Հաղորդակցական Մեր Ժամանակակից Միջոցները եւ Մենք

Հայաստանի մէջ գումարուեցան «մամուլի խորհրդաժողով»ներ: Մամուլ եզրով նկատի ունիմ հաղորդակցական միջոցները ընդհանրապէս, տպագիր, ձայնասփիւռային, հեռատեսիլի եւ ի հարկին՝ համացանցի:

Ֆրանսա, Ամերիկաներ, Անգլիա, Սէուտական Արաբիա կամ այլ երկիրներ, նման խոր-հըրդաժողովներ չեն գումարուիր: Եթէ Հայաստան անոնք կը գումարուին եւ անոնց կը մասնակցին Հայաստանէն եւ սփիւռք(ներ)էն հաղորդակցական միջոցներու աշխատաւորներ, կը նշանակէ որ ըսելիք եւ ընելիք կայ, նոյնիսկ եթէ ոմանց համար այդ ժողովները հայրենասիրական զգացումի բաւարարութիւն կու տան, կամ կը վերածուին զբօսաշրջութեան:

Ընդհանրապէս մամուլը, ոչ միայն հայկական, պարտաւոր է տուրք տալ հետաքրքրութիւններու, զգայացունցի, միաժամանակ արծարծել ազգային եւ միջազգային հարցեր: Ի հարկէ, ան առաջին հերթին լրատուամիջոց է: Մամուլը, տպագիր, ձայնասփիւռային եւ հեռատեսիլի, պէտք ունի ընթերցողի, լսողի եւ դիտողի, որոնցմով կ՚արդարանայ իր գոյութիւնը: Ան պարտի բաւարարութիւն տալ հետաքրքրութիւններու եւ ակնկալութիւններու: Ան ընկերային, քաղաքական եւ քաղաքակրթական դեր ունի, կամ պէտք է ունենայ: Ան շատ դիւրաւ կրնայ խեղուիլ, ենթարկուելով տնտեսական եւ իշխանութիւններու ճնշումներուն, որոնք կ՚աղճատեն իր ազնիւ ծառայութիւն ըլլալու պարտականութիւնը եւ յառաջդիմութեան ազդակի իր դերը:

Համաշխարհային մամուլի մասին խօսիլ մեր առաջադրանքը չէ, ընդունելով հանդերձ որ ան եւ հայ մամուլը սկզբունքային նոյն նպատակին պարտին ծառայել: Հայ մամուլը իւրայատուկ առաքելութեան կոչուած է, առանց անտեսելու ընդհանրականը, բայց անկէ շատ տարբեր է: Հաստատուն եւ բնական զարգացման ընթացքի մէջ եղող երկրի մը եւ ժողովուրդի մը մամուլը ընդհանրապէս նիւթական լայն միջոցներ ունի, քանի որ ընթերցողի, լսողի եւ դիտողի զանգուած ունի: Կացութիւնը մասամբ այդպէս է Հայաստանի մէջ: Սփիւռք(ներ)ի մէջ հայ մամուլը այս կամ այն ձեւով համայնքային է, արհեստավարժ ձեւով կազմակերպուելու եւ գործելու դժուարութիւն ունի, ինք իր միջոցներով չի կրնար մատակարարուիլ:

Հայաստանի մէջ ալ մամուլը նոյն դժուարութիւը ունի, նիւթական մատակարարման անկախութեան դժուարութեան պատճառով, երբ պետական վարկերէ չ՚օգտուիր:

Այս բոլոր պատճառներուն հետեւանքով, հայկական մամուլը առաւել կամ նուազ չափող սիրողական է, ընդհանրապէս անկախ չէ:

Հայկական մամուլը, ի հարկէ, լրատուամիջոց է:

Լրատուամիջոցը կարիք ունի լրագրողի, որ կը քաղէ լուրերը, կը հետեւի լուրերուն, կ՚երթայ դէպի լուրերը: Հայկական լրատուա-միջոցներուն տուած լուրերը քաղուած են, ըստ էջը կազմողի նախասիրութիւններուն: Հազուադէպօրէն հայ լրագրողը ինք վկան է դէպքին (բացի հանդէս-հանրաժողովներու թղթակցութիւններէն), ան կ՚արձագանգէ ուրիշ տեղ հաղորդուած լուրին: Այս պատճառով ալ, անոնք կը հաղորդեն նոյն լուրերը, նոյն ձեւով խմբագրուած, որոնց վրայ երբեմն կ՚աւելնայ թերթին կամ լրագրողին կողմնորոշումը:

