«ՈՒՍՈՒՑԻՉ Կ՚ՈՒԶՈՒԻ»

Քանի մը օր առաջ գրիչի ընկերներէս Գէորգ Եազըճեան «ուսուցիչ կ՚ուզուի»ի յայտարարութեան մը մասին դիմատետրի վրայ խիստ ակնարկութիւն մը ըրած էր: Տեղին եւ կենսական: Իր տողերը առիթ տուին, որ այս էական նիւթին անդրադառնամ: Հաւանաբար շատ շատեր ալ նոյն կերպ վարուեցան:

Նախ ըսեմ, որ սեւով ճերմակին վրայ գրուած այդ տողերը իրականութիւն ըլլալէ չէին դադրեր: Ապա աւելցնեմ.-

Հայ դպրութեան եւ հայեցի դաստիարակութեան մասին խօսիլ կը նշանակէ անպայման անդրադառնալ հայ դպրոց-հայ լեզու-հայ ուսուցիչ երրորդութեան: Սփիւռքը այս երեքին միշտ կարիքը ունեցած է եւ ունի: Անոնք մէկը միւսին ամբողջացնող ազդակներ են: Մեր գոյութիւնը ամրապնդող ազգային լծակներ: Յատկապէս վերջինը: Առանց անոր դժուար է շարունակել մեր երթը, որովհետեւ ուսուցիչը կեցուածք եւ ըմբռնում պարտադրող ներկայութիւն մըն է մեր կեանքէն ներս:

Առաջին երկուքի մասին ամէն առիթով շատ խօսած ենք: Հիմա կարգը հասած է վերջինին՝ հայ ուսուցիչին:

Բոլորս հայ ենք եւ միաժամանակ, բոլորս ալ երազ ունեցող մարդիկ, սակայն եւ այնպէս, պարտաւոր ենք այս երեքին մասին մտածել, թէեւ այս օրերուն ալ աշխարհի վրայ մեր զանազան եւ բազմազան հարցերը մեզ կը հիւծեն: Պարտաւոր ենք այս մասին խօսիլ, յիշել եւ յիշեցնել:

Յաճախ երկար կը մտածեմ, թէ ի՞նչ եղած պիտի ըլլար մեր իրավիճակը, եթէ սփիւռքի մեր կեանքին մէջ հայկական դպրոցներ գոյութիւն ունեցած չըլլային:

Գաղտնիք մը բացայայտած չեմ ըլլար եթէ աւելցնեմ, որ ուսուցչութիւնը ինծի համար եղած է կեա՛նք եւ ոչ միայն ասպարէզ: Եւ հակառակ այս տարիքիս, տակաւին ինքզինքս հայոց լեզուի պարզ աշակերտ կը նկատեմ: Անկեղծօրէն ու հպարտութեամբ կ՚ըսեմ.- Նորը սորվելու եւ նորեկներուն սորվեցնելու մարմաջը չէ խամրած մէջս:

Այս բոլորը ազնիւ ցանկութիւններէ կը բխին: Բայց ասոնք տարբեր հարցեր են:

Ինծի համար հայ դպրոցը կը նմանի հայ մեծ ու մաքուր ազգային տարրալուծարանի մը, եթէ կ՚ուզէք՝ մեծ խոհանոցի մը, ուր պիտի պատրաստուի եւ պէտք է որ պատրաստուի զանազան երդիքներու տակ շնչող հայ աշակերտներու «քիմքին» ու «ճաշակին» յարմար «կերակուր-գիտելիքը», միաժամանակ մատուցելով հայերէնով ազատ մտածելու ախորժակը՝ հաճելի ելեւէջներով եւ մաքուր լեզուով:

Խոհանոց ըսի: Անշուշտ, մեր այս բաժինը ունի իր հարազատ խոհարարը՝ մեր հայ ուսուցիչը, որուն իբրեւ այդ խոհանոցի միակ մասնագէտ-խոհարարի, առաջին եւ էական պարտաւորութիւնը պէտք է ըլլայ աշակերտի ոչ թէ լեզուն սրբագրելը, այլ ճիշդ խօսելու փափաքն արթնցնելը անոր մէջ:

Հարցուցէ՛ք մասնագէտներուն: Պարզ խօսքով, չափաւոր, օգտակար եւ առողջարար սնունդ մատուցել, որպէսզի աշակերտը «կշտանայ» եւ, մանաւանդ, առողջ մեծնայ:

Շատեր գիտեն այս բոլորը: Շատեր ալ կը կարծեն, թէ գիտեն: Կան բացառիկներ ալ: Ուստի խօսքս չգիտցողներուն ուղղուած է միայն:

Ու յանկարծ, հինը ապրելու երանութիւնը մէջս կը ծագի ու մտովի կ՚ըսեմ.- Նուիրեալներու սերունդ մը կար ժամանակին, ուսուցիչներ, կրթական մշակներ՝ մեր օրերուն եւ մեզմէ դար մը առաջ ալ: Օրինակելի, նոյնքան ալ պատմական: Այսպէս՝ Ալիշան, Օշականներ, Վարուժան, Աղբալեան, Շանթ, Իշխան, Թլկատինցի, Զարդարեան, Արմէն Անոյշ, Վրացեան, Վահեան, Սնապեան, Դերձակեան, Մկրտիչեան, որոնք մեր սփիւռքեան դպրոցական մշակոյթ ըսուածը ամուր հիմերու վրայ դրին, որովհետեւ անոնք թէ՛ ուսուցիչ էին եւ թէ՛ մտաւորական: Այդ օրերուն, մտաւորական եւ ուսուցիչ նոյն «բաներ»ն էին՝ նոր սերունդը դաստիարակող հաստատ եւ ամուր խարիսխներ, հայ լեզուի առողջութեամբ մտահոգ «խոհարարներ»:

Նաեւ յիշենք՝ ազգի մը արժէքը իր ուսուցիչներն են:

Ուսուցիչ կամ ուսուցչութիւն: Ստեղծագործ կոչում: Հին դարերէն ի վեր մարդկութեան հնոցն ու դարբնոցը հանդիսացած է ան: Նկարագիր կռանողն ու կերտողը: Ուսուցիչը անձ մըն է, որ օրինակելի ընծայում ունի եւ ոչ թէ գիտութիւն:

Անոր համար կ՚ուզեմ, ինչու չէ՝ նաեւ կ՚ուզենք եւ կը ցանկանք, որ հայ ուսուցիչին անհրաժեշտութիւնը մնայ եւ պէտք է, որ մնայ անժխտելի, իսկ անոր դերակատարութիւնը՝ շատ մեծ ու վճռական՝ մարդակերտման եւ հայակերտման աշխատանքներուն մէջ: Կը կարծեմ, թէ ուսուցիչին համար՝ կարեւորը «տալն» է, ոչ միայն «ըլլալը»: Էականը՝ «ցանելն» է, ոչ միայն «ամբարելը»: Կենսականը «ճառագայթելն» է եւ ոչ միայն «ուսուցիչի անուն կրելը», ինչպէս որ ըսած ու նաեւ դաստիարակած են մեզ՝ մեր մեծերը:

Ուսուցչութիւնը վստահուած առաքելութիւն մըն է, որ դարէ դար, Մեսրոպ Մաշտոցէն մեզի փոխանցուած է իբրեւ սրբազան աւանդ:

Իսկ այսօր: Դուք լաւ գիտէք պատկերը: Ամէն անկիւնէ յաճախ կը կարդանք եւ կը լսենք. «Ուսուցիչ կ՚ուզուի»: Այս բառազոյգը ինքզինք կը բացայայտէ: Սա հարազատ արդիւնքն ու հետեւանքն է մեր կեանքին, մեր դպրոցներուն եւ մեր կառոյցներուն:

Ու այս ձեւով, դպրոցի մտահոգութիւնը, զանազան այլ մտահոգութիւններու կողքին, կը մնայ անփոփոխ:

Ուսուցիչ «կ՚ուզուի» կամ «կը փնտռուի»: Ինչո՞ւ: Մտածեցէ՛ք: Քանի մը տարի ետք ո՞վ պիտի փոխարինէ ներկաները... Ո՞վ, ըսէ՛ք, պիտի շարունակէ երթը, պիտի փոխանցէ ջահը... որովհետեւ հայերէն լեզուի ուսուցիչը, մենք՝ մեծ ու պզտիկ պատասխանատուներս, պարզ պաշտօնեայի վերածած ենք: Ուսուցչութիւնը «գործի», «աշխատանքի» վերածած ենք: Շատերու համար նոյնիսկ կողմնակի եկամուտի աղբիւրի: Բայց նաեւ չմոռնանք.

Էական է նաեւ, ուսուցիչ գտնելուն կողքին, ուսուցիչ պահելը:

Ամէն առիթով պոռացած ենք, կը պոռանք ու կը շեփորենք, թէ գիրքերն ու ծրագիրները աշակերտ չեն դաստիարակեր, ինչպէս որ վկայական մը ձեռք ձգելը հմտութիւն չի նշանակեր:

Ըսինք՝ հայ ուսուցիչը առալելութիւն ունի:

Ան խորունկ ու մաքուր ակնոցով եւ մանաւանդ, պատրաստուած կրթական այն մշակն է, որ ընթացիկ պաշտօնեայէն կը տարբերի իբրեւ իր տեսութիւնները գործի վերածող անձ:

Ճիշդ այս բոլորին համար՝ պէտք է ուսուցիչ պատրաստել: Վաղուան հայ ուսուցիչը: Այս ալ հայ դատին կը պատկանի:

Անտարբերութիւնը մեզ տեղ չի հասցներ: Այլապէս՝ ազգը կը ծերանայ:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Երեքշաբթի, Յուլիս 4, 2023