ԿԱՄՈՒՐՋԸ. ՀԷՔԵԱԹԱՅԻՆ ԵՒ ԻՍԿԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀՆԵՐՈՒ ԽԱՉՄԵՐՈՒԿԻՆ
«Կալերի Սելվին»ի երդիքին տակ, նոյեմբերի 29-ին, տեղի ունեցաւ Տիգրան Ասատրեանի «Կամուրջ» խորագրեալ ցուցահանդէսի բացումը։ Հէքեաթային եւ իսկական աշխարհներու միջեւ գեղարուեստական կամուրջներ կառուցած է վարպետը, որ կը հետեւի ուսանողական բնապաշտութեան մը։
Տիգրան Ասատրեան ծնած է 17 սեպտեմբեր 1968 թուականին, Երեւանի մէջ։ Ան նկարել սկսած է դեռ վաղ տարիքին։ 1979-1982 թուականներուն ուսանած է «Յակոբ Կոջոյեան» գեղարուեստի դպրոցին մէջ։ 1982-1986 թուականներուն աւարտած է «Փանոս Թերլեմեզեան» գեղարուեստի դպրոցը, ապա՝ 1987-1993 թուականներու միջեւ յաճախած է Երեւանի Գեղարուեստա-թատերական կաճառը։ 2009 թուականին Հայաստանի Նկարիչներու միութեան անդամ եղած է։ Ներկայիս Երեւանի Թատրոնի եւ շարժանկարի պետական կաճառին մէջ կը դասաւանդէ գծանկար եւ գեղանկար։ Բազմաթիւ անհատական եւ հաւաքական ցուցահանդէսներ ունեցած է Հայաստանի, Միացեալ Նահանգներու, Ռուսաստանի, Գերմանիոյ, Լիբանանի եւ Գանատայի մէջ։ Ուսանողական տարիներէն մինչեւ մեր օրերը հանրութեան դատին յանձնած է բազմաթիւ թանկագին աշխատանքներ։
Վարպետը ստեղծած է նոր գեղանկարչական լեզու, որ իւրատիպ կ՚ընդգծէ իր նկարչական տաղանդի առանձնայատկութիւնները։ Անոր ստեղծագործութիւնները կ՚արտացոլացնեն ո՛չ միայն ներկան, այլեւ՝ անցեալի յիշողութիւններն ու ապագայի հեռանկարները, ինչպէս նաեւ ունին իւրայատուկ ինքնուրոյն մտածելակերպ։ Ասատրեան դիմանկարներու ամէն մէկ գծի եւ գոյնի միջոցով ներկայացուցած է զգացումները եւ յաջողութեամբ փոխանցած՝ իր նկարած անձերուն ապրումները։ Շատ գեղեցիկ ու հետաքրքրական են իր ինքնատիպ նկարները, որոնք ունին խոր իմաստ ու իւրայատուկ ոճ։ Իր բազմատիպ ստեղծագործութիւններուն իւրաքանչիւրը կարելի է ըմբռնել՝ վարպետին երեւակայական թռիչքին, ճաշակին ու նախասիրութեան մօտ աշխատանքներ։
Իր կարծիքով՝ նկարչութիւնը խօսելու, արտայայտուելու ձեւ մըն է եւ նկարիչ մը իր ըսելիքը այդ կերպով կ՚արտայայտէ։ Ասատրեան շեշտեց, թէ ինքն իրեն համար չի նկարեր, այլ՝ կը նկարէ հասարակութեան համար։
Վերոյիշեալ ինքնակենսագրականէն վերջ Տիգրան Ասատրեան պատասխանեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հարցումներուն։
*
-Նկարիչ ըլլալ ձեր մանկութեան երա՞զն էր։
-Այո՛, տակաւին 5 տարեկան էի եւ կ՚ըսէի, թէ յառաջիկային յայտնի նկարիչ պիտի ըլլամ։
-Ե՞րբ ստեղծագործեցիք ձեր առաջին կտաւը։
-Տակաւին 11 տարեկան էի, կը նկարագրէի ծաղիկներ, վարդեր, եւ բազմատեսակ գեղեցիկ բոյսեր։ Մայրս շատ կը սիրէր վարդերը։ Իմ առաջին կտաւը նկարեցի բազմաթիւ եւ գոյնզգոյն վարդերով ու զայն նուիրեցի մօրս։
-Ձեր ընտանիքին մէջ կ՞ան արուեստագէտներ։
-Ո՛չ, ես միակն եմ։
-Ի՞նչ նախագծով ստեղծած էք «Կամուրջ»ը։ Ինչպիսի՞ յաջողութիւններու կը սպասէք։
-Ինչո՞ւ չըլլայ ժողովուրդներու միջեւ կամուրջ, որուն ես շատ կը փափաքիմ։ Անշուշտ թող ըլլայ նաեւ կերպարուեստներու միջեւ կամուրջ։ Իմ ստեղծագործութիւններուն մէջ կայ իրապաշտութեան, մասամբ ալ՝ գերիրապաշտութեան գիծ։ Հէքեաթային եւ իսկական աշխարհներու խաչմերուկը։ Կամուրջը թող միացնէ որոշակի ուղղութիւնները։
Ես շատ կը փափաքիմ, որ Պոլսոյ հասարակութիւնը, հայ համայնքը ճանչնան զիս ու ծանօթանան իմ աշխատանքներուն։
-Քիչ մըն ալ խօսինք ձեր նկարներուն մասին։ Ո՞վքեր կամ ի՞նչեր կը նկարէք։
-Ինչ որ կը տեսնէք իմ նկարներուն մէջ, անոնք կը սիրեմ. բնութիւնը, աշխարհի որեւէ հատուածը, մարդը, համեղ ուտեստները, խոհանոցը, կեանքէն համ առնելը… Իմ նկարած տատիկը կը սիրեմ, ան թող ըլլայ բոլորիս տատիկը՝ բոլորիս մայրը։ Ես զայն լուսանկարած եմ Տաթեւի մէջ։ Ինք Տաթեւի մէջ տանձ կը վաճառէր։ Ուղղակի հասարակ տատիկ մը։ Որոշեցի այդ տատիկը նկարել։ Ես նկարած եմ Լիբանանի վարչապետը, Քաթարի շէյխ Ալին եւ այլք։ Սակայն այս տատիկը յատուկ տեղ կը գրաւէ սրտիս մէջ։
-Արդեօք ի՞նչ պատգամներ կու տաք ձեր կտաւներուն ընդմէջէն։
-Իմ պատգամները իմ նկարներն են ու նկարչութիւնը ինծի համար անբացատրելի բան մըն է. ան ծնած է ինծի հետ։
Ես ուզած եմ նկարագրել մարդու եւ բնութեան կապը։ Որքա՛ն մեծ դժբախտութիւն է հեռանալ բնութենէն… Պէտք է շատ համահունչ ու ներդաշնակօրէն կարենանք ներկայացնել այդ երկուքը։ Օրինակ՝ իմ նկարած միմոսը։ Ան առանձին է։ Կը զուարճացնէ բազմաթիւներ, սակայն ինք՝ իր ներաշխարհին մէջ մի քիչ տխուր է։
Շատ կը սիրեմ հէքեաթները, մա՛նաւանդ մեր հայկական հէքեաթները, մասնաւորապէս Յովհաննէս Թումանեանին գրի առածները։ Իմ նախասիրած հէքեաթագիրն է Անտերսոնը։ Ես ալ իմ նկարներուն միջոցաւ կը մատուցեմ, կը պատմեմ հէքեաթներ։ Նկարը կը խօսի։ Օրինակ՝ բազմատեսակ նուագարաններ կարելի է տեսնել իմ նկարներուն մէջ։ Կը լսէ՞ք երաժշտութիւնը…։
-Մեր ուշադրութիւնը գրաւած է, թէ ձեր նկարած գրեթէ բոլոր դէմքերուն վրայ կայ թախիծ՝ այսինքն ժպիտը պակաս է։ Ի՞նչու։
