ՁԵՌՔԲԵՐՈՒՄՆԵՐ ՈՒ ԽՈՍՏՈՒՄՆԵՐ. ԼՐԱՑԱՒ ԶՕՐԱՎԱՐ ԱՈՒՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՏԱՐԻՆ
Հոկտեմբերի 31-ին կը լրանար Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ զօրավար Միշէլ Աունի ընտրութեան եւ պաշտօնի ստանձնման առաջին տարեդարձը:
Աուն, որ նախագահական աթոռ կը հասնէր կերտելէ ետք քաղաքական բաւական «թէժ» համարուած կենսագրութիւն մը, կու գար լրացնել 28 ամիս նախագահի չգոյութեան հետեւանքով ստեղծուած բացը: Խորքին մէջ անոր ընտրութիւնը տեղի կ՚ունենար բաւական բարդ ընտրական հաշիւներու եւ մանաւանդ քաղաքական դաշինքներու «հարթեցմամբ»: Ընտրական «խաղ»ին մէջ կարեւորագոյն դեր ունեցող Վարչապետ Սաատ Հարիրի, որ տեղի ունեցած ընտրութենէն ամիսներ առաջ կը յայտարարէր իր զօրակցութիւնը այլ նախագահական հիմնական թեկնածուի մը՝ Սլէյման Ֆրանժիէին, յանկարծ կը փոխէր իր կեցուածքը եւ ստանալէ ետք շրջանային որոշ ուժերու «կանաչ լոյս»ը կը միանար քրիստոնէական այլ կարեւոր «խաղացող» մը համարուող «Լիբանանեան ուժեր» կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժաաժային, որ բաւական անսպասելի քայլով մը 2016-ի Յունուարին կ՚որդեգրէր Աունի թեկնածութիւնը: Ժաաժայի այս քայլը անսպասելի կը համարուէր պարզ այն պատճառով, որ ան եւ զօրավար Աուն որոշ շրջանի մը համար եղած են ոխերիմ եւ բուռն թշնամիներ: Երկու քրիստոնեայ-մարոնի ղեկավարները ծանր վիճակի մատնած են երկրի քրիստոնեայ հատուածը եւ 1990-ին անոնց միջեւ եղած ընդհարումներուն հետեւանքով զոհուած են հարիւրաւոր քրիստոնեաներ:
Յիշեցնելու կարգով հարկ է նշեմ, որ 1988 թուականին Աուն լիբանանեան բանակի ընդհանուր հրամանատարն էր եւ նախագահ Ամին Ժըմայէլի պաշտօնավարութեան աւարտով ստեղծուած պարապը լրացնելու համար կը դառնար Լիբանանի առժամեայ զինուորական կառավարութեան ղեկավար: Իսկ Սամիր Ժաաժա այդ օրերուն կը հանդիսանար «Լիբանանեան ուժեր» քրիստոնէական միլիսի առաջնորդը: «Լիբանանեան ուժեր»ը (Lebanese Forces) այդ օրերուն կը համարուէր ոչ միայն ներլիբանանեան գետնի, այլ միջինարեւելեան կտրուածքով, յար եւ նման այսօրուան «Հիզպուլլահ»ին, որուն ուժականութիւնը եւ քաղաքական ծրագիրները չեն ամփոփուիր Լիբանանի սահմաններէն ներս, այլ կը տարածուին երկրի սահմաններէն դուրս:
Այս յիշեցումը կատարեցի պարզ անոր համար, որպէսզի ընթերցողը տեսնէ, թէ Լիբանանի արդի քաղաքական կեանքին մէջ ընթացող գործընթացները յաճախ ինչպիսի «անհասկնալի» եւ «վիճահարոյց» կեցուածքներու արդիւնք են: Ուրեմն զօրավար Աուն Պաապտայի պալատ կը հասնէր շրջանային ընդհանուր համաձայնութեամբ:
Լիբանանի նախագահը (13-րդն է 1943-էն ի վեր) իր ընտրութենէն ի վեր ու տարբեր ամպիոններէ կը յայտարարէր, որ ինք պատրաստ է համագործակցելու բոլոր կողմերուն հետ ու նոյնիսկ անոնց, որոնք դէմ էին իր ընտրութեան: Այս բոլորէն անդին սակայն յստակ կը դառնար, որ երկրի բաղկացուցիչ հիմնական երեք խմբաւորումներու առկայ նեցուկը Աունի գործը պիտի դարձնէր աւելի դիւրին եւ հեշտ, բայց խորքին մէջ այդպէս չէր:
ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ՝ ԽՄԲԱԳԻՐՆԵՐՈՒ ՀԵՏ
Հոկտեմբերի 30-ին նախագահ Աուն Պաապտայի պալատին մէջ կը հիւրընկալէր Լիբանանի հեռուստակայաններու գլխաւոր խմբագիրները՝ ուղիղ սփռուող մամլոյ ասուլիսի մը: Մօտիկ անցեալէն եկող այս աւանդութիւնը կիրառելով՝ Աուն կ՚ուզէր սրտբաց զրոյց մը ծաւալել երկրի մամլոյ ծառայութեանց առաջին դէմքերուն, հետեւաբար նաեւ ժողովուրդին հետ:
Իր զրոյցի սկիզբին ան կարճ խօսքով մը կ՚ըսէր. «Լիբանանցիները այսօր նախեւառաջ պէտք է վստահին իրենց ուժերուն: Փոխվստահութիւնը դարձնելով գլխաւոր օրէնք ու մանաւանդ հեռու մնալով մեղադրանքներ տարածելու, քննադատութիւններ ուղղելու մօտեցումներէն, պիտի կարողանանք դրական ուղղութեան մը բերել երկիրը: Ի վերջոյ երկար ուղի մը ունի Լիբանանը եւ լիբանանցիները պէտք է գիտակցին, որ ճամբան երկար է»:
Աուն իր նախագահ դառնալէն տարի մը ետք կը հասկնար, որ երկիրը ունի բազմապիսի խնդիրներ, որոնց ամենահիմնականները կը հանդիսանան կաշառակերութիւնն ու պետական գումարներու մսխումը: Այդ առումով ալ խմբագիրներուն հետ հանդիպման ընթացքին կը յայտարարէր. «Կաշառակերութեան դէմ պայքարի սկսելու համար մենք պէտք ունինք ամուր հիմքերով պետական համակարգի մը»: Այս խօսքով աւելի եւս յստակ կը դառնար, որ Լիբանանը որպէս երկիր ունի բաւական խոցելի եւ սրբագրելի ոլորտներ:
Տեղին է նշել, որ նախագահ Աուն եւ իր խորհրդատուները երկրի հիմնական հարցերը կը բաժնէին հետեւեալ գլխաւոր գլուխներու՝
Առաջին՝ ապահովութեան օրակարգ
Երկրորդ՝ Լիբանան ապստանած սուրիացի փախստականներու օրակարգ
Երրորդ՝ դատական համակարգի բարելաւման օրակարգ
Չորրորդ՝ երկար տարիներէ ի վեր տարբեր ոլորտներու մէջ բացթողուած նշանակումները կատարելու օրակարգ
Հինգերորդ՝ ընտրական օրէնքի եւ ընտրութեանց օրակարգ
Վեցերորդ՝ ելեւմտական հարցերու եւ պիւտճէի օրակարգ
Եօթներորդ՝ արտաքին քաղաքականութեան օրակարգ
Ութերորդ՝ կաշառակերութեան դէմ պայքարի օրակարգ
Անշուշտ բացի ասոնցմէ կան տասնեակ հարցեր, սակայն այսօրուան դը-րութեամբ երկրին «սպառնալիք» համարուող օրակարգերը վերոնշեալներն են, մանաւանդ, հոն ապրող շուրջ 1.8 միլիոն սուրիացի փախստականներու հարցը, որ տարբեր վերլուծաբաններու տեսակէտով կը համարուի՝ «Լիբանանի համար պայթելու պատրաստ լարուած ուժանակ մը»:
ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ԹՂԹԱԾՐԱՐ
Ըլլալով զինուորական առաջնորդ մը, զօրավար Միշէլ Աունին համար ամենէն առաջնային հիմնահարցը երկրի ապահովութեան ամրապնդումն էր: Մանաւանդ, որ վերջին երեք տարիներուն ընթացքին Լիբանան-Սուրիա սահմանային հատուածներուն վրայ «հաստատ-ւած» ահաբեկչական խմբաւորումները սկսած էին լուրջ սպառնալիք դառնալ ամբողջ երկրին համար: Հակառակ անոր, որ Լիբանանի ապահովական մարմինները եւ գաղտնի սպասարկութեան տարբեր գրասենեակները ճիգ չէին խնայեր հալածելու եւ ձերբակալելու համար ահաբեկչական «բջիջ»ները, սակայն սպառնալիքները կը շարունակէին մնալ նախկին ուժգնութեամբ: Խնդիրը միայն սահմանին վրայ գտնուող խմբաւորումները չէին, այլ անոնց կողմէ ներթափանցման փորձերը, որոնց շնորհիւ ալ նոյն ահաբեկիչները կը յաջողէին տարբեր շրջաններու մէջ իրենց գործունէութիւնը ծաւալել եւ նախապատրաստել իրենց յետագայի հրէշային ծրագիրները:
Հետեւաբար զօրավար Աուն ունէր մէկ եւ հիմնական խնդիր. նշանակել նոր եւ բոլորին կողմէ ընդունելի բանակի հրամանատար մը, որ այս պարագային զօրավար Ժոզէֆ Աունն էր (ազգանական ոչ մէկ կապ ունէր նախագահ Աունին հետ), եւ պատրաստել ու իրականացնել սահմանային շրջանները մաքրագործելու ծրագիրը:
Տարբեր նրբութիւններով, գերի ինկած լիբանանցի զինուորներու ողբերգական ճակատագրով եւ ԻՇԻՊ-ի զինեալներու համաձայնութեան մը հիմքով եղած այդ շրջաններէն հեռացումով՝ յաջողութեամբ կ՚աւարտէր զօրավար Աունի վերահսկողութեամբ կատար-ւած զինուորական գործողութիւնը:
Ու գաղտնիք ալ չէ, որ նախագահին եւ անոր համախոհներուն համար այսօր ապահովական իրավիճակը շատ աւելի բարւոք վիճակ մը ունի, քան անցեալ երեք տարիներուն առկայ իրավիճակը: Բացի ԻՇԻՊ-ի եւ «Ալ Նուսրա» ճակատի խնդրէն՝ յստակ է նաեւ, որ Լիբանանի մէջ գոյութիւն ունի ապօրինի զէնքի հարցը: Այդ խնդրի առաջին «սպիտակ բիծ»ը երկրի յատկապէս հարաւային հատուածներուն մէջ գոյութիւն ունեցող պաղեստինեան գաղթակայաններու հիմնահարցն է, որուն մասին նախագահ Աուն վերջին շրջանին չ՚արտայայտուիր: Կայ նաեւ «Հիզպուլլահ»ի զէնքին հարցը, որ մեծ թիւով լիբանանցիներու համար կը համարուի վնասակար եւ վտանգաւոր: Շատ հաւանական է, որ նախագահ Աուն անդրադառնայ եւ կտրուկ քայլերու դիմէ պաղեստինեան նոյնքան վտանգաւոր ապօրինի զէնքին վերաբերեալ, բայց «Հիզպուլլահ»ի զէնքին խնդիրը ներկայ հանգրուանին քննարկման առանցք չի կրնար հանդիսանալ:
Ինչպէս ինք՝ զօրավար Աուն կ՚ըսէ, այդ զէնքի խնդիրը կապ ունի Միջին Արեւելքի ընդհանուր հարցի լուծման ծրարին հետ ու մանաւանդ, որ Աուն կը համարուի իրանեան «Հիզպուլլահ»ի մեծագոյն, հաւատարիմ եւ վստահելի դաշնակիցը:
Ամէն պարագայի զօրավար Աունի արտաքին քաղաքականութիւնը բաւական խոհուն, խելամիտ քաղաքականութիւն մըն է, որուն շնորհիւ է նաեւ, որ Լիբանանը կրնայ զերծ մնալ ապահովական մեծ ցնցումներէ:
Ու եթէ Լիբանանի պէս երկրի մը մէջ «բռնուած» ըլլան «ապահովական խաղ»ի ընդհանուր սանձերը, ապա միւս բոլոր խնդիրները կարելի է լուծել շատ աւելի հաստատուն, ապահով եւ անխափան ճանապարհներով: Զօրավար Աունի հինգ տարի տեւելիք նախագահական նստաշրջանի առաջին տարին աւարտած է: Ձեռքբերումները մեծ են, որովհետեւ եթէ Միջին Արեւելքի ընդհանուր պատկերը դիտենք, ապա Լիբանանի պէս փոքրիկ երկրին ընդհանուր իրադրութիւնը պէտք է համարել գոհացուցիչ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան