ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐՔԱՅԱԿԱՆ ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԵԱՆ
Աւանդապահ եւ անցելապաշտ որոշ բրիտանացիներու համար արքայական հանրային ձեռնարկները մինչեւ հիմա շատ հաճելի են, եւ մարդիկ ժամերով, նոյնիսկ ամբողջ օր մը փողոցը, կամ հրապարակի մը մէջ կը սպասեն տարազաւորներու այդ տողանցքը դիտելու, երջանիկ պահեր ապրելու համար, անկախ անկէ, որ այդ ձեռնարկները պետական սնտուկին միլիոններ կ՚արժեն, նոյնպէս կրնան մսխում նկատ-ւիլ, երբ մանաւանդ այդ ամուսնութիւններուն մեծ մասին ճակատագիրը այնքան ալ հէքեաթային աւարտ չ՚ունենար…
*
Հերի իշխանը եւ Մեկըն Մարքըլ իրենց ամուսնութենէն առաջ հաւանաբար շատ զբաղած էին կարդալու համար նախորդ արքայական ամուսնութիւններու մասին խծբծանքներ:
Մե՜ղք: Որովհետեւ եթէ կարդային, գաղափար մը պիտի ունենային որոշ բաներ ներառելու (ինչպէս՝ թէյի հարուստ կրկնեփուկներ) եւ կարգ մը բաներէ խուսափելու (ինչպէս՝ ամուսնութեան գիշերը անցընել կրակարանին մօտ՝ գինով վիճակով…):
2011. ԻՇԽԱՆ ՈՒԻԼԻԸՄ ԵՒ ՔԷՅԹ ՄԻՏԸԼԹԸՆ
Ընտրած ըլլալով իրենց ամուսնութեան համար Ատոլֆ Հիթլերի եւ Էւա Պրաունի ամուսնութեան թուականը՝ 29 Ապրիլ, Ուիլիըմ եւ Քէյթ մատանիները անցուցին Ուեսթմինիսթըր վանքին մէջ: Քէյթ խուսափեցաւ «Հնազանդ եմ» խոստումէն (ինչպէս Տայանա ըրած էր 1981-ի ամուսնութեան ատեն):
Ուիլիըմի եւ անոր եղբօր հագած զինուորական տարազները կարուած էին յատուկ կտորներէ, որոնք զանոնք առանց քրտնելու կը պահէին պատկերասփիւռներու լուսարձակներուն տակ:
Այդ օրը աշխարհահռչակ ֆութպոլիստ Տէյվիտ Պեքհըմ վանք մտաւ թագուհիէն ստացած պատուանշանը՝ OBE, սխալ կողմ՝ աջին ամրացուցած (մէկը պէտք է բան մը ըսած ըլլայ, որովհետեւ Պեքհըմի մեկնելու պահուն պատուանշանը ձախին էր):
Հիւրերը հեռացան վայելելու համար ամուսնութեան կարկանդակ մը, որ բաղկացած էր թէյի 1700 հարուստ կրկնեփուկներով՝ հարսին նախընտրած թեթեւ ուտելիքը:
2005. ՉԱՐԼԶ ԻՇԽԱՆ ԵՒ ՔԱՄԻԼԱ ՓԱՐՔԸՐ
Հիւրերու շարքին էին՝ Սթիվըն Ֆրայ, Ճոանա Լումլի եւ հարսին նախկին ամուսինը… բայց ոչ՝ հարսին մայրը. Անգլիոյ եկեղեցւոյ գերագոյն կառավարիչը՝ թագուհին արգիլած էր ամուսնալուծուածի մը ներկայ գտնուիլ պսակի արարողութեան:
1994. ՍԱՌԱ ԱՐՄՍԹՐՈՆԿ-ՃՈՆԶ ԵՒ ՏԱՆԻԷԼ ՉԱԹՕ
Էտուըրտ իշխանը եւ Սոֆի Ռայս-Ճոնզ կարծած էին, որ շքեղութիւն չեն ըներ իրենց 1999-ի «առանց գլխարկներու» պատուէրով, բայց ատկէ հինգ տարի առաջ Մարկարէթ իշխանուհիին դուստրը այնքան արագ ամուսնացած էր, որ ինքնաշարժներու վարորդները անտեղեակ էին եւ՝ անակնկալի եկած: Հիւրերը, ներառեալ՝ թագուհին, Ֆիլիփ իշխանը եւ Տայանա իշխանուհին, Լոնտոնի Սուրբ Սթիվըն Ուալպրոքի եկեղեցւոյ մէջ ստիպուած իրարու հետ կարճատեւ զրուցեցին, մինչեւ որ ինքնաշարժները հասնին:
1981. ՉԱՐԼԶ ԻՇԽԱՆ ԵՒ ԼԷՅՏԻ ՏԱՅԱՆԱ ՍՓԵՆՍԸՐ