Նշենք նաեւ օրաթերթի եւ շաբաթաթերթի լրատուութեան տարբերութիւնը: Առաջինի պարագային լուրը որոշ չափով անմիջական է, իսկ շաբաթաթերթը չունի այդ անմիջականութիւնը, հետեւաբար լուրը «հեռագրալուր»ի ձեւէն կրնայ հեռանալ, ընդունելով մեկնաբանութիւն մը:

Այս լրատուութեան մասէն անդին, հայկական մամուլը կ՚անդրադառնայ համաշխարհային, համամարդկային, միջազգային, ընկերաքաղաքական եւ գիտական հարցերու, ընդհանրապէս մեծ լրատուամիջոցներու հունով, յաճախ թարգմանաբար կամ քաղ-ւածքներով: Հայ ընթերցողը, լսողը եւ դիտողը կը տեղեկանայ, կը հետեւի, անոնց ընթացքին վրայ ազդելու հնար չունի: Թէեւ լաւ է տեղեակ ըլլալ:

Բայց հայ մամուլը կը խօսի հայ ազգային խնդիրներու եւ հիմնահարցերու մասին: Այդ «խօսք»ը ունի տարբեր որակներ եւ երանգներ, յաճախ ենթակայական է, այդ պատճառով ալ աւելի դիւրին կը թեքի դէպի զգացականութիւն եւ ամբոխավարութիւն, քանի որ չի հիմնուիր ուսումնասիրութիւններու եւ թիւերու վրայ:

Օրին ըսուեցաւ, որ նոր դարը, պիտի յատկանշուի համաշխարհայնացումով, որ թափով ընթացքի մէջ է. տնտեսական, մշակութային, լեզուներու, բարքերու, ճարտարագիտութեան, բնակութեան, տեղափոխութիւններու, կենսաձեւի եւ արժէքներու: Համաշխարհայնացում մըն ալ տեղի կ՚ունենայ նաեւ գաղթող բնակչութիւններու թուական ճնշման տակ: Հակառակ միջազգային ժողովներու եւ խաղաղութեան կարգախօսներու, միշտ առկայ է հիւլէական աւերածութեան վտանգը, քանի որ զինանոցները կ՚աճին, կը պահուին արթուն եւ սպառնական վիճակի մէջ: Աւելցնենք պատկերի եւ համացանցի համաշխարհայնացումը, եւ կ՚ըմբռնենք կացութիւնը, զոր մէկ կամ երկու սերունդ առաջ չէին կրնար երեւակայել մարդիկ:

Պարզ է. այս խնդիրները կախում չունին մէկ կամ միւս ժողովուրդէն, համամարդկային են, կախում ունին անոնցմէ՝ որոնք կը տիրապետեն գիտական եւ նիւթական լայն միջոցներու: Փոքր ժողովուրդները, այդ միջոցները չունին, անոնք ճակատագրապաշտի վերաբերումով չեն կրնար բաւարարուիլ, այլապէս կը հարթուին ժամանակի թաւալող գլանին տակ: Մեր ժողովուրդն ալ այլընտրանք չունի, հոսանքին մէջ կը գտնուի, բայց ինքնիրեն չարիք կը գործէ եթէ չմտածէ եւ չգործէ այնպէս, որ իր ազգային, մարդկային, մշակութային, ինքնութեան եւ բարոյական արժէքները պաշտպանուին, հակառակ գործնապաշտներու եւ եսապաշտներու նահանջականութեան եւ խարխափումներուն:

Հայ մամուլը իսկական հաղորդակցութեան մէջ պէտք է ըլլայ ժողովուրդին հետ, ոչ միայն անոր մէկ մասին հետ՝ զարգացնելով հատուածականութիւն: Իրողութիւն է, որ հայկական մամուլը լայն զանգուածներուն չի հասնիր: Իսկ տպագիր հայերէնով մամուլը, համատեղ, հայ անհատներու չնչին տոկոսին կը հասնի միայն: Հետեւաբար, արծարծուած խնդիրներուն եւ ընդհանրական մտահոգութիւններուն անհաղորդ կը մնան զանգուածները: Հաղորդակցական արդի միջոցները բազմազան են եւ անոնցմէ անհրաժեշտ չափով չ՚օգտուիր հայ մամուլը: Այս հարցը կը կարօտի ուսումնասիրութեան եւ օգտուելու համար՝ մարդկային եւ նիւթական ներդրումներու:

Կայ նաեւ յստակացման կարօտ ուրիշ խնդիր մը: Հաղորդակցութիւն հաստատելէ առաջ պէտք է գիտնալ, թէ ինչո՞ւ կ՚ուզենք հաղորդակցիլ, ի՞նչ կ՚ուզենք փոխանցել եւ ինչո՞ւ: Իսկ հաղորդակցութեան թիրախը պէտք է ըլլայ իւրաքանչիւր հայ, մանաւանդ սփիւռք(ներ)ի պարագային, երբ տարածքային նոյնութիւն չկայ, երբ ազգային ինքնութիւնը կը նուազի, միացնող իտէալը կը բացակայի, հակառակ յաճախ սրտապնդելու կոչուած ճառերու: Ինքնախաբէութեամբ պէտք չէ օրօրուիլ, դիտելով փոքրամասնութիւնները:

Հարցեր կան: Հաղորդակցական միջոցներու գործածութեան նպատակի կողքին, հարկ է տիրապետել նաեւ անոնց գործածութեան «գիտութեան», գրաւորի, խօսքի եւ պատկերի, գիտութիւն՝ որ կարեւոր է ֆրանսացիին, քիւրտին, ամերիկացիին եւ ուրիշներու համար, նաեւ՝ հայուն: Պէտք է ճշդել, թէ մենք համայն աշխարհի մեծ ու պզտիկ բոլոր հարցերով զբաղելու ոչ միջոցները ունինք եւ ոչ ալ կարողութիւնը: Չորս էջով լոյս տեսնող հայկական թերթը, իր անձնակազմով, քսան, երեսուն եւ կամ աւելի էջերով լոյս տեսնող ֆրանսական, անգլիական կամ ամերիկեան թերթին յաւակնութիւնները չունի: Հետեւաբար, հայ մամուլը առաւելաբար «մեր կացութեան» բեմը պիտի ըլլայ:

Հայկական մամուլը, ան ըլլայ անհատական թէ կազմակերպութեան մը նախաձեռնութիւնը, որպէս թիրախ պիտի ունենայ հայ համարուած խմբաւորում(ներ)ը, ոչ խմբակները: Եթէ կ՚ուզենք հասնիլ «միջազգային» հանրութեան, ըստ այնմ պէտք է կազմակերպել մեր հաղորդակցութիւնը, ինչ որ կարելի չէ հայերէն կամ օտարալեզու հայկական մամուլով, նկատի ունենալով անոնց տարածման չափը եւ որակը մեր միջավայրէն դուրս:

Ներազգային հաղորդակցութիւնը յաջողելու համար կարիք ունի որակի, որպէս բովանդակութիւն եւ մշակում: Խօսիլ ներազգային հաղորդակցութեան մասին նեղմտութիւն եւ կղզիացում չէ, այլ անոր յստակացումը, մշակումը, ըմբռնելիութեան զարգացումը ազգային արժէքներու, փոխանցումը հեռանկարներու, միշտ շեշտելով այն ողջմիտ միտքը, որ պէտք է հասնիլ իւրաքանչիւրին իր յարկին տակ, ինչ որ չենք յաջողած ընել:

Ինչո՞ւ դադրած ենք առանց ճապկումներու ըսելէ, որ ներազգային կեանքի մէջ եւ իսկական վերականգնումի համար նախապայման են ազգային լեզուն եւ մշակոյթը, ներազգային հաղորդակցութիւնը անոնց վրայ պէտք է հիմնուի: Փորձը ցոյց կու տայ, որ անոնցմէ հեռացումը ուծացման սպառնալիք է, հակառակ մարդորսական հաճոյակատարական խօսքերու, ճապաղելով տեղականի եւ տեղայնականի մէջ:

«Ազգային»ի նօսրացումը եւ անոր սա կամ նա ձեւով արդարացումները երբեք օգտակար չեն եղած, պիտի չըլլան, կը ծառայեն նահանջներու դառնութիւնը ջնարակելու: Անհեթեթութիւն՝ որ ոչ քաղաքականութիւն է, ոչ ալ հայապահպանում, այլ պարզապէս անբովանդակ երեւելիապաշտութիւն, «էսթէպլիշմընթ»ի ախտ:

Հայ մամուլի պարագային մեծ կարեւորութիւն ունի հրապարակագրութիւնը. տեսակէտներու արտայայտութիւնը, ի հարկին անոնց բախումը եւ քննադատութիւնը, որոնք կը լուսաբանեն, կ՚առաջնորդեն, կը խեղաթիւրեն, ըստ պահու, դէպքերու եւ կացութիւններու:

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Ուրբաթ, Օգոստոս 4, 2017