ՎԱԶ­ԳԷՆ Ա. ՀԱՅ­ՐԱ­ՊԵ­ՏԻ ԵՐԿ­ՐՈՐԴ ԱՅ­ՑԵ­ԼՈՒ­ԹԻՒ­ՆԸ Ե­ՐՈՒ­ՍԱ­ՂԷՄ

«Եղբայրական ջերմ սիրով կ՚ողջունեմ Կ. Պոլսոյ հայոց Շնորհք Պատրիարքը եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ներկայութեան կը հաւաստեմ որ վերացան Երուսաղէմի եւ  Պոլսոյ պատրիարքական աթոռներու միջեւ ժամանակավրէպ թիւրիմացութիւնները: Իր արցունքին մէջ մեր ժողովուրդը կտոր մը ժպիտ թող ունենայ ի տես մեր այսօրուայ եղբայրական միասնութեան»:

ԵՂԻՇԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ

«Զգացական եւ անձնական պատճառներով պիտի վարանէի ընդունելու Երուսաղէմի Պատրիարքին հրաւէրը, սակայն անոնցմէ աւելի լուրջ ու զօրաւոր կը նկատեմ այն միւս խորհուրդները, որոնք թելադրեցին ընդառաջելու եղբայրական հրաւէրին, պարտական զգալով յարգելու Հայ Եկեղեցւոյ նուիրապետութեան ամբողջութիւնը»։

ՇՆՈՐՀՔ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆ

ԵՐԿՈՒ ՊԱՏՐԻԱՐՔՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ

Անտարակոյս ճիշդ պիտի չըլլար անհաճոյ կացութեամբ սկսիլ սոյն գրութիւնը երբ կարեւորագոյն հարցը Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին Երուսաղէմ երկրորդ այցելութիւնն էր եւ բացումը նորաշէն Ժառանգաւորաց եւ Ընծայարանի շէնքին՝ նուիրուած ազգային բարերար Ալեք եւ Մարի Մանուկեաններու կողմէ: Վերեւի հաստատումները, առաջինը բռնազբօսիկ եւ երկրորդը՝ բնական եւ կանոնական, կու գան վերյիշեցնելու 1967 թուականէն սկսեալ թշնամական ու անպատուաբեր դիրքաւորումը Երուսաղէմի պատրիարքին՝ հանդէպ Կ. Պոլսոյ պատրիարքին, երբ անիրաւ կերպով առաջինը կ՚ամբաստանէր Շնորհք Պատրիարքը որպէս 23 թանկարժէք ձեռագիրներու գողութիւնը կատարողն ու Լոնտոն փոխադրողը աճուրդի հանուելու համար, տասն տարիներ առաջ իբր թէ, երբ լուսարարապետն էր Ս. Յակոբեանց Պատրիարքութեան: Տէրտէրեան եւ Աճէմեան անբաժան զոյգը, որոնք ի վերջոյ իրար ինկան, իրենց գողութեամբն ու խաբեբայութեամբը կրկնակի յայտնի, ձախաւեր դուրս եկան ազգին ու եկեղեցիին առջեւ իրենք զիրենք խայտառակելով միայն: Վկան այս բոլորին Շնորհք Պատրիարքի հրատարակած «Երուսաղէմի ձեռագիրներու գողութեան գայթակղութիւնը» ծաւալուն հատորը կը հանդիսանայ՝ ուր ամէն ինչ յայտնի դարձած է ամբաստանութեամբը Եղիշէ պատրիարքին ու Շահէ Աճէմեան եպիսկոպոսին, որոնց ձեռքով կատարուած էր ոճիրը:

ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՄԲ

Ատենին Վազգէն Ա. Հայրապետ խստիւ դատապարտած էր Երուսաղէմի պատրիարքն ու վերին մարմինը կատարուած գայթակղութեան համար եւ յանձնախումբի մը միջոցաւ իսկոյն փրկագին վճարել տալով փրկած էր ձեռագիրները ստոյգ կորուստէ: Այժմ, 1975-ին, երկու պատրիարքները առաջին անգամն ըլլալով միասին կը դիմաւորէին Հայոց Հայրապետը յայտնի չդարձնելով անցեալի սրտցաւութիւնը եւ հաշտութեան գետին մը ստեղծել կը ջանային: Այսքանը ըսելու կարիքը զգացի դարձեալ շնորհիւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, որուն այցելութիւնը երկուքին յարաբերութիւնը գոնէ արտաքնապէս «եղբայրական» դարձուց:

ՎԱԶԳԷՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ՈՒՂԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

Ամենայն Հայոց Հայրապետը իր տասներորդ հովուապետական այցելութեան կը ձեռնարկէր 1975-ի ամրան, անցնելով Անգլիայէն ու Ֆրանսայէն, հասնելով Երուսաղէմ, Յորդանանի մայրաքաղաքը՝ Ամմանի վրայով: Այցելութեան գլխաւոր պատեհութիւնը ինչպէս ըսուեցաւ նորակառոյց Ժառանգաւորաց եւ Ընծայարանի բացումը պիտի ըլլար, ինչպէս նաեւ Սուրբ Յարութեան Տաճարի ներքին հայկական խորաններուն օծումը: Հայրապետի շքախումբին մաս կը կազմէին Կոմիտաս Տէր-Ստեփանեան եւ Սերովբէ Մանուկեան արքեպիսկոպոսները, որոնց միացան նաեւ Սիոն Արք. Մանուկեան եւ Ամերիկայի զոյգ առաջնորդ սրբազանները՝ Թորգոմ Մանուկեան եւ Վաչէ Յովսէփեան արքեպիսկոպոսները:

ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԱՄՄԱՆԻ ՊԱԼԱՏԻՆ ՄԷՋ

Ամմանի օդակայանի դիմաւորութեան եկած էր Երուսաղէմի միաբանութիւնը՝ գլխաւորութեամբ Եղիշէ Պատրիարք Տէրտէրեանի, իր կողքին՝ Սիոն Արք. Մանուկեան եւ բազմաթիւ հայորդիներ Հաշիմական թագաւորութենէն, Հալէպէն ու Պարսկաստանէն, ուրկէ թագաւորական ինքնաշարժով եւ պատուոյ պահակագունդի առաջնորդութեամբ Հայոց Հայրապետը մեկնեցաւ պանդոկ: Յունիս 21-ին Վազգէն Ա. Հայրապետ թագաւորական պալատ պաշտօնական այց մը տալով կ՚ընդունուէր Հիւսէյին Բ. թագաւորին կողմէ, որուն Հայոց Հայրապետը կը շնորհէր Հայ Եկեղեցւոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի բարձրագոյն շքանշանը:

Նոյն օրը, հայ համայնքի հոգեւոր հովիւ Անուշաւան Վրդ. Զղջանեանի գլխաւորութեամբ՝ Հայրապետն ու շքախումբի անդամներն ու հաւատացեալները Ամմանի Ս. Թադէոս եկեղեցւոյ մէջ մասնակից կը դառնային Հոգեգալստեան Կիրակիի եպիսկոպոսական պատարագին, ուր Հայոց Հայրապետը կու տար իր պատգամը: Նոյն օր ինքնաշարժներով բոլորը կը ժամանէին Երուսաղէմ, եւ Դաւիթի Դրան մօտ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը կ՚ողջունուէր Կ. Պոլսոյ Հայոց Ամեն. Շնորհք Պատրիարքի կողմէ: Ապա «Հրաշափառ»ով մուտք կը գործէր Սրբոց Յակոբեանց Մայր Տաճար: Երուսաղէմի պատրիարքին յատուկ հրաւէրով Շնորհք Պատրիարք Գալուստեան Երուսաղէմ ժամանած էր Յունիս 20-ին, պոլսահայ ուխտաւորներու հետ միասին, Նորին Սրբութիւն Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ողջունելու համար տասն տարուան բացակայութենէ ետք՝ նըշ-ւած դժբախտ պարագաներու բերմամբ: Այդ առիթով Երուսաղէմ ժամանած էին նաեւ Ռումանիոյ եւ Պուլկարիոյ առաջնորդ Տիրայր Արք. Մարտիկեան եւ Լոնտոնէն Պսակ Արք. Թումայեան:

Երուսաղէմ մուտքին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին ժամանումը ողջունեց քաղաքապետ Թետի Քոլլէք, երբ եկեղեցականաց թափօրը կ՚առաջնորդուէր Ս. Յակոբեանց Մայր Տաճար «Հրաշափառ»ի երգակցութեամբ՝ Հայրապետը Ս. Գլխադիրի մատրան առջեւ կը կատարէր իր ժամանումի ուխտը:

ՈՂՋՈՅՆԻ ՄԱՂԹԱՆՔՆԵՐ

Իր ողջոյնի խօսքերով նախ Եղիշէ Պատրիարք կ՚ըսէր. «Խոնարհաբար կեցած Ձերդ Վեհափառութեան առջեւ կը լսենք Մարգարէին սրտառուչ ձայնը, «ո՞վ է սա որ դիմեալ գայ յԵդովմայ, գեղեցիկ պատմուճանաւ եւ բուռն զօրութեամբ»: Գեղեցիկ է Հայոց Կաթողիկոսին պատմուճանը «որովհետեւ Դուք արքան էք մեր սիրտերուն, աւերներէ վերականգնող նորափետուր Հայրենիքի կողքին»: Վազգէն Հայրապետ կու տար իր պատգամը յայտնելով իր ուրախութիւնը, թէ իր կողքին էին հայոց զոյգ պատրիարքները՝ Եղիշէ եւ Շնորհք, իր այս երկրորդ Երուսաղէմ այցելութեան առիթով:

ԲԱՐԵՐԱՐՆԵՐԸ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԷՋ

1975-ի Յունիս 23-ին Եղիշէ Պատրիարքի հրաւէրով Երուսաղէմ հասան Ալեք եւ Մարի Մանուկեան բարերարները, եւ 25-ի Չորեքշաբթի օր կատարուեցաւ բացումը նորաշէն ընծայարանին, նախագահութեամբ Վազգէն Ա. Հայրապետին եւ ձեռամբ Ալեք Մանուկեանի, ի ներկայութեան Եղիշէ եւ Շնորհք պատրիարքներուն: Հիմնարկէքը կատարուած էր չորս տարի առաջ բարերարներու մեծագումար 450 հազար տոլարի իշխանական յատկացումով: Այն ատեն Ալեք Մանուկեան ըսեր էր՝ «եւ այժմ կարգն էր Ժառանգաւորաց նոր շէնքի կառուցումին, որով մենք պարզապէս հետեւեցանք մեր սուրբ եւ օրհնեալ նախահայրերու ճամբուն», յիշելէ ետք իր նախապէս բերած նպաստը Ս. Յարութեան Տաճարի վերանորոգութեանց:

ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ

Նոյն երեկոյեան նորաշէն Ընծայարանի սեղանատան մէջ ճաշկերոյթ տրուեցաւ ի պատիւ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին, եւ առաջին խօսքը հիւրընկալ Եղիշէ Պատրիարքը առնելով կ՚ըսէր. «Ազգային հպարտութեան անմոռանալի օրեր եղան Վեհափառի այցելութիւնը, ո՛չ թէ հայկական շաբաթ մը, այլ հայկական դար մը, որովհետեւ Հայոց Հայրապետը բերաւ դար մը մտածում, դար մը ապրում, դար մը զգացում»: Ապա «եղբայրական ջերմ սիրով» ողջունեց Շնորհք Պատրիարք Գալուստեանի ներկայութիւնը՝ շեշտելով, որ Հայրապետին Երուսաղէմ ներկայութեամբ «վերացան Երուսաղէմի եւ Պոլսոյ պատրիարքական աթոռներու միջեւ ժամանակավրէպ թիւրիմացութիւնները»:

Եղիշէ Պատրիարք աւելին կ՚ուզէր ըսել իր այդ մի քանի բառերով երբ մօտաւոր անցեալին որքան լուտանք եւ ամբաստանութիւն նիւթած էր իր ամենապատիւ եղբօր գլխուն, ստանալով քաջակորով Շնորհք պատրիարքէն արժանի պատասխանն ու պարսաւանքը: Իցիւ թէ անկեղծ ու քաւիչ ըլլային Եղիշէ պատրիարքին քաղցր ու զգացական բառերը, այնուհանդերձ պաշտօնական այդ բացառիկ առիթով եւ ի ներկայութեան Հոգեւոր Պետին, այդ բառերը բարոյական արժէք մը ներկայացնելէ աւելի, գէթ մնացին իրենց պատմական պարունակին մէջ:

Իր կարգին Շնորհք պատրիարք յանուն «գերագոյն նպատակին», որ էր պարտական զգալով յարգելու Հայ Եկեղեցւոյ նը-ւիրապետութեան ամբողջութիւնը, «Մենք ողջագուրուեցանք Երուսաղէմի ամենապատիւ պատրիարքին հետ մեր առաջին հանդիպումին»: Շնորհք պատրիարք իր խնդակցութիւնը կը յայտնէր բարերար Տիար Ալեք եւ Տիկին Մարի Մանուկեաններուն իրենց անզուգական մեծագործութեան համար:

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՀՐԱԺԵՇՏԸ

Սեղանի շուրջ վերջին խօսողը կ՚ըլլար Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Վազգէն Ա. Կաթողիկոսինը, որ «մխիթարուած կը զգար տեսնելով մեր երկու սրբազան պատրիարք եղբայրներու ողջագուրումը», զոր կը նկատէր «Հայոց Հայրապետին համար մեծագոյն նուէրը»: Յիրաւի Վեհափառ Հայրապետը իր մտքէն շատ բան կ՚անցընէր, երբ անցեալի տխուր եւ անհաշտ դէպքերը միշտ Մայր Աթոռի իր սեղանին կը հասնէր որպէս գերագոյն պետը Հայ Եկեղեցւոյ, կարենալ տալու համար իր յորդորն ու վճիռը: Այդ օր Երուսաղէմի մէջ գոնէ ժամանակաւոր կերպով կը հանգըս-տանար Վեհափառ Հայրապետին միտքը, թէ դրական ուղղութեամբ կ՚ընթանային Երուսաղէմն ու Պոլիսը:

ՎԵՐԱԴԱՐՁ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ

Տ.Տ. Վազգէն Ա. Հայրապետ Ս. Յակոբեանց վանքի Ձեռագրատան այցելութիւն մը կու տար Յունիս 30-ին ու կը դիմաւորուէր բազմավաստակ ձեռագրագէտ Նորայր Արք. Պողարեանի կողմէ, որ տարիներու իր տքնաջան աշխատանքով ցուցակագրեր էր եւ հրատարակեր մինչ այդ 2365 ձեռագիր մատեաններ: Վեհափառ Հայրապետը յաջորդ օր Ամմանի եւ Փարիզի վրայով կը վերադառնար Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին:

ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

«Ապագայ», Գանատա

Երկուշաբթի, Յունիս 4, 2018