ԱՌԱՆՑ ԵՐԵՒԵԼԻ ՁԵՌՔԲԵՐՄԱՆ
Լիբանանի մասին հրապարակուած լուրերը կը գուժեն՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կողմէ հրադադար մը հաստատելու ուղղեալ նախաձեռնութեան մահը։ Խնդիրը այն է, որ տատանումներէ անցած այդ նախաձեռնութիւնը ծանր հարուած մը ստացած է Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուի կողմէ։ Որոշ յաջողութեամբ շարադրուած պայմաններուն ճիշդ հակառակը կը թելադրէր Նեթանիյահու, որ այդ թելադրանքները հակապայմաններու վերածելով վիժեցուց հրադադարի հաստատման ծրագիրը։ Կայ վարկած մը, ըստ որու՝ այդ հրադադարը եթէ հաստատուէր, ապա նուէր մը պիտի ըլլար ԱՄՆ-ի նախագահի թեկնածու Քամալա Հարիսին ու զինք առաջադրած Դեմոկրատ կուսակցութեան։ Բայց, արդէն ամէն ինչ կը համարուի անցեալ եւ Լիբանանի քաղաքական հարթակներուն վրայ կը գրուի այն մասին, թէ երկիրը ներկայ պահուն կը սպասէ ԱՄՆ-ի նախագահական ընտրութեան աւարտին, որմէ վերջ միայն կարելի ու հնարաւոր պիտի ըլլայ դարձեալ խօսիլ ամերիկեան նոր նախաձեռնութեան մը մասին։
Մինչ այդ, գետնի վրայ տեղի կ՚ունենան շատ բարդ իրադարձութիւններ, որոնք արդէն իսկ ցոյց կու տան, թէ Իսրայէլ մտադիր է իր հարուածները սաստկացնել ու աւելիով աւերակ ու մահ քաղել ո՛չ միայն երկրի հարաւային հատուածներուն, այլեւ Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն մէջ։ Ինչ կը վերաբերի Իսրայէլ-Լիբանան սահմանային հատուածին, ապա այնտեղ եւս կը շարունակուին ծանր մարտերը ու հոն ամենէն հիմնականն է, որ Իսրայէլի բանակը անկարող կը մնայ որեւէ երեւելի ձեռքբերում ապահովելու։ Այս վիճակը, անշուշտ, Իսրայէլի վարիչները կը դարձնէ աւելի լարուած, որովհետեւ Նեթանիյահուի կառավարութեան հիմնական նպատակն է՝ իր երկրի հիւսիսային հատուածներու անվտանգութեան ապահովումը։ Անհնար է այդ պայմանը իրականութիւն դարձնել՝ այնքան ժամանակ, որ «Հիզպուլլահ»ի կռուողները տակաւին կը շարունակեն հրթիռակոծումները ո՛չ մայն սահմանային գօտիին, այլեւ դէպի Հայֆա կամ Թել Աւիւ։
Խօսելով քաղաքական իրադրութեան մասին՝ հարկ է նշել, որ շուրջ տասն օր առաջ Փարիզի մէջ, Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի հրաւէրով տեղի ունեցաւ միջազգային ժողով մը, որ Լիբանանին նուիրուած էր։ Ժողովը զարմանալիօրէն քաղաքական շեշտակի օրակարգ մը չունէր ու աւելին՝ կ՚ըսուէր, որ Ֆրանսան հետամուտ է մարդասիրական օգնութիւններ հաւաքագրելու, նաեւ նեցուկ կանգնելու, որպէսզի կարելի ըլլայ զինել Լիբանանի բանակը։ Անշուշտ, այդ հաւաքին կարեւոր տեղ կը յատկացուէր՝ ՄԱԿ-ի կողմէ Լիբանանի համար հրապարակուած թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան հարցին, ինչ որ մինչեւ այս պահը կը համարուի՝ արիւններու եւ աւերի մէջ գալարող Լիբանանի փրկութեան հիմնական բանալին…
