ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆ ԵՒ ՅԱԿՈԲ ՕՇԱԿԱՆ ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԷՋ…

Բանաստեղծութեան իշխան Վահան Թէքէեան գրեթէ մասնակցած է կիրակնօրեայ մեր ընտանեկան հաւաքոյթներուն ճաշէն ետք։ Ծնողքս երկուքն ալ Թէքէեանի երկրպագուներ… Հայրս ոչ միայն Թէքէեան բանաստեղծը իր գիրքերով ճանչցած՝ այլեւ աշակերտած էր անոր Կիպրոսի Մելգոնեան վարժարանին մէջ։ Թէքէեան հայրս առաջնորդած է դէպի Ռամկավար ազատական կուսակցութեան շարքերը։ Իսկ մայրս՝ ինչպէս Թէքէեան «Անունդ» բանաստեղծութեան մէջ կ՚ըսէ «Թէեւ վաղուց մտքիս մէջ քեզ ամբողջ գոց գիտեմ ես», այդպէս ալ Թէքէեանի գրեթէ բոլոր բանաստեղծութիւնները գոց գիտէր, եւ մինչեւ իր մահը իննսուն տարեկան՝ ներշնչուեցաւ ու վաթսուն երկար տարիներ ներշնչեց իր աշակերտ-աշակերտուհիները անոնցմով։ Թէքէեանի կողքին՝ Վարուժանով, Սիամանթոյով, Սեւակով, Թումանեանով, Կապուտիկեանով, նաեւ Նարեկացիով ու Շնորհալիով շրջապատուած իր աշխարհը ունէր, կ՚արտասանէր նոյնիսկ կը խօսէր անոնց հետ։

1943-ին բանաստեղծը կ՚այցելէ Եաֆա։ Եաֆայի հայկական գաղութը մեծ խանդավառութեամբ կը դիմաւորէ բանաստեղծութեան իշխանին։

Թէքէեան կ՚այցելէ Եաֆայի Ս. Գլխադիր միակ հայկական վարժարանը եւ հետաքրքրուած հօրս աշակերտներով անոնց շարադրութիւնները կ՚ուզէ տեսնել։ (Հայրս Մելգոնեան կրթական հաստատութեան վարժապետանոցը աւարտելէ ետք կ՚անցնի Լիբանան, ուր քանի մը տարի ուսուցչութիւն ընելէ ետք կը փոխադրուի Եաֆա, ուր ընտանիքը հաստատուած էր իրմէ առաջ, եւ այնտեղ դարձեալ ուսուցչութիւն կ՚ընէ, անոր զուգահեռ ունենալով իր լուսանկարչական խանութը՝ «Studio Venus»ը)։

Հայրս իր ուսուցչին կը յանձնէ աշակերտներուն շարադրութիւնները, որոնց մէջէն Թէքէեան կ՚առանձնացնէ Արփինէ Սարգիսեանին շարադրութիւնը, ըսելով. «Այս մէկը խոստմնալից աշակերտուհի մըն է, յատուկ ուշադրութեան արժանի»։

Այդ իրիկուն Եաֆայի ազգայինները անոնց հետ նաեւ Եղիվարդ բանաստեղծը կը հաւաքուին մեծ հօրս՝ Արշակ Սարգիսեանի (Արշակ աղբար ճանչցուած) տունը, ուր պիտի հիւրընկալուէր մեծ եւ նոյնքան համեստ բանաստեղծը։

Դեռ չհասած զիրենք հիւրընկալող տունը ՝ լուրը արդէն հասած էր, թէ Վահան Թէքէեան շատ հաւնած է Հրանդին աշակերտուհիներէն Արփինէ Սարգիսեանին շարադրութիւնը։

Մայրս՝ իր յուշերու տետրակը ձեռին անհամբեր կը սպասէ բանաստեղծին ժամանումին, որ երեք անտիպ բանաստեղծութիւն կը գրէ իր՝ բանաստեղծին բառերով «հրեշտականման աղջնակին» տետրակին մէջ, որուն տխուր աչքերը չեն վրիպիր բանաստեղծին ուշադրութենէն։ Մայրս տարի մըն էր, որ կորսցուցած էր 32 ամեայ մայրը եւ այդ կորուստը խլած էր ժպիտը իր մանկական անմեղ, գեղեցիկ դէմքէն։ Թէքէեանին ուշադրութիւնը վերջապէս դարձեալ ժպիտ մը կը գծագրէ իր դէմքին։

Մայրս ամբողջ կեանքին ընթացքին ոչ միայն ափսոսաց, այլեւ ցաւ ապրեցաւ, թէ ինչպէս 1948-ի հրեայ-արաբ պատերազմին երբ կը փախչին Եաֆայէն Յորդանան՝ այդ տետրակը չէր վերցուցած իր հետ։

Կիրակի օրերը ճաշէն ետք մեր բանաստեղծական երեկոները կը սկսէին։ Դարձեալ ու դարձեալ ծնողքիս պատմել կու տայինք իրենց յուշերը։ Կը հպարտանայինք, մրցում կ՚ընէինք, թէ ո՛վ ինչ պիտի արտասանէ։ «Անունդ» բանաստեղծութիւնը իմս էր, սրտանց կը նեղուէի երբ ուրիշը արտասանէր։ Կը հաւատայի, որ ինծի համար գրուած էր…

Հայրս, որ ջութակ կը նուագէր եւ երաժշտական լաւ ականջ ունէր, մեզի սորվեցուցած էր Թէքէեանի երգի վերածուած բանաստեղծութիւններէն «Ես սիրեցի», «Ինչ որ տուիր» եւ այլ երգեր։ Երգերը կը լրացնէին բանաստեղծական երեկոն։ Եւ հիմա կարգը կու գար դարձեալ հօրս ուսուցիչ Յակոբ Օշականին։

Բաւական ժամանակ ես խորապէս նեղուած էի Օշականէն… Եւ ինչո՞ւ…

Տասներեք տարեկան էի, երբ առաջին բանաստեղծութիւնս կարդացի կիրակնօրեայ մեր բանաստեղծութեան երեկոյին, սպասելով ծափողջոյններ եւ արդէն բանաստեղծի յորջորջում, երբ հայրս Օշականէն տողեր կարդաց, որ իմ յիշողութեամբ կը ներկայացնեմ, թէ «Առաջին բանաստեղծութիւնը գրած արդէն իրենք իրենց բանաստեղծ կը կարծեն»։ Շատ ծանր տարի։ Ինչպէս կրնար Օշական այդպիսի բան գրել նոյնիսկ իմ ծնունդէս շատ առաջ եւ թեւերս կոտրել։ Հօրս այդ լաւ դասը ես մի՛շտ յիշեցի եւ գնահատեցի։ Իսկ Օշականը դարձաւ սիրելի։

Յակոբ Օշական նոյնպէս այցելած էր Եաֆայի հայկական վարժարանը եւ իր աշակերտէն՝ հօրմէս պահանջած աշակերտներուն շարադրութիւնները։ Նի՞ւթը… «Մեծ հայրս»։

Որբերու զաւակները ի՞նչ մեծ հայր պիտի ունենային, որ գրէին այդ մասին։ Իրենց ծնողները հայր-մայր տեսա՞ծ էին, որ իրենք ալ մեծ հօր մասին գրէին։ Բայց ա՛յդ պահանջած էր մեծ ուսուցիչն ու գրաքննադատը։

Եւ շարադրութիւններուն մէջէն դարձեալ կ՚առանձնանայ հատ մը, որուն վրայ Օշական գրած էր. «Այս աղջիկին հոգ տար»։

Եւ այդ աղջիկը դարձեալ Արփինէ Սարգիսեանն էր։

Հայրս չմոռցաւ իր երկու սիրելի ուսուցիչներուն պատգամները եւ ամբողջ կեանքին ընթացքին «Հոգ տարաւ եւ յատուկ ուշադրութեան արժանի դարձուց» ատկէ տասնամեակէ մը աւելի ետք ամուսնանալով իր «հրեշտականման աշակերտուհիին» հետ։

Մարտ ամիսը ուրախ ամիս էր մեզի համար, որովհետեւ հօրս ծննդեան ամիսն է։ Հիմա անոր խառնուած է մօրս մահուան տարեդարձը։ Եւ…

Այդ օրերու «Յիշատակը այս գիշեր զիս լալու չափ կը յուզէ»։

ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ

Մարտ 2024, Երուսաղէմ

Հինգշաբթի, Ապրիլ 4, 2024