«ՈՒՍՈՒՄՆ ՊԱՐՏՈՒՑ»

ԶԳԱՍՏՈՒԹԻՒՆ ՆԵՂՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

ԻՆՉՊԷՍ որ աշխարհային բաները փնտռելու, գործածելու եւ վայելելու համար կարեւոր է զգաստութիւնը, նոյնպէս կարեւոր է նեղութեան մէջ: Թէ՛ բախտաւորութեան եւ թէ դժբախտութեան մէջ մարդ պարտաւոր է հաւասար հոգի կրել եւ երբեք բանականութեան եւ արդարութեան սահմանը չանցնիլ: Քրիստոնէական զգաստութեան այս մասը, որու կանոններուն դժբախտութեան ատեն պարտաւոր ենք հետեւիլ, հեզութիւն, հաստատակամութիւն եւ համբերութիւն կը կոչուի: Հեզութիւնը յամառութեան, նեղսրտութեան եւ բարկութեան հակառակ է. հաստատակամութիւնը երկչոտութեան հակառակ է. իսկ համբերութիւնը թուլութեան, յուսահատութեան եւ տրտնջալուն հակառակ է: Հեզութեան հոգին գլխաւորաբար անպատուութեան եւ հակառակութեան մէջ կ՚երեւի. հաստատութեան հոգին՝ վտանգին մէջ. իսկ համբերութեան հոգին՝ նեղութեան եւ ձախորդութեան մէջ:

Քրիստոնէական հեզութիւնը հանգիստ եւ խաղաղ հոգի պահպանելն է, բոլոր անհաճոյ եւ սիրտ վիրաւորող պատահարներուն մէջ, երբեք կիրքերու տեղի չտալ եւ վշտացած ժամանակ խօսքով կամ գործով բանականութեան դէմ չմեղանչել, եւ այդ բոլորը կատարել Աստուծոյ կամքին եւ օրէնքներուն հնազնադելու համար: Ճշմարիտ քրիստոնեան միշտ հեզութեան այս հոգին կը կրէ. ան չի՛ նեղուիր ու չի՛ բարկանար, երբ վիշտ կամ կորուստ կը պատահի իրեն. ան ո՛չ միայն չ՚անարգեր ու չի՛ բարկացներ ուրիշները, այլեւ՝ ուրիշներէն անարգանք կրած ժամանակ՝ փոխարէնը չի՛ հատուցեր: Ան իր հեզութեամբ թշնամիներուն բարկութիւնը կը մեղմացնէ, կը խաղաղացնէ անոնց սիրտը եւ կը ներէ իր անձին դէմ եղած անարգանքներուն: Ան կը հնազանդի խրատներուն եւ յանդիմանութեան, իրմէ մեծերը կը յարգէ եւ քաղցրութեամբ կը վարուի իրմէ փոքրերուն հետ: Հեզութիւնը ամենէն գեղեցիկ առաքինութիւններէն մէկն է:

ա) Ան սերտ կապով կապուած է միւս առաքինութիւններուն հետ, ինչպիսիք են՝ բարեպաշտութիւն, խոնրահութիւն, մարդասիրութիւն, եւ այլն. որովհետեւ, ինչպէս բարեպաշտութեամբ, նոյնպէս եւ հեզութեամբ կը պարտաւորուինք Նախախնամութեան տնօրինութեան եւ հրամանին անսալ: Բարեպաշտութեամբ մեր սիրտը կը բարձրացնենք առ Աստուած մեզի պատահած ձախորդութիւններուն մէջ, եւ այսպէս կ՚ըսենք. «Տէ՛ր իմ եւ Աստուա՛ծ իմ, Քեզի կը նուիրեմ նեղութիւնս ու վիշտս. սորվեցո՛ւր ինծի կամենալ, ինչ որ Դուն կը կամենաս»: Խոնարհութիւնը կը պահանջէ բծախնդրութեամբ չնայիլ մեր ընկերոջ արարքներուն, այլ՝ մտաբերել մեր պակասութիւնները: Մարդասիրութիւնը կը պատուիրէ ներել մեր ընկերոջ եւ խաղաղութեամբ վարուիլ անոր հետ: Իսկ մեր հոգիի նորոգութեան ամենէն հաստատ նշանը հեզութիւնն է: Երբ մեր հոգին խաղաղ է եւ կը վայելենք բարի խղճմտանքի ճշմարիտ բարութիւնը, երբ մեր սիրտը գոհ է եւ երբեք դառնութիւն չկայ, այն ատեն միայն կ՚իմացուի, որ հեզութիւն ունինք ընկերոջ համար եւ գոհութիւն՝ Նախախնամութեան բարիքներուն համար:

բ) Հեզութիւնը անհրաժեշտ կարեւոր է մեր հանգստութեան համար, որովհետեւ առանց հեզութեան մենք միշտ տրտունջքի մէջ ենք, եւ այս տրտունջքն է, որ Աստուծոյ կամքին հակառակ է եւ մեզ կը զրկէ Անոր օգնութենէն ու մխիթարութիւններէն: Առանց հեզութեան բռնութիւնը եւ անխոհեմութիւնը կը թագաւորեն մեր վրայ եւ կորուստի ճանապարհ կը բանան, շփոթելով մեր մերձաւորներուն հետ ունեցած բարեկամութիւնը եւ հաւատարմութիւնը:

գ) Հեզութիւնը կարեւոր է հասարակաց բարութեան համար. որովհետեւ, եթէ հասարակութեան անդամները հեզութեան հոգիով վառուած չեն, իւրաքանչիւր խռովութիւն, կռիւ, աղմուկ եւ սպանութիւն կը տիրեն ընկերութեան մէջ: Ուր որ հեզութիւնը եւ խոնարհութիւնը աջակից են, ուր որ սէրը, արդարութիւնը եւ խոհեմութիւնը կը տիրեն, եւ ուր որ բանականութեան ձայնը կը լսուի, այդտեղ ամէն խռովութիւն, աղմուկ եւ կռիւ կը դադրին:

դ) Հեզութեամբ Աւետարանի հոգին մեր մէջ կը բնակի, որ կը պատուիրէ ո՛չ միայն հեզ ըլլալ, այլեւ՝ ամէն տեղ եւ ամէն ժամանակ հեզութեան ճշմարիտ պատկերը՝ Յիսուս Քրիստոսը մեր աչքին առջեւ ունենալ. «Երանի՜ հեզերուն, որովհետեւ անոնք պիտի ժառանգեն երկիրը: ...Երանի՜ ողորմածներուն, որովհետեւ անոնք Աստուծմէ ողորմութիւն պիտի գտնեն» (Մտ 5.5,7). «...Ինձմէ սորվեցէք, որովհետեւ հեզ եմ եւ սիրտով խոնարհ» (Մտ 11.29): Սողոմոն իմաստուն կ՚ըսէ, որ հակառակութիւնը կը տիրէ այն սիրտերուն մէջ, որոնք հեզ չեն. «Մի՛ արտորար հոգիովդ բարկանալու, քանզի բարկութիւնը յիմարներուն ծոցին մէջ կը հանգչի» (Ժղ 7.9):

Հեզութեան հոգին մեր մէջ կը ծնի ու կը զարգանայ՝

1) Երբ մեր մանուկ հասակէն կը սորվինք զսպել հպարտութիւնը եւ անձնասիրութիւնը եւ աւելի մտադրութիւն կը դարձնենք, ո՛չ թէ ինչ որ ուրիշները մեզի պարտին, այլեւ՝ ինչ որ մենք ուրիշներուն պարտական ենք. ո՛չ թէ ինչ որ մեզմէ առնուած է, այլեւ՝ ինչ որ Աստուած մեզի պարգեւած է:

2) Պարտաւոր ենք հեզութեամբ ոգեւորուիլ եւ լաւ զննել այն նեղութիւնները, որոնցմէ Աստուած մեզ պահպանած է, լաւ նկատել այն ունայնութիւնները, որոնց կորուստը երբեք արժանի չէ ապաշաւանքի:

3) Աստուծոյ Հոգին միայն կրնայ մեր մէջ զօրացնել ճշմարիտ հեզութիւնը, Ան միայն կրնայ հեզութիւնը թագաւորեցնել մեր սիրտին վրայ: Մեր Փրկիչին օրինակը, յորդորները, մեզմէ պահանջած շնորհակալութեան առհաւատչեան, մեր փոքր եղբայրներուն հատուցած բարիքը, ահա՛ այս է, որ կրնայ մեզի համար զգալի դարձնել հեզութիւնը եւ քրիստոնէական մարդասիրութիւնը. «Որովհետեւ այս փոքրիկներէն մէկուն ըրիք, Ինծի կատարած եղաք»: Պօղոս առաքեալ կը յորդորէ ըսելով. «Հետեւաբար, իբրեւ Աստուծոյ կողմէ ընտրուած ու սրբուած եւ Իր սէրը վայելող մարդիկ՝ գթասիրտ եղէք. եղէք ողորմած, քաղցր, խոնարհ, հեզ եւ համբերատար։ Իրարու հանդէպ հանդուրժող եղէք եւ ներեցէք իրարու՝ երբ մէկդ միւսին դէմ տրտունջ մը ունենաք: Ինչպէս Աստուած Քրիստոսի միջոցաւ ներեց ձեզի, այնպէս ալ դուք իրարու ներեցէք» (Կղ 3.12-13). «Ձեզմէ արմատախի՛լ ըրէք ամէն դառնութիւն, բարկութիւն ու զայրոյթ, պոռչտուք ու հայհոյութիւն, եւ առաջքը առած կ՚ըլլաք անոնց չար հետեւանքներուն։ Իրարու հանդէպ քաղցր ու գթած եղէք եւ ներեցէ՛ք իրարու, ինչպէս Աստուած ալ Քրիստոսի միջոցաւ ներեց մեզի» (Եփ 4.31-32): Մեր Փրկիչը կը յորդորէ. «Ձեր վրայ առէք Իմ լուծս եւ Ինձմէ սորվեցէք, որովհետեւ հեզ եմ եւ սիրտով խոնարհ եւ դուք ձեր հոգեկան հանգստութիւնը պիտի գտնէք։ Քանի Իմ լուծս դիւրաւ տանելի է եւ բեռս՝ թեթեւ» (Մտ 11.29-30):

Բաւական չէ միայն հպարտութենէն հեռանալ, այլ՝ պէտք է նոյնպէս չարահոգութենէ փախչիլ: Չարահոգութիւնը առիթ կու տայ մեզի ամէն բան չար միտքով մեկնելու, իւրաքանչիւր պատահար չար կողմէն նկատել, նեղուիլ եւ գանգատիլ: Ան մեր սիրտը կը ցամքեցնէ եւ կը դառնացնէ մեր դատողութիւնը եւ ուրիշներուն հետ ունեցած խօսակցութիւնն ու վարմունքը: Չարահոգութիւնը թէպէտ այնքան ուժեղ չ՚երեւիր, բայց իր գործերը եւ հետեւանքը բարկութեան պէս կորստական են: Ան կ՚ատէ եւ կը խանգարէ երջանկութիւնը, թէպէտ սակաւ կը գործէ եւ սակաւ կը վնասէ, բայց շարունակ գործելով՝ կը զզուեցնէ եւ կը չափազանցէ: Չարահոգութիւնը ծնունդ է կարճամտութեան, անձնասիրութեան եւ դատարկաբանութեան, որ երբեք համբերել չի՛ գիտեր հակառակութեան եւ զրկողութեան: Չարահոգութիւնը՝ ըստ մեծամասնութեան, ծերունիներու ախտ համարուած է, բայց կը գտնուի նոյնպէս երիտասարդներուն մէջ, որոնք ամբողջութեամբ եւ կենաց արտաքին վայելչութեամբ զարդարուած են եւ սակայն գործառնութեան մէջ փոքրիկ դժուարութիւն տեսնելով կը վշտանան, կը բարկանան եւ այսպիսի նեղսրտութեամբ կը դառնացնեն իրենց երիտասարդութիւնը: Չարահոգութիւնը բոլորովին հակառակ է Աւետարանին, որովհետեւ քրիստոնեային պարտաւորութիւնն է վառուած ըլլալ բարեհոգութեամբ ընկերոջ նկատմամբ եւ հեռացնել նախանձ, նեղութիւն եւ տրտունջք: Բարեհոգութենէն կը ծնին համբերութիւն, հաւատարմութիւն եւ քաղցրութիւն: Քրիստոնեան պարտաւոր է ի սպառ հեռանալ չարահոգութենէն, որովհետեւ աշխարհը կը ճանչնայ եւ գիտէ իր ցանկութեան չափը եւ սահմանը: Քրիստոնեան պէտք է ուրախ եւ խաղաղ հոգի ունենայ, որովհետեւ Աստուծոյ ողորմութեամբ եւ Աւետարանի խոստումներով լեցուած է. «...եւ ձեր ուրախութիւնը կատարեալ ըլլայ: Ահա թէ ինչո՛ւ կը գրենք ձեզի այս նամակը» (Ա.Յհ 1.4). «Յոյսով ուրախացէք, նեղութեանց մէջ համբերող եղէք» (Հռ 12.12): Այս ուրախութիւնը պէտք չէ բաժնել այն խօսքերէն, որ Առաքեալը իբրեւ ուրախութեան միջոց կը ներկայացնէ. «...յարատեւ աղօթեցէք» (Հռ 12.12): Սուրբ Գիրքը մեզի նոյնիսկ նեղութիւնները կը ներկայացնէ իբրեւ ուրախութեան առարկայ. «Եղբայրնե՛ր, դուք ձեզ շատ երջանիկ համարեցէք՝ երբ զանազան փորձութիւններու մէջ կ՚իյնաք» (Յկ 1.2):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 30

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Փետրուար 5, 2019