ՀԱՐԵՒԱՆՍ ԵՒ…

-Տեսնո՞ւմ ես, էս ա, գտել է Աշոտս համացանցից, իրենց զօրամասի մեքենայի պայթումն է ցուցադրում: Տեսնո՞ւմ ես ոնց ա պայթել եւ ո՞նց է բալէս փրկուել էնտեղից:

Պատմեց դարձեալ նոյնը, նոյն հոլովոյթով, նոյն սրտատրոփ յուզումներով, նոյն առոգանութեամբ: Այս անգամուան նորութիւնը տեսանիւթն էր, որ կարծես փաստ էր իրեն համար, իրականութիւնը ցուցադրող, պատումին պատկեր հագցնող փաստ մը: Քառասունչորսօրեայ վայրագութենէն ակնթարթ մըն էր նաեւ տեսանիւթը, ուր կ՚ոչնչանար մեքենայ մը զինուորներով լի, ուրկէ միայն մի քանին հիմա կը շնչեն, մնացեալը...

Աշոտը հարեւանիս թոռն է, որ բանակի ծառայութեան պարտքը կը կատարէր, երբ պատերազմը սկսաւ:

-Փրկուեց բալէս, այո՛, փրկուեց: Զօրամասն էլ պայթացրին, ինք ընկերներով նոր էր դուրս եկել էնտեղից, է՛ս մեքենայով...

Երկիւղածութեամբ լի հայեացքներով շարունակեց Գայանը, շարունակեց հաւատալով փրկարար զօրութեան մը գոյութեան, զոր կը փնտռէր կարծես վերերը դիտելով, կը փնտռէր Զայն իր երախտագիտութիւնը յայտնելու:

-Ընկերներից չորսը զոհուեցին, երեքը հաշմանդամ են՝ ձեռք, ոտք, աչք..., մենակ երկուսը փրկուեցին, մին՝ Աշոտս: Մենակ թէ ծոծրակի բեկորները չլինէի՜ն...

Եւ թախիծը պատեց դարձեալ հայեացքը Գայանին եւ դժուարութեամբ կուլ տուաւ սուրճի ումպ մը, որով կարծես կ՚ուզէր կանխել դուրս հոսելիք կաթիլները: Կաթիլներ, որոնք վստահաբար անկաշկանդ կը հոսին մենութեան մէջ, կը թափեն տխրութիւն մը ապրուած օրերու, մօտաւոր կորուստներու, պատերազմական յուշերու...

Շարունակեց ան պատմել այս անգամ Աշոտին կեանքը պատկերելով, միայն այսպէս կ՚երեւի յուզումը կրնար մոռնալ: Գովասանք կը հոսէր Գայանին հնչիւններէն, գովքը փայլք մը կը թափէր նայուածքին մէջ, կը պատմէր Աշոտին ծնունդը, ապա մանուկը հասակ կ՚առնէր իր խօսքերուն մէջ, կը քալէր, կը սորվէր, կը հմտանար քիչ-քիչ եւ իր նախասիրած ճիւղին ուսման կ՚ընդունուէր. ուսումը, որ հիմա կը շարունակէ նոյն հմտութեամբ, նոյն եռանդով, բայց... ձագուկին ծոծրակի բեկորը, ի՞նչ պիտի ըլլայ...

Աշոտէն անդին անցաւ Գայան եւ իր լուսահոգի հայրը յիշեց, որ մասնակցած է Արցախի առաջին պատերազմին, յիշեց նաեւ իր քրոջ յիսնամեայ փեսան, որ շատերու նման «18ամեայ երեխէքի կողքին լինելու» համար կամաւորապէս մասնակցեցաւ պատերազմին եւ... զոհուեցաւ, ապա՝

-Եղբօրս թոռը բանակում է, տարան Գորիս...

Լսուեցաւ կցկտուր նախադասութիւնը, որ նոր վիշտ մը կ՚ընդգրկէ, նոր մտահոգութիւն մը կը պարունակէ, նոր երիտասարդի մը, երիտասարդներու անորոշութիւններով լի կեանքը գոյ է հոն:

-Բայց Տէրը նրան էլ կը փրկի, էնպէս չէ՞...

Հաւատքը շողաց դարձեալ անտես զօրութեան հանդէպ եւ խոր շունչով մը աւարտեց իր ամէնօրեայ պատմութիւնը: Պարզ պատմութիւն մը, որ կ՚ընդգրկէ իր ապրած ու տեսած երեք սերունդներուն ցաւը, անկայունութիւնը, որ օղակ առ օղակ կ՚երկարի, սպիներով լի օղակներու շղթան կը շարունակուի անընդհատ, եւ.

-Աշոտիս ուզում ենք արտասահման ուղարկել, նա չի ուզում գնալ էստեղից, ասում է, եթէ պէտք լինի էլի բանակ կը գնամ, չեմ թողնի ու գնայ ուրիշների պէս:

Եզրափակեց Գայան այսօրուան պատումը, մինչ մեր բաժակներուն սուրճը շատո՜նց վերջացած էր:

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Յունիս 4, 2021