Տակաւին ամենէն մեծը՝ վերջին «հէքեաթային» ոճով արքայական ամուսնութիւնը, նախքան՝ թագուհիին երեխաներուն ամուսնալուծումները եւ հանրութեան յարգանքի վերջնական անհետացումը հորիզոնէն անդին:
Տայանա անձամբ երբեք հէքեաթային ոճին չյանձնուեցաւ, ամուսնութիւնը իր միայն 14-րդ հանդիպումն էր Չարլզի հետ, եւ երկու օր առաջ փորձի ատեն լացաւ: (Պի.Պի.Սի.-ի խմբակը ատիկա գաղտնի պահեց՝ ապահովելով, որ տեսագրութիւնը բնաւ չբացայայտուի):
Տայանա ամուսնութեան առաւօտեան, երբ դիմայարդարումի համար նստած էր, Just One Cornetto-ն երգեց:
Ապա ան դիպուածով անուշահոտը թափեց իր ամուսնական զգեստին վրայ եւ ստիպուած եղաւ ձեռքերով բռնելու ծալքերը, որպէսզի արատը ծածկուի:
Արարողութեան ընթացքին Տայանա Չարլզին անունները սխալ կարգով արտասանեց՝ նախ արտասանելով անոր հօր անունը՝ Ֆիլիփ:
Էնտրիւ իշխանը աւելի ուշ կատակելով անոր կ՚ըսէր, որ փոխարէնը ամուսնացած է իր հօրը հետ:
1973. ԷՆ ԻՇԽԱՆՈՒՀԻ ԵՒ ՔԵՓԹԸՆ ՄԱՐՔ ՖԻԼԻՓՍ
Թագուհիին մեծ դուստրը ունեցաւ ամուսնութեան կարկանդակ մը, որ ճիշդ five feet six inches բարձրութիւն ունէր՝ իր հասակին չափ:
1947. ԷԼԻԶԱՊԷԹ ԻՇԽԱՆՈՒՀԻ ԵՒ ԷՏԻՆՊՈՐՈՅԻ ԴՈՒՔՍԸ
Թագուհիին (որ այն ատեն թագուհի չէր) ամուսնութեան զգեստը գործն էր Նորման Հարթնելի, որ պարէնի կտրօններ ստացաւ:
Հարիւրաւոր անձեր թագուհիին օգնելու համար ղրկեցին իրենց անձնական կտրօնները: Բայց ասիկա ապօրինի պիտի ըլլար, ուրեմն ան վերադարձուց այդ կտրօնները: Էլիզապէթ ինք ըրաւ իր դիմայարդարումը: Երբ արարողութեան համար զգեստաւորուեցաւ, թագը ճեղքուեցաւ (պալատի գոհարագործը ոստիկաններու պաշտպանութեամբ իր աշխատանոցը գնաց, որպէսզի ճիշդ ժամանակին նորոգէ):
1923. ԱԼՊԵՐԹ ԻՇԽԱՆ ԵՒ ԼԷՅՏԻ ԷԼԻԶԱՊԷԹ ՊՈԸԼԶ-ԼԻՈՆ
Դէպի Ուեսթմինիսթըր վանք ճամբուն վրայ ապագայ Մայր թագուհին անսպասելիօրէն իր ամուսնական ծաղկեփունջը զետեղեց Անծանօթ զինուորի գերեզմանին վրայ՝ ի յիշատակ իր եղբօր՝ Ֆերկըսի, որ զոհուած էր Ա. Համաշխարհային պատերազմի ատեն: Յետագայ արքայական հարսերը՝ Էլիզապէթ թագուհի եւ Քէյթ Միտըլթըն, չպահպանեցին այդ աւանդութիւնը: Թէեւ Մայր թագուհիին այս արարքը հաղորդումներուն մէջ եղաւ, սակայն Քենթըրպըրիի արքեպիսկոպոսը արգիլեց ամուսնութեան արարողութեան ուղղակի ձայնասփռումը՝ մտածելով, որ մարդիկ կըր-նան ատիկա ունկնդրել գինետուներու մէջ:
1840. ՎԻՔԹՈՐԻԱ ԹԱԳՈՒՀԻ ԵՒ ԱԼՊԵՐԹ ԻՇԽԱՆ
Նախապէս արքայական հարսերը կը նախընտրէին սեւ կամ կապոյտ հարսանեկան զգեստը, բայց Վիքթորիա (այն ատեն՝ արդէն իշխող թագուհի) ընտրեց սպիտակը, որպէսզի ժողովուրդը արարողութեան ճամբուն վրայ զինք յստակօրէն տեսնէ: Անոր այս որոշումը տարածուեցաւ եւ նոր աւանդութեան մը վերածուեցաւ. հարսի սպիտակ զգեստ:
Վիքթորիա նոյնպէս արգիլեց իր հիւրերուն սպիտակ զգեստներով ներկայանալ արարողութեան եւ իր հարսանեկան զգեստին կաղապարը փճացուց, որպէսզի ոչ ոք ընդօրինակէ ատիկա:
