մասին եւ ապա խոնարհութեամբ Աստուծոյ ողորմութիւնը խնդրէ, եւ այդ ատեն Աստուած կը պատասխանէ իր խնդրանքներուն: Աւելի լաւ է, որ մոռնայ իր հին մեղքերը, մանաւանդ եթէ դիւրազգած է, որովհետեւ ատոնց հարցը զղջումով ու խոստովանութեամբ լուծուած է: Կրնայ պատահիլ, որ սատանան փորձէ միշտ յիշեցնել անոր իր հին մեղքերը՝ խանգարելու եւ ժամավաճառ ընելու համար եւ միտքը ցրուելու համար: Իսկ դիւրազգածութիւն չունեցող մարդը, պէտք է իր հին մեղքերը յիշէ, որպէսզի խոնարհի եւ արգիլէ հպարտութեան աճումը իր ներսիդին:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 24

14 փետրուար 2021, Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Մարտ 4, 2021