Այս բոլորի առընթեր, աւելի քան յայտնի է, որ Ֆրանսան՝ որպէս Լիբանանի բարեկամ երկիր, այս ժամանակներուն բաւարար ներուժ մը, գաղտնաբառ մը չունի Լիբանանը առկայ արիւնալի վիճակէն դուրս բերելու համար։ Սա կը նմանի Փարիզի արտաքին քաղաքականութեան, որ մեծ հաշուով հիմնուած է խօսքերու, գեղեցիկ նախադասութիւններու, նաեւ սրտակցութեան վրայ։ Ֆրանսան առաջուանը չէ, ինչ որ արդէն աչք կը ծակէ։ Բաց աստի, ան ԱՄՆ-ի չափազանց ազդեցութեան տակ է։ Կան նաեւ բազում հարցադրումներ՝ կապուած Ֆրանսայի տնտեսական համակարգին ու ապագային մասին։ Ֆրանսական դերակատարութեան նահանջը, նաեւ Ափրիկէի մէջ իր ազդեցութեան նուազումը կը վկայեն բաւական բարդ իրավիճակներու մասին։ Լիբանանցիք, անշուշտ, երբեք պիտի չմոռնան կամ պիտի չուրանան, թէ ինչպիսի բարդ պայմաններու ներքեւ Մաքրոն 2020 թուականին հասած էր Պէյրութ, ուր մեծ պայթում մը տեղի ունեցած էր նաւահանգիստին մէջ։ Մաքրոն Պէյրութ այցելած էր իր նեցուկը ցոյց տալու համար Լիբանանին, նաեւ խոստացած էր՝ երկրի քաղաքական կողմերը ի մի բերելով փորձել լուրջ լուծումներու ընթացք մը տալ... Ճիշդ է, որ Մաքրոն փորձեց լիբանանցիները ի մի բերել, բայց եւ այնպէս, ձախողեցաւ եւ Լիբանանի համար մշակուած բոլոր ծրագիրները կերպով մը ջուրը ինկան։
Մաքրոն Լիբանանի սեւ աչքերուն համար չըրաւ այս բոլորը՝ քանի կար Ֆրանսա-Լիբանան բարեկամութեան երկար նախապատմութիւն մը, որ փայլուն արդիւնք տուած էր՝ նոյնիսկ այն տարիներուն, երբ Լիբանան անցած էր Ֆրանսայի հոգատարութեան տակ, Օսմանեան տիրապետութենէն վերջ։
Բոլոր գործօններով հանդերձ, զարմանալի են նաեւ լիբանանցիները։ Երկիրը արիւններու մէջ է, ամէն օր մահեր եւ կորուստներ կան, սակայն, Լիբանանի քաղաքական վերնախաւի ներկայացուցիչները ժամանակը կը վատնեն նման ժողովներու մասնակցելով։ Անոնք, անշուշտ, կը մոռնան Լիբանանի համար այս փուլին կարեւորագոյնն է՝ քաղաքական համապարփակ լուծում մը ի յայտ բերելը եւ այդ լուծման հիմնական խոհանոցները կը գտնուին՝ ԱՄՆ-ի եւ Իրանի մէջ։
Պէտք չէ մոռնալ նաեւ հաստատել, որ առկայ պատերազմին մէջ նոյնինքն լիբանանցիներն ալ ունին որոշ դերակատարութիւն մը։ Արդարեւ, ի տարբերութիւն անցեալի փուլերուն՝ երկրին մէջ չկայ ներքին համերաշխութիւն։ Կան բազմապիսի տարակարծութիւններ ու ամենակարեւորը՝ կողմերէն իւրաքանչիւրը ունի իր տեսակէտը։ Մեծ հաշուով, այդ տեսակէտները հակոտնեայ են ու կրնան պատճառ դառնալ ներքին արիւնահոսութեան։ Ու այդ ներքին արիւնահոսութիւնը, որ ամենավատը պիտի համարուի երկրին համար, կրնայ տեղի ունենալ, եթէ Լիբանանի բանակը երկաթեայ բռունցք մը չունենայ ու չկարողանայ իր տիրապետութեան տակ առնել այն շրջանները, ուր կան գաղթականներ։
Գաղթականները չեն, ի հարկէ, հիմնական մեղաւորները, այլ այն վիճակը, որ այսօր կը տիրէ Պէյրութի, Լեռնալիբանանի եւ բոլոր այն շրջաններուն մէջ, որոնք, բարեբախտաբար, մինչեւ այս պահը կը շարունակեն հեռու մնալ Իսրայէլի մահացու հարուածներէն։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան