«ԽԱՂԱՂՈԻԹԻ՜ՒՆ ԵՐԿՐԻ ՎՐԱՅ»

«Բարձունքներուն մէջ Աստուծոյ փա՜ռք,
Խաղաղութի՜ւն երկրի վրայ
Եւ մարդոց միջեւ հաճութիւն» (Ղկ 2.14)

Ղուկաս Աւետարանիչը կը գրէ, թէ Հրէաստանի դաշտերուն մէջ Տիրոջ հրեշտակը հովիւներուն երեւնալով, անոնց յայտնեց աշխարհի Փրկիչին ծնունդին մասին: Մինչ ան տակաւին կը խօսէր անոնց հետ, երկնաւոր զօրքերու բազմութիւն մը կը միանայ անոր, որոնք զԱստուած կ՚օրհնաբանէին, ըսելով.

«Բարձունքներուն մէջ Աստուծոյ փա՜ռք,
խաղաղութի՜ւն երկրի վրայ
եւ մարդոց միջեւ հաճութիւն»:

Հրեշտակներուն այս օրհնաբանութիւնը պիտի վերածուէր յաւիտենական օրհնաբանութեան մը, եւ մարդիկ դարեր շարունակ, մինչեւ մեր օրերը եւ մինչեւ ժամանակներուն աւարտը պիտի շարունակեն օրհնաբանել աստուածներու Աստուածը, տէրերու Տէրը:

Հրեշտակներուն այս օրհնաբանութիւնը այսօր, աւելի քան երբեք մարդկութեան համար անհրաժեշտութիւն դարձած է, որովհետեւ այսօրուան մարդկութիւնը բազմաթիւ պատճառներով սկսած է միայն իր շրթներով արտասանել այս օրհներգութիւնը, առանց խորքին թափանցելու եւ հասկնալու կարեւորութիւնը այս տողերուն: Այսօրուան նիւթականացած մարդը, ամէն ինչ սովորութեան վերածելով, ինքզինք վերածած է մարդամեքենայի մը, որ կ՚առաջնորդուի իր իսկ յառաջացուցած սովորութիւններով:

Պահ մը անդրադառնանք մեր այսօրուան ապրած կեանքին եւ մենք մեզի հարցնենք, թէ ո՞ւր է Աստուած մեր կեանքին մէջ: Յիսուս Մանուկի ծնունդին ժամանակ հրեշտակները կը փառաբանէին զԻնք, ըսելով՝ բարձունքներուն մէջ Աստուծոյ փա՜ռք: Այս չէր նշանակեր, թէ Աստուած մեր իրականութենէն կտրուած եւ երկինքներուն՝ բարձունքներուն մէջ է, եւ մարդկութիւնը ձգած կամ լքած է. ո՛չ, ընդհակառակը, անոնք եկած էին աւետելու, թէ բարձունքներուն մէջ եղող Տէրը, հաճած էր Իր Միածինը աշխարհ ղրկելու, որպէսզի հաշտութիւն կնքէր Իրմէ հեռացած մարդուն հետ, հաճած էր Իր Միածինը աշխարհ ղրկելու, որպէսզի մարդուն վերադարձնէր որդեգրութեան շնորհքը: Արդարեւ, հրեշտակներուն օրհնաբանութիւնը փոքրիկ դաս մըն էր մարդկութեան համար, չըսելու համար յաւիտենական դաս մը, միշտ զԱստուած փառաբանելու եւ օրհնաբանելու Անոր Սուրբ Անունը: Օրհնաբանութիւն մը, որ օրհնաբանութիւն ըլլալէ անդին դաստիարակչական բնոյթ կրող խրատ մըն է ուղղուած մարդուն, անոր միշտ յիշեցնելու, թէ առանց Աստուծոյ իր կեանքը նման է անապատին մէջ եղող ովասիսին, որ իր անմիջական շրջապատը կը զովացնէ, բայց ընդհանուր մարմինին օգուտ չի՛ կրնար բերել, եւ տակաւ առ տակաւ այդ մարմինը կը սկսի մաշիլ ու փճանալ: Նոյնն է պարագան մարդուն, առանց Աստուծոյ իր կեանքը կը վերածուի ովասիսի մը, որ տակաւ առ տակաւ ցամքելով աստուածային շնորհներէն կ՚անապատանայ ու կ՚ամայանայ՝ ագռաւներուն բնակարան կը դառնայ:

Խաղաղութի՜ւն երկրի վրայ կը բարձրաձայնէին հրեշտակները: Մեր օրերուն անգտանելի իրականութիւն մը: Ճիշդ է, որ յաճախ կը խօսուի խաղաղութեան մասին, յաճախ մարդիկ եւ յատկապէս երկիրներու ղեկավարներ «կ՚աւետեն» իրենց ժողովուրդներուն, թէ խաղաղութեան համար կ՚աշխատին, թէ եթէ այսպէս ընենք կամ այնպէս վարուինք, ապա կը յաջողինք խաղաղութիւն ձեռք բերել, սակայն այս բոլորը խորքին մէջ կեղծ ու պատիր խաղաղութիւն է, որովհետեւ այդ խաղաղութիւնը կառուցուած չէ՛ ճշմարիտ խաղաղութեան վրայ, որ է Մանուկ Յիսուսը՝ աշխարհի Փրկիչը:

Առիթով մը Տէր Յիսուս Իր աշակերտներուն կ՚ըսէ. «Խաղաղութիւն կը թողում ձեզի. Իմ խաղաղութիւնս է որ կու տամ ձեզի, որ այս աշխարհի տուած խաղաղութենէն տարբեր է: Մի՛ խռովիք ու մի՛ վախնաք» (Յհ 14.27): Մենք, արդարեւ, հետամուտ պէտք է ըլլանք Քրիստոսի խաղաղութիւնը ձեռք ձգելու եւ ո՛չ թէ այս աշխարհի խաղաղութիւնը, որ ժամանակաւոր ու անցաւոր է, մինչ Քրիստոսինը մնայուն ու յաւիտենական է: Տակաւին, Քրիստոսի տուած խաղաղութիւնը արտաքին պարագաներու վրայ չի՛ կայանար, այլ՝ ներքին, այսինքն՝ մարդու հոգիին մէջ: Ղպտի Եկեղեցւոյ երջանկայիշատակ հայրապետներէն՝ Շնուտա Գ.-ը կը գրէ. «Խաղաղութեամբ լեցուն անձը չի՛ մտահոգուիր, իրար չ՚անցնիր եւ ոչ ալ կը նեղուի՝ ինչքան ալ ուժեղ ըլլան արտաքին ճնշումները, որովհետեւ իր խաղաղութիւնը արտաքին պարագաներուն վրայ չի՛ կայանար, այլ՝ իր ունեցած վստահութեան Աստուծոյ պահպանութեան եւ հոգատարութեան, ինչպէս նաեւ իր վստահութեան՝ Աստուծոյ տուած խոստումներուն»:

Քրիստոսի խաղաղութիւնը այնպիսի խաղաղութիւն մըն է, որ նեղութիւններու եւ դժուարութիւններու մէջ յաղթութիւն եւ անդորրութիւն կու տայ մարդուն: Յովհաննէսի Աւետարանին մէջ կը կարդանք. «Ահա ժամանակը կու գայ եւ արդէն իսկ եկած է, երբ պիտի ցրուիք, իւրաքանչիւրը իր տունը, եւ զիս մինակ պիտի ձգէք: Բայց Ես մինակ չեմ, որովհետեւ Հայրս Ինծի հետ է: Ասոնք խօսեցայ ձեզի, որպէսզի Ինձմով խաղաղութիւն ունենաք: Աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ Ես յաղթեցի աշխարհին» (Յհ 16.32-33): Այս տողերէն յստակ կը դառնայ, թէ երբ մարդ Քրիստոսի մէջ եւ Քրիստոսով կը գտնէ իր խաղաղութիւնը, ապա ո՛չ թէ դժուարութիւններէ եւ նեղութիւններէ զերծ կը մնայ, ընդհակառակը այդ դժուարութիւններուն եւ նեղութիւններուն տոկալու, դիմանալու եւ յաղթելու շնորհքը կը ստանայ, որովհետեւ Քրիստոս առանց դժուարութիւններու կեանք մը չի՛ խոստանար մեզի, այլ՝ դժուարութիւններով, որ յաղթահարելով է միայն, պիտի կարենանք հասնիլ Երկինքի Արքայութեան եւ սեղանակից ըլլանք Անոր:

Եւ մարդոց միջեւ հաճութի՜ւն. այսօր ի՛նչքան կարիքն ունինք անկեղծութեան եւ գուրգուրոտ ու ազնիւ վերաբերմունքի, ի՛նչքան կարիքն ունինք անմեղութեան եւ պարզութեան, ի վերջոյ ի՛նչքան կարիքն ունինք սիրոյ՝ ճշմարի՛տ սիրոյ: Առիթով մը երբ մեր Տիրոջ հարցուցին, թէ ո՞րն է մեծագոյն պատուիրանը, այսպէս պատասխանեց Ան. «"Սիրէ՛ քու Տէր Աստուածդ ամբողջ սրտովդ, ամբողջ հոգիովդ եւ ամբողջ մտքովդ": Ասիկա է մեծագոյն եւ կարեւորագոյն պատուիրանը: Երկրորդը ատոր նման է. "Սիրէ՛ ընկերդ քու անձիդ պէս": Այս երկու պատուիրաններէն կախեալ են ամբողջ Օրէնքը եւ մարգարէներու ուսուցումները» (Մտ 22.37-40): Ուրիշ տեղ մը Իր աշակերտներուն ուղղելով խօսքը՝ ըսաւ անոնց. «Սիրեցէ՛ք իրար: Ինչպէս Ես ձեզ սիրեցի՝ դուք ալ իրար սիրեցէք: Ձեր իրար սիրելով է որ մարդիկ պիտի գիտնան, թէ դուք Իմ աշակերտներս էք» (Յհ 13.34-35): Զիրար սիրելու յորդոր է, որովհետեւ զիրար սիրելով է, որ մարդիկ կրնան իրագործել իրենց ՄԱՐԴ-կոչումը, քանի որ մարդը կոչուած է Ճշմարիտ ու Կատարեալ Սէրին մարմնացումն ու արտացոլացումը ըլլալու այս աշխարհին մէջ, եւ ահա ա՛յդ կէտն է, որ հրեշտակները իրենց օրհնաբանութեան մէջ կը շեշտեն՝ հաճութի՜ւն մարդոց միջեւ. այդ հաճութիւնը, արդարեւ, զիրար սիրելով է որ իրականութիւն կը դառնայ, մինչ մենք այսօր ամէն տեսակի չարութեամբ լեցուցած ենք մենք մեզ, մեր հոգին ու միտքը ատելութեամբ կը սնուցենք եւ կ՚աճեցնենք, մենք մեզ վերածած ենք ոխակալութեան եւ քինախնդրութեան գործիքներու, որոնք առանց մեղքնալու կամ խղճալու աջ ու ձախ կը կոտորեն, առանց խնայելու, առանց գէթ պահ մը ընկրկելու:

Մանուկ Յիսուսը, որ այսօր Բեթղեհէմի մսուրին մէջ կը ծնի, պէտք չէ բաւարարուինք միայն զԻնք այնտեղ տեսնելով, այցելութեան երթալով Անոր, խոնարհելով նուէրներ դնել Անոր դիմաց, այլեւ՝ առաջին հերթին պէտք է մեր սիրտերուն, հոգիներուն ու միտքերուն մէջ ծնցնենք Յիսուս Մանուկը, որպէսզի մանկանանք՝ եւ մանկանալով աստուածանանք Իր հետ, գիտակցինք մեր ունեցած պատկերին, եւ այդ պատկերին արժանի կրողները ըլլանք, մանկանանք Յիսուս Մանուկին հետ, մեր սիրտերը մաքրելով եւ մեզմէ հեռու վանելով ամէն տեսակի նենգութիւն, վատութիւն, քինախնդրութիւն ու ոխակալութիւն, ատելութիւն ու չարութիւն, եւ սիրենք բոլորը, բոլորը՝ անխտիր, առանց խտրութեան ու զանազանութեան: Իսկ սիրել բոլորը կը նշանակէ բարին կամենալ բոլորին, աղօթել անոնց բարօրութեան եւ Ճշմարիտ լոյսին ու հաւատքին գալու համար:

Ծնցնե՛նք Յիսուս Մանուկը մեր սիրտերուն, հոգիներուն եւ միտքերուն մէջ, ու մեր ներաշխարհին մէջ ծունկի գալով, բարձրաղաղակ դիմենք Յիսուս Մանուկին՝ ըսելով.

Ո՜վ Դուն անմեղ Մանուկ, մեզի անմեղութիւն սորվեցուր եւ տուր որ գիտակցինք, թէ անմեղութիւնը թուլութիւն չէ, այլ՝ հզօրութիւն:

Ո՜վ Դուն Սիրոյ մարմնացում, մեզի սիրել սորվեցուր, որպէսզի սիրելով մեր նմանները կարենանք ճշմարտապէս սիրել նաեւ Քեզ:

Ո՜վ Դուն խանձարարուի մէջ փաթթուած պարզ Մանուկ, մեզի պարզութիւն սորվեցուր, որպէսզի չդժուարացնենք մեր կեանքը, ու անտեսելով Քու ներկայութիւնդ եւ մեզի պարգեւած լոյսդ՝ խաւարին մէջ չխարխափինք:

Ո՜վ Աստուածամանուկ, սորվեցուր մեզի զԱստուած փառաբանել ու օրհներգել, ինչպէս աշակերտներուդ հետ կ՚ընէիր:

Ո՜վ Սուրբ Սիրտ Յիսուսի, սորվեցուր մեր սիրտերուն բիւրեղանալ, սպիտականալ, որպէսզի արժանի ըլլան Քու այցելութեանդ ու բնակութեանդ:

Ո՜վ Նորածին Մանուկ, թող որ Քեզմով նորովի ծնուինք, որպէսզի այս չարացած աշխարհի յորձանուտով չտարուինք ու մենք եւս չչարանանք, այլ Քեզմով ծնուած որպէս նոր արարածներ համարձակութիւնն ու քաջութիւնը ունենանք պատերազմելու չարին դէմ եւ յաղթանակ տանելով անոր դէմ հասնինք խաղաղ նաւահանգիստին:

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ

ՁԵԶ ԵՒ ՄԵԶ ՄԵԾ ԱՒԵՏԻՍ

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

(Վաղարշապատ)

Հինգշաբթի, Յունուար 5, 2023