«ՈՒՍՈՒՄՆ ՊԱՐՏՈՒՑ»

ՉՈՐՐՈՐԴ ՊԱՏՈՒԻՐԱՆ

Միաբանական աստուածպաշտութիւնը իւրաքանչիւր անհատի վրայ կ՚ազդէ, հաւատքի մէջ յառաջդիմելու եւ կրօնական ճանաչողութիւնը լուսաւորելու: [Այլեւ] բարեպաշտութեան եւ մարդասիրութեան զգացմունքը կը զօրացնէ, եղբայրը եղբօր կը մօտեցնէ, գործած մեղքերը զղջալու կ՚առաջնորդէ, յոյսով կը մխիթարէ, հաւատքով կը քաջալերէ, եւ այսպէսով կը բազմապատկէ բոլորին եռանդը, երբ միասնաբար Աստուծոյ խօսքը կը լսեն, որով միացած է զօրութիւնը՝ քաղցրութեան հետ եւ երկնաւոր օրհնութիւնը՝ երկրաւոր փառաբանութեան հետ: Ուստի, իւրաքանչիւր քրիստոնեայ անհատ, Դաւիթ մարգարէին հետ միասին կրնայ ըսել. «Ուրախացայ, երբ ինծի ըսին. «Տիրոջ տունը երթանք»» (Սղ 122.1): Այսպէս կը մտածեն բոլոր աստուածապաշտ մարդիկը, որոնք միաբանական աղօթքի քաղցրութիւնը կը զգան:

Եթէ կը փափաքինք մեր Եկեղեցի երթալէն մեծ օգուտ քաղել, [արդարեւ] պարտաւոր ենք երթալէն առաջ մտածել Աստուծոյ էութեան մասին, մեր Անկէ կատարեալ կախուածութեան մասին, Անոր ողորմութեան մասին, որուն կարօտ ենք, եւ ընդհանրապէս բոլոր բաներու մասին, որ Աստուած մեզմէ կը պահանջէ: Այսպիսի պարտաւորութիւնը կ՚օգնէ մեզի ջերմ զգացումներով Աստուծոյ վայել պաշտամունք մատուցել Անոր: Տակաւին, Եկեղեցիէն ներս պէտք է խոր յարգանքով, ուշադրութեամբ, հեզութեամբ եւ ջերմեռանդ ցանկութեամբ ըլլանք, Աստուծոյ խօսքը մեր սիրտին մէջ ընդունելով եւ անմիջապէս գործադրելով. «Հետեւաբար ձեզմէ թօթափեցէ՛ք ամէն աղտոտ սովորութիւն ու չար ցանկութիւն, եւ հեզութեամբ ընդունեցէք ձեր մէջ սերմանուած Աստուծոյ խօսքը, որ կրնայ ձեր հոգիները փրկել: Այդ պատուիրանները լսելով մի՛ գոհանաք, այլ՝ կատարեցէ՛ք զանոնք. այլապէս դուք ձեզ խաբած կ՚ըլլաք: Որովհետեւ ով որ պարզապէս կը լսէ պատուիրանը, բայց չի կատարեր, կը նմանի անոր՝ որ ուշադրութեամբ ինքզինք կը դիտէ հայելիին մէջ. հազիւ հայելիէն հեռացած՝ ա՛լ չի տեսներ ինքզինք եւ կը մոռնայ իր ինչպէս ըլլալը» (Յկ 1.21-24):

Իսկ Եկեղեցիէն դուրս գալէն ետք, պարտաւոր ենք մտածել մեր լսած կենսատու խօսքերուն մասին, մեր Փրկիչին անմահ Պատարագի մասին: Պարտաւոր ենք մեր անձերուն ուղղել Աստուծոյ խօսքը կամ քարոզը, որ ընդհանուրին համար կը խօսուի: Պարտաւոր ենք մեր գործերը համեմատել քարոզուած առաքինութիւններուն կամ մոլորութիւններուն հետ: Պարտաւոր ենք աղօթել, որպէսզի Աստուած մեզի կարողութիւն եւ զօրութիւն տայ՝ ընդունելու եւ գործադրելու Իր խօսքը, որ կարողութիւն ունի մեր հոգին փրկելու: Այս պարտաւորութիւններուն ուշադրութիւն չդարձնել, կը նշանակէ ճշմարիտ աստուածպաշտութենէն զրկուիլ եւ Աստուծոյ խօսքերէն չօգտուիլ՝ մեր հոգիին փրկութեան համար: Կը նշանակէ, աստուածպաշտութեան նպատակէն եւ անոր երջանիկ ազդեցութենէն հեռանալ:

Քրիստոնեաները բացի կիրակիէն, ունին յատուկ տօներ եւս: Այս տօները սակայն, այնպէս պէտք է ըլլան, որ արգելք չհանդիսանան ժողովուրդի գործունէութեան: Քրիստոնեաներու ընդհանուր տօները, որոնք Տէրունական կը կոչուին՝ մեր Փրկիչին վերաբերելուն համար: Այդ տօները գլխաւորաբար հետեւեալներն են. Ծնունդ եւ Յայտնութիւն Քրիստոսի, Մկրտութիւն, Չարչարանք, Յարութիւն, եւ այլն: Այս տօները սահմանուած են այն նպատակով, որ մենք յիշենք եւ մտաբերենք այն տնօրինական անցուդարձները, որոնք քրիստոնէական մեր հաւատքի ու յոյսի հիմերն են: Տակաւի՛ն, ազգային կամ մասնաւոր եկեղեցիներ սուրբերու յատուկ տօներ ունին, որոնք կը յիշեցնեն մեզի առաքինի մարդոց [վարքն ու բարքը], որոնք իրենց հաւատքին սիրոյն՝ կեանքով եւ մահով՝ պահած, տարածած եւ պաշտպանած են քրիստոնէութիւնը իւրաքանչիւր ազգի մէջ, եւ Եկեղեցին անոնց տօնախմբութիւնը կատարելով, անոնց փառաւոր արարքը կը յիշեցնէ՝ օրինակ ծառայելու համար հաւատացեալներուն:

Ինչ կը վերաբերի աստուածպաշտութեան միւս մասերուն, պարտաւոր ենք իմանալ, որ բոլորն ալ մտադրութեան արժանի են, ինչպիսիքն են՝ աղօթք, Աստուծոյ խօսքը կարդալ, եկեղեցական խորհուրդներու, շարականներ, մաթանք, քարոզ, եւ այլն: Ան որ միայն եկեղեցւոյ մէջ քարոզին նշանակութիւն կու տայ, շատ կը սխալի, որովհետեւ քարոզը մեր միտքը եւ երեւակայութիւնը գոհացնելու համար միայն չէ՛, այլ՝ ջերմեռանդ ցանկութեամբ կատարելու եւ Աստուծոյ մօտենալու:

Ան որ մարդու խօսքը Աստուծոյ խօսքէն նախապատիւ կը համարէ, այդպիսին հրապարակային աստուածպաշտութիւնը՝ լոկ զուարճութեան տեսարան մը կը կարծէ: Ինչպէս Աստուծոյ խօսքը, նոյնպէս եւ քարոզը, եկեղեցւոյ մէջ պէտք է իր պատշաճ տեղն ու նշանակութիւնը ունենայ: ԶԱստուած պէտք է հեզ սիրտով եւ խոնարհութեամբ պաշտել: Ժողովուրդին հասկնալի լեզուով պէտք է քարոզ խօսիլ, առանց որու՝ ինչպէս Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ, մեր խօսքը անիմաստ կ՚ըլլայ. «Ճիշդ այպէս ալ, եթէ դուք լեզուով հասկնալի չդարձնէք խօսքը, ինչպէ՞ս պիտի հասկցուին խօսուածները: Այլապէս՝ օդին խօսած պիտի ըլլաք» (Ա.Կր 14.9):

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՊԱՐՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՄԱՐԴՈՒՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ

Մեր պարտաւորութիւնները կամ պարտքերը երկու տեսակի կը բաժնուի. ընդհանուր, որ պարտաւոր ենք բոլոր մարդոց նկատմամբ կատարել, եւ՝ յատուկ, որ մի քանի մարդոց հետ մեր ունեցած կապին կը վերաբերի:

Ընդհանուր պարտաւորութիւնները [իրենց կարգին], երկուքի [կը բաժնուին]. Արդարութիւն եւ Սէր: Արդարութիւն բառը Ս. Գիրքին մէջ մի քանի տեղ ուղղութիւն եւ բարեհոգութիւն կը նշանակէ: Այս քրիստոնէական առաքինութիւններուն զարդը փրկուածներուն մօտ կը գտնուի, որոնք ամենայն ջերմեռանդութեամբ կ՚աշխատին իրենց անձը սուրբ պահել, եւ այսպիսի մարդիկն է, որ Ս. Գիրքը Արդար կ՚անուանէ: Իսկ արդարութիւն բառը երբեմն բարի սովորութիւն կը նշանակէ, որով մարդոց նկատամամբ ունեցած մեր բոլոր պարտաւորութիւնները կը կատարենք. այս վերաբերմունքը արդարութեամբ ապրիլ կ՚անուանուի. «Այդ շնորհքը մեզ կը մղէ որ անհաւատ կենցաղէ եւ աշխարհիկ ցանկութիւններէ հեռանանք, զգաստութեամբ [արդարութեամբ] ու բարեպեշտութեամբ ապրինք այս աշխարհի մէջ» (Տիտ 2.12). այստեղ արդարութեամբ բառով պարտինք հասկնալ այն առաքինութիւնը, որով պարտաւոր ենք բոլորին հատուցել՝ ինչ որ պարտաւոր ենք եւ ո՛չ ոք զրկենք կեանքէ, գոյքէ եւ ո՛չ ալ պատիւէ:

Մարդը պարտաւոր է արդար ըլլալ, որովհետեւ Աստուծոյ օրէնքը ամենէն ճիշդ կերպով կը պահանջէ այս պարտաւորութիւնը, ինչպէս եւ Տասնաբանեայ պատգամներուն երկրորդ տախտակը ընդհանրապէս արդարութեան վրայ հիմնուած է, որով պարտինք հատուցել մեր ընկերոջ ամէն տեսակի օգուտ եւ երբեք վնաս չպատճառել անոր: Պօղոս առաքեալ յստակ կերպով կը պատուիրէ. «Հետեւաբար, անոցնմէ իւրաքանչիւրին հանդէպ ձեր պարտաւորութիւնը կատարեցէք» (Հռ 13.7): Ան նաեւ կը յայտնէ, որ անիրաւները չե՛ն կրնար Երկինքի Արքայութիւնը ժառանգել. «Միթէ չէ՞ք գիտեր, որ անիրաւութիւն ընողները Աստուծոյ Արքայութիւնը պիտի չժառանգեն» (Ա.Կր 6.9): Այս պատճառով ալ, անիրաւներու աչքին զԱստուած որպէս վրէժխնդիր կը ներկայացնէ. «Չըլլա՛յ որ մէկը եղբօր մը դէմ մեղանչէ՝ անոր կինը յափշտակելով, որովհետեւ այդ բոլորին համար Տէրը Իր դատաստանին մէջ անողոք պիտի ըլլայ, ինչպէս սկիզբէն ըսինք ձեզի եւ ազդարարեցինք» (Ա.Թս 4.6):

Մարդկային միաբանութիւնը կամ ընկերութիւնը չի՛ կրնար յարատեւել, եթէ աստուածային պատուիրանները չկատարէ եւ եթէ միաբանութեան անդամները իրարու վնաս պատճառեն եւ իրենցմէ պահանջուած պարտքը՝ պարտաւորութիւնը չհատուցեն: Կարգի հիմքն ու միաբանութեան կապը արդարութի՛ւնն է: Ա՛ն է միաբանութեան առաջին հիմքը, առանց որուն միւս բոլոր առաքինութիւնները լոկ ստուերներ են. օրինակի համար, առանց արդարութեան՝ բարերարութիւնը մի՛ միայն կեղծաւորութիւն կ՚ըլլայ, եթէ զրկուածութենէ առաջացած է՝ չտալով ուրիշներուն իրենց պատկանող վարձքը: Արդարութիւնը պէտք է ուղղութեան հետ կապուած ըլլայ, այսինքն՝ մարդոցմէ միշտ չպահանջել այն բանը, ինչ որ քաղաքական օրէնքները եւ արդարութիւնը իրաւունք կու տան պահանջելու: Բազմաթիւ դիպուածներ կան, որ մենք պէտք չէ մեր իրաւունքը ի գործ դնենք, որովհետեւ գիտենք, թէ մարդկային օրէնքները անկատար են եւ բոլոր պատահումներուն համար նախատեսութիւն չունին: Անոնք միայն մեծամեծ անիրաւութիւններէ կը զգուշացնեն, եւ շատ անգամ կրնայ զրկուածութիւն յառաջ գալ, եթէ մենք խստութեամբ գործ դնենք մեր ընկերոջ նկատմամբ՝ մեզի տրուած իրաւունքները: Այս հիման վրայ ըսուած է լատինական այս ճշմարիտ առածը. «Սումում իուս, սումմա ինիուրիա», այսինքն՝ «Խիստ իրաւունքը՝ խիստ անիրաւութիւն է»: Աւետարանը մեր մէջ բացարձակապէս կ՚արթնցնէ այս ուղղութեան հոգին, մեր սիրտը այնպիսի զգացումներով կը շարժէ, որ դադրեցնենք մեր իրաւունքը, ինչպէս՝ Ս. Գիրքին մէջ օրինակ տրուած է Աբրահամի եւ Ղովտի բաժանումը: Ահաւասիկ ուղղութեան ա՛յս հոգին է, որ շատ անգամ թոյլ չի՛ տար մեզի մարդոցմէ պահանջել՝ ինչ որ մարդկային օրէնքները թոյլ կու տան պահանջելու. «Աբրահամ ըսաւ Ղովտին. «Կ՚աղաչեմ քեզի, իմ ու քու մէջտեղ եւ իմ հովիւներուս ու քու հովիւներուդ մէջտեղ վէճ թող չըլլայ, որովհետեւ եղբայր ենք: Բոլոր երկիրը քու առջեւդ չէ՞. կ՚աղաչեմ, զատուէ ինձմէ. եթէ դուն ձախ կողմը երթաս, ես աջ կողմը կ՚երթամ եւ եթէ աջ կողմը երթաս, ես ձախ կողմը կ՚երթամ»» (Ծն 13.8-9). «Բայց արդէն իսկ ձեզի համար յանցանք է իրարու դէմ դատ ունենալը։ Աւելի լաւ պիտի ըլլար, որ յանձն առնէիք անիրաւուիլ կամ զրկանք կրել» (Ա.Կր 6.7):

Քրիստոս Իր աշակերտներուն այս արդարութեան եւ ուղղութեան կանոնը տուաւ, որ կը վերաբերի մեր մարդոց նկատմամբ ունեցած բոլոր պարտաւորութիւններուն: Արդարութեան այս կանոնը պարզ է եւ դիւրաւ գործադրելի. «Ինչ որ կ՚ուզէք որ մարդիկ ընեն ձեզի, նոյնը ըրէք դուք անոնց. այս սկզբունքը իր մէջ կը խտացնէ օրէնքն ու մարգարէներու ուսուցումները» (Մտ 7.12). այսինքն՝ մարդոց կամեցէք ո՛չ թէ այն, ինչ որ ձեր կիրքը կամենալ կու տայ, այլ այն՝ ինչ որ արդար եւ ուղիղ է. «Ըրէ՛ք այն, ինչ որ կ՚ուզէք որ մարդիկ ձեզի ընեն»: Հեթանոսներուն մէջ եւս այս կանոնը կը տեսնուէր, սակայն կրճատուած եւ արգելական ձեւով, որովհետեւ հեթանոսները կ՚ըսէին. «Ուրիշներուն համար մի՛ ցանկաք եւ ընէ՛ք այն, ինչ որ չէ՛ք ցանկար, որ ուրիշները ընեն»:

ՎԱ­ՐԱՆԴ ՔՈՐԹ­ՄՈ­ՍԵԱՆ

•շար. 8

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 4, 2018