ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հարցում. Պէ՞տք է Տիրոջ ապաւինիլ:

Պատասխան. Այսօրուան նիւթականացած աշխարհը մարդը հեռացուցած է Աստուծմէ, որով հեռացուցած է զինք իր իսկական պատկերէն ու նմանութենէն: Գիտենք, թէ Աստուած երբ մարդը ստեղծեց, անոր մէջ շունչ փչեց ու մարդուն տուաւ Իր նմանութիւնն ու պատկերը: Մարդը, սակայն, անհնազանդութեան մեղքին պատճառով մեղանչեց եւ ինքզինք զրկեց Աստուծոյ ներկայութենէն եւ աղարտեց իր մէջ եղող աստուածային պատկերն ու նմանութիւնը: Աստուած, սակայն, Իր անսահման սիրոյն որպէս արգասիք, Իր Միածին Որդին տուաւ մարդոց մեղքերու քաւութեան եւ վերստին որդեգրութեան շնորհքին արժանացնելու համար: Տէր Յիսուս Իր առաջին գալուստին մարդը ազատագրեց մեղքի կապանքներէն եւ անոր ցոյց տուաւ փրկութեան ճանապարհը, ինչպէս նաեւ յայտարարեց, թէ երկրորդ անգամ եւս պիտի գայ, այս անգամ սակայն դատելու համար մարդկութիւնը: Արդարեւ, այս ժամանակաշրջանը, Քրիստոսի յարութենէն ու համբարձումէն ետքի եւ մինչեւ Իր երկրորդ գալուստի ժամանակաշրջանը մարդուն համար պայքարի շրջան է, այլ խօսքով, մարդ դժուար միեւնոյն ատեն դիւրին ճանապարհ մը ունի անցնելու, հասնելու համար յաւիտենական հանգիստին, յաւիտենական փրկութեան: Այդ ճանապարհը կը դժուարանայ ա՛յն ատեն, երբ մարդ կ՚որոշէ զայն առանձինն՝ առանց Աստուծոյ անցնիլ. ասոր հակառակը, այդ ճանապարհը կը դիւրանայ ա՛յն ատեն, երբ մարդ կը կառչի Աստուծոյ, կ՚ապաւինի Անոր ամենազօրութեան ու առաջնորդութեան, որով ինչքան ալ դժուարութիւններու հանդիպի՝ կը յաղթահարէ զանոնք, որովհետեւ կառչած է Աստուծոյ, իսկ այդ կառչածութիւնը հիմնուած է սիրոյ վրայ, որու մասին Սուրբ Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Ի՞նչ կրնանք ըսել այս բոլորին դիմաց: Եթէ Աստուած մեր կողմն է, ո՞վ կրնայ մեզի հակառակ ըլլալ: Եթէ Աստուած Իր Որդին չխնայեց, այլ՝ մինչեւ իսկ զայն մահուան մատնեց մեզի համար, Անոր հետ նաեւ ամէն բան պիտի չշնորհէ՞ մեզի: Ո՞վ է որ պիտի մեղադրէ Աստուծոյ ընտրեալները: Ո՛չ ոք, քանի Աստուած է արդարացնողը: Կամ ո՞վ պիտի դատապարտէ: Յիսուս Քրիստո՞սը, որ մեզի համար մեռաւ՝ բայց մանաւանդ յարութիւն առաւ, եւ հիմա Աստուծոյ աջ կողմն է ու կը բարեխօսէ մեզի համար: Անշուշտ ո՛չ: Ո՞վ կրնայ, ուրեմն, մեզ բաժնել Քրիստոսի սէրէն. նեղութի՞ւնը, անձկութի՞ւնը, հալածա՞նքը, սո՞վը, մերկութի՞ւնը, վտա՞նգը կամ սո՞ւրը: Ինչպէս Սաղմոսներուն մէջ գրուած է. “Քեզի համար՝ մարդիկ մեզ կը սպաննեն ամէն օր. ոչխարի պէս սպանդանոց կը տանին”:

Բայց այս բոլորէն շա՜տ աւելի յաղթական դուրս կու գանք շնորհիւ Անոր՝ որ մեզ սիրեց: Որովհետեւ համոզուած եմ, որ ո՛չ մահը եւ ո՛չ կեանքը, ո՛չ հրեշտակները, ո՛չ չար ոգիներու իշխանութիւնները, ո՛չ ներկան եւ ո՛չ գալիքը, ո՛չ ալ որեւէ զօրութիւն, ո՛չ վերին եւ ո՛չ ալ ներքին աշխարհները, ո՛չ ալ ուրիշ ստեղծագործութիւն մը կրնայ մեզ բաժնել Աստուծոյ սէրէն, որ մենք ճանչցանք մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ» (Հռ 8.31-39): Իսկ Առակագիրը կը գրէ. «Տիրոջ ապաւինողը երանելի է» (Առ 16.20). այո՛, Տիրոջ ապաւինողը երանելի է, որովհետեւ հակառակ աշխարհի համար տկար ու թոյլ երեւնալուն, բայց հզօր արքաներէ ու թագաւորներէ ալ զօրաւոր է, որովհետեւ իր զօրութիւնը ո՛չ թէ աշխարհէն է, աշխարհիկ տարրերէ կազմուած է, այլ՝ իր զօրութիւնը երկնային է՝ աստուածային է, եւ այդ զօրութեան դիմաց՝ ինչպէս Պօղոս առաքեալն ալ ըսաւ, ո՛չ ոք կրնայ դիմանալ կամ դէմ դնել: Նոյնիսկ եթէ աշխարհը կը ծաղրէ մեզ, չամչնանք մեր յոյսը Աստուծոյ վրայ դնելու, նոյնիսկ եթէ աշխարհը կ՚անարգէ մեզ, շարունակենք ապաւինիլ Աստուծոյ, վստահ ըլլալով, որ մեր փրկութիւնը Ի՛րմէ պիտի գայ, եւ միշտ աշխարհի մէջ մեր պայքարին վահան ընտրենք Առաքեալին արտայայտած հետեւեալ բացարձակ ճշմարտութիւնը, թէ՝ եթէ Աստուած մեր կողմն է, ո՞վ կրնայ մեզի հակառակ ըլլալ:

Զգոյշ պէտք է ըլլանք, սակայն, որովհետեւ մենք շատ յաճախ ապաւինութիւնը կը շփոթենք նիւթական խնդրանքներու հետ: Աստուծոյ ապաւինիլը կամ Աստուծմէ ապաւինութիւն խնդրելը ամէն բանէ առաջ հոգեւոր ընկալում պէտք է ունենայ մեզի համար, այսինքն՝ մեր կամքն է, որ պիտի դաստիարակենք առաջին հերթին, որպէսզի սորվի գիտակցութեամբ զԱստուած իրեն որպէս ապաւէն ընդունիլ ու խնդրել Անոր ապաւինութիւնը: Այս առումով կ՚արժէ կարդալ Շնուտա Գ. Հայրապետին հետեւեալ միտքը. «Աստուծմէ ուժ խնդրեցի, ինծի տկարութիւն տուաւ, որպէսզի սորվիմ Իրեն ապաւինիլ»: Իսկ Օրաթերթիս բազմավաստակ գրիչներէն՝ Արժանապատիւ Տէր Մաշտոց Քահանայ Գալփաքճեանը կը գրէ. «Մթութեան մէջ դողացող սիրտեր պէտք է յիշեն, թէ Աստուծոյ համար լսելը պատասխանե՛լ է: Մեր աղօթքները, որոնք արդարեւ շատ եղած են, պատասխանուա՛ծ են: Անպատճառ պէտք է վստահիլ եւ ապաւինիլ Աստուծոյ. վստահիլ մինչեւ ամենավերջին վայրկեանը. վստահիլ եւ չվախնա՛լ, այլ՝ նորոգուիլ: Պէտք է սպասել, վստահիլ, յուսալ Իրեն եւ ուրախանալ Իրեն մէջ: Պէտք չէ ապաւինիլ մարդուն, այլ՝ Իրեն, որ Ա՛ն է զօրութիւնը, Ա՛ն է օգնութիւնը եւ Ա՛ն է մարդուս Հայթայթիչը»:

Հ. Իմաստուն սիրտ եւ քաղցր շրթունքներ ունենալը կ՚օգնե՞ն մարդուն:

Պ. Իմաստունը կը գրէ. «Իմաստուն սիրտ ունեցողը խոհեմ կը սեպուի եւ շրթունքներուն քաղցրութիւնը գիտութիւնը կ՚աւելցնէ» (Առ 16.21): Ի՞նչ կը նշանակէ իմաստուն սիրտ, այսինքն՝ զգացումներու տիրապետութենէն ազատ սիրտ, այլ խօսքով՝ սիրտ-միտք, որ գիտէ սառնասրտութեամբ մօտենալ հարցերուն, զգացականը մէկ կողմ ձգած ճշմարտութեան հետեւիլ, այսինքն՝ այոն այո ըլլայ, ոչը ոչ: Իսկ շրթունքներուն քաղցրութիւնը ի՞նչ կը նշանակէ. այսինքն՝ մաքուր ու սուրբ բերան ունենալ, ուրկէ միայն քաղցրութիւն կը հոսի, համբերատարութիւն կը բուսնի եւ փառաբանութիւնը կը վերառաքուի առ Աստուած, բոլոր բարիքներու Պարգեւիչին:

Իմաստուն սիրտն ու քաղցր շրթունքները երբ մէկ մարդու մէջ միատեղուին, ապա այդպիսին կը դառնայ փափաքելի բոլորին, այլ խօսքով, բոլոր զինք ճանչցողներն ու իմացողները, կ՚ուզեն միշտ իր ներկայութիւնը վայելել, լսել զինք, վայելել անոր շրթներէն դուրս եկած քաղցր խօսքերը եւ բարի ու շինիչ խրատները:

Մեզմէ իւրաքանչիւրը պարտաւոր է իմաստուն սիրտ եւ քաղցր շրթունք ունենալ, որպէսզի նախ եւ առաջ մեր կեանքը քաղցրանայ, մեր ընթացքը իմաստնանայ, եւ ապա մեր ունեցած իմաստութեամբ ու քաղցրութեամբ վարակենք մեր շրջապատը, մեր ապրած ընկերութիւնը մեր օրինակով ու վարքագծով:

Լսե՛նք դարձեալ Իմաստունին, որ կ՚ըսէ. «Իմաստունին սիրտը իր բերանին իմաստութիւն կու տայ ու իր շրթունքներուն գիտութիւնը կ՚աւելցնէ: Վայելուչ խօսքերը մեղրի խորիսխին պէս են, հոգիին՝ քաղցր ու ոսկորներուն բժշկութիւն են» (Առ 16.23-24):

Մանաւանդ, չմոռնանաք Յակոբոս առաքեալին ըսածը, թէ՝ «ան որ գիտէ իր խօսքերը կշռել՝ կատարեալ մարդ է, ինքզինքին իշխելու կարող» (Յկ 3.2):

Սուրբ Բարսեղ Մեծ կը պատուիրէ. «Դանդաղ եւ անփոյթ եղէք դատարկ խօսակցութիւններու մէջ, եւ իմաստուն ու գիտակ՝ Սուրբ Գիրքին փրկարար խօսքերը լսելու: Աշխարհիկ պատմութիւններ լսելը բերանիդ դառն համ թող ունենայ, իսկ սուրբերուն խօսակցութիւնը՝ մեղրախորիսխ ըլլան քեզի համար»:

Իսկ Սուրբ Կիւրեղ Մեծ կը գրէ. «Դուք, որ սորվիլ կը սիրէք ու լսել կը փափաքիք, կրկին անգամ Սուրբ Խօսքերը ընդունեցէք եւ իմաստութեան մեղրով ուրախացէք, որովհետեւ այսպէս գրուած է. “Վայելուչ խօսքերը մեղրի խորիսխին պէս են, հոգիին՝ քաղցր ու ոսկորներուն բժշկութիւն են”: Քանի որ մեղուներուն աշխատանքը շատ քաղցր է եւ բազմաթիւ առումներով մարդու հոգիին օգուտ կը բերէ, իսկ աստուածային ու փրկարար մեղրը՝ իր մէջ հաստատուողները հմուտ կը դարնձէ ամէն տեսակի բարի գործերու, ինչպէս նաեւ հոգեւոր յառաջընթացի ճանապարհները կը սորվեցնէ»:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 49

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Յուլիս 4, 2023