ՊԻՏԻ ԴԱՒԱՃԱՆԵ՛Մ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՍ (ԶԱՌԱՆՑԱՆՔ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՎԱԽԻ ՄԱՍԻՆ)
ՇՆՉԵԼ ԵՒ ԱՐՏԱՇՆՉԵԼ
Արաբ քաղաքացիին վրայ օր մը չ՚անցնիր, առանց լուրեր ստանալու այսինչ երկրէն, կամ այսինչ հանդիպած է այսինչին եւ անոր հետ կարեւոր զրոյց ունեցած է, սակայն հանրութեան չէ՛ բացայայտուած զրոյցի մասին:
Կամ այսինչ կողմը այնինչ կողմին հետ հանդիպած է, որու հետ խոր քննարկումներ ունեցած է, սակայն չէ՛ բացայայտուած այդ քննարկումներու մասին ոչինչ:
Կամ այինչնը այնինչին հետ հեռախօսային շտապ զրոյց ունեցած է, սակայն այդ խօսակցութեան մասին ոչինչ բացայայտուած է:
Բնականաբար, այս ամբողջ գաղտանապահութիւնը եւ ուշադրութիւնը՝ քննարկուած նիւթերու կարեւորութեան եւ անմիջականութեան համար է: Զարմանալին այն է սակայն, որ հակառակ այսքան գաղտնապահութեան կատարուած զրոյցներուն, ժողովներուն եւ անձնական հեռախօսազրոյցներուն, արաբական հողերը բոլորին առջեւ բաց է, ինչպէս սթրիփթիզի (Striptease) պարուհին:
Տակաւին, ազգային, պատմական ու կրօնական ո՛չ մէկ առիթ կ՚անցնի, առանց որ այս պետութիւնը հաստատէ, թէ իր քաղաքական ուղեգիծը յստակ է, ազգային ուղեգիծը յստակ է, տնտեսական ուղեգիծը յստակ է: Այս բոլորով հանդերձ, նոյնինքն Փիքասոն չի՛ գիտեր արաբական երկիրներէն ներս ճամբաները ի՛նչ գիծերով կ՚ընթանան:
Առիթով կամ առանց առիթի, ճառախօսները եւ արաբական կամ միջազգային ամպիոններու վրայ հաւաքուածները կը շտապեն յիշեցնելու ժողովուրդին, թէ բոլոր համագումարները, համաձայնագրերը եւ յանձնարարականները, որոնք կ՚որոշուին եւ յայտարարութիւնները, որոնք կը հրապարակուին իր շահին ու զինք կանոնաւորելուն համար է, որովհետեւ արաբները միջազգային գետնի վրայ ազդեցիկ ուժի վերածուած են, եւ աշխարհը սկսած է հազար անգամ հաշուի առնել զանոնք՝ նախքան որեւէ մէկ քայլ կատարելէ տարածաշրջանէն ներս, կամ ընդհանրապէս:
Օրերուն եւ յաջորդական համաժողովներուն ու յանձնարարականներուն անցնելով, արաբ քաղաքացին կը յայտնաբերէ, թէ յայտարարութիւններուն հաստատումները, որ ամէն բան իր շահին համար է, ուրիշ բան չեն քան վաճառականին պնդումները յաճախորդին, թէ խանութը խանութդ է:
Տակաւին, ի վերջոյ, արաբները այսքան տարիներ Արեւելք եւ Արեւմուտք, Հարաւ եւ Հիւսիս ճամբորդելէ ետք, ինչպէս նաեւ բոլոր համագումարներուն մասնակցելէ ետք եւ կանգնելէ ետք բոլոր ժողովուրդներուն հետ, բոլոր երկիրներուն եւ ցամաքամասերուն մէջ, այս բոլորով հանդերձ ո՛չ մէկ հաշիւ ունին աշխարհի մէջ, բացի դրամատուներէն ներս:
Սակայն, այն ինչ որ ամանէն շատը կը ցաւցնէ արաբ քաղաքացիին այն է՝ յամառօրէն բոլոր համաձայնագրերը, քննարկումները, ցոյցերը, հակառակութիւններն ու հաշտութիւնները՝ որոնք կատարուած են եւ կը կատարուին տարածաշրջանէն ներս՝ իր անունին եւ իր համաձայնութեան կապելն է. ժողովուրդը որոշեց. ժողովուրդը մերժեց. ժողովուրդը կը հաստատէ. ժողովուրդը կը զգուշացնէ:
Եւ ես, որպէս արաբ քաղաքացի մը այս ժողովուրդէն ու այս հայրենիքէն, որ կ՚երկարի ովկիանոսէն մինչեւ ծոց, յարգելով միջազգային բոլոր համաձայնագրերն ու ընդունուած կարգերը, ինչպէս նաեւ յարգելով բոլոր քննարկումները, ուսումնասիրութիւնները, երկխօսութիւնները, հաշտութիւններն ու հակառակութիւնները՝ որոնք կատարուած են ու տակաւին կը կատարուին արաբական հրապարակին վրայ, յիշեցումի եւ ո՛չ թէ զգուշացումի կարգով կ՚ըսեմ, թէ չեմ յիշեր կեանքիս մէջ որ բանակցութիւններու սեղան նստած ըլլամ կամ մասնակցած ըլլամ յանձնարարական մը կամ յայտարարութիւն մը պատրաստելուն: Տակաւին, քաղաքական կեանքիս սկիզբէն, այսինքն՝ յիսունականներէն մինչեւ հիմա, Թիթոյի1 գլուխէն բացի բան չեմ տեսած՝ երբ ան կը հեռանար տարածաշրջանէն, եւ Կրոմիքոյի2 կօշիկը՝ երբ ան տարածաշրջան կու գար:
Տակաւին. այսինչ պետութիւնը պաղեստինեան յեղափոխութեան հետ է, սակայն առանց «Ֆաթհ» շարժումին:
Այնինչ պետութիւն «Ֆաթհ» շարժումին եւ պաղեստինեան յեղափոխութեան հետ է, սակայն առանց ֆիտայական գործողութիւններու:
Ուրիշ պետութիւն մը կողմնակից է զէնքի գործածութեան, ֆիտայական գործողութիւններուն, պաղեստինեան յեղափոխութեան եւ Ռեկընի նախագիծին:
Ուրիշ պետութիւն մը դէմ է ֆիտայական գործողութիւններուն, քաղաքական գործողութիւններուն, Ֆասի գագաթաժողովին եւ Ռեկընի նախագիծին: Դէմ է աջակողմեաններուն եւ ձախակողմեաններուն: Ինչպէս նաեւ տարածաշրջանէն ներս ամէն բանի դէմ է, սակայն կ՚ուզէ, որ տարածաշրջանէն ներս ամէն ինչ ի՛նք որոշէ:
Եւ բարձրացուր գլուխդ ո՜վ արաբ եղբայր, ու կը գտնես Ուաքս տիպի հազար հատ օդանաւ, որ կը սպասեն քեզի՝ եթէ այս կատարելագործուած մարտավարութիւնը չհաւնեցար՝ թշնամիները վռնտելու եւ վերատիրանալու բռնաբարուած իրաւունքին:
Իսկ երբ այս կամ այն երկրին մէջ պատասխանատուի մը գլուխին մէջ քաջութիւնը յանկարծ կ՚արթննայ, եւ իր հրաժարականը կը ներկայացնէ պատճառաբանելով տիրող իրավիճակը, իր պետութիւնը անմիջապէս հազար պատասխանատու կը գտնէ, որ զինք փոխարինեն, դեռ մելանը չչորցած անոր հրաժարականի դիմումին վրայ: Իսկ եթէ գրող մը դադրի գրելէ, ապա պիտի գտնես հազար գրող, որոնք անոր տեղը կ՚առնեն ու կը շարունակեն յօդուածը կամ խմբագրականը՝ որ ան սկսած էր, առանց գիտնալու անոր բովանդակութիւնը: Տակաւին, նոյնիսկ եթէ երգիչ մը անձնասպան եղաւ կամ բացակայեցաւ համերգէ մը, առիթով մը կամ բողոքելով որոշ կեցուածքի մը դէմ, ապա իշխանութիւնը քսան երգիչ պիտի գտնէ, որոնք զինք կը փոխարինեն: Եթէ կարիք ըլլայ անոր նախարարները նոյնիսկ պիտի երգեն անոր փոխարէն:
Իսկ երբ արաբ քաղաքացին կը մերկանայ որեւէ մէկ զգացական ժամանակաւոր ապրումէ կամ անցողիկ յոյզերէ որոշ երեւոյթներու հանդէպ, ուզէ կամ չուզէ ինքզինք երկընտրանքի պայքարի մը առջեւ կը գտնէ՝ աջակողմեաններուն կամ ձախակողմեաններուն միջեւ՝ այս տարածաշրջանէն ներս, որով պէտք է որոշում կայացնէ ու ընտրութիւն կատարէ:
Սակայն, իր ամբողջ օրը եւ գիշերուան մեծ մասը այսինչ կողմին թերթերը, յայտարարութիւնները, ասոյթներն ու գործերուն մասին կարդալով եւ զանոնք միւս կողմինին թերթերուն, յայտարարութիւններուն եւ ասոյթներուն հետ բաղդատէ, եւ երբ կու գայ այն պահը, երբ ի վերջոյ իր որոշումը պիտի յստակեցնէ, գիշերուան ուշ ժամերուն պարուհի մը կ՚ելլէ իր դիմացը եւ մէկ երկվայրկեանի մը ընթացքին յիսուն անգամ իր յետոյքը կը շարժէ՝ մէյ մը աջ եւ մէյ մը ձախ:
Եկուր այլեւս եւ իրադարձութիւններուն հետեւէ եւ յստակ որոշում կայացուր:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 35
Վաղարշապատ
1 Ճոսիպ Պրոզ Թիթօ (7 մայիս 1892-4 մայիս 1980). Հարաւսլաւացի համայնավար յեղափոխական, պետական գործիչ, մարշալ: 1953-1980 թուականներուն Հարաւսլաւիայի սոցիալիստական ֆետերաթիւ հանրապետութեան նախագահը եղած է: Ան միջազգային համբաւ ստացած է, երբ Պաղ պատերազմի տարիներուն Նեհրուի եւ Ճամալ Ապըտ ալ-Նասէրի հետ միասին հիմնած են Չմիացած երկիրներու շարժումը (Non-Aligned Movement, NAM):
2 Անտրէ Կրոմիքօ (5 յուլիս 1909-2 յուլիս 1989) խորհրդային պետական եւ կուսակցական գործիչ: Դիւանագէտ: 1957-1985 թուականներուն ԽՍՀՄ-ի արտաքին գործերու նախարարը եղած է: 1956-ին Տնտնեսական գիտութիւններու տոքթորի վկայական ստացած է: