ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆ (ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ՑՈՒՑՈՒՄ)
Է.
ՍԻՖԻԼԻՍ ԵՒ ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆ
Սիֆիլիսով վարակուելու ձեւերը: Սիֆիլիսի արտայայտութիւնները. անոր խաղացած դերը ամուսնութեան մէջ: Հիւանդին սպառնացող վտանգը: Ընտանիքին սպառնացող վտանգը: Սիֆիլիսի ազդեցութիւնը ժառանգներուն վրայ (վիժում, երեխաներու մահացում): Ժառանգական սիֆիլիսի արատաւոր երեւոյթները: Վատասեռումը եւ անոր նշանները: Սիֆիլիսի ազդեցութիւնը երկրորդ սերունդին վրայ: Սիֆիլիս ունեցողը կրնա՞յ ամուսնանալ, եւ ի՞նչ պայմաններու մէջ: Ֆուրնիէի հինգ պայմանները: Սիֆիլիսը բուժելի հիւանդութիւն է: Բժշկութեան փրկարար ազդեցութիւնը: Բժիշկին դերը ամուսնութեան խնդիրին մէջ:
Ժառանգական սիֆիլիսը վատուժ, կծկուած, նիհար, մանր երեխաներ կ՚արտադրէ, որոնք այնքան տկար են, որ նոյնիսկ ճչալու եւ ծծելու անընդունակ են: Ասոնք դէմքով նորածին ծերունիներ են, ամբողջ կազմուածքին սպառումով, եւ անոնց օրերը հաշուուած են: Երեխան կամ գրեթէ առողջ կը ծնի, բայց իր հետ տրամադրութիւն կը բերէ դէպի ամէն տեսակ հիւանդութիւններ, զրկուած ըլլալով կենսականութենէն ու դիմացկոտութենէն: Ասոնք ընդհանրապէս նրբակազմ կ՚ըլլան, քիչ զարգացած մկաններով, չափազանց դիւրին կը տկարանան ու կը հիւանդանան: Ասոնց փուխր կազմուածքը նոյնիսկ թեթեւ հիւանդութիւններու չի՛ դիմանար:
Զարմանալիօրէն անոնց մէջ յաճախ կը նկատուի րախիտիզմ [rickets] (ոսկորներու անկանոն զարգացում եւ հիւանդոտ կազմ), որ մեծ եւ ուռուցիկ (bosselé) գլուխով, կոր եւ ծռմռած ողնաշարով, նմանատիպ կոնքով կ՚արտայայտուի:
Շատերը երկար կ՚ապրին, միշտ տեսակ մը դեռահաս դրութեան մէջ մնալով. անոնց ֆիզիքական զարգացումը չի՛ յառաջանար. միշտ փոքրահասակ, կծկուած կը մնան, ձեռքերն ու ոտքերը տկար եւ բարակ, յաւիտեան երեխայ:
Ժառանգական սիֆիլիսէն յառաջացած արատաւորութիւնները բազմաթիւ ուրիշ ձեւեր կ՚ընդունին:
Քանի՜-քանի ողորմելի թուլամիտներ, ջղախտութենէ տառապողներ [neuropathy], հիստերիկներ, մոլիներ, ապուշներ, ընկնաւորներ, կոյրեր եւ խուլ ու համրեր, գաճաճներ եւ խուլախտաւորներ, բարակացաւոտներ եւ թոքախտաւորներ, իրենց անբախտութեան համար ծնողներուն պարտական են: Ասոնք հազարներով, տասն հազարներով իրենց չարքաշ կեանքը քարշ կու տան, միշտ ուրիշներէն աւելի ցած մնալով. աւելի ստոր թէ՛ ֆիզիքապէս եւ թէ՛ բարոյապէս, աւելի դժբախտ ճակատագիրի ուժով, անընդունակ կեանքի կռուի, հազիւ վստահութիւն ձեռք բերելով ապրելու ցանկութիւն իսկ յայտնելու, իրենց հրէշութենէն, իրենց հսկայ գլուխէն, որ իրենց լղար [նիհար] վիզը հազիւ կը կարենայ իր վրայ կրել, ինչպէս նաեւ կուզացած մէջքէն ա-մըչնալով, ընկճուած եւ տրորուած զօրաւորներու ոտքերուն տակ:
Այս բոլորը տեսութիւններ չեն, այլ՝ կեանքէն առնուած են:
Ահաւասիկ հարիւրներու մէջէն օրինակ մը. դէպք պրն. Տարնովսկիին:
27 տարեկան մարդ մը սիֆիլիս կը ստանայ եւ հակառակ ատոր վեց տարի ետք կ՚ամուսնանայ, գրեթէ առանց բժշկուելու: Կինը առողջ կը մնայ, եւ 11 անգամ կը յղիանայ:
1-ին յղիութիւն. երեխան կարկամումներ ունի, 11 ամսականին ուղեղի բորբոքումէն կը մեռնի:
2-րդ յղիութիւն. երեխան ողջ է, սակայն ընկնաւոր:
3-րդ յղիութիւն. երեխան շատ դանդաղ կ՚աճի, միջակ խելքի տէր աղջնակ մըն է. 18 տարեկանին կ՚ամուսնանայ եւ երկու զաւակ կը ծնի, որոնք երկուքն ալ շուտով կը մեռնին. մէկը կարկամումներէն, միւսը՝ գլուխի ջրգողութենէն:
4-րդ յղիութիւն. երեխան հիստերիկ եւ րախիտիկ է:
5-րդ յղիութիւն. երեխան մինչեւ հիմա առողջ է:
6-րդ յղիութիւն. երեխան շատ դանդաղ կ՚աճի. 12 տարեկան հազիւ կը կարողանայ գրել-կարդալ սորվիլ. երեխանման կը մնայ: 19 տարեկանին՝ ինքնասպանութիւն:
7-րդ յղիութիւն. երեխան 22 ամսականին ուղեղի բորբոքումէն կը մեռնի:
8-րդ յղիութիւն. երեխան քիչ զարգացած է. դեռ 6 տարեկան չեղած, բոլոր ակռաները կը թափին:
9-րդ յղիութիւն. եօթներորդ ամսուն կը վիժի:
10-րդ յղիութիւն. երրորդ ամսուն կը վիժի:
11-րդ յղիութիւն. երեխան ժամանակէն շուտ կը ծնի. գանկը անկանոն, ակռաները վատ, ականջները ցից ու ցած, վարի ծնօտը դուրս թռած:
Բացատրութիւնները աւելորդ են:
Սա այլասերում մըն է, ամբողջ սերունդի մը ֆիզիքական եւ մտաւոր ստորնացումն է, որ ընտանիքին բարօրութիւնը կը քանդէ եւ սերունդը դէպի անհետացում, դէպի սպառում կը տանի:
Ա՜հ, եթէ միայն այդքանով վերջանային սիֆիլիսին աւերումները, եթէ միայն մեռնողը մեռնէր, իսկ ապրողները գոնէ առողջ սերունդներ տային:
Բայց այդպէս չըլլար:
Սիֆիլիսին սոսկալի աւերիչ ուժը, որ հիւանդացուցած ու սպաննած էր մեծ հօր, որ արատաւորած ու անբախտացուցած էր որդիին, թոռնիկին վրայ եւս կը տարածուի:
Նոյնիսկ այսպէս կը պատահի. հայրը արտաքնապէս առողջ է, իսկ որդին կը ծնի՝ ժառանգական սիֆիլիսի դրոշմը իր վրայ: Ուրկէ՞:
Հարց ու փորձ կ՚ընէք եւ կը տեսնէք, թէ երեխային մեծ հայրը սիֆիլիս ունեցած է:
Ասիկա ատավիզմն [առհաւութիւն-atavism]: Այսպէս, սիֆիլիսական արատաւոր երեւոյթները նաեւ երկրորդ սերունդին վրայ կը նկատուին:
Այս երեւոյթները նոյնն են, ինչ որ նկատուած էին առաջին սերունդին վրայ. վիժումներ, արատաւոր ծնունդներ, եւ այլն, ինչպէս վերը յիշած ենք:
Օրինակ մը տանք միայն (Բժշ. Էտիէնի յիշատակած): Մարդը ժառանգական սիֆիլիսոտ, կինը առողջ. 14 յղիութիւն, որոնցմէ 5 վիժում, 1 երեխան մեռած ծնած, 5 երեխաներ ուղեղային հիւանդութիւններով, 1 ապուշ, 2 երեխաներ ալ ակռաներու արատաւորութիւններով:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 17
Վաղարշապատ