ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ

Փառք ամենակալին Աստուծոյ, որ այս տարի եւս արժանացանք լսելու եկեղեցիներու Քրիստոսի Ս. Ծնունդը աւետող ղօղանջները։

Այս սուրբ օրերուն երբ աղօթքներուս մէջ կը յիշեմ վախճանեալ հոգեւոր ծնողս՝ Շահան Սրբազան Արքեպիսկոպոսը, կը յիշեմ նաեւ մեզի հետ միասին եղած օրերուն իր իւրայատուկ ոճով պատմած գեղեցիկ պատմութիւնները ու իր կենդանի յիշատակները։

Կարճ ու խօսուն օրինակներով իր պատմածները՝ երբեմն քաղաքավարական, երբեմն ընկերային, երբեմն լեզուաբանական, ուղղագրական, նաեւ բանասիրական, երբեմն ալ հոգեւոր կեանքի վերաբերող խօսքեր կ՚ըլլային։

Ասոնցմէ մին էին իր Երուսաղէմ եղած օրերուն ճանչցած քրիստոնեայ հաւատացեալի մը յիշատակները։

Սիմոն պիրատէր էր հաւատացեալ այդ մարդուն անունը ու այն աստիճան խօսուն էին պատմուածքները, որ կարծէք տեսնելու ժամանակ անմիջապէս պիտի ճանչնայինք զայն։

Այդ անձը իբրեւ ճշմարիտ հաւատացեալ, ի հարկին իր քրիստոնեայ հաւատքը պաշտպանելէ երբեք ետ չկեցող, պատրաստաբան ու արդար, նաեւ Ս. Գիրքի ու Աստուծոյ պատուիրաններուն լաւ հմուտ եւ իր կեանքի ընթացքին եղեր է զանոնք կիրարկող մը։

Ներկայիս ոմանք այսպիսի թունդ հաւատք ունեցողներու մասին վերապահութեամբ կը մօտենան ու զանոնք կը մեղադրեն այլ պատրուակներով։

Սիմոն պիրատէրը երբ ոմանց պէտք կը զգայ եղեր վկայութիւն տալ ճշգրտութեան ու յարակցութեան մասին Ս. Գիրքի, ուր ամէն մէկ նիւթ զիրար կ՚ամբողջացնէ, գոցուելու ժամանակ «չըթ» ձայնը տուող գրպանի ժամացոյցի մը կափարիչին կը նմանեցնէ եղեր։

Պէտք չէ մոռնալ, թէ Ս. Գիրքը աշխարհի բազմաթիւ լեզուներու թարգմանուած ու վստահելիութիւնը փաստուած գիրքն է։

Ս. Գիրքի պարունակութեան մասին օտար մը հակասութիւններ գտած կրնայ նկատել զինք, սակայն եթէ լաւ սերտէ, կը հիանայ Աստուծոյ կատարած հրաշալիքներուն դիմաց։

Երբ Ծննդոց գիրքի սկիզբը կը կարդանք՝ Աստուծոյ Աբրահամի հետ ունեցած հետեւեալ խօսակցութեան կը հանդիպինք.

«Եւ Աստուած ըսաւ Աբրահամին Առ Քու սիրած մէկ հատիկ որդիդ Իսահակը եւ Մօրիայի երկիրը գնա եւ հոն զանիկա ողջակէզ ըրէ լեռներուն մէկուն վրայ՝ զոր ես քեզի պիտի ըսեմ» (Ծննդ. 22-2»։

Հայր Աբրահամ բնաւ չվարանեցաւ Աստուծոյ այս հրահանգէն ու գնաց կատարելու։ «Ինչպէս Աստուած ուզեց, Աստուած պիտի հայթայթէ», պատասխանը տուաւ իր մէկ հատիկ զաւկին՝ Իսահակին, երբ հօրը կը հարցնէր. «Ամէն ինչ պատրաստ է, իսկ ո՞ւր է ողջակէզը»։

Անշուշտ Աստուած փորձեց Աբրահամի հաւատքը՝ ու հաւատարմութիւնը, եւ ինչպէս Հայր Աբրահամ հաւատաց, Աստուած հայթայթեց ողջակէզը։

Այս դէպքը խոստացուած փրկութեան համար պէտք եղած զոհի օրինակը եւ Աստուծոյ մարդ արարածին նկատմամբ ունեցած անսահման սիրոյ նշանն էր, եւ մարդ երբեք պիտի չհասկնար, եթէ այս օրինակը չըլլար իր առջեւ։ Հօր մը սիրոյն համար նոյնիսկ իր որդին կամ անձը զոհելու պատրաստակամութիւնը։

Աստուծոյ նպատակը մարդուն մահանալը կամ զոհուիլը չէր, այլ նոյնիսկ մարդուն պատճառ եղած մահուան փոխարէն հատուցուելիք ճշմարիտ, ընդունելի զոհի հայթայթուիլն էր։ Նաեւ կարեւորը մարդոց ալ ճանչնալն էր այդ ճշմարիտ զոհը։

«Յիսուս կ՚ըսէր. ինչպէս Մովսէս անապատին մէջ օձաձեւ գաւազանը բարձրացուց ու խայթուողներ անոր նայելով փրկուեցան, նոյնպէս մարդու որդին ալ պէտք է բարձրանայ որ իրեն նայողներ փրկուին» (Յովհ. 3-14)։

Մարդկային ըմբռնումով այս սիրոյ վեհութիւնը հասկնալ կարելի չէր երբեք, Պետրոս առաքեալ ալ նոյն մարդկային միտքով է, որ առարկեց Յիսուսի՝ երբ Յիսուս անոր ոտքերը պիտի լուար, եւ երբ Յիսուս ըսաւ. թէ իր հետ բաժին պիտի չունենայ եթէ չարտօնէ, հասկնալով Յիսուսի նպատակը ըսաւ. «Տէր՝ ոչ միայն ոտքերս այլ նաեւ ձեռքերս ու գլուխս ալ լուայ» (Յովհ. 13-9)

Ժողովրդական առած մը կ՚ըսէ՝ հայրը իր զաւկին այգի մը նուիրեր է, իսկ որդին ողկոյզ մը խաղող չէ տուեր իր հօրը։ Հայրը չճանչնալու վիճակ է այս մէկը։

Աստուած երբեք անողորմ չէ։ Ս. Ծնունդը Աստուծոյ անքննելի արդարութիւնն է։

Այսօր ուրախութեամբ լեցուն են մեր սիրտերն ու հոգիները, քանի Քրիստոսի Ս. Ծնունդը Աստուծոյ սիրոյ արտայայտութեան դրսեւորումը, Քրիստոսի յայտնութիւնը կը տօնենք։

Այսօր Աստուծոյ սէրն է որ կը յայտնուի մեզի։ Այսօր Կենդանի Աստուծոյ փրկութեան ականատես կ՚ըլլանք, քանի որ՝

«Վասն զի Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ, որպէս զի ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ» (Յովհ. 3-16)։

Քրիստոս Ծնաւ եւ Յայտնեցաւ

Ձեզի մեզի մեծ աւետիս։

Օրհնեալ է Յայտնութիւնը Քրիստոսի

ԿՈՐԻՒՆ Ա. ՔՀՆՅ. ՖԷՆԷՐՃԵԱՆ

Շաբաթ, Յունուար 5, 2019