Հարսանեկան նուէրներու շարքին էր երբեւէ պատրաստուած ամենէն խոշոր չետար պանիրը, որ կը պարունակէր 750 կովու կաթ, կը կշռէր 558 քկ. եւ շրջագիծը շուրջ 3 մեթր էր:
1795. ԿԱԼԵՍԻ ԻՇԽԱՆ ԵՒ ՊՐՈՒՆՍՈՒԻՔԻ ԳԱՐՕԼԻՆԸ
Ապագայ Ճորճ Դ. թագաւորը եւ իր զարմուհին՝ իշխանուհի Գարօլին դրախտի մէջ ստեղծուած ամոլներ չէին: Հայրը՝ Ճորճ Գ. զանոնք միացուց: Գարօլինը առաջին անգամ տեսնելով՝ իշխանը ըսաւ. «Ես լաւ չեմ, աղօթէ՛, ինծի գաւաթ մը քոնեակ բե՛ր»: Իր հարսնցուն ալ հաւասարապէս լաւ տպաւորուած չէր: «Ճորճը շատ գէր է եւ դիմանկարին նման բնաւ վայելուչ չէ», ըսած է ընկերոջ մը:
Պսակի արարողութենէն ետք Ճորճ յիմարի նման գինովցաւ եւ ամբողջ գիշերը անցուց քնանալով ննջարանի տախտակամածին վրայ, կրակարանին քով:
1736. ՖՐԵՏԵՐԻՔ ԻՇԽԱՆ ԵՒ ՕԿՈՒՍՏԱ ԻՇԽԱՆՈՒՀԻ
Փրուսիացի իշխանուհին, Գարօլինին նման, համաձայն չէր այս ամուսնութեան: Պսակի արարողութեան ճամբուն վրայ ան փաթթուեցաւ մօրը եւ աղաչեց. «Հաճի՜ս, մի՛ լքեր զիս»:
Ան գերմանախօս էր, մէկ բառ անգլերէն չէր գիտեր: Պսակի արարողութիւնը անոր համար մարտահրաւէրի պէս բան մը եղաւ: Նուազ համակրանքով Ֆրետերիք անոր ականջին կը պոռար արարողութեան ատեն ըսելիք խօսքերը, որպէսզի իշխանուհին ճիշդ առոգանութեամբ հնչէ բառերը:
Արարողութենէն անմիջապէս ետք Օկուստա անհանգստացաւ:
1501. ԱՐԹԸՐ ԻՇԽԱՆ ԵՒ ԱՐԱԿՈՆԻ ՔԱԹՐԻՆԸ
Քաթրին պատմութեան մէջ պիտի մնայ որպէս առաջինը Հենրի Է.-ի կիներէն, բայց նախապէս ան ամուսնացած էր թագաւորին մեծ եղբօրը՝ Արթըրի հետ:
Քաթրին ուխտած էր, խոստացած էր ըլլալ «սիրուն եւ կայտառ՝ անկողինին մէջ եւ ատկէ դուրս»: Անոր հարսանեկան գիշերը կը ներառէր «անկողինի արարողութիւն», որ այն ատեն յաճախ կը կատարուէր: Քաթրինը մերկացուցին զայն սպասող լէյտիները եւ պառկեցուցին անկողինին վրայ, ուր օրհնուած ջուր սրսկուած էր: Արթըր իր գործընկերներուն հետ եկաւ ննջասենեակ, ուր կը նուագէին ջութակներ եւ փոքր թմբուկներ: Լոնտոնի արքեպիսկոպոսը օրհնեց անկողինը եւ աղօթեց պտղաբեր ամուսնութեան մը համար: Ապա զոյգը առանձին ձգեցին:
Յաջորդ առաւօտեան Արթըր սպասաւորէ մը պահանջեց բաժակ մը անգլիական գարեջուր. «Ես երէկ գիշեր Սպանիոյ մէջ էի», ըսաւ ան: Աւելի ուշ Քաթրին հերքեց ասիկա: Արթըր տարի մը ետք մահացաւ:
1468. ՉԱՐԼԶ ԵՒ ԵՈՐՔԻ ՄԱՐԿԱՐԷԹԸ
Պըրկանտիի դուքսը՝ Չարլզ, ամուսնացաւ Էտուարտ Գ.-ի եւ Ռիչըրտ Գ.-ի քրոջ հետ: Տօնակատարութիւնները 12 օր տեւեցին: Ասիկա ծրագրուածէն շատ աւելի երկարատեւ էր, եւ մօտակայ քաղաքներէն աշխատաւորներ կը բերէին:
1328. ԷՏՈՒԱՐՏ Գ. ԵՒ ՀԷՅՆՈԼՏԻ ՖԵԼԻԹԱՆ
Փաստ է, որ նոյնիսկ արքայական ընտանիքը կրնայ խնդիրներ ունենալ պսակի արարողութեան վայրին առընչութեամբ: Եորքի եկեղեցին տակաւին նոր կը կառուցուէր, երբ անոնք ամուսնացան, եւ քանի որ տակաւին տանիք ու երդիք չկային, զոյգը իր ամուսնութեան ուխտը ըրաւ ձիւնամրրիկի մէջ:
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
«Ազդակ», Լիբանան