«ՈՒՍՈՒՄՆ ՊԱՐՏՈՒՑ»

ԻՆՆԵՐՈՐԴ ՊԱՏՈՒԻՐԱՆ

«Սուտ վկայութիւն մի՛ ըներ» (Ելք 20.16)

Ստախօսութիւնը մեծ յանցանք կը համարուի.

1) Որովհետեւ հակառակ է այն վսեմ նպատակին, որու համար Արարիչը մեզի խօսելու ընդունակութիւն տուած է, մեր միտքը հաղորդելու կարողութիւն եւ մեր պէտքերը ուրիշներուն զեկուցելու միջոց:

2) Արդարութեան եւ մարդասիրութեան հակառակ է, որով պարտաւոր ենք մեր ընկերներուն հետ վարուիլ: Ստախօսութեան մեծ մասը խաբեբայութիւն է, որով մեր ընկերոջ սիրտը, պատիւը եւ բարի կամքը կը վիրաւորենք: Այս խաբեբայութիւնները աւելի ծանր են մանաւանդ այն ժամանակ, երբ կը գործուին բարեկամութեան, ջերմեռանդութեան եւ բարեսրտութեան դիմակով, որով ընկերոջ վրայ կը յարձակին ու կը վնասեն: Իւրաքանչիւր խաբեբայութիւն առ հասարակ հասարակութեան վնաս կը պատճառէ, երկիւղ եւ անհաւատարմութիւն սերմանելով: Հասարակութիւնը չի՛ կրնար երկարատեւ եւ հաստատ մնալ, եթէ անդամներուն մէջ ճշմարտութիւնն ու հաւատարմութիւնը թագաւորած չեն:

3) Ստախօսութիւնը ստախօսի ներքին եւ հոգեկան վատութեան գուշակ եւ յայտարար է, որովհետեւ սուտ խօսողներու նպատակը որեւէ չարութիւն ծածկելն է, որ կա՛մ գործած են եւ կա՛մ ալ մտադրութիւն ունին գործելու, երբեք չմտաբերելով, որ յանցանքը աւելի աններելի կը դառնայ եւ կը բազմապատկուի: Ստախօսութիւնը անարգ միջոց դառնալով՝ մարդուն աւելի համարձակութիւն կու տայ մեղանչելու, յուսալով, որ իր յանցանքը կրնայ ծածկել: Չարասիրտ եւ ստախօս մարդը կը հասնի ամէն չարութեան, որուն զարհուրելի օրինակները կը տեսնենք պատմութեան մէջ Յովսէփ Գեղեցիկի, որուն եղբայրները զինք հոր մը կը նետեն եւ կը ջանան ստութեամբ իրենց յանցանքը ծածկել. «Ուստի հիմա եկէք մեռցնենք զանիկա ու գուբի մէջ նետենք ու ըսենք թէ՝ «չար գազան մը կերաւ զանիկա՝ եւ տեսնենք թէ անոր երազները ի՛նչ պիտի ըլլան»» (Ծն 37.20):

4) Սուտ խօսելու վնասը այն է, որ մարդիկ շուտով կ՚ընտելանան եւ այս վատ սովորութիւնը ուղղելը խիստ դժուար կ՚ըլլայ:

5) Ստութիւնը վատ հետեւանք ունի նոյնիսկ ստախօսին համար, որովհետեւ միշտ անպատիւ է եւ երկիւղի մէջ, որ չըլլայ թէ մարդիկ իր ստութիւնը իմանան եւ ճշմարտութիւնը ուշ կամ կանուխ յայտնուի: Ստախօսը հասարակութեան մէջ իր յարգանքն ու հաւատարմութիւնը կը կորսնցնէ եւ մարդիկ այլեւս կը զգուշանան իր հետ գործ ունենալէ՝ նոյնիսկ ճշմարտութիւնը խօսած ատեն: Ստախօսը կը չարչարուի, որովհետեւ մարդ չի՛ հաւատար իր խօսքին եւ ապագային ալ կը պատժուի: Ստախօսը՝ Ս. Գիրքին խօսքով՝ չարագործներու եւ աւազակներու կարգին դասուած է. «Բայց վախկոտներուն, անհաւատներուն, պիղծերուն, մարդասպաններուն, պոռնիկներուն, կախարդներուն, կռապաշտներուն եւ բոլոր ստախօսներուն բաժինը՝ կրակով եւ ծծումբով այրող լիճն է, որ երկրորդ մահն է» (Յյտ 21.8):

6) Ս. Գիրքը յայտնի կերպով ստախօսութիւնը կ՚արգիլէ եւ հաւատարմութիւն, սիրտի ուղղութիւն եւ պարզութիւն կը պատուիրէ: Ս. Գիրքը ստութիւնը մեզի կը ներկայացնէ, որպէս սատանայի գործ, որ ստութեան հայր կ՚անուանուի. «Դուք ձեր հօր՝ սատանային զաւակներն էք եւ անոր ցանկութիւնները կատարել կ՚ուզէք» (Յհ 8.44). «Սուտ շրթունքը Տիրոջ զզուելի է, բայց հաւատարմութիւն ընողները Անոր հաճելի են» (Առ 12.22). «Հետեւաբար ստախօսութենէն հրաժարեցէ՛ք։ «Ամէն մարդ ճշմարտութիւն թող ըսէ իր ընկերոջ», ինչպէս կ՚ըսէ Մարգարէն, որովհետեւ Քրիստոսի միացած ըլլալով՝ իրարու անդամներ ենք» (Եփ 4.25): Դաւիթ մարգարէն ճշմարիտ եւ աստուածահաճոյ մարդը, այսպէս կը նկարագրէ. «Ան՝ որ անբիծ կեանք մը կ՚ապրի, արդարութիւն կը գործէ եւ միայն ճշմարտութիւնը կը խորհի ու կը խօսի» (Սղ 15.2): Իսկ Քրիստոս, Նաթանայէլը գովելով՝ կ՚ըսէ. «Ահաւասիկ ճշմարիտ իսրայէլացի մը, որուն մէջ նենգութիւն չկայ» (Յհ 1.47): Պետրոսը, Յիսուսին օրինակ տալով մեզի՝ կ՚ըսէ. «...եւ Անոր բերանէն որեւէ նենգութիւն չլսուեցաւ» (Ա.Պտ 2.22):

Չափազանցութեամբ խօսիլն ալ վնասակար է եւ ստախօսութիւն կը համարուի հետեւեալ պայմաններով.

ա) Ճշմարտութեան սէրը պէտք է, որ մեզ շատախօսութենէն հեռացնէ:

բ) Հնարաւոր չէ հաւատալ, որ ստախօսութիւնը չի՛ վնասեր ընկերոջ:

գ) Դժուար է չհաւատալ այն բաներուն, զորս մարդ կը լսէ, եւ չմտածել, որ խօսողը պարտաւորուած է ճշմարտութիւնը խօսիլ, ըստ որում ճշմարտութիւնը մեծ նշանակութիւն ունի մարդուն համար:

դ) Թեթեւ կարծուած ստութիւնները շուտով մեծամեծ ստութիւններ յառաջ կը բերեն եւ ունակացած ստախօսութիւնը կը զօրանայ եւ մարդկային շահասիրութեան եւ չարութեան գործ կը դառնայ:

Եթէ ստախօսութիւնը ընկերոջ օգուտին համար է, ինչքան ալ ներելի կը կարծուի, դարձեալ պէտք է իմանալ, որ ո՛չ մէկ պատահարի մէջ թոյլ տրուած է ստութիւնը, եւ այս մասին Ս. Գիրքին մէջ երբե՛ք բացառութիւն չկայ: Որքան որ ստիպողական կարեւորութեան, կամ մեծ չարիքներու առաջքը առնելու համար եւ կամ առանց մտածութեան ճշմարտութիւնը ծածկելը ներողամը-տութեան արժանի է՝ քան թէ խիստ դատաստանի. այնուամենայնիւ ընդհանուր կանոնը այս է, որ մարդ կա՛մ պէտք է լռէ եւ կա՛մ ճշմարտութիւնը վկայէ, թէեւ ցած եւ նենգ լռութիւնն իսկ ճշմարտութեան դէմ տեսակ մը դաւաճանութիւն է: Ստախօսութեան կերպարանք ունի նաեւ կեղծաւորութիւնը կամ շողոքորդութիւնը:

Կեղծաւորութիւնը գովութեան արժանի չեղած բանը գովելն է, գովել արժանաւորութենէն աւելի, գովել՝ պակասութիւններն ու չարութիւնները ներելով եւ ծածկելով: Կեղծաւորութիւնը նոյնպէս յանցանք է.

1) Որովհետեւ խաբեբայութեան եւ ստութեան հետ կապուած է:

2) Որովհետեւ կեղծաւորութիւնը ընդհանրապէս անձնական օգուտի եւ շահի համար կ՚ըլլայ:

3) Որովհետեւ կեղծաւորութեամբ հպարտութեան հոգին կ՚արթնցնենք մեր ընկերոջ մէջ եւ կ՚արգիլենք իր թերութիւնները ճանչնալու եւ ուղղելու. «Իր ընկերին շողոքորդութիւն ընող մարդը, անոր քայլերուն որոգայթ կը լարէ» (Առ 29.5). «Տէ՜ր, փակէ՛ բոլոր շողոքորթ բերանները, կտրէ՛ մեծխօսիկ լեզուներն անոնց» (Սղ 12.3): Ջերմեռանդութիւնը եւ պարզամտութիւնը չեն պահանջեր, որ մենք ըսենք ամէն բան, ինչ որ կը մտածենք եւ գիտենք, որովհետեւ կան այնպիսի դէպքեր, ուր խոհեմութիւնը, պարկեշտութիւնը եւ մարդասիրութիւնը կը պահանջեն լռել, բայց միեւնոյն ժամանակ այս առաքինութիւնները եւս կը պահանջուին մեզմէ.

ա) Մեր ընկերոջ ըսել այն բանը՝ ինչ որ միայն իրեն կը վերաբերի եւ կարեւոր է իմանալու:

բ) Դիւրութեամբ յայտնել մեր սխալմունքը:

գ) Սիրով յանդիմանել մեր ընկերը:

դ) Բաց եւ մաքուր սիրտ ունենալ, որով կ՚ապացուցենք, որ մենք կը սիրենք մեզի հետ ապրողները եւ պարզութեամբ կ՚երեւինք անոնց առջեւ: Այս գեղեցիկ բնաւորութիւնը մեզ ճշմարիտ Աստուծոյ կը նմանցնէ, որովհետեւ պարզութիւնը հոգիի վսեմութեան նշան է, որով մարդ կը ջանայ ինքզինք ուղղել եւ կատարելագործել, իր մէջ միայն բարութիւն ձգելով, որով կը գտնէ հաւատարմութիւն, համբերութիւն, ըլլալով խաղաղ եւ վայելելով մեծ հանգստութիւն եւ հոգիի անդորրութիւն:

Մարդ պարտաւոր է խօսակցութեան մէջ զգաստ ըլլալ, որովհետեւ շատախօսութիւնը բազմաթիւ չարիքներու պատճառ եւ աղբիւր է. «Շատ խօսքերու մէջ յանցանք պակաս չէ, բայց իր շրթունքները զսպողը խելացի է» (Առ 10.19): Շատախօսութիւնը կը յոգնեցնէ եւ կը զզուեցնէ ունկնդիրը: Շատախօսը ինքնին կը հաստատէ, որ իր միտքը ունայն եւ թեթեւ է ու դժուար է իրեն հետ կապակցութիւն ունենալ: Շատախօսին հնարաւոր չէ հաւատալ եւ վստահիլ, մինչ լռող անմիտը շատ աւելի իմաստուն համարուած է. «Յիմարը անգամ՝ եթէ լուռ կենայ՝ իմաստուն ու իր շրթունքները գոցողը հանճարեղ կը սեպուի» (Առ 17.28): Շատախօսութիւնը մանաւանդ կիները շա՜տ կը տգեղցնէ, զրկելով զանոնք պարկեշտութենէ, զգաստութենէ եւ խոհեմութենէ, որոնք կիներուն վայել զարդեր են: Ի վերջոյ, շատախօսութիւնը վնասակար է, ինչպէս հոգիին՝ այնպէս ալ մարմինի գեղեցկութեան համար, կը զրկէ երիտասարդները իրենց անձը զարգացնելու եւ սնելու ամենէն հաստատ միջոցէն, որ կը կայանայ քիչ խօսելու, շատ լսելու եւ ամէն բան մտադրութեամբ նկատելու մէջ: Ս. Գիրքը կը զգաստացնէ եւ կը պատուիրէ քիչ խօսիլ, որովհետեւ մենք պատասխանատու ենք մեր իւրաքանչիւր խօսքէն. «Կ՚ըսեմ ձեզի.- Դատաստանի օրը մարդ իր բոլոր դատարկ խօսքերուն համար հաշիւ պիտի տայ» (Մտ 12.36): Յակոբոս առաքեալ կ՚ըսէ, որ լեզուն կրնայ շատ բարիք եւ շատ չարիք գործել, եւ ասկէ կ՚եզրակացնէ, որ կատարեալ մարդը ան է, որ խօսքով չի՛ մեղանչեր եւ իր մարմինը կը սանձէ. «Ան որ գիտէ իր խօսքը կշռել՝ կատարեալ մարդ է, ինքզինքին իշխելու կարող» (Յկ 3.2):

Ս. Գիրքը իններորդ պատուիրանով արգիլած յանցանքներուն դէմ կը պատուիրէ գեղեցիկ պարտաւորութիւններ, որոնք են պահել եւ պաշտպանել ընկերոջ բարի անունը, հակառակիլ բամբասողներուն եւ չարախօսներուն եւ յօժարութեամբ չլսել եւ չկրկնել անոնց ըսածները. «Հիւսիսային հովը ամպեր կը հաւաքէ ու խոժոռ դէմքը՝ չարախօս լեզու» (Առ 25.23): Կը պատուիրէ ընկերոջ մասին լաւ խօսիլ, եթէ արդարեւ գիտենք, որ լաւ յատկութիւններ ունի: Կը պատուիրէ խրատել ընկերոջ զինք արդարացնելու՝ երբ ուրիշներուն առջեւ յանցաւոր կարծուած է: Կը պատուիրէ միշտ սիրել ճշմարտութիւնը, ջերմեռանդութեամբ խօսիլ եւ խոստովանիլ ճշմարտութիւնը թէ՛ դատաւորին առջեւ եւ թէ՛ այլ պատահարներու ընթացքին: Կը պատուիրէ ներողամտութեամբ դատել մեր ընկերը եւ միշտ խօսիլ ու գործել այն, ինչ որ կը ցանկայինք, թէ ուրիշները մեր մասին խօսէին եւ մեզի համար գործէին:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 21

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 4, 2018