ԿՈՆԴԵՑԻՆ
«Դեռ բան չես տեսել», ներսէս ըսեր էր մտքիս մէջ դրոշմուած Կոնդեցին, եւ քաջալերէր, որ աւելի եւս խորանամ դէպի գողտրիկ ծալքերը Կոնդին։
Ցարական ժամանակաշրջանի բնակելի տան շինութիւնը թողելով ետիս, բարձրացայ փոքր զառիվերն ի վեր, որու ծայրէն բոլորովին այլ տիպի եւ գոյնի Կոնդ մըն էր, որ կը կանչէր։ Կամար մը ահա, ու մօտեցող քայլերուս հետ քիչ քիչ ուրուագծուող, ի յայտ եկող, կերպարանք ստացող հին կաւէ (թէ՞ հողէ) աղիւսիկներ ահա, որոնք պատը կը կազմեն, իրենց մէջ պարուրելով կամարն այդ ու պատուհանը մէջի։ Կը նայիմ հեռախօսային ծրագրիս, կը գտնեմ այս շէնքը քարտէսին վրայ՝ Թեփէ Պաշը մզկիթ։
Յիսուն մեթր բարձրանալով մօտաւորապէս երկու դար ետ գացած էի Ցարական շէնքէն, ինկած Պարսկական Սաֆաւի կայսրութեան գիրկը։ Կոնդ բառը, ըսած էի, գրեթէ նոյնութեամբ կարելի է գտնել շարք մը պարսկական տեղանուններու մէջ։ Իսկ գրեթէ չպատմուող, գրեթէ չյիշուող պատմութեան էջերուն մէջ կարելի է գտնել աւելին։
19-րդ դարու սկզբնաւորութեան, Երեւանը երեք գլխաւոր թաղամաս ունէր։ Շահար, Կոնդ, Տեմիրպուլաղ։ Երեքը միասին ունէին մօտ 11.5 հազար բնակչութիւն, որու 7.5 հազարը թաթար էին, 4 հազարը՝ հայ։ Գալով Կոնդին, ապա անոր 4.300 բնակչութենէն 2.500-ը՝ թաթար, մնացածը՝ հայ։ Զարմանալի չէ, ահաւասիկ, Թեփէ Պաշը (թրքերէնով՝ բլրան գլուխ) անունով մզկիթի մը ներկայութիւնը հին երեւանի այս թաղամասի սրտին մէջ։ Գմբէթ կամ մինարէ չկայ. մզկիթէն փլատակներ մնացած են միայն, որուն վրայ եկած են կառուցուելու բնակարաններ, ուր մարդիկ կը բնակին այսօր։ Քիչ մըն ալ աջ կը քալեմ, նեղլիկ փողոցին սկիզբը դարձեալ մահմետական ոճի շինութիւն մը կայ. Իմամին տունն է։
Դարձեալ աչքերուս առջեւ կու գայ քիչ առաջ հանդիպած տարօրինակ հպարտ Կոնդեցին։ Քիչ քիչ կը սկսիմ իրաւունք տալ իրեն արդէն, ու ներել, որ ինքզինք պարտադրելով խանգարած էր աշխատանքս։ Կը զգամ սակայն, որ դեռ վերջը չէ. «Մի քիչ էլ քայլի», կ՚ըսէ կարծես ինծի։
Կը բարձրանամ գագաթը բլրակին, կը սկսիմ վայրէջքը դէպի միւս կողմ, դէպի Պռոշեան։ Քիչ մը վար՝ տարբեր ոճի շէնք մը կ՚երեւի. մոխրագոյն, յստակ գիծերով, աւելի արդի, բայց կրկին հին։ Կը մօտենամ. Ռուսթավելիի անուան տեղական դպրոցն է ան, կառուցուած՝ Սովետական Հայաստանի, կամ Սովետական Կոնդի օրօք։ Եւ ահա պատմական նոր շերտ մը կու գայ ինքզինք տեղադրելու թաղամասի մշակութային կենսապատկերին։ Ժողովուրդներու եղբայրութեան գաղափարախօսութեան ներքոյ՝ եղբայր վրացի ժողովուրդի զաւակ գրողի անունով դպրոցի հիմնարկում, կառուցում, ապա, վստահաբար, համազօր գաղափարախօսութեան ընձիւղում ու սրսկում Կոնդի մէջ ու անկէ անդին։ «Քու մէջ այդ ալ կայ, Կոնդեցի բարեկամ», կը մտածեմ, եւ կ՚անցնիմ առաջ, ետեւի մասէն դուրս ելլելու համար։ Եւ ոտքերս ահա 16-րդ դարուն հիմնադրուած հայկական եկեղեցւոյ մօտէն կ՚անցընեն զիս։ Կարծես կը վերադառնամ մեր գիտցած, մեր հասկցած, մեր սորված Հայաստան ու Երեւան։ Ու Կոնդը լքող զառիվարին, անսպասելիօրէն, յանկարծ, դիմացս կ՚ելլէ նոյն այդ Կոնդեցին։
Գլուխը կախ կը քալէ, փոշոտած կօշիկները խճաքարերուն վրայ գրեթէ սողացնելով։ Գանկին փակած մազերու բարակ փունջը արեւուն տակ կը փայլի։ Չի տեսներ զիս. կ՚անցնի, կ՚երթայ։ Կը նայիմ ետեւէն։ Աջ կողմի հնամենի տուներէն մէկուն դարպասը ճռինչով մը կը բանայ, կօշիկները մէկական անգամ կը զարնէ գետին, եւ կ՚անհետանայ դէպի ներս։
Նոյն քաղաքին բայց տարբեր քաղաքներու մէջ ապրող մարդիկ ենք մենք, կը մտածեմ, ու դուրս կու գամ այդ լքուած ու բաց թանգարանէն, կը վերադառնամ գրադարան։
Համակարգիչս կը բանամ, եւ այս տողերը կը գրեմ...
ԵՐԱՄ
(շարունակութիւն եւ վերջ)