ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ - 3

Զանց առնելով աշխարհի ղեկավարման քաղաքական համակարգերը, ըլլան անոնք միաբեւեռ, երկբեւեռ կամ բազմաբեւեռ, կրնանք ըսել, որ ներկայ աշխարհի դասաւորման մէջ կան երկիրներ, որոնք իրենք զիրենք կը համարեն ժառանգորդը մեծ կայսրութիւններու եւ որոնք տրոհուած են պատմութեան ընթացքին, այս երկիրները թաքուն կամ անթաքոյց կ՚երազեն իրենց հին կայսրութիւններու վերականգնումը եւ նոյնիսկ կ՚աշխատին այդ մէկը իրագործելու համար:

Համաշխարհային երկրորդ պատերազմը գծեց ներկայ աշխարհի քաղաքական քարտէսը, իսկ Սովետական Միութեան քայքայումէն վերջ յառաջ եկաւ արդի աշխարհի այսպէս ըսած՝ գրեթէ վերջնական կառուցուածքը: Այո, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները ստանձնեց աշխարհի միահեծան ղեկավարի դերը, բայց անոր ներկայութիւնը ամէն տեղ հին ու անտեղի գաղութատիրական մեթոտներով չեղաւ, այլ համաշխարհայնացումի եւ համարկման նոյնիսկ տեղածին ու համամարդկային միաւ-ամբողջ անհրաժեշտ ընթացքով մը եւ այդ մէկը կրնանք համարել աննախադէպ եւ բացառիկ իւրայատուկ նուաճում մը: Ներկայ մեր աշխարհի զարգացուածութիւնը այլեւս միատեղ չի կրնար ըլլալ, որքան ալ այդ մէկը կը համադրուի ԱՄՆ-ի կողմէ, մետայլին միւս երեսով չհամարկումն ու կղզիացումը ինքնաբերաբար կը բերէ որեւէ երկրի մը յետամնացութիւն:

Աշխարհը ունեցաւ, այո, ոսկեայ միլիառ կոչեցեալ ընտանիք մը․ իմա զարգացած երկիրները Արեւմուտքի ղեկավարմամբ։ Եւ ինչքան չզարգացած երկիրները մեղադրեն գաղութատիրական երկիրները իրենց հարստութիւնները գողնալուն մէջ անցած դարերուն ընթացքին, անոնք հակասական երկուութեան մը մէջ են, նկատի ունենալով, որ անոնք անկախ չէին կրնար հռչակուիլ եւ պատմական ներկայութիւն ալ չէին կրնար ունենալ, եթէ չըլլային նոյնինքն իրենց անկախութիւն պարգեւած կողմերը: Եւ հոս կարեւոր կէտ մը ինքզինք կը պարզէ, որ կը բխի բնական հարստութիւն եւ արհեստագիտութիւն յարաբերակցութենէն. օրինակ՝ քարիւղը իր իմաստը կը ստանայ գիտական զարգացումէն եւ անոր պեղումի եւ օգտագործումի կարողականութեան իւրացումէն: Եւ ճիշդ հոս է, որ ինչքան ալ աղքատ եւ չզարգացած երկիրները դժգոհին իրենց այսպէս կոչուած բնական հարստութիւններու կորզման համար, նոյն այդ հարստութիւնները չկան, եթէ չկայ անոնց յայտնագործման ու կայացման արհեստագիտութիւնը, ինչ որ զարգացած երկիրներու ձեռքն է: Իսկ նոյն հարթակով միջազգային մեծ մակարդակը նկատի առած՝ զարգացած եւ ղեկավար հանդիսացող երկիրներ տեղ մըն ալ կը դժգոհին, որ բնական հարստութիւններու բաշխումը համահաւասար ու արդար չէ երկիր մոլորակի մակարդակով եւ պէտք է բնական հարստութիւնները ըլլան բոլոր մարդկութեան սեփականութիւնը, այլ ոչ միայն այն հողին վրան բնակող երկիրներուն:

Շատ մը պարագաներու եւ մանաւանդ ժողովրդային խաւերուն քով հարցումներ կը ծագին տնտեսական համաշխարհային արդարութեան շուրջ: Եւ ինչքան այդ հարցումները չզարգացած եւ աղքատ (ոչ անպայմանօրէն բնական հարստութիւններով) երկիրներու ժողովուրդները կու տան, նոյնպէս ալ՝ հարուստ երկիրներու ժողովուրդներն ու տնտեսական կաճառներն ու կառոյցները: Օրինակ՝ յաճախ լսուող այդ հարցերէն մէկը այն է, որ ինչո՞ւ Արաբական ծոցի երկիներու ժողովուրդները այդքան հարուստ ու նոյնիսկ զեխ կեանք պիտի ապրին, ո՞ր միջազգային տնտեսական ու համամարդկային արդարական չափանիշներու բանեցմամբ: Գալով մանաւանդ այսպէս ձեւակերպած՝ պատմական արդարութեան պահանջատիրութեանը քաղաքական քարտէսին. կը նկատենք, որ շատ չէ այն երկիրներուն թիւը, որոնք մշտապէս պատմականութեան վրէժով ու ատկէ բխած քաղաքական սրբագրումներով տարուած են: Այո, կրօնական մակարդակով կայ այդ մղումը ժողովուրդներուն մէջ, մանաւանդ մահմետական կրօնին մօտ, որ կը համարէ ինքզինք պարտուած ու պարփակուած Արեւմուտքով (քրիստոնէութեամբ) եւ Իսրայէլով (մովսիսականութեամբ), բայց արաբական ու մահմետական երկիրներու ստուար մաս մը քաղաքական մակարդակով չէ որդեգրած այդ կեցուածքը (օրինակ՝ արաբական, ափրիկեան եւ Ծոցի երկիրները): Խօսելով Ռուսաստանի մասին՝ կը նկատենք, որ անոր մարմնաւորած Սովետական Միութեան տարազին տակ, ան չէր դժգոհեր պատմական անարդարութենէն, իսկ հիմա Ռուսաստան մեծ մաքարման մէջ է, իր հասկացողութեամբ՝ պատմութեան սխալները սրբագրելու: Նոյնպիսի օրինակներ են Հիւսիսային Քորէան, Իրանը, Թուրքիան, Հայաստանը (որ եղեռնի հարցով մեծ անարդարութեան ենթարկուածի զգացում ունի), ինչպէս նաեւ շարք մը արաբական երկիրներ: Միեւնոյն ատեն Ճաբոնի, Իտալիոյ, Ռումանիոյ, Հունգարիոյ, Չինաստանի (ցանկը համալրուած չէ) պէս երկիրներ, որոնք ոչ-վաղ անցեալին պարտութիւններ կրած են, չունին այդ բարդոյթաւորութիւնը եւ իրենց քաղաքական փիլիսոփայութիւնն ու կառուցուածքը չեն կազմած պատմական արդարութիւններ կերտելու շուրջ:

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

•վերջ

Երեւան

Երեքշաբթի, Յունիս 4, 2024