ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՍԻՐՏԸ ԿՐԿԻՆ ԿԸ ԲԱԲԱԽԷ
-Աս ի՞նչ մեծ դպրոց մըն է, կը կորսուինք մենք եթէ հոս գանք:
-Մեր հիմակուան դպրոցը ո՜ւր, աս դպրոցը՝ ուր:
-Բայց շատ-շատ սիրեցի, տեսէք, տեսէք ի՛նչ ընդարձակ է բակը, հոս շատ հանգիստ զբօսանքին կը վազվզենք ու կը պոռպռանք, նոյնիսկ եթէ ձայներնիս բարձրացնենք, ոչ մէկը կը նեղանայ:
-Ճիշդ ես այդ առումով, մեր պզտիկ վարժարանի նեղլիկ բակին մէջ չենք կրնար հանգիստ վազվզել, նոյնիսկ մարզանքի պահերուն հաշիւ կ՚ընենք ձայն չհանել:
-Հարկաւ, հապա, առաջինէն մինչեւ պաքալորիա թխմուած ենք այդ դպրոցին մէջ:
Այսպէս իրարու հետ կը խորհըր-դակցին պատանիները, երբ Ճեմարանի հսկայ բակի աւազի կոյտերը կը հաւաքեն: Այս հսկայ կառոյցի աշակերտներն ու ուսանողներն են անոնք, կը կրեն անոր անունը, կ՚ուսանին անոր շունչին տակ, բայց՝ անկէ հեռու: Մանաւանդ փոքրերը երբեք չեն յաճախած այստեղ: Հոս յաճախողները միայն այս տարուան երկրորդականի շրջանաւարտներն են, որոնք եօթներորդ կարգին այս կառոյցը յաճախելու առիթը ունեցած են:
Հինգ երկար տարիներու ընթացքին հաւաքուած կոյտեր, որոնք կը պարունակեն պայթումներու յառաջացուցած հարուածներէն ցրուած աւազներ ու ապակեայ կտորներ, սարսափազդու ձայներէն ետք տարածուած արիւն յուսացող բեկորներ, պարապ կապարներ, որոնք վիրաւորած են անձինք, կամ որոնց պատճառով նահատակուած են անհատներ, երիտասարդներ...:
Հիմա նոր սերունդն է որ կը հաւաքէ ու կը թափէ զանոնք, կը թափէ զանոնք մութ ու անյատակ անդունդին մէջ սադայէլին, զայն թաղելու յոյսով, մութը թաղելու յոյսով, ու աւելները հարուած-հարուած կը մաքրեն պժգանքն ու աղտեղութիւնը, անարդարութիւնը, անմարդկայնութիւնը, կենդանութիւն կը սփռեն, մաքրութիւն մը անբիծ եւ Սրբազան հայրն ալ օրհնութեամբն Արարիչին կ՚ողջունէ ուսանողները՝ ինք ալ կոյտեր վերցնելով անոնց հետ:
Տեսանելի վերականգնում մ՚է տեղի ունեցածը, Նոր Գիւղի հայահոծ շրջանի վերականգնումը, որ վերապրումի յոյսեր կը սփռէ, կը կրկնէ դար մը առաջ տեղի ունեցածը կարծես, դար մը առաջ արմատացած վէրքի բորբոքած սպիները կը հականեխուին կարծես այս անզուգական գործունէութեամբ, որ անցած տարուան վերջին օրը տեղի ունեցաւ, վերջ մըն ալ ինք դրաւ կարծես ամէն ինչի, ամէն չարիքի, չարիք յուսացող ամէն արարքի:
Ու Նոր տարին սկիզբ առաւ մոմավառութեամբ, մոմերը ձեռքերնին բռնած առաջին օրուան երեկոյեան ստուարաթիւ հալէպահայ համայնքը լուսաւորեց խաւարը տարիներու: Տարիներու ահին ու սարսափին կողքին հաւատքի կաթիլ-կաթիլ կուտակուած լոյսն է այս: Հաւատք՝ պատերազմի աւարտին, հաւատք՝ խաղաղութեան վերականգնումին ու համայնքի վերակենդանացման:
Ստուարացա՞ւ համայնքը, ի՞նչ փոյթ, ո՞ր պատերազմի ընթացքին զոհեր չեն իյնար, ո՞ր պատերազմի ընթացքին շէնքեր, կառոյցներ, թաղամասեր փուլ չեն գար, ո՞ր պատերազմի ընթացքին հոգեկան ու ֆիզիքական կորուստներ տեղի չեն ունենար...:
Գա՞ղթ, այո գաղթն ալ ունեցաւ իր դրական անդրադարձը ամէնուրեք: Ընտանիք-ընտանիք ցրուեցաւ հայութիւնը աշխարհով մէկ: Ահա համացանցին միջոցաւ ականատես կ՚ըլլանք անոնց վերապրումին եւս, պատերազմի ահէն ու սարսափէն հեռացան անոնք, բայց իրենց հետ տարին ընդհանրապէս հալէպահայուն եւ մասնաւորապէս՝ հայուն նկարագիրը՝ աշխատունակ ու հայավարի իրենց վարքն ու բարքը, ժառանգը պապենական, տաղանդը հայկական, որ Սփիւռքի հզօրացման դրդում մըն է նաեւ ու փաստ մը բոլոր անոնց, որոնք կը կարծեն, թէ Սփիւռքը տկարանալու սեմին է կանգնած:
Անոնք ցրուեցան ամէնուրեք՝ Ամերիկաներ, Գանատա, Եւրոպաներ, Հայաստան եւ այլուր: Կը հաւատա՞ք, որ տակաւին մարդիկ կան, որոնք հայու գոյութենէն իսկ անտեղեակ են՝ աշխարհի վրայ հայ ազգի գոյութենէն: Բարեկամ մը ընտանեօք գաղթեց Անգլիա, հոն իր տեղաւորուած արուարձանի տեղացի բնակիչներուն հետ հաղորդակցեցաւ ու իմացաւ, որ անոնք այսպիսի ազգի մը մասին անտեղեակ են: Եւրոպացին լսեց այս մասին, գնաց, պրպտեց, պատմութիւնը թերթեց, տեսաւ հարստութիւնը հայուն, ու անձ-անձ տարածեց անունը հայուն:
...Եւ մոմերը բարձրացան որպէս ջահեր անմար, որպէս հոգեհանգիստ հին ու նոր նահատակաց, որպէս պայծառացում ու նախաքայլ լուսաւոր գալիքի կերտման: Մութ ու հսկայ շէնքը ժպտիլ սկսաւ, լքուած մայր մ՚ըլլար կարծես՝ զաւակներէն հեռու: Բազուկները պարզեց կարծես ընդունելու տարագիր զաւակները գաղթական: Ու խոստումները թեւածեցին ղեկերուն հնչիւններով, թէ՝ այս ուսումնական տարեշրջանի ամավերջի հանդէսը տեղի պիտի ունենայ այս բեմին վրայ, պիտի թնդայ բեմը կրկին Ճեմարանի, պիտի ցնծայ ուսանողներով ու ուսուցիչներով թանկագին, հոս պիտի պարգեւատրուին գերազանցիկներ, տաղանդաւոր աշակերտներ ու ուսանողներ, պիտի հնչէ դարձեալ Ճեմարանի քայլերգը խորհուրդով լի, ու անկէ սկիզբ պիտի առնէ հայ ուսանողի կեանքի ուղին:
Եւ Տօնածառը եկաւ ամբողջացնել այս անկրկնելի երջանկութիւնը, օրհնառատ լոյսը սփռելով մութ բեմէն, լուսաւորելով բակն ամբողջ: Խաւարած հոգիները ցնծացին ու յոյսը զգացին, այլ տեսան անոնք յոյսը աղօտ այս լոյսերուն ընդմէջէն: Ժպիտներ գծագրուեցան դէմքերու վրայ, դէմքեր, որոնք կը կարծէին մոռցուած է ժպիտը, տարագրուած է ու անդարձ:
Ճեմարանը ցնծաց, պիտի գրկէ ան կրկին իր զաւակները հարազատ, պիտի գան անոնք ստանալու գիտութիւն, ուսում ու կրթութիւն հայավայել, պիտի շրջին հայ պատանիներն ու պարմանուհիները անոր ընդարձակ բակին մէջ, պիտի սիրահարուին իրարու՝ հայը հայուն, հոն թաքուն անկիւններու մէջ անմեղ ժպիտներ ու համբոյրներ պիտի փոխանակեն անոնք, պիտի աճի ու բազմանայ նօսրացած համայնքը, ինչպէս դար մ՚առաջ աճեցաւ ու ծլարձակեց այս հսկայ շէնքին մէջ, պիտի փաստէ համայնքը կրկին իր նիւթեղէն գոյութիւնը արար աշխարհին:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