ԵՐԿՈՒ ՔԵՐԹՈՒԱԾ ՄԱՀՄՈՒՏ ՏԷՐՈՒԻՇԷՆ

Ի՞ՆՉ ՊԻՏԻ ՄՆԱՅ

Ի՞նչ պիտի մնայ ճերմակ ամպին կտորներէն:
Երիցուկ մը:

Ի՞նչ պիտի մնայ կապոյտ ալիքին վէտվէտումէն:
Ժամանակի մեղեդին:

Ի՞նչ պիտի մնայ կանաչ միտքին հոսումէն:
Կաղնիներու երակներուն հեղուկը:

Ի՞նչ պիտի մնայ սիրոյ արցունքէն:
Փոքր խալ մը մանուշակին վրայ:

Ի՞նչ պիտի մնայ իմաստի փնտռտուքին փոշիէն:
Բռնակալութեան ուղին:

Ի՞նչ պիտի մնայ դէպի անյայտը՝ մեծ ճամբորդութեան ուղիէն:
Ճամբորդին երգը՝ իր ձիուն:

Ի՞նչ պիտի մնայ երազին ցոլանքէն:
Երկնքին հետքերը վայրին վրայ:

Ի՞նչ պիտի մնայ իրին եւ ոչ իրին հանդիպումէն:
Աստուածային զգացումը ապահովութեան:

Ի՞նչ պիտի մնայ արաբ բանաստեղծին խօսքէն:
Դատարկութիւն մը...
Եւ ծուխով գծուած թել մը:

Ի՞նչ պիտի մնայ քու խօսքէդ:
Անհրաժեշտ կորուստ մը՝ 
Վայրին յիշողութեան:

ԵՐԿԻՐ ՄԸ ՈՒՆԻՆՔ

Երկիր մը ունինք, որ սահմաններ չունի,
Անյայտութեան մասին մեր միտքին պէս՝
Նեղ եւ լայն.
Երկիր մը...

Երբ իր քարտէսին մէջ քալենք, 
Նեղ կու գայ մեզի եւ կ՚առաջնորդէ մեզ 
Դէպի մոխրագոյն փապուղի մը: 
Կը գոռանք իր կորուստին մէջ.
-Տակաւին քեզ կը սիրե՞նք:

Մեր սէրը ժառանգական հիւանդութիւն մըն է:
Երկիր մը...
Որ երբ կը թողու մեզ անյայտութեան մէջ
Կ՚աճինք...
Կ՚աճին ուռենիներն ու յատկանիշները,
Կ՚աճին խոտերն ու կապոյտ լեռները:
Լիճը կ՚ընդլայնի հոգիին հիւսիսը:
Հասկերը կը բարձրանան հոգիին հարաւը:
Լիմոնի հատիկը լապտերի պէս 
Կը շողայ գաղթականին գիշերը:
Աշխարհագրութիւնը կը սփռուի սուրբ գիրքերու պէս
Եւ բլուրներուն շարքերը հորիզոնէն 
Կը վերանան դէպի վեր... վե՜ր.
«Եթէ թռչուն մը ըլլայի, թեւերս կ՚այրէին»,-
Կ՚ըսէ ինքնիրեն գաղթականը: 

Աշնան բոյրը գծեց սիրելիիս պատկերը...
Մանր անձրեւը ցօղեց սրտին չորութեան վրայ,
Բացաւ երեւակայութեան աղբիւրները,
Եւ ինք եղաւ վայրը,
Ինք՝ միակ իրականութիւնը:

Հեռաւոր ամէն ինչ կը թուի գիւղական, նախնական,
Կարծես երկիրը ինքզինք կը պատրաստէ Ադամին հանդիպելու,
Որ իր դրախտէն իջաւ գետնայարկ:
Կ՚ըսեմ. 
-Ահաւասիկ մեր երկիրը՝ մեզմով յղի,
Ե՞րբ ծնանք:

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 4, 2022