Ի՜ՆՉ ՀԱՅԿԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ…
Վերջերս երկու դէպքեր պատահեցան Մեծն Լոս Անճելըսի մեր հայկական գաղութին մէջ, որոնցմէ մէկուն ներկայ գտնուեցայ եւ միւսին՝ դժբախտաբար ոչ։ Այս երկու դէպքերն ալ խռովեցուցին զիս, որովհետեւ հայկականութենէ զուրկ էին։ Հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ։
Առաջին - Կիրակի, 17 Դեկտեմբեր 2017-ի երեկոյեան, ժամը 7.00-ին, «Հէնտըլի Մէսայան» ներկայացուեցաւ Լոս Անճելըսի Հայ Աւետարանական ժողովական եկեղեցիին մէջ։
Սրբազան թատրերգութեան երգեցողութեան ընթացքին երեք հայ հոգեւոր հովիւներ ժողովուրդին փոխանցեցին Սուրբ Ծննդեան իրենց պատգամները։ Դժբախտաբար երեք հայ հոգեւոր հովիւներն ալ իրենց պատգամը ներկայացուցին անգլերէն լեզուով։ Հոգեւոր հովիւները հայ են, ներկայ ժողովուրդը հայ է, եւ իրենք կը խօսին անգլերէն…
Միթէ այս եղելութիւնը խոցելի չէ՞։ Իսկապէս շատ խոցելի է, երբ նկատի առնենք, մանաւանդ որ երեք հովիւներէն երկուքին (իրանահայ մը եւ հայաստանցի մը) խօսած անգլերէնը կտրտուած անգլերէն էր։
Այս պարագային սահուն անգլերէն խօսիլ չկարենալ խօսիլ յանցանք մը չէ՝ նկատի առնելով, որ իրենց մայր լեզուն չէ անգլերէնը։ Սակայն ինչո՞ւ ինքզինքդ չարչարես, ա՛յ մարդ, երբ կրնաս մաքուր հայերէն խօսիլ։
Ես կը խորհիմ, որ այդ երկուքէն գոնէ մէկը պէտք էր հայերէնով տար իր պատգամը։ Մանաւանդ որ եկեղեցւոյ աւագ հոգեւոր հովիւը ամերիկահայ է եւ իր սահուն անգլերէնով տուած պատգամը բաւ պէտք էր համարուէր եւ վերջ։
Համերգէն ետք տրուած հիւրասիրութեան ընթացքին եկեղեցւոյ կից սրահին մէջ ես իմ մտահոգութիւնս յայտնեցի պատկան մարմիններուն, որոնցմէ ոմանք արդար գտան ընդվզումս, իսկ ուրիշներ մատնանշեցին, որ համերգը հայկական բնոյթ չունէր։ «Այրած սրտի ձախող չքմեղանք», մտածեցի ես ինծի եւ յուսալքուած՝ հեռացայ սրահէն։
Երկրորդ - Յաջորդ դէպքը, որուն ներկայ չէի ես, պատահեցաւ Հինգշաբթի, 25 Յունուար 2018-ի երեկոյեան, ժամը 7.30-էն սկսեալ, Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ «Կիրակոս» սրահին մէջ։
Նուիրահաւաքի ճաշկերոյթ մըն էր եղածը, որ կազմակերպուած էր Փասատինայի Հայկական ցեղասպանութեան յուշակոթողի յանձնախումբին կողմէ։ Նուիրահաւաքի նպատակն էր կոկիկ գումար մը գոյացնել, որպէսզի յանձնախումբը կարենայ յուշահամալիրի հոգատարութեան ծախսերը հոգալ։
Հոս պէտք է նշել, որ յուշահամալիրը կառուցուած է 2015 թուականի 100-ամեակին առիթով։ Այսքանը շատ բարի, սակայն ինչո՞ւ վրդովուած եմ։ Վրդովուած եմ երկու պատճառներով։
Նախ՝ 12 էջնոց նկարազարդ եւ գունաւոր գրքոյկը, որ բաշխուած է հանդիսականներուն, մէկ բառ իսկ հայերէն չի պարունակեր։ Համաատենապետներուն խօսքը, գանձապահին տեղեկագրութիւնը, յուշահամալիրի նկարագրականը եւ յուշահամալիրի կառուցման փուլերը ամբողջովին ներկայացուած էին անգլերէնով։
Երկրորդ՝ հանդիսութեան ընթացքին խօսք առնողները բոլորն ալ արտայայտուած են անգլերէնով։ Հասկցանք, որ օտար հիւրեր կային սրահին մէջ՝ ներառեալ քաղաքապետը, ոստիկանապետը եւ այլ քաղաքական անձնաւորութիւններ։ Սակայն ներելի չէ, որ բոլոր խօսքերը ըլլան անգլերէնով։
Վերջ ի վերջոյ, Հայկական ցեղասպանութեան յուշակոթողի պահպանման եւ հոգատարութեան համար էր ձեռնարկը եւ պէտք էր, որ գոնէ մէկ հոգի արտայայտուէր հայերէնով, չէ՞ք խորհիր։ Ներողութիւն, մոռցայ ըսելու, որ ձեռնարկի վերջաւորութան պարմանուհի մը «Կիլիկիա» երգը ներկայացուցէր է, երբ արդէն կոչնականները կը պատրաստուէին մեկնիլ սրահէն։ «Too little, too late»,- պիտի ըսէր ամերիկացին եւ ես դժբախտաբար կ՚երկրորդեմ այդ զգացումը…
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
«Զարթօնք», Լիբանան