-Խորհիլ կեանքի մասին։ Միայն ժպիտով ապրիլ, ճիշդ է ըսել, մի քիչ յիմարութիւն կ՚ըլլայ։ Պէտք է հասկնալ, թէ ինչո՛ւ կ՚ապրիս, ինչու կ՚ուրախանաս։ Երբ կը սկսիս հասկնալ շատ մը բաներ, կ՚անդրադառնաս կեանքի իրողութեան ու մի քիչ կը տխրիս։ Ինչո՞ւ աշխարհի մէջ կան անարդարութիւն, պատերազմ… Եթէ քիչ մը չտխրիս, ուրախութեան արժէքը ինչպէ՛ս պիտի հասկնաս։ Երբ կուշտ ես, ինչպէ՛ս կը հասկնաս ուտելիքին արժէքը կամ ինչպէս կ՚ըմբռնես անօթիին վիճակը։
-Ձեր նկարներուն մեծամասնութեան մէջ կան գեղանի կիներ։ Ի՞նչ է պատճառը։
-Այս աշխարհի ամենահետաքրքրական արարածն է կինը։ Ծաղիկի նման սիրուն է ան։ Ինչու չնկարել զայն։
-Ի՞նչպէս յառաջացաւ կամ գոյացաւ Պոլսոյ մէջ ցուցահանդէս մը կազմակերպելու գաղափարը։
-Այդ գաղափարը ինծի տուաւ Պայքար Տեմիրը, որ իմ մտերիմ բարեկամն է։ Ինծի տեղեկութիւններ փոխանցեց «Կալերի Սելվին»ի մասին։ Բազմաթիւներու ցոյց տուի զայն ու անոնք ալ շատ հաւնեցան։ Այսպէսով որոշեցինք Պոլսոյ մէջ ցուցահանդէս մը բանալ. ահա՛ հոս եմ։
-Ե՞րբ կազմակերպուեցաւ ձեր առաջին անհատական ցուցահանդէսը։
-Իմ անհատական առաջին ցուցահանդէսը տեղի ունեցաւ Պէյրութի մէջ։ Յայտնի հայազգի նկարիչ Փանոս Թէրլեմեզեանի անուան քոլէճին մէջ, դեռ ուսանող էի ու երիտասարդ, լաւ կը գծագրէի։ Իմ դասախօսի հետ որոշեցինք ցուցահանդէս մը բանալ։
Անցեալ գարնան Երեւանի Ժամանակակից արուեստներու թանգարանին մէջ կազմակերպեցինք ցուցահանդէս մը։ Ես հոն կը նկարեմ մշտական ցուցադրութիւններու համար։ Ինծի առաջարկեցին, որ հոն անհատական ցուցահանդէս մը բանամ։ Ափսոս, որ ներկայ չէիք, եթէ մասնակցէիք շատ ուրախ կ՚ըլլայի։
-Ի՞նչ տպաւորութիւններ ունիք Պոլիսի մասին։
-Շատ սիրուն քաղաք մըն է Պոլիսը։ Փողոցներուն երկայնքով շարուած փոքր խանութները, ճաշարանները… ամէն ինչ հետաքրքրական է։ Պոլիս գտնուելու բախտը ունեցողները անպայման կ՚անդրադառնան այն ոճին, որ առանձնայատուկ է այս քաղաքին։ Որոշ փոխադրամիջոցներ նստած եմ, շատ մաքուր են։ Տակաւին զբօսաշրջային վայրեր պտըտելու առիթը չեմ ունեցած։ Հոս ծանօթացայ բազմաթիւներու հետ։ Հաւատացէք իմ ամենամեծ հարստութիւնն է բարեկամ ունենալը։
-Ի՞նչ ծրագիրներ ունիք յառաջիկայի համար։
-Պէտք է երեք ամիս նկարեմ, որպէսզի մշակեմ նորանոր ստեղծագործութիւններ։ Եթէ մատ մը անգամ նկարեմ օրուան մէջ, գիշերը հանգիստ կը քնանամ։
*
Զրոյցի աւարտին Տիգրան Ասատրեան իր շնորհակալութիւնները յայտնեց ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին եւ հրաշալի ցուցահանդէսի կազմակերպիչներուն։ Ան բացատրեց, որ Պոլիսի մէջ ունեցած հաճելի ժամանցն ու բարի յիշատակները միշտ պիտի պահէ իր սրտին մէջ։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