ՈՒԽՏԸ ՀԻՆ ԿՏԱԿԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ (Գ.)

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՈՒԽՏԸ ԱԲՐԱՀԱՄԻ ՀԵՏ

Ծննդոց գրքի 6-9 գլուխներուն մէջ կը յիշուի, թէ ինչպէս ջրհեղեղէն ետք ժողովուրդը դարձեալ սկսաւ աճիլ։ Ապա Ծննդոց գրքի 11-րդ գլխուն մէջ սերնդաբանական կարգով ցոյց կու տայ, թէ ինչպէս Աբրահամ Սեմի սերունդէն էր։

Աբրահամի ժամանակ մարդկութիւնը դարձեալ սկսաւ ապականիլ։ Ամբողջ ժողովուրդը հոգեւորապէս եւ բարոյապէս Աստուծմէ հեռու էր, ինչպէս որ Յեսու իր ժողովուրդին պիտի ըսէր. «Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ՚ըսէ. «Առաջ ձեր հայրերը, Աբրահամին հայրը ու Նաքովրին հայրը Թարա, գետին անդիի կողմը բնակեցան եւ օտար աստուածներ պաշտեցին» (Յես 24.2)։

Նոյի ժամանակ, երբ մարդկութիւնը չարացաւ, Աստուած ջրհեղեղով կործանեց զանոնք՝ ցոյց տալու համար, թէ Ինք բարոյական դատաւոր է եւ մեղքը կը դատէ։ Բայց Աբրահամով Աստուած մարդկութեան տարբեր մօտեցում մը յայտնեց, որ շնորհքի մօտեցումն էր։ Աստուած Աբրահամի միջոցաւ պիտի յայտնէր, թէ Ինք սիրոյ Աստուած է, որ ամբողջ մարդկութիւնը կը խնամէ, հակառակ անոնց մեղանչական վիճակի մէջ գտնուելուն։ Աստուած կ՚ըսէ. «Ես ձեր Հայրը Աբրահամը Գետին անդիի կողմէն առի ու զանիկա Քանաանի բոլոր երկրին մէջ պտտցուցի, եւ անոր սերունդը շատցուցի ու Իսահակը տուի» (Յես 24.3)։

Ո՞Վ Է ԱԲՐԱՀԱՄ

Լէյմըն կ՚ըսէ. «Աբրահամի պատմութեամբ Պաղեստինի պատմութիւնը ըս-կիզբ առաւ»։ Աբրահամի մասին սակաւ տեղեկութիւններ կան։ Բայց հաստատ գիտենք, որ ան Ուր քաղաքին մէջ ծնած է։ Ուրը կարեւոր քաղաք էր, ուր բազմաթիւ աստուածներու բագիններ կը պաշտուէին։ Գործք Առաքելոց գրքին մէջ հետեւեալը կը կարդանք. «Երբ Աբրահամ, մեր հայրը, տակաւին Միջագետք կ՚ապրէր նախքան Խառան բնակիլը, Աստուած որուն կը պատկանի փառքը, երեւցաւ անոր եւ ըսաւ. «Ե՛լ քու երկրէդ, ձգէ՛ քու ազգականներդ եւ եկուր բնակէ այնտեղ՝ որ ցոյց պիտի տամ քեզի» (Գրծ 7.3)։

Աստուածաշունչը Աբրահամի համար չ՚ըներ այն վկայութիւնը, ինչ որ կ՚ընէ՝ Նոյի։ Աբրահամի համար բնաւ չ՚ըսեր, թէ «Ան իր դարուն մարդոցը մէջ կատարեալ մարդ մըն էր» կամ «Աստուծոյ հետ քալեց», ինչպէս որ գրուած է Նոյի համար։ Աբրահամ կռապաշտը, բացառիկ արդար մարդ մը չէր սկզբնապէս։ Յետագային է, որ «Աբրամ հաւատաց Տիրոջ, որ Աբրահամին արդարութիւն սեպուեցաւ» (Ծն 15.6)։

Նոյ շնորհք գտաւ Աստուծոյ առջեւ (Հմմտ. Ծն 6.8), նոյնպէս ալ՝ Աբրահամ։ Առանց Աստուծոյ շնորհքին ան պիտի չկարենար դառնալ հաւատքի մարդ, որովհետեւ ան մեղաւոր մարդ մըն էր, եւ առանց աստուծոյ նախաձեռնութեան կռապաշտ պիտի մնար։ Ինչպէս որ Նեհէմեա կը հաստատէ. «Դո՛ւն ես այն Տէր Աստուածը, որ Աբրամը ընտրեցիր եւ զանիկա Քաղդէացիներու Ուր քաղաքէն հանեցիր ու անոր անունը Աբրահամի փոխեցիր» (Նեհ 9.7)։ Աստուած նախաձեռնեց, Աստուած ընտրեց, եւ Աբրահամ հաւատքով ընդունեց։

ԱՍՏՈՒԱԾ ԻՐ ԾՐԱԳԻՐՆ ՈՒ ՀԵՌԱՒՈՐ ՆՊԱՏԱԿՆԵՐԸ ԱԲՐԱՀԱՄԻ ԿԸ ՏԵՂԵԿԱՑՆԷ

Աստուած Իր խօսքը «Պիտի» հաստատումով կը վըճ-ռէ, որ Իր որոշումներուն անփոփոխելիութիւնն ու վճռականութիւնը կ՚արտացոլայ։ Աստուած 7 հաստատումներ կը կատարէ։

1) «Քեզ մեծ ազգ պիտի ընեմ» (Ծն 12.2)։

Երբ Աբրահամ իր կնոջ հետ Ուր քաղաքը թողուց, անզաւակ էր։ Աստուծոյ խոստումը Աբրահամին ցոյց կու տայ, թէ ապագային ան բազմաթիւ սերունդներու հայր պիտի դառնար եւ «Նահապետ» կոչումին պիտի արժանանար։ Տակաւին «ազգ» բառը ցոյց կու տայ, թէ Իսրայէլը ո՛չ թէ սովորական ցեղախումբ մըն էր, այլ ինչպէս միւս ազգերը, ինք եւս սեփական կառավարութիւն եւ հողատարածք պիտի ունենար։

2) «Քեզ պիտի օրհնեմ» (Ծն 12.2)։

Հրեայ մեկնիչներ, այս օրհնութիիւնը կը նկատեն Աբրահամի հարստութեան պատճառը, հիմնուելով Առակաց գրքի հետեւեալ խօսքին վրայ. «Տիրոջ օրհնութիւնն է, որ հարստութիւն կու տայ» (Առ 10.22)։ Իրաւամբ Աբրահամի կեանքը ծայրէ ի ծայր օրհնութիւններով լեցուն էր, որոնց նշաններն են՝ երկարակեցութիւնը, հարստութիւնը, խաղաղութիւնը, առատ հունձք եւ զաւակներ…։

3) «Քու անունդ պիտի մեծցնեմ» (Ծն 12.2)։

Մեկնիչ մը դիտել կու տայ հետեւեալը. «Մարդուն կեանքը աշխարհի վրայ կարճ է, եւ անցեալին, հին աշխարհի մէջ, ինչպէս նաեւ ներկայիս՝ յիշատակուիլը անմահանալու չափ բան մըն էր։ Եւ անցեալի թագաւորներու միակ նպատակն է եղած նուաճել ազգեր ու անոնց տիրանալ, եւ այդ առթիւ յուշակոթողներ կառուցել, որպէսզի անոնց անունը առյաւէտ անմահանայ։ Մինչ վրանաբնակ Աբրահամ, խաղաղ վաչկատուն կեանքով մը՝ աւելի քան 4000 տարիներ փառքի ու պատիւի արժանացաւ»։

4) «Դուն օրհնեալ պիտի ըլլաս» (Ծն 12.2)։

Ասիկա Աբրահամի տրուած կարեւորագոյն խոստուներէն մէկն է։ Աբրահամ ի՛նք ալ կը տարակուսէր, բայց դարերու պատմութիւնը ցոյց տուաւ, թէ միայն Աբրահամ չէր որ օրհնուեցաւ, այլ ինք իր սերունդներուն Աստուծոյ օրհնութեանց միջոցը դարձաւ, բոլոր անոնց, որոնք Իր ցուցաբերած հաւատքով կը մօտենան Աստուծոյ խօսքին։

5) «Քեզ օրհնողները պիտի օրհնեմ եւ քեզ անիծողները պիտի անիծեմ» (Ծն 12.3)։

Պատմութենէն գիտենք, թէ ինչպէս Եգիպտոսի մէջ երբ Աբրահամին կինը փարաւոնին պալատը տարուեցաւ, փարաւոնին տունը զարնուեցաւ, կնոջը՝ Սարային համար։

6) «Երկրի բոլոր ազգերը քեզմով պիտի օրհնուին» (Ծն 12.3)։

Իսկապէս ամբողջ մարդկութիւնը օրհնուեցաւ Աբրահամով։ Սոյն օրհնութիւնը հրեայ ժողովուրդին սեփականութիւնը չէ, այլ համամարդկային օրհութիւն մըն է ուղղուած իւրաքանչիւր մարդ արարածի, մանաւանդ իւրաքանչիւր քրիստոնեայի։ Այստեղ Աբրահամ կը նախապատկերացնէ Քրիստոսը, որուն միջոցաւ երկրի վրայ գտնուող բոլոր ազգերը օրհնուեցան։

7) «Քու սերունդիդ պիտի տամ այս երկիրը» (Ծն 12.7)։

Եօթներորդ խոստումը անջատուած է միւս վեց խոստումներէն, ո՛չ միայն Աստուածաշունչի հատուածին մէջ, այլ՝ Աբրահամի փորձառութեան մէջ եւս։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ առաջին վեց խոստումները Ուրի մէջ Աբրահամի տրուեցան (Հմմտ. Գրծ 7.2)։ Աբրահամ Քանաան հասնելէն ետք ստացաւ այս խոստումը, որովհետեւ նախ պէտք է երկիրը տեսնէր եւ ապա իրեն եւ իր սերունդին իբրեւ ժառանգութիւն տրուէր, ինչպէս որ Եբրայեցիներուն նամակին հեղինակը կը գրէ. «Հաւատքով էր որ Աբրահամ հնազանդեցաւ Աստուծոյ կոչին, որ ելլէ երթայ այն տեղը՝ որ իբրեւ ժառանգութիւն պիտի ստանար. եւ ճամբայ ելաւ, առանց գիտնալու թէ ուր կ՚երթայ։ Հաւատքով էր որ պանդուխտի պէս ապրեցաւ այն օտար երկրին մէջ, որ Աստուած խոստումով իրեն տուած էր եւ վրաններու տակ բնակեցաւ Իսահակի եւ Յակոբի հետ միասին, որոնք նոյն խոստացուած երկրին ժառանգորդներն էին» (Եբր 11.8-9)։ Աստուծոյ նախաձեռնութեամբ էր, որ երկիրը Աբրահամի եւ Ղովտի միջեւ բաժնուեցաւ, եւ Աբրահամ տէրը եղաւ այն բաժնին, որ իրեն իբրեւ ժառանգութիւն պիտի տրուէր։        

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՈՒԽՏԸ ԱԲՐԱՀԱՄԻ ՀԵՏ (ՀՄՄՏ. ԾՆ 15. 1-21)

Աբրահամ հաստատուեցաւ Քանաանի մէջ եւ այնտեղ իր կնոջ Սարայի հետ, իր հօտերով եւ ծառաներով տասնեակ տարի մը ապրեցաւ, թափառեցաւ այն երկրին մէջ, զոր Աստուած խոստացած էր իր սերունդներուն տալ (Հմմտ. Ծն 16.3)։ Աբրահամ 85 տարեկան էր, իսկ Սարա՝ 75 եւ անոնք անզաւակ էին։

Աստուած դարձեալ կ՚երեւի Աբրահամի՝ ըսելով, թէ ինք Իր վահանն է եւ իր վարձքը խիստ շատ պիտի ըլլայ (Հմմտ. Ծն 15.1), Աբրահամ սակայն յուսահատ էր։ Ուստի հարցուց. «Ո՛վ Տէր Եհովա, ինծի ի՞նչ պիտի տաս, քանի որ առանց զաւակի կը մնամ եւ իմ տանս տիրողը այս դամասկոսցի Եղիազարն է» (Ծն 15.2)։ Այս երկխօսութիւնը առաջնորդեց նախկին հիմնական խոստումին, որ արձանագրուած է Ծննդոց 12-րդ գլխուն մէջ։

«ԱՆԻԿԱ [ԵՂԻԱԶԱՐԸ] ՔՈՒ ԺԱՌԱՆԳՈՐԴԴ ՊԻՏԻ ՉԸԼԼԱՅ. ԲԱՅՑ Ա՛Ն ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ ՔՈՒ ԺԱՌԱՆԳՈՐԴԴ՝ ՈՐ ՔՈՒ ՄԷՋՔԷԴ ՊԻՏԻ ԵԼԼԷ» (ԾՆ 15.4)

Աստուած հետեւեալ կերպով կը պատասխանէ Աբրահամին, որ անզաւակ մնալու մտահոգութիւնը ունէր, հետեւաբար, հարց էր իրեն համար, թէ ո՛վ պիտի ըլլայ ժառանգորդը, որովհետեւ իր ստացուածքներուն տէրը Եղիազարն էր։ Որպէսզի Աստուած Իր խոստումը Աբրահամի մտքին մէջ հաստատէ, զայն դուրս կը բերէ եւ ցոյց կու տայ երկնքի աստղերը եւ կը հրամայէ, որ համրէ զանոնք։

Աբրահամ զաւակ մը պիտի ունենար եւ ժամանակի ընթացքին բազմաթիւ սերունդներու հայր պիտի դառնար, որոնց համարակալումը անկարելի պիտի ըլլար։ Եւ «Աբրամ հաւատաց Տիրոջը, որը Աբրամին արդարութիւն սեպուեցաւ» (Ծն 15.6)։

ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 4, 2018