ԿՏՈՐ ՄԸ ԽԱՉՔԱՐԸ

-Գալ տարի պիտի գանք, մի քանի օր հոս՝ Շուշիի մէջ, մնանք:

Որոշեր էինք, նախանցեալ տարի, Շուշիի թարմութենէն, արծուաթռիչ դիրքէն, խրոխտ ժայռերուն տեսքէն, Կարկառ գետի վերամբարձ շառաչէն, Հունոտի կիրճէն շոգիացող հոնենիներու բոյրէն եւ բնութեան անուշ մեղեդայնութենէն գինովցած:

«Ճտրտիւզ» կամ «Հունոտ» բացատրեց այն ատեն պտոյտին ղեկավարը՝ կիրճը բարձունքէն ցոյց տալով: Չսիրեցի «Ճտրտիւզ» անունը, մերժեցի անկէ հնչող ձայնն իսկ եւ երբ տղաս այցելեց եւ Շուշիի տպաւորութիւնները պատմեց, ուղղեցի այդ անունը՝ «Հունո՛տ» շեշտով եւ անզգալաբար կանխելով իր հաճելի պատումը: Կանխեցի, կարծես հաստատելով տարածութեան հայկականութիւնը եւ այդ հերոսական բարձունքին գոյացած մարտերէն ետք ազատագրուածին համար թափած արիւնը չդավաճանած ըլլալու համար:

Բայց՝ «Շուշին ի՞նչ է որ»... սարսռալով լսեցինք ազգովին, եւ այլ անուններու հետ յանձնուեցաւ ան, իսկ մեր այցելութիւնը, շատերո՜ւ այցելութիւնը մնաց առկախ, շուշեցիները եւ այլք տեղահանուեցան:

Կը յիշեմ շուշեցի Մուրացանի խօսքերը «Գէորգ մարզպետունի»էն երդման հատուածով փոխանցուած.

«Երդւում եմ ձեր առաջ, երդւում եմ յաւիտենականի անունով, երդւում եմ իմ հայրենիքի արեւով եւ այս սուրբ գերեզմանով, որ ես չեմ վերադառնալ այլեւս իմ ընտանեաց գիրկը, չեմ մտնիլ իմ յարկի տակ, մինչեւ վերջին հագարացին չհալածեմ հայրենի սահմաններից: Թո՛ղ կործանէ ինձ Աստուած, թո՛ղ քրիստոնեան ինձ Յուդա եւ հայը Վասակ անուանէ, եթէ ես երբեք դրժեմ իմ ուխտին ու երդմանը: Ես պիտի ապացուցանեմ, որ ամրոցների եւ իշխանական զօրութեան մէջ չէ ամփոփւում հայրենիքի ուժը, այլ նրա որդիների անձնուիրութեան մէջ. պիտի ապացուցանեմ, որ քսան անձնազոհ նահատակներն աւելի արժեն, քան քսանհազար զինուորներից կազմուած բանակը... Օ՛ն ուրեմն, յառա՛ջ... Հայի Աստուածը մեզ օգնական, հայի խաչը մեզ ապաւէ՜ն...»:

Մերօրեայ պատերազմի առաջին օրերուն «Ոչ մի թիզ»ը բազմիցս լսելով հաւատացինք, խանդավառուեցանք մեր լսածներով եւ ամէն երեկոյ մեր մրափները զարդարեցինք հեքիաթներ ունկնդրելով. մեր երիտասարդները «անձնուիրութեամբ» անսացին կամաւորագրուելու կոչերուն, գացին պատերազմելու. գլխարկներ հիւսեցինք, քնապարկեր, անձրեւանոցներ կարեցինք... զինուորին կարիքները, անոր հանգիստը ապահովելու համար ամէն ոք իր ներդրումը ունեցաւ..., բայց չէինք գիտեր որ անոնք գացին առանց զէնքի պատերազմելու, առանց որեւէ յարմարաւէտութեան, չէինք գիտեր որ գացին զոհուելու եւ հայրենիքի հողը իրենց արեամբ ներկելու, ապա արիւնով զոհաբերուած հողերուն վրայէն՝ նահանջելու:

Հիմա կը տեսնենք հակառակորդին քարտէսը, անուանափոխուած մեր քաղաքները՝ Շուշա եւ այլն... վստահ նաեւ Ճտրտիւզ: Հիմա կ՚անդրադառնանք «ստահոտ» լուրերուն եւ ամէնուրեք ձայներ կը լսուին. կ՚ուզես փակել ունկերդ, մեկուսանալ ցաւիդ հետ, մենանալ ու լսել ներքին սփոփիչ հնչիւն մը, բայց լուրերուն տարափը կը շարունակէ նեղել, ձայները կ՚արձագանգեն կարծես լռութիւնը ճեղքելով. կը դիտես պատկերները պաստառէն, սփռումներուն կը հետեւիս, որ թերեւս գերիներուն մասին նորութիւն մը ըլլայ, զոհուածներուն ցաւը մտքիդ անկիւնը մխրճելով ողջերու փրկութիւնը կը յուսաս, եւ ահա պատկեր մը կը յայտնուի, որ թէեւ ցաւատանջ, սակայն կը կրէ օրուան անհրաժեշտ պատգամը:

Խաչքարին կտորը գրկած, մտամոլոր նստած է երիտասարդը: Կտոր մը խաչքար:

Դարերու հեռաւորութենէն մաքառումներով կանգնած ձեռազարդ յուշ մը:

Գոյութեան գրաւական մը: Ինքնութեան դրոշմ մը, զոր քաշկռտողներու, պատառոտողներու ձեռքէն, ժամանակի հոսանքով, փրկուած է միայն բեկոր մը՝ մեր ներկան:

Պատառ-պատառ խլուածներէն այս կտորը, հօր մը գուրգուրոտ ջերմութեամբ, կը պահէ կարծես երիտասարդը. հայր մը, որ մահամերձ զաւակը կ՚ուզէ փրկել. ելք մը կ՚որոնէ եւ խլուածին լլկող ցաւն ու պատահածին հիասթափութիւնը կը հակադրուին մնացեալին գոյութեան շարունակութեան ջանքերուն:

Թերեւս կ՚ուզէ ըմբոստանալ, թափել հիասթափութեան թոյնը, հարուածել նաեւ պատճառը, ինչպէս կ՚ընեն շատե՜րը, բայց գուրգուրանքին վեհութիւնը գլուխ կը ցցէ ու կը փորձէ յաղթել ըմբոստութեան կիրքին եւ միասնական երկու բռունցքներու զօրութեամբ կը պահէ խաչքարին կտորը... խլումէն:

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 4, 2020