ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՆՈՐ «ԾՐԱԳԻՐ» ԹԱԼԵՊԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄԻՆ ՀԱՄԱՐ
Փաքիստանի Պալուշստան քաղաքին մէջ, Մայիսի 21-ին, կը սպաննուէր Թալեպան շարժումի ղեկավար Մոլլա Ախթար Մանսուր: Վերջին ատեններուն ամենէն կարճ շրջանի մը համար Թալեպան շարժումը ղեկավարած Մանսուր կը սպաննուէր ամերիկեան անօդաչու սարքի հրթիռով:
Միացեալ Նահանգներու Թալեպան շարժումին դէմ շղթայազերծած պայքարին գլխաւոր զէնքը դարձած է անօդաչու սարքերով յարձակումներ կատարելը:
Մանսուր, որ գրեթէ տարի մը առաջ առաջնորդ նշանակուած էր փոխարինելով Մոլլա Օմարը, իշխանութեան կը հասնէր իր դէմ եղող ընդհանուր դժգոհութեան մը մթնոլորտին մէջ:
Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերի, որ այդ օրերուն պաշտօնական այցով կը գտնը-ւէր Պուրմա, կը յայտարարէր, թէ Մոլլա Ախթար կը համարուի Ամերիկայի համար հիմնական թիրախ՝ տրուած ըլլալով, որ ան «կը խանգարէր Աֆղանիստանի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու ուղղուած հիմնական ճիգերը»։
Մոլլա Մանսուրի սպանութեան լուրէն անմիջապէս ետք Թալեպան շարժումի բանբեր՝ Զապիհ Ալլա Մուժահէտ կը յայտարարէր շարժումի նոր ղեկավարին անունը: Այսպէս, Հայպաթ Ալլահ Ախնըտ Զատա կը դառնար շարժումին նոր առաջնորդը: Աֆղանիստանի Թալեպան շարժումի գործելաոճին հետեւող մասնագէտներուն համար Ախնըտ Զատա պիտի շարունակէ իր նախկինին գործելաոճը, այսինքն պիտի նախընտրէ զինեալ պայքար տանիլ մէկ կողմէ Քապուլի կառավարական ուժերուն եւ միւս կողմէ հոն տեղակայուած արեւ-մըտեան ուժերուն դէմ, որոնց հիմնական կորիզը ամերիկեան զօրքերն են:
Ինչ կը վերաբերի Աֆղանիստանի պետական մարմիններուն, անոնք առիթ չփախցնելով արագօրէն բանակցութեան սեղան նստելու կոչ ըրին: Երկրի վարչապետին՝ Ապտալլա Ապտալլայի բանբերը իր կարգին թուիթրեան գրառում մը ընելով՝ Թալեպան շարժումի նոր ղեկավարին կ՚առաջարկէր մէկդի դնել զէնքը եւ բանակցութիւններ վարել երկիրը այս տագնապէն հանելու համար:
Խաղաղութեան միտող այս կոչերուն փոխարէն Թալեպան կը մնար անդըրդ-ւելի: Իր առաջնորդին սպանութեան որպէս առաջին արձագանգ Մայիսի 25-ին շարժումը Քապուլի մէջ կը գործէր ահաբեկչական յարձակում մը, որուն զոհ կ՚երթային տասը անձեր: Պայթումը թիրախ ընտրած էր Աֆղանիստանի կառավարական մարմիններէ ներս աշխատող պաշտօնեաներ փոխադրող հանրակառք մը:
Արեւմտեան մամուլը, որուն վերլուծաբանները մօտէն կը հետեւին Քապուլի մէջ գրանցուող դէպքերուն՝ կը գրէր, որ Թալեպանի նոր ղեկավարը զինուորական առաջնորդ մը չի համարուիր, այլ ան կրօնական ղեկավար մըն է: Կարեւոր է նաեւ նկատել, որ ներկայ ղեկավարին առաջին փոխ-պատասխանատուն նշանակուած է Մոլլա Եագուպը, որ Թալեպանի հիմնական առաջնորդ եւ մութ պայմաններու մէջ մահացած Մոլլա Օմարի որդին է: Ուրեմն ենթադրելի է նաեւ, որ յառաջիկայ հանգրուանի հիմնական գործողութիւնները պիտի կառավարուին անոր կողմէ:
Այս զարգացումներուն առընթեր կարեւոր վերլուծական մը ստորագրած է փաքիստանեան «Էքսփրէս Թրիպիուն» թերթի աշխատակից Թահէր Խան, որուն կարծիքով՝ Աֆղանիստանի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու հիմնական ճիգերը կը քանդուին նոյնինքն Միացեալ Նահանգներու տնօրինութեամբ: Ան նաեւ ամերիկեան վարչակազմին ուղղելով իր մեղադրանքը կը յայտնէ, թէ ամերիկացիք կը մոռնան, որ գոնէ իրենց շահերուն համար պէտք է լսեն հակառակորդ կողմին կարծիքները եւ մտահոգութիւնները:
Երբ ՏԱՀԷՇ ահաբեկչական խմբաւորումը դարձաւ արեւմտեան դաշնակից ուժերու հիմնական թիրախ, շատեր կը մտածէին, որ անոր հիմնական քատրերը Աֆղանիստանի լեռնային հատուածներուն մէջ «բոյն դնելով» պիտի թափանցէին Թալեպան շարժումէն ներս: Արաբական մամուլի ամենէն վառ ներկայացուցիչները այդ մասին գրեցին ու նախազգուշացուցին, որ Թալեպան պիտի դառնայ Աֆղանիստանի նոր ՏԱՀԷՇ-ը:
Տարի մը ետք, այսօր այդ վարկածները սխալ դուրս կու գան: Թալեպանի հիմնական առանձնայատկութիւնը միայն կրօնական արմատական հիմունքներով առաջնորդուիլը չէ, այլ անոր տեղական պայքարի մը դրօշակիրը հանդիսանալը: Թալեպան իր շարքերուն մէջ դժուար թէ ընդունի ոչ-աֆղան ինքնութիւն ունեցող ռազմիկներ: Ըստ AP-ի, Թալեպանին միանալ ուզող զինեալները «դաստիարակչական» երկար հանգրուան մը բոլորելէ բացի պէտք է ըլլան աֆղանցիներ կամ առնուազն աֆղանցի արմատներ ունեցողներ։
Ամերիկեան անօդաչու սարքով կատարուած այս գրոհին հետեւանքները բաւական երկար ժամանակ իրենց ժխտական ազդեցութիւնները պիտի ունենան: Al Jazeera.net կայքէջին համաձայն, անձնապէս Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Պարաք Օպամայի կողմէ առնուած այս որոշումը՝ ոչ թէ կը «մաքրէ» Թալեպանի հաշիւները, այլ ընդհակառակը աւելի վտանգաւոր կը դարձնէ Աֆղանիստանի ընդհանուր պատկերը: Օպամա, որ յառաջիկայ տարի պիտի հեռանայ Սպիտակ տունէն, տակաւին չէ կրցած ըմբռնել, որ արմատական մօտեցումներով հրապարակ ելած Թալեպանին համար բոլորովին ընկճող չէ իր ղեկավարին սպանութիւնը: Այլ այդպիսի մօտեցումով մը տուեալ միաւորումը աւելիով կը լարուի, ու զինեալ ահաբեկչական գրոհներէն բացի «վեթօ» կը դնէ, որեւէ բանակցութեան մասնակցելու դիմաց:
Թալեպանը ՏԱՀԷՇ չէ: Աֆղանիստանի լեռնային եւ անառիկ բնութեամբ երկրին մէջ կազմաւորուած այս խմբաւորումը ունի տասնեակ առաջնորդներ, որոնք կրնան շատ աւելի ծայրայեղական քայլերու երթալ:
Փաքիստանի մօտ Թալեպան կառավարութեան երբեմնի ներկայացուցիչ Ապըլ Սալամ Ալ Տահիֆի կարծիքով՝ «Թալեպան շարժումի ճակատագիրը անհեթեթութիւն է կապել մէկ անձի ճակատագրին հետ»: Ան նաեւ կարծիք ունի, որ Միացեալ Նահանգներ երբեք հետամուտ չեն խաղաղութիւն հաստատելու Աֆղանիստանի մէջ:
Բացառուած ալ չէ, որ Միացեալ Նահանգներ աւելի քան տասնհինգ տարի Թալեպանի դէմ սուր պայքար ծաւալելէ յետոյ անցած է նոր ռազմավարութեան մը: Անցեալ փուլերուն Ուաշինկթըն իր զինուորական ներկայութեամբ կը փորձէր «մաքրել» Թալեպանի հաշիւը: Իր պատրաստած ապահովական ծրագիրներուն դիմաց նոյն ամերիկացիները քաղեցին բաւական վնասաբեր արդիւնքներ: Եղան անձնասպանական տասնեակ պայթումներ, որոնց հիմնական թիրախը նոյնինքն ամերիկեան ուժերն էին: Ու ատկէ ետք էր միայն, որ ամերիկացիք սկսան դանդաղօրէն հեռանալ Քապուլի ծայրամասերուն եղող իրենց զօրակայաններէն: Այդ հանգըր-ւանէն վերջ եւ ցայսօր մէջտեղ դրուեցան անօդաչու սարքերով կատարուած «պատժիչ» գործողութիւնները, որոնց շնորհիւ Ուաշինկթըն կարողացաւ «լինչի դատաստան»ի ենթարկել Թալեպանի գլխաւորագոյն ղեկավարները:
Այս բոլորէն բացի, այսօր, ըստ երեւոյթին, Միացեալ Նահանգներ պատրաստած է նոր ռազմավարութիւն մը, որուն առաջին «ծիլերը» պիտի երեւին յառաջիկայ փուլին: Այդ ռազմավարութեան գլխաւոր դրոյթը Թալեպանի ղեկավարութեան մօտ հակասութիւններ ստեղծելն է: Անցեալէն եղած այդ տարակարծութիւններուն շնորհիւ Միացեալ Նահանգներ ամէն գնով պիտի փորձէ ներքին բախումներ հրահրել եւ բաժանումի տանիլ այս շարժումը:
Գոյութիւն ունի նաեւ այն վարկածը, ըստ որուն Միացեալ Նահանգներ Թալեպանը բաժանումի տանելով պիտի փորձէ ՏԱՀԷՇ-ը «ցանել» Աֆղանիստանի մէջ: Այսինքն առիթ տալ Սուրիայէն եւ Իրաքէն խոյս տուող ՏԱՀԷՇ-ի զինեալներուն աճիլ եւ հզօրանալ Աֆղանիստանի մէջ:
Այս մօտեցումով Միացեալ Նահանգներ կրնայ երկու կարեւոր խնդիր լուծած ըլլալ: Առաջին՝ Միջին Արեւելքէն հեռացնել ՏԱՀԷՇ-ի ահաբեկիչները, կամ առնուազն նուազեցնել անոնց թիւը եւ երկրորդ՝ Աֆղանիստանի մէջ բանալ նոր փուլ մը, որուն ընթացքին երկու արմատական զինեալ խմբաւորումները՝ ՏԱՀԷՇ եւ Թալեպան, պիտի սկսին ներքին պատերազմի, որուն արդիւնքով երկուքն ալ պիտի տկարանան եւ ճանապարհ բանան Քապուլի իշխանութիւններուն:
Այս բոլորը անշուշտ ենթադրութիւններ են, սակայն անցնող Մայիսին տեղի ունեցած սպանութիւնը պատահական չէ ու վստահաբար նման «շախմատային» քայլ մը իր մէջ կը կրէ յառաջիկայ ռազմավարութեան մը կարեւոր դրոյթները:
Ամէն պարագայի հակամարտութիւններու բովին մէջ եղող ամերիկեան քաղաքականութեան այս նոր վարկածները չեն կրնար խաղաղութիւն տալ Աֆղանիստանին, այլ կարողութիւնը ունին հակամարտութեան եւ արեան մէջ ուռճացող նոր փուլերու պատրաստման:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան
Հարթակ
- 11/22/